Սրտցաւ կրկնութիւններ

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Մեր թերթերուն հաւատարիմ ընթերցող՝ տարիներէ ի վեր կը նկատեմ, որ անոնցմէ շատեր յարձակիլ բային խնդիրը կը կազմեն դէմ յետադրութեամբ. օրինակներ՝յարձակում Արաբիոյ Ապհա օդակայանին դէմ…
—երկու նաւերուն դէմ յարձակում...
—քարիւղատար նաւերուն դէմ յարձակում
—նաւերուն դէմ յարձակումին
Արդ, հայերէնի քերականութիւնը ի վաղուց անտի կը պահանջէ, որ ըսենք յարձակիլ բանի մը կամ մէկու մը վրայ, ուրեմն նաեւ՝ յարձակում բանի մը կամ մէկու մը վրայ, բայց ո՛չ դէմ:
Համոզիչ դառնալու համար՝ կը բերեմ բնագրային ու վաւերական օրինակներ:

ա) Նոր հայկազեանէն
—Յարձակեցար ի վերայ աւարիդ…
—Յարձակեցաւ ի վերայ գնդին, յաջ եւ յահեակ…
—Ամենայն հեթանոսաց յարձակելոց ի վերայ Երուսաղէմի…
—Զհեղեալս մեղացն յարձակիցի ի վերայ մտացն…

բ) Միջին հայերէնէն
—Շատ գայլք են յարձակել ի վերայ մեր… (Յովհ. Թլկուրանցի)

գ) Մալխասեանէն
—Խումբը յարձակեցաւ թշնամու ճակատի վրայ:
—Որպէսզի թշնամին մեր վրայ չյարձակուի:
Վրաս յարձակուեց, որ խփէ:
—Հովուի շները մեր վրայ յարձակուեցին:
—Ամեն կողմից յարձակում էին նրա վրայ:

դ) Ակադեմիայի քառահատորէն
—Եթէ աւելի մեծ ուժով մեր վրայ յարձակի:
—Յանկարծ մի թփի տակից դուրս եկաւ ու վրէս յարձակուեց մի վարազ:

ե) Էդ. Աղայեանէն
—Նրանք ագահօրէն յարձակուեցին ուտելեղէնի վրայ:

* * *

Նկատելի է, կը յուսամ, որ բոլոր օրինակներուն մէջ վրայ է, եւ ոչ մէկ օրինակ ունինք դէմ-ով:
Դէմ-ով կը կազմուին հետեւեալ կայուն բառակապակցութիւնները.
ա) — դէմ առնել, — դէմ գալ, — դէմ դնել, — դէմ ելլել, — դէմ երթալ, — դէմ ըլլալ, — դէմ իյնալ, — խօսիլ, — դէմ կանգնիլ, — դէմ կենալ, — դէմ կռուիլ, — դէմ ուղղուիլ, — դէմ տալ…
բ) Իսկ դէմ յարձակիլ՝ չկայ ու չկայ...
Չկայ, որովհետեւ իմաստ չունի. ի՞նչ ըսել է մէկուն դէմ յարձակիլ:
Այնքան ատեն որ վրաս չի յարձակիր, թող ուզածին չափ դէմս յարձակի:
Հո՜գս:
Սայաթ-Նովա պիտի ըսէր՝ «Ծովեմէն աւազ չի պակսիր…»:

* * *

Հիմա պիտի ընեմ ուրիշ ցաւագին վերյիշեցում մը:
Հարցը կը վերաբերի տեղեակ ածականին ու ասով կազմուած բառերու:
Գոնէ տասը անգամ գրած եմ ասոր սխալ խնդրառութեան մասին. այսինքն՝ տրական հոլովի փոխարէն անոր կը տրուի բացառական հոլով. այլ խօսքով՝ շատեր հակում ունին ըսելու՝ տեղեակ-անտեղեակ-տեղեկանալ-տեղեակ դառնալ-տեղեակ պահել բանէ մը, փոխանակ ըսելու տեղեակ-անտեղեակ-տեղեկանալ-տեղեակ դառնալ, տեղեակ պահել բանի մը:
Առ այս տրամադրած եմ վաւերական օրինակներու ամբողջ հեղեղ մը, սակայն ոչինչ փոխուած է. նոյն ջուրը եւ նոյն օճառն է տարիներէ ի վեր:
Ա) Սխալ օրինակներ՝ քաղուած արեւմտահայ մամուլէն
—Գերմանիան տեղեակ է ծրագրուող յարձակումներէն, — կ՚ըսէ Փայլան։
—Գերմանիոյ իրաւապահ մարմինները յայտարարած են, որ տեղեակ են Կարօ Փայլանի յայտարարութենէն…:
—Ուաշինկթըն կանխաւ տեղեակ չէր … Հարիրիի հրաժարականէն:
—Թրքական կողմը զինք տեղեակ պահած է գործողութենէն:
—Ուաշինկթընը տեղեակ պահած է Աֆրինի դէմ իր գործողութենէն:
—Իշխանութիւնները տեղեակ պահեցին… իրենց օդային հարուածներէն:
—Հետըր Նոուըրթ ուժերու մուտք գործելու կարելիութենէն տեղեակ չէ:
—Մենք տեղեակ ենք տեղեկատւութենէն:
—Մաշնուք յայտնեց, որ Աունը տեղեակ պահած է մանրամասնութիւններէն:
Բ) Բնագրային վաւերական օրինակներ՝ տրական հոլովով
ա) Նոր հայկազեանէն
—Եւ ճանապարհին տեղեակ եմ:
—Չէր տեղեակ ծանրաձայնին:
Կենաց իմոց տեղեակ են ամենայն հրեայք:
—Այս ամենայնի զնոսա տեղեակս առնէր:
Տեղեակ եղեալ մերոյ անքակ միաբանութեան:

բ) Մալխասեանէն
—Նա իր արհեստին լաւ տեղեակ է:
—Ես տեղեակ եմ նրա մտադրութեան:
Տեղեկացաւ երկաթուղու բարդ գործին:

գ) Ակադեմիայի քառահատորէն
—Շատ կը ցանկանայի տեղեկանալ ձեր աշխատութեան պարունակութեանը:
—Այդ աստիճան գործին տեղեակ լինելը նրա վրայ վատ ազդեցութիւն արաւ:
—Մեզ անընդհատ տեղեակ պահեն հիւանդի վիճակին:

դ) Յովհ. Թումանեանէն
—Ու յաւիտեան էլ մնացին քնած՝
Դաւին անտեղեակ, ցաւին անտարբեր…
(«Թմկաբերդի առումը», X,2)

ե) Աւ. Իսահակեանէն
—Թող մեզ տեղեակ պահեն հիւանդի վիճակին:

զ) Շահան Շահնուրէն
—Սոլժենիցին տակաւին անտեղեակ էր իր վիճակի ծանրութեան («Յառաջ», 24-26 յունուար 1974):
—Այդ գործողութիւններուն ալքիմիային տեղեակ չենք բնականաբար (անդ, 27 յուլիս 1974):
—Յարութ Կոստանդեան կը խօսի որպէս մէկը, որ տեղեակ է խնդրին (անդ):
Ծանօթ. — Տեղեակ հոմանիշ է՝ բանիբուն, գիտակ, իրազեկ, խելամուտ, ծանօթ, հասու, հմուտ, վերահասու բառերուն, որոնց բոլորն ալ տրական կը պահանջեն:

* * *

Ասոնք կը յանձնեմ ընթերցողներուս սրտցաւ ուշադրութեան՝ ի մտի ունենալով լեզուի հանդէպ անոնց ցուցաբերած նախանձախնդրութիւնը եւ այն հանգամանքը, որ այս սխալները էապէս վարակիչ են ու կրնան շատ դիւրաւ ընդօրինակուիլ մեր ուսուցիչներու, աշակերտներու եւ ընթերցողներու կողմէ, առանց մոռնալու նաեւ բոլոր անոնք, որոնք պիտի դառնան մեր «ապագայ լրագրողները». շատ ցաւալի պիտի ըլլար, որ անոնք ժառանգէին իրենց երէցներուն լեզուական այս աղաւաղումները:
Բան մը փոխուած տեսնելու վառ յոյսով:

Յ. Գ.
Թերի է հետեւեալ կիրարկութիւնը եւս, որ անցողակի կը քաղեմ.
—«Վարչութիւնը հայրապետին տեղեակ պահեց միութեան աշխատանքներուն մասին»…
—Որ պէտք է ըլլայ՝
«Վարչութիւնը հայրապետը տեղեակ պահեց միութեան աշխատանքներուն»…

armenag@gmail.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *