ԵՐԵՔ ՀԱՐԻՒՐԻՆ ՀՈ՞ԳԸ ՊԻՏԻ ԸՆԵՄ

ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ

Ուսին պայուսակ մը դրած, ձախ ձեռքի ծխախոտէն բարձրացող ծուխի գոլորշին ճեղքելով ներս մտաւ տարեց մարդ մը, իր ուզած դեղահատին կտրոնը սեղանին վրայ դրաւ, եւ խնդրեց անորմէ տուփ մը։ Խնդրածը մօտս դրուած էր, ձեռքս երկարեցի ու տուի։— Որքա՞ն է, — հարցուց՝ հազար երեք հարիւրը սեղանին վրայ դնելով։
— Հազար վեց հարիւր։
— Անցեալ ամիս հազար երեք հարիւրի առած էի։
— Այո՛, ճիշդ էք, երկու շաբաթ առաջ սղեց։
— Ո՜հ, նոյնիսկ ասի՞։
Գրպանէն հինգ հարիւր մը հանեց, տուաւ ինծի ու սպասեց երկու հարիւրը տալուս, որ շնորհակալութիւն յայտնէ՝ ետքը դուրս ելլելու համար։
Դուրս ելաւ, դռան դիմաց կեցաւ, նայելով բջիջայինին, որմէ բան մը կը փորձէր հանել։
Չուշացաւ, գտաւ, դուռը բացաւ ու կրկին ներս մտաւ։
— Եկո՛ւր, տղա՛ս, նայիր աս երեխային։
Նկարին մէջ կ’երեւէր պատանի մը, տարիքը 15-էն ոչ աւելի։
— Տղա՞դ է։
— Այո՛։
— Աստուած պահէ։
— Իր քովն է արդէն, — աչքին՝ արցունքն իր ճամբան գտած էր արդէն։
— Պատերազմի՞ն զոհուեցաւ։
— Այո՛։ Պատճառ դարձողը յաջողութիւն թող չգտնէ։
— Որքա՞ն եղաւ։
— Երեք տարի առաջ էր, փողոցը կը քալէր, երբ հրթիռ մը ինկաւ ու նահատակուեցաւ։ Ես իմ ձեռքերովս իր անշունչ դիակը վերցուցի ու թաղեցի։
— Աստուած ողորմի իր հոգւոյն, երկնքի արքայութեան արժանանայ։
— Տղա՛ս, ես զաւակս կորսնցնելէն վերջ երեք հարիւրին հո՞գը պիտի ընեմ։ Դրամը վերջին հոգս է։ Բայց, փա՛ռք Աստուծոյ, ես գիտեմ իմ զաւակս ուր թաղուեր է։ Փա՛ռք Աստուծոյ, անոր դիակը ամբողջութեա՛մբ թաղուեցաւ եւ ոչ թէ բեկորացուած։
Խորունկ շունչ մը քաշեց.
— Յաջողութիւն գտնես տղաս, սեւ ամպերը գացին, բայց ձեր ալ ապագան անյայտ է։
Բարեւեց։ Գնաց…
Այս բոլորէն ետք, կրնա՞մ գանգատիլ դժբախտութենէս, երբ նստած եմ սեփական տանս մէջ խաղաղ երդիքի մը տակ, որուն մէկ քարը չփլաւ պատերազմին, երբ տակաւին ուսումս կը շարունակեմ համալսարանէն ներս։
Ո՛չ…
Ջո՞ւրն է կտրուած։ Կու գայ։
Ելեկտրականութի՞ւնն է անջատուած։ Անպայման կը միանայ։
Ընկճուա՞ծ ես տիրող իրավիճակէն։ Կ՚անցնին այս օրերը։
Բայց հոգին ինչպէ՞ս վերադարձնել։ Նահատակուած հայրեր, մայրեր, երիտասարդներ եւ նոյնիսկ նորածիններ ինչպէ՞ս կրկին կեանքի կոչել։
Որդեկորոյս այդ հայրը ձգեց գնաց ու անգամ մըն ալ թերեւս չտեսնեմ զինք, սակայն կրցաւ տալ դաս մը։ Դաս մը, որքան ալ տեսականօրէն բացատրուի, տպաւորիչ չի դառնար աշակերտին համար, այնքան ատեն որ երբ օրինակով մը օժտուած չէ՝ գործնական օրինակով մը։
Դա՞սը. մխիթարուիլ ու լաւատես ըլլալ դժբախտութեանց մէջ. «Փա՛ռք Աստուծոյ, անոր դիակը ամբողջութեա՛մբ թաղուեցաւ եւ ոչ թէ բեկորացուած»…

Հալէպ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *