ԽՈԿՈՒՄՆԵՐ ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻԻ «ՄԱՏԵԱՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ»-Ի ՎՐԱՅ

ԳԱՌՆ

Գ. (*)

13
Տէր,
քեզ կ՚ըմբռնէ ան,
որ մեր ցաւերը վերցուցած,
մեր վիշտերը վրան առած ծառայիդ
զօրութեան շնորհքով
իր խաչը կը վերցնէ եւ կ՚ըլլայ աշակերտ
արթնացման մէջ
հոգիով աղքատութեան,
սգաւորութեան, հեզութեան,
արդարութեան պապակին ու քաղցին,
վասն անոր հալածուելուն, նախատուելուն եւ զրպարտուելուն,
նաեւ՝ ողորմածութեան, մաքրասրտութեան
ու խաղաղարարութեան:
Ըմբռնելիօրէն անըմբռնելի Տէր։

14
Անիմանալի,
որ խոնարհելով՝ կը սարքես խնճոյք,
հրաւիրելով բոլոր մարդիկը, անխտիր,
որպէսզի անսահման
ու յաւերժական սեղաններէդ ճաշակելով
բարեկամութեանդ լոյսին հաղորդ դառնան:
Զիս ալ հրաւիրած ես նոյն խնճոյքին:
Եթէ սեփական տեսակ-տեսակ ախտերուն
ցնցոտիներէն հրաժարիմ
եւ հագնիմ ինծի նուիրած զգեստդ,
եւ իմ ու այլոց հնարած
ամենատեսակ պատրանքներուն
անթացուպերը մէկդի դնեմ
եւ հրաւէրիդ ընդառաջ
քալեմ պարգեւներուդ մկաններով
դէպի ընդունելութիւնդ,
պիտի վայելեմ ուրախութիւնը:
Եւ դուն որպէս բարեկամ
Անիմանալիութիւնդ պիտի թարգմանես՝
ինծի գէթ մատչելի
իմաստութեանդ լեզուին,
եւ անով պիտի լիացնես
թէ’ այսօր, թէ’ վաղը,
եւ մինչեւ օրը լրումին:

15
Փառքդ՝
գիշերն է քեզի վերհայեցողին։
Այն ատեն,
երբ դէպի Սէրդ կ՚առաջնորդես մերձեցումը՝
իմացումը կը կրթես սրտաբուխ անիմացումով,
մինչեւ որ հինը կատարելապէս անցնի երթայ,
եւ դուն յայտնուիս
որպէս բացարձակ ապրում հրակէզ:
Մերձեցման վերացումին մէջ,
Անճառելի,
որեւէ խօսք
կը լուցանես նման լուռ պատրոյկի,
որ կը ստուերապատմէ
արեգակնաւոր Էութեանդ մասին։
Դուն կը յայտնուիս,
բայց ո՛չ բանական ճարտարութիւններուն,
այլ յօդաւորումներուն խօսքի,
ուր քեզի յանձնուիլը՝
շնորհքովդ կը յօրինես
որպէս ճանաչում սիրոյ:

16
Ամենակալ հզօրութիւն Հոգի,
Քու դէմքդ ոչ ոք կրնայ տեսնել ու ապրիլ:
Քեզ տեսնելու
մարդկային ցանկութիւնը
ի սկզբանէ գիտէիր դուն,
քանի որ ձեռագործիդ
գաղափարին իսկ մէջ էր անիկա,
որպէս կենսամղիչ՝
ի շարս այլոց:
Ուստի գոհացնելու համար զայն,
կը տեղաւորես արարածդ
ժայռի մը խոռոչին մէջ,
որ անձնազսպումի առաքինութիւնն է,
եւ ձեռքերովդ կը պահպանես,
որպէսզի ինքզինքդ յայտնես անոր՝
երբ արդէն անցած ես դէպի ապագայ,
ուրկէ կու գաս.
եւ որպէսզի զիս փրկես
սովորական արարքէն կուռք շինելու…

17
Կարելի՞ է զննել քեզ,
երբ աքսորականն եմ
մեղաւորութեան երկրին։
Կարելի՞ է զննել քեզ,
երբ սէրդ կը նուաճէ
մեղաւորութիւնս,
եւ ինք կ՚ըլլայ…

18
Ես որ կուռքեր կը շինեմ –
կուռքեր փայտէ, կուռքեր քարէ, կուռքեր մետաղէ,
կուռքեր միտքէ, խօսքէ, արուեստէ,
կուռքեր այլազան ու բազմազան,
եւ անոնց բեկանելիութեան,
քայքայելիութեան, ապականելիութեան,
եւ ոչնչական համրութեան եւ լռութեան առջեւ
ծունկ կը չոքեմ, կամ պար կը բռնեմ –
կ՚ուզեմ որ դուն ալ կուռք մը ըլլաս,
շօշափելի՝
տեսանելիօրէն, զգալիօրէն,
ձեռնածելիօրէն, հաճելիօրէն,
մտածելիօրէն, քննելիօրէն, հասկնալիօրէն։
Սակայն դուն, որ աստ բնակելով հանդերձ՝
անբաւելին ես բոլոր տիեզերքներուն,
կ՚ազատես ամէն կռաշինութենէ
եւ կռապաշտութենէ,
որովհետեւ կը շնորհես լոյսը թէ՝
քեզ տեսնելը եւ պատկերացնելը,
քեզի դպնալը, ափերու մէջ քեզ ունենալը,
կամ ձեռքերու մէջ պարագրելը,
քեզ զգալը եւ քեզմով հաճոյանալը,
քեզ մտածելը, քննելը, հասկնալը անկարելի են:
Տէր՝ անմիջական,
Տէր՝ անդրանցական:

19
Ի սկզբանէ գիտէիր,
թէ քեզ պիտի փնտռեն,
նաեւ քեզ պիտի որոնեն,
ուստի ըսիր.
«խնդրիցէք անդ զՏէր Աստուած ձեր,
եւ գտանիցէք
յորժամ խնդրիցէք զնա
յամենայն սրտէ ձերմէ եւ յամենայն անձնէ ձերմէ»:
Փնտռել քեզ անդ՝ ուր ցիր ու ցան սփռումն է,
վայրը աքսորեալին բանականութեան,
ուր միտքը կը կառուցէ բազում պատրանքներ՝
ի հաճոյս եւ ի գովեստ իրեն,
եւ քեզ անոնց մէջ կը կարծէ գտած ըլլալ:
Սակայն խոստումդ անոնց համար է,
որոնք մաքուր սրտով եւ խոնարհ հոգիով`
խնդրագին կը փնտռեն քեզ,
եւ փառքիդ ձգումէն կը ժողովուին,
Անորոնելի:

20
Անսկիզբ եւ անվախճան Տէր,
յաւիտենականութեանդ մէջ
բոլոր ժամանակները
կու գան ու կ՚անցնին,
նոյնիսկ արագ քան ակնթարթ մը:
Դուն կը տիրես բոլոր ժամանակներուն վրայ,
եւ բոլոր ժամանակները միայն քեզմով կ՚ըլլան:
Դուն չես միջամտեր,
քանի դուրսը չես արդէն,
այլ կը յորդահոսիս
բոլոր տարածքներուն ընդմէջէն գոյութեան,
ով Է’:

21
Անշամանդաղ գիտութիւն,
ոչ թէ միայն մշուշէ,
այլեւ ստուերներէ,
կամ քմահաճ ու կամակոր ցնորքներէ,
կամ մերթ գիտակից
եւ կամ յաճախ անգիտակից
խեղաթիւրումներու թոհուբոհէն
կը բռնուին սորվածներս ու գիտցածներս։
Տէր, եթէ սրտիս խորքին մէջ չըլլար
գիտութեանդ կարօտը,
որ ուղեցոյց մըն է,
անկարելի պիտի ըլլար վերագտնել
դէպի քեզ ճամբան…

22
Դուն, ով գիտութիւններուն Աստուածը,
գիտես՝ որովհետեւ ամբողջ ստեղծագործութիւնը
նախքան յաւերժութիւնները
Բանին մէջ էր՝ հետդ։
Դուն ծագումէն առաջ գիտութիւններուն՝
զանոնք տեսած ես արդէն,
եւ բացարձակ յստակութեամբ միակ տեսնողն ես
անհասանելի եզրը անոնց պրպտումներուն,
քանզի դուն միայն
վախճանական ապագայէն ալ անդին կը տիրես
փառքին մէջ,
որ ի վեր է քան գիտութիւնները։

23
Ով սրբագոյն Լոյս,
որուն մէջ ոչ թէ միայն անգիտութեան խաւար չկայ,
այլեւ անոր հեղինակ վախը։
Տէր, տեսողութիւնդ հոյագոյին
բոլոր տարածքները՝
ի խորութեան, ի բարձրութեան եւ ի լայնութեան
կը թափանցէ կատարեալ ազատութեամբ։
Իսկ մարմնաւոր տեսողութի՞նը…
անիկա իր պատկերին յաւերժացման համար
հիւրընկալն է վախին ու խաւարին,
ուստի կը տեսնէ՝ չտեսնելով:
Միշտ երկիւղովդ օծէ ներքին աչքերս,
ով աներկեւան տեսողութիւն,
որպէսզի ըստ Հոգիիդ շնորհքին՝
անվախօրէն տեսնել սորվիմ.
քեզմո’վ տեսնեմ…

24
Է էական,
որ պարզագոյն նախադասութենէն կը յայտնուիս,
կը նախապատմես ինծի այն օրուան մասին,
ուր կը տիրես որպէս վախճանական պարզագոյնը։
Հոգիս, որ օտարմամբ կը տարուի յաճախ,
միշտ առ քեզ կը կանչես,
ով ծագումնարան եւ հանգիստ։
Քեզմով կ՚արթննայ եւ կ՚առաջնորդուի
ամեն կարօտ եւ տենչ եւ բուռն ուժ,
եւ լեռնագնաց ելքով
կը բարձրանայ մինչեւ
միաւորումը իսկութեանդ սրբութեան…
Տէր, կանչիդ ունկնդրութեամբ օրհնէ զիս,
որ նոյնիսկ եթէ երկիրդ մտնելու արժանի չըլլամ,
գէթ ցնծամ անոնց համար,
որոնք քաղաքացիներդ են ու պիտի ըլլան։

25
Բարձր եւ խոնարհ, Տէր։
Դուն ի բարձունս կը փառաբանուիս, ով Բարձր։
Դուն ի յերկրի կը ծառայես, ով Խոնարհ։
Ո՞վ կայ քեզի նման.
փառքիդ առջեւ
ամեն ոք քեզ տեսնել կը տենչայ,
բայց չկորսուելու համար կը ծածկուի երկիւղին թեւերով,
ու ներհայեցողաբար
դէմքիդ պատկերով կը զմայլի։
Ո՞վ կայ քեզի նման,
որ մեղաւորին մէջ կը բնակի խոնարհաբար,
եւ անոր ոտքերը կը լուայ…

*) Գ.1-12 թիւերը՝ «Հորիզոն Գրական»ի յունուար 2019-ի մէջ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *