ԽՄԲԱԳԻՐԸ

ԵՐՈՒԱՆԴ ՕՏԵԱՆ

Կարճուկ, շա՜տ կարճուկ մարդ մը։ Քառակուսի։ Կատարելապէս քառակուսի դէմքով մը, որուն ճակատը թուշին կը միանայ ուղիղ, բացարձակապէս ուղիղ գծով մը։ Քիչ մը պեխ, աղտոտ հագուստներ, պզտիկ շուն մը ետեւէն, ու ահա նոյն ինքն է պարոն Զաքէոս։
Զինքը ճանչցայ պալքանեան պետութեան մը քաղքին, մեղա՜յ, մայրաքաղաքին մէջ։
Երբ իրեն հետ տեսնուելու պատիւն ունեցայ, արդէն խմբագրութեան սկսած էր եւ իր թերթին, «Համերաշխութիւն»-ի, երկրորդ թիւը շարելու վրայ էր։ Ա՜խ, այդ գիրերը շարելու գործողութիւնը… ի՜նչ տանջանքներ տուած էր իրեն։ Հազիւ յաջողած էր գտնալ նախկին դերասան մը, որ Continue reading “ԽՄԲԱԳԻՐԸ”

ՅՕՐԻՆԱԾ ԵՐԿԻՐ, ՅՕՐԻՆՈՎԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ — (Ադրբեջանը եւ Արցախեան հարցը)

ԷԴՈՒԱՐԴ ԽԱՉԻԿԵԱՆ

Ներկայ օրհասական պահին, երբ սեւ ամպերը կրկին թաքնուեցին Մռաւի ետեւում, եւ երբ արնոտ եաթաղանը վերստին ցոլաց Հայոց աշխարհի վերեւում, յանկարծ մտածեցի, որ ղարաբաղեան հարցը երբէք չի կարող հանգուցալուծուել, քանի դեռ հակընդդէմ են տարածքային ամբողջականութեան եւ ազգերի ինքնորոշման սկզբունքները:
Հարկ է արմատապէս փոխել այս անպտուղ կոնցեպցիան եւ վերջ տալ մեր պարտուողական «նէյնիմ-նէյնիմ» դիվանագիտութեանը, որը հարցն արդեն 30 տարի քաղաքական փակուղի է մտցրել: Եւ այս պարագայում չի կարող լինել ընդունելի փոխզիջում, որովհետեւ կողմերից Continue reading “ՅՕՐԻՆԱԾ ԵՐԿԻՐ, ՅՕՐԻՆՈՎԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ — (Ադրբեջանը եւ Արցախեան հարցը)”

Փոքրիկ Հայաստան

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
(Ա)

— Իսկական փոքրիկ Հայաստան մըն է, — ըսաւ խօսակիցս, երբ յայտնեցի, թէ Ճեմարան պիտի ուսանիմ, այդպէս աւելի սրելով հետաքրքրութիւնս եւ օր առաջ սկսելու փափաքս:
Ու երբ հասաւ այդ օրը, նկատեցի, որ Ճեմարան կը յատկանշուէր նախ եւ առաջ Հայաստանի հողով ու ջուրով հաղորդ մարդոց կենդանի փաղանգով մը՝ դպրոցին մէջ թէ անոր անմիջական շուրջը:

1
Սիմոն Վրացեան

Ասոնց ամենատիրականը եւ ուշագրաւը ինքն էր՝ տնօրէնը՝ Սիմոն Վրացեանը՝ Առաջին հանրապետութեան վերջին վարչապետը, ըլլալով հանդերձ միւս ճանչցածներուս մէջ ամենէն անհաղորդը:
Ան Ճեմարան եկած էր շուրջ տարի մը առաջ՝ յաջորդելու համար Լեւոն Շանթին, որ մեռած էր 1951-ի նոյեմբերին: Արդէն բաւական տարիքոտ էր, գոնէ 70-նոց մը, որուն հասնողը բնական պայմաններու մէջ պէտք է վաղուց հանգստեան կոչուած ըլլար, սակայն մարդկային այդ իրաւունքը կանոնագրողը վստահաբար նկատի չունէր հայու այն տեսակը, որ ինքզինք պարտաւոր կը զգայ մինչեւ վերջին շունչն ալ վազվզելու, մէկ կողմէ՝ պահելու համար իր գլուխը, միւս կողմէ՝ պահելու համար իր ինքնութիւնը: Այս իմաստով ալ՝ Շանթի տարողութեամբ ու Continue reading “Փոքրիկ Հայաստան”

«ԹՈՒՐՔԵՐՆ ԱՆՑԱՆ ԱՅՍՏԵՂՈՎ»

ԱԼԵՔՍԱՆԴՐ ԹՈՓՉԵԱՆ

«Ու Ձե՛զ եւրոպեան դիք որ շնագին
Սակարկեցիք մեր արեան լռութեան գին…»
Ռուբէն ՍԵՒԱԿ «Կարմիր գիրքը», 1910թ.։

«Եւրոպայում տիրող անհամաձայնութեան հետեւանքով Ասիան ընկաւ թուրքերի ձեռքը, նրանց առջեւ բացուեցին Թրակիոյ դարպասները։ Այնուհետեւ, եւրոպական թագաւորների միջեւ, Հիդրայի գլուխների պէս ծագած վէճերն ու կռիւները քաջալերեցին թուրքերին աւելի տարածուվել Եւրոպայում… Հանդարտ ծովի վրայ նաւի ղեկն ում ասես կարելի է վստահել։ Սակայն մեր սխալների հետեւանքով, թուրքերն իրենց յաջողութիւններից դարձան աւելի համարձակ։ Երբեմն արուեստը հասցնում է խմբագրել բնութեան թերութիւնները, սակայն չի վերացնում արմատը, եւ երբ արուեստը քաշւում է մի կողմ, բնութիւնն Continue reading “«ԹՈՒՐՔԵՐՆ ԱՆՑԱՆ ԱՅՍՏԵՂՈՎ»”

ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020-ի թիւը

Սիրելի ընթերցող, «Հորիզոն գրական»ի հոկտեմբեր 2020-ի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։

Բարի ընթերցում։

ԱՐՑԱԽ

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Կանթե՛ղը, վառած է կանթեղը,
Ձէթ չկայ, վառած է կանթեղը.
Սեւոցք ոռնոցի մէջ գիշերուան
Նոր մանուկ, նոր պատրոյգ կ՚երեւան։ Continue reading “ԱՐՑԱԽ”

ԳՈՅԱՍՈՒԶՈՒՄ

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Կը մխայ Երկիրը լռութեան հրդեհի մէջ
Երկիրը՝ պատմութեան շոգի,
Կիրակնամուտի խնկաման՝ շպրտուած
Աւերուած խորանի շեմին.
Այնտեղ հացն է անբորբոս ու բազմադարեան
Քրտնաթաթախ շնչող, արեւելում Բանի,
Երկիրը պիտի չմայրանայ այլեւս
Երկիրը կ՚երգէ իր նոր անտունին։ Continue reading “ԳՈՅԱՍՈՒԶՈՒՄ”

«ԷԴ ՎԵՐՋԻՆ ՏՈՂԸ ԼԻՆԵԼՈՒ Է, Ա՛Յ ԿԸ ՏԵՍՆԵՍ»

ՀԵՐՄԻՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ

Ի յիշատակ Մոնթէ Մելքոնեանի (Աւօ)

Երբ նա ներս մտաւ, ես այդ ժամանակ նրա ոտքերի չափ հասակ անգամ չունէի եւ երկար ջանք էր պէտք, որպէսզի փոքրիկ աչքերս զննէին նրան՝ կօշիկների ցեխոտ ծայրերից հասնելով մինչեւ լայն ճակատը: Մազերին չհասան աչքերս, մազերը հետաքրքիր չէին կամ էլ՝ մի քիչ ճաղատ էր, չեմ յիշում: Նա այդքան էլ բոյով չէր, ոչ էլ հսկայ էր, բայց նրան տեսնելով՝ ես ակամայից հսկայի եւ թզուկի հէքեաթը յիշեցի, որ երեկ չէ առաջին օրը մայրս էր պատմել… Continue reading “«ԷԴ ՎԵՐՋԻՆ ՏՈՂԸ ԼԻՆԵԼՈՒ Է, Ա՛Յ ԿԸ ՏԵՍՆԵՍ»”

ԵՐԲ ԱՆՑԵԱԼԸ ՉԻ ՄԵՌՆԻՐ

ԿԱՐՕ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ

Ծանօթ. խմբ. — Կարօ Արսլանեան ծանօթ է մեր ընթերցողին որպէս բանաստեղծ, որ բազմիցս հիւրընկալուած է «Հորիզոն գրական»ի էջերուն վրայ։ Այս թիւով կը ներկայացնենք հեղինակի արձակ էջերէն նմոյշներ։

ՉԱՊՐՈՒԱԾ ԱՊԱԳԱՆ

Հինգ սարսափելի ու հրեղէն ձմեռներ անցած էին: Քաղաքը յոգնած էր ու կիսամեռ: Մարդոց դէմքերը խինդ ու ծիծաղի գերեզմաններ էին կարծես:
Չքաւորութիւնը գրեթէ բոլոր դռներէն ներս մտած՝ իր ապահով բոյնը հիւսած էր, իսկ խաղաղութիւնը իր ճանապարհը կորսնցուցած անհասցէ նամակի մը պէս անտէր մնացած էր: Continue reading “ԵՐԲ ԱՆՑԵԱԼԸ ՉԻ ՄԵՌՆԻՐ”

ԱԳՌԱՒԱՔԱՐԻ ԴՌՆԵՐԸ ԹԱԿԵԼՈՎ — ԷՊՈՍԸ ՅԵՏԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ՊՈԵԶԻԱՅՈՒՄ

ՀԱՅԿ ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄԵԱՆ(*)

Հայ պոեզիան էպոսի գրական-բանաստեղծական մշակումների ու անդրադարձների մեծ փորձառութիւն ունի։ Էպոսի առաջին պատումի գրառումից ի վեր տասնեակ պոետիկ մշակումներ են եղել՝ ստեղծուած տարբեր նպատակներով, նախատեսուած ընթերցողական տարբեր շրջանակների համար, գաղափարական տարբեր ուղղուածութեամբ։ Բանաւոր էպոսի այդ գրական մշակումները մեծապէս նպաստել են «Սասնայ ծռերի» հանրային ճանաչմանը։ Մասնաւորապէս Յովհաննէս Թումանեանի «Սասունցի Դաւիթ» պոեմը (1903 թ.) մեր էպոսի ամենից յայտնի տարբերակն է եւ իր ձեւաբովանդակային ամբողջականութեամբ, գաղափարի եւ իրացման, ներդաշնակութեամբ անգերազանցելի է մնում մինչ օրս։ Թէեւ ինքը՝ Յովհ. Թումանեանը Continue reading “ԱԳՌԱՒԱՔԱՐԻ ԴՌՆԵՐԸ ԹԱԿԵԼՈՎ — ԷՊՈՍԸ ՅԵՏԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ՊՈԵԶԻԱՅՈՒՄ”