ԹՈՒՄԱՆԵԱՆԱԿԱՆ ՏԱՍՆԱԲԱՆԵԱՅ

ԳՐԻԳՈՐ ՋԱՆԻԿԵԱՆ

«Գործն է անմահ, լա՛ւ իմացէք…»
Յ.Թ.

Նա գրական յաւերժութեան իր անհասանելիութիւնից աւելի քան մէկ դար հայ լինելու, մարդկային լինելու, իր երկրին, ժողովրդին անսակարկ նուիրուելու դասեր է տալիս մեզ: Ու չնայած, շատ հասկանալի պատճառով, վաղուց նոր գործեր չի գրում, իւրաքանչիւր սերունդ նրա դասերը ընկալում է իւրովի: Կ՚ուզէի յաւելել՝ նորովի: Ես չգիտեմ՝ Յովհաննէս Թումանեանը ամենամեծ հայ բանաստեղծն է, թէ՞ ոչ, բայց միանշանակ է, որ Ամենայն հայոց բանաստեղծն է՝ արտայայտութեան ամենաբովանդակ ընդգրկմամբ:

Continue reading “ԹՈՒՄԱՆԵԱՆԱԿԱՆ ՏԱՍՆԱԲԱՆԵԱՅ”

ԱՐԵՒԵԼԱՀԱՅ ԲԱՌԱՐԱՆԱԳՐԱԿԱՆ ԲԱՐՔԵՐ

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Մեր երկու բարբառներն ու կէսերր իրարմէ զանազանող իրողութիւններէն մէկն ալ, — մտածա՞ծ էիք այս մասին, — բառարանագրութիւնն է:
Արեւելահայ բառարանը կը բնորոշուի ամեն բանէ առաջ իր արտակարգ ծաւալով. վերջին կէս դարուն լոյս տեսած բառարանները կը հաշուեն մօտաւորապէս 150.000 բառայօդուած, մինչ արեւմտահայ բառարանը լաւագոյն պարագային ունի 30.000 բառ, որուն երեք քառորդը, մի՛ զարմանաք, կը մնայ անգործածելի: Այնպէս ու այն սահմաններուն մէջ, ուր մենք կը կիրարկենք մեր լեզուն, ան կը պահանջէ հազիւ 5-7.000 բառ եւ ոչ աւելի:

Continue reading “ԱՐԵՒԵԼԱՀԱՅ ԲԱՌԱՐԱՆԱԳՐԱԿԱՆ ԲԱՐՔԵՐ”

Ամենայն Հայոց բանաստեղծը 150 տարեկան է

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Յովհաննէս Թումանեան. պարզ եւ սակայն մեզի մեծ ժառանգ ձգած հարուստ անուն մը:Նոյնքան մեծ բանաստեղծ մը, որ փոքր տարիքէս իր հաճելի տողերով ներգրաւած էր միտքս ու հոգիս։ Մէկ խօսքով, մեր բոլորին կողմէ սիրելի ու մանաւանդ փնտուած հայ բանաստեղծ մը, որուն բանաստեղծութիւնները օրին արագ ու մեծ հաճոյքով կը սորվէի եւ ամեն առիթով ալ՝ ընտանեկան մեր հաւաքներուն համարձակ եւ հպարտ կ՚արտասանէի։

Continue reading “Ամենայն Հայոց բանաստեղծը 150 տարեկան է”

Ի՞նչ կը կորսնցնենք — ԶՈՒԼԱԼ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 10-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ

ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ

Ի՞նչ կը կորսնցնենք, երբ բանաստեղծ մը կորսնցնենք …
Մտածած չենք. որովհետեւ մեզի կը թուի, թէ չենք կրնար բանաստեղծ մը կորսնցնել:
Ճիշդ է: Բանաստեղծը կ՚ապրի մեր մէջ իր տողերով եւ իր արտաշնչանքով, որ կը ներշնչէ մեզ:
Բայց կը կորսնցնենք իր գալիք տողերը, իր սոսկական գոյութիւնը, որ տարօրինակ ապահովութիւն մը կու տար մեզի. կարծես ի՛ր վրայ բեռցուցած լեզուն պահելու ամբողջ հոգը, մենք կրնայինք ապրիլ մեր առօրեան քիչ մը անհոգ, քիչ մը անուշադիր, քիչ մը էական բաները մոռացութեան տուած:

Continue reading “Ի՞նչ կը կորսնցնենք — ԶՈՒԼԱԼ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 10-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ”

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔՀՆՅ. ՇՄԱՒՈՆԵԱՆ — ՀԱՅ ԼՐԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴԻՐԸ

ԲԱԲԳԷՆ ԹՕՓՃԵԱՆ

Ան ծնած է Պարսկաստանի Շիրազ քաղաքը 1750 թուականին: Սկզբնական իր կեանքին մասին սակաւ են մեր ծանօթութիւնները: Թէեւ ան ճանչցուած է ու կը կրէ Շմաւոնեան մականունը, սակայն իր տպարանէն լոյս տեսած 1789-90-ի «Նահատակաբանութիւնը կոյս Մարիանէի» վերահրատարակուած հատորին մէջ, յիշուած է որպէս «Շիրազցի Յարութիւն քահանայ, որդի Շմաւոնի»:

Continue reading “ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔՀՆՅ. ՇՄԱՒՈՆԵԱՆ — ՀԱՅ ԼՐԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴԻՐԸ”

125-ամեակ Մատթէոս Զարիֆեանի (1894-1924) ծննդեան

ՍԻՐՈՅ, ԹԱԽԻԾԻ ԵՒ ՔՆՔՇԱՆՔԻ ԱՆՄԱՀ ՔՆԱՐԵՐԳԱԿԸ

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

16 յունուարի ծնունդ է հայ գրականութեան անմահներէն Մատթէոս Զարիֆեան, որ իր գողտրիկ եւ քնքուշ քնարերգութեամբ կը յուզէ ու կը գեղեցկացնէ ներաշխարհը բոլոր ժամանակներու ընթերցողին:

Continue reading “125-ամեակ Մատթէոս Զարիֆեանի (1894-1924) ծննդեան”

ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ ԽՐԱՏԱՆԻ

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

ՀԱԳՆԻԼ-ՀԱԳՈՒԻԼ
Այս երկու բայերը մնայուն շփոթի առարկայ են արեւմտահայուն համար, որ ընդհանրապէս չի զանազաներ ասոնց տարբերութիւնը:
Ասոնցմէ առաջինը՝ հագնիլ, կը համապատասխանէ գրաբարի ագանել բային, ֆրանսերէնի՝ porter, անգլերէնի to wear բայերուն: Continue reading “ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ ԽՐԱՏԱՆԻ”

Թեւաւոր խօսքեր եւ դարձուածքներ – Զ –

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
Մաւրը կատարեց իր գործը,
Մաւրը կրնայ հեռանալ

Այս դարձուածքին ծնունդ տուողը գերմանացի թատերագիր Շիլլերի (1759—1805) մէկ թատերախաղն է, որ կը կոչուի «Ֆիեսկի դաւադրութիւնը»: Այստեղ կը գտնենք գլխաւոր հերոսը՝ ճենովացի Continue reading “Թեւաւոր խօսքեր եւ դարձուածքներ – Զ –”

ՉԱՐԵՆՑԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ «ԱՌԱՍՊԵԼԻ» ՀԵՏ

ՍԻՐԱՆՈՅՇ ԴՒՈՅԵԱՆ

Չարենցի ստեղծագործութիւններում` տարբեր փուլերում եւ ժանրից անկախ, առաջին հայեացքից ցաքուցրիւ թուացող յղումներ կան ինչպէս հայ եւ համաշխարհային առասպելներին եւ առասպելական հերոսներին, այնպէս էլ առասպելին շատ ընդհանուր իմաստով` իբրեւ յօրինուած կամ կեղծ պատմութեան: Վերջինս նրա մօտ հանդէս է գալիս կամ բացասական իմաստով` իբրեւ մի սուտ, որն այլափոխել է ճշմարտութիւնը եւ գրաւել նրա տեղը, կամ դրական իմաստով` իբրեւ մի բան, որի բնոյթը յօրինուածքն է: Continue reading “ՉԱՐԵՆՑԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ «ԱՌԱՍՊԵԼԻ» ՀԵՏ”

Թեւաւոր խօսքեր եւ դարձուածքներ — Ե.

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

 

Լուկուլլոսեան խնջոյք
Լուկուլլոսը հռոմէացի զինուորական մըն էր, որ ապրած է Ա. դարուն Քա.: Սա նոյն այն Լուկուլլոսն է, որ արշաւեց Հայաստան ու ճակատեցաւ Տիգրան Մեծի ու անոր աներոջ՝ Միհրդատի միացեալ բանակներուն դէմ՝ առանց տանելու համոզիչ յաղթանակ մը, որուն տիրացաւ Պոմպէոս իրմէ ետք: Continue reading “Թեւաւոր խօսքեր եւ դարձուածքներ — Ե.”