ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
Մեր երկու բարբառներն ու կէսերր իրարմէ զանազանող իրողութիւններէն մէկն ալ, — մտածա՞ծ էիք այս մասին, — բառարանագրութիւնն է:
Արեւելահայ բառարանը կը բնորոշուի ամեն բանէ առաջ իր արտակարգ ծաւալով. վերջին կէս դարուն լոյս տեսած բառարանները կը հաշուեն մօտաւորապէս 150.000 բառայօդուած, մինչ արեւմտահայ բառարանը լաւագոյն պարագային ունի 30.000 բառ, որուն երեք քառորդը, մի՛ զարմանաք, կը մնայ անգործածելի: Այնպէս ու այն սահմաններուն մէջ, ուր մենք կը կիրարկենք մեր լեզուն, ան կը պահանջէ հազիւ 5-7.000 բառ եւ ոչ աւելի:
Այս պայմաններուն մէջ մենք դիւրաւ կրնանք մեզի թոյլատրել զուտ հայեցի բառամթերք մը կիրարկելու պերճանքը, այլ խօսքով՝ խօսիլ ու գրել առանց օտար բառ փոխառելու: Մինչ արեւելահայ իրականութեան մէջ գործածելի են այդ բոլոր 150.000 բառերն ալ. անշուշտ ո՛չ բոլորին կողմէ եւ ո՛չ ամեն վայրկեան: Պատկերացնենք քիչ մը այն բոլոր մարզերը՝ համալսարանական տասնեակներով մասնագիտութիւններ, բանակ, դատարան, ոստիկանութիւն, արհեստներ, տնտեսութիւն, արդիւնաբերութիւն եւ այլն, որոնց ամեն մէկը ունի իր ուրոյն ու մասնագիտացած բառամթերքը՝ իւրաքաչիւրը բազմահազար միաւորներով, որոնց գումարը ահա կը հասնի… 150.000-ի, իսկ հայերէնը այդքան բառ չունի, ոչ մէկ ատեն ունեցած է: Ասկէ ալ կը յառաջանայ օտար բառեր որդեգրելու անհրաժեշտութիւնը, որուն տարողութիւնը մենք չենք կրնար ըմբռնել: Մենք ունինք շատ իմաստուն ասացուածք մը. «Ուտողը չի գիտեր, եփողը գիտէ»: Այո՛, պէտք է եփող ըլլալ՝ գիտնալու համար, թէ պատրաստուող կերակուրը ինչպիսի՛ նիւթերու կը կարօտի: Առաջին հետեւութիւնը անշուշտ պիտի ըլլայ այն, որ արեւելահայը ստիպուած է կատարել փոխառութիւններու մեծ պաշար մը՝ լրացնելու համար իր կարիքները: Սակայն այս ալ պէտք է ըսել, որ արեւմտահայերս գայթակղեցնողը, ես պիտի ըսեմ՝ խորապէս խոցողը, չէ՛ բառային այն շերտը, որ կը պակսի մեր լեզուին եւ որուն փոխառումը անխուսափելի է. օրինակ՝ ինչպէ՞ս պիտի թարգմանենք méthane, éthane, chlore. héxachlorane եւ այսպիսի անհամար բառեր, որոնք արեւմտահայ բառարանին մէջ չեն մտներ, որովհետեւ պարզապէս պէտք չունինք այսպիսիներուն, եւ սակայն կը մտնեն արեւելահայ բարքերուն ու բառարանին մէջ: Մեր թիրախն ալ ասոնք չեն արդէն:
Խնդրոյ առարկան՝ այն առօրեայ տարրական բառերն են, որոնց հայերէնը մեր անմիջական տրամադրութեան տակն է եւ որոնցմէ անփութօրէն երես կը դարձնէ արեւելահայը, օրինակ՝ աբորտ-վիժում, անոնսել-յայտարարել, էսկորտ-շքախումբ, իմիջ-կերպար… չեմ շարունակեր, ասոնք շատ մատնանշուած են ու շատ յիշուած, եւ ձեռքս ու աչքերս կը բողոքեն: Մանաւանդ որ ինձմէ աւելի հետեւողականութեամբ ու հմտութեամբ պայքարողներ չեն պակսիր: Ուրեմն կ՚անցնիմ, այլ նպատակով ճամբայ ելած եմ ու ահա կը զառածիմ:
Յաջորդ խումբը կը կազմեն «ժողովրդա-խօսակցական» կոչուած բառերը, որոնք հարիւրներու կը հասնին, բացառուած չէ հազարն ալ, եւ որոնք մասնաւորաբար… թրքերէն են կամ կու գան այլ լեզուէ մը: Ստորեւ նմուշներ՝ Էդուարդ Աղայեանի բառարանէն. իւրաքաչիւրին առջեւ, փակագիծի մէջ, ըսուած է «ժողովրդական».
խաբար — լուր, տեղեկութիւն
չախմախ — հրահան, կայծահան
չոբան — հովիւ, անտաշ, գռեհիկ
չփլախ — մերկ, աղքատ, տնանկ
Անշուշտ արեւմտահայուն համար ասոնք անծանօթ բառեր չեն: Իրականութեան դէմ մեղանչած չեմ ըլլար, եթէ ըսեմ, որ տեղին համեմատ… մե՛նք ալ կը գործածենք ասոնք եւ նմանները: Սակայն մեր բառարաններուն մէջ չենք փոխադրեր զանոնք, ոչ ալ կը սորվեցնենք, թող որ միշտ ալ ձեւ մը կը գտնենք հասկցնելու նոր սերունդին, թէ ասոնք խորթ են ու մանաւանդ… թրքերէն են, մեր կոտտացող վէրքերն են եւ պէտք է դարմանենք զանոնք: Արեւելահայ բառարանագիրը չ՚ը՛ներ այս բանը. «ժողովրդական» եւ վե՛րջ. եւ յաջորդական սերունդները ազատօրէն կ՚որդեգրեն այդ «ժողովրդական» բառերը, կ՚իւրացնեն եւ կը յաւերժացնեն զանոնք: Անոնց հոգիներուն մէջ կը յաւերժանայ թրքերէնն ալ, թուրքն ալ, եւ տարին 12 ամիս անթալիաները խուժողները մասնաւորաբար այսպիսիներն են:
Ու դա՛րձեալ կ՚անցնիմ:
Կայ բառերու երրորդ խումբ մըն ալ, որ նմանապէս տեղ կը գտնէ արեւելահայ բառարաններու մէջ. ասոնք ըստ էութեան սխալ կազմութիւն ունեցող, հայ լեզուաբանութեան եւ ոգիին հակադրուող բառեր են, եւ որոնց տեղ կը տրուի սակայն, որովհետեւ… ժողովուրդը, բայց նա՛եւ մտաւորականութիւնը այդպէ՛ս կը կիրարկէ զանոնք, եւ բառարանագիրն ալ չի՛ սրբագրեր: Եւ ահա այսպիսիները հանգիստ խիղճով ու թեթեւ ձեռքով կ՚անցնին նաեւ արեւմտահայ հոսհոսներուն լեզուական բարքերուն մէջ, եւ ոչ անպայման ռամիկին, այլ պեխ-մօրուք ճերմկցուցած եւ 20-30 հատորի գրական վաստակ ունեցող մտաւորականին եւ խմբագիրին եւս:
Ստորեւ նմուշներ՝ իրենց բացատրութեամբ, Էդուարդ Աղայեանի երկհատորէն. պատկերը նոյնն է արեւելահայ միւս բառարանագիրներուն համար եւս:
1 – Յետայսու — սրանից յետոյ, այսուհետեւ
Սխալ կազմութեամբ բառ մըն է այս, որ ծնունդ առած ու այնուհետեւ որդեգրուած է ընդհանրապէս հայերէն չգիտցող, սակայն յատկապէս տարրական գրաբարը անգիտացող անձերու կողմէ: Ահա թէ ինչո՛ւ. յետ նախադրութիւնը սեռական հոլով խնդիր կը պահանջէ իր քովը, օրինակ՝ յետ մահու, յետ պատերազմի, յետ բանակցութեան եւ այլն, իսկ այսու՝ գործիական հոլով է, ուրեմն յետայսու ըսել համազօր է յետ մահով ըսելու, կամ յետ պատերազմով, կամ յետ բանակցութեամբ, ինչ որ հայերէն չէ, լեզու ալ չէ: Տեսականօրէն կարելի է ըսել՝ յետ այսր կամ յետ այսորիկ, սակայն ասոնք ալ շատ գրաբար են, չենք կրնար ետ դարձ կատարել ու գրաբար խօսիլ: Պարզ է, ուրեմն, նման բառ չունի՛ աշխարհաբարը եւ վե՛րջ: Ունինք միւռոնի պէս ընտիր ու բիւրեղի պէս մաքուր այսուհետեւ, այդուհետեւ, այնուհետեւ բառերը եւ կրնանք ազատօրէն գործածել ասոնք թէ՛ արեւմտահայերէնի, թէ՛ արեւելահայերէնի մէջ:
2 – Ութնեակ — նոյնն է՝ ութեակ
Բացարձակապէս ո՛չ, նոյնը չէ՛: Բառս կազմուած է ութ եւ եակ բաղադրիչներով եւ կրնայ տալ միա՛յն ութեակ, ճիշդ ինչպէս՝ քառ-եակ>քառեակ, հինգ-եակ>հնգեակ, վեց-եակ>վեցեակ, ուրեմն նաեւ՝ ութ-եակ>ութեակ: Բայց կ՚ըսենք՝ եօթնեակ, իննեակ, տասնեակ, որովհետեւ ասոնք կազմուած են հետեւեալ բաղադրիչներով՝ եօթն+եակ, ինն+եակ, տասն+եակ, այլ խօսքով՝ ասոնց մէջ երեւցող «ն» բաղաձայնները արմատական են, ինչ որ կը պակսի հինգ, վեց, ութ բառերուն:
Հայ լրագրողին լեզուական թափթփածութիւնը այնքան շեշտուած է, որ գերազանցելով բառարաններունը՝ իր կարգին հնարած է նաեւ…վեցնեակ կոչուած հրէշաբանութիւնն ալ:
3 – Ցաւազրկել — ցաւից զրկել, այնպէս անել, որ ցաւ չպատճառէ
Ցաւազուրկ — ցաւազերծ
Դա՛րձեալ ոչ. ցաւը վերացնելը կամ ցաւը բառնալը զրկանք մը չէ, որպէսզի ցաւազրկել կոչենք բայը, իսկ ցաւը բարձող, ցաւը ջնջող դեղն ալ կոչենք ցաւազրկիչ, ինչպէս վերջերս այստեղ «բժշկագիտական» դասախօսութեան մը առթիւ Երեւան ուսանած դասախօսը կ՚անուանէր կարգ մը դեղերը: Բայց պէտք է ըլլայ միա՛յն ցաւազերծել, ածականը՝ ցաւազերծ, համապատասխան դեղը՝ ցաւազերծիչ (analgésique):
Զուրկ եւ զրկել բառերով հայերէնը կը բնորոշէ դրական իրողութեան մը կամ վիճակի մը բացակայութիւնը կամ վերացումը, օրինակ՝ տնազուրկ, հայրենազուրկ-հայրենազրկել, ծնողազուրկ, իրաւազուրկ-իրաւազրկել եւ այլն: Բայց ո՛չ ցաւազրկել, ցաւազուրկ եւ ցաւազրկիչ. այս երեքը անհեթեթութիւններ են իբրեւ յղացք, եւ թոյլատրելի չէ, որ ասոնք գոյութիւն ունենան լեզուի մէջ, աղարտեն զայն, առաւել եւս մտնեն բառարան ու մանաւանդ… ուսուցուին:
Իսկ զերծ եւ զերծել բառերով կը բնորոշենք բացասական իրողութեան մը բացակայութիւնը կամ վերացումը, օրինակ՝ վնասազերծ-վնասազերծել, ականազերծ-ականազերծել, վարակազերծ-վարակազերծել, ախտազերծ-ախտազերծել եւ ուրեմն…ցաւազերծ-ցաւազերծել-ցաւազերծիչ:
Պէյրութ
armenag@gmail.com