ՊԱՏԻՒՍ ԱՐԺԱՆԱՒՈՐԱՑ — Հ. Սահակ վրդ. Քէշիշեան (1917-2005)

Ընթացիկ մարտի 9-10 շաբաթավերջին, նախաձեռնութեամբ Պէյրութի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի սաներու եւ արիներու նորակազմ միութեան, աշխարհի չորս ծագերուն նշուեցաւ ճեմարանի բազմամեայ տնօրէն, թարգմանիչ, գրականագիտական, պատմական ու թարգմանչական բնագաւառներու անխոնջ մշակ Հայր Սահակ վրդ. Քէշիշեանի ծննդեան 100-ամեակը։

Սահակ վրդ. կատարած է զանազան երկերու գրաբարէ-ֆրանսերէն կոթողական թարգմանութիւններ, որոնցմէ կարգին Ս. Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան»ը, Ս. Ներսէս Շնորհալիի «Յիսուս Որդի», «Ողբ Եդեսիոյ» երկերը եւ Ս. Ներսէս Լամբրոնցաիի «Պատարագի մեկնութիւնը»։
Իր արեան կանչին անսալով, Սահակ վրդ. աննկուն կորովով լծուեցաւ հայու հանճարի արգասիքի համաշխարհային ծանօթացման աշխատանքին՝ որպէս պատասխան թալէաթներու հայաջինջ մոլուցքին, մանաւանդ երբ իր մէջ զգաց կոչումն ու կարողութիւնը լծուելու հայ գրական ժառանգութեան գոհարներու թարգմանութեան ծանր, պատասխանատու եւ կոթողային աշխատանքին, որուն արդիւնքը եղաւ ֆրանսերէնի թարգմանութիւնը նախ Նարեկացիի աղօթամատեանին (հրատարակուած 1961-ին, Փարիզ) ապա Ներսէս Շնորհալիի հետեւեալ ստեղծագործութիւններուն. «Յիսուս, Հօր Միածին Որդի» (հրատարակուած 1973-ին, դարձեալ Փարիզ), «Ողբ Եդեսիոյ», «Հաւատով խոստովանիմ», «Առաւօտ լուսոյ» (հրատարակուած յաջորդաբար 1984-ին, 1985-ին եւ 1987-ին Սբ. Ղազարի մէջ, Վենետիկ), Ասողիկ եպիսկոպոսի «Տիրամայր յուսոյ» ստեղծագործութեան (հրատարակուած 1996-ին, Էջմիածին), Սբ. Ներսէս Լամփրոնացիի «Մեկնութիւն Ս. պատարագի» գործին (2000-ին, Պէյրութ):
Հայր Սահակ ֆրանսերէնի թարգմանած է նաեւ Վահագն Դաւթեանի «Ռեքուիեմ»-ը, որ հրատարակուած է 1986-ին Պէյրութ, Հայոց ցեղասպանութեան եօթանասունամեակի ոգեկոչումի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինին կողմէ:
Հայր Սահակ Վրդ. Քէշիշեան մասնակցած է իր մասնագիտութեան հայող բազմաթիւ գիտաժողովներու, կարդացած՝ զեկուցումներ եւ տուած՝ դասախօսութիւններ: Ան աշխատակցած է նաեւ Հայկազեան Հայագիտական հանդէսին:
Իր այս թարգմանչական աշխատանքներուն համար, տարիներով ձեռագրային պրպտումներ կատարած է յատկապէս Երեւանի Մաշտոցի Անուան Մատենադարանին մէջ: Առ այս Հայաստան կատարած իր 23րդ ու վերջին ճամբորդութենէն հազիւ վերադարձած, վախճանած է Պէյրութ, 24 օգոստոս 2005-ին:


Սահակ վրդ. Քէշիշեան ծնած է 15 դեկտեմբեր 1917-ին, Մարաշ։ Մարաշի Աղէտէն ետք, 1922-ին ընտանեօք անցած են Հալէպ ապա Դամասկոս։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Դամասկոսի Յիսուսեան Հայրերու Ֆրանսահայ Վարժարանին մէջ (1926-1931), ապա յաճախած է Յիսուսեաններու Պէյրութ Սէն Ժոզէֆ համալսարանի նորընծայարանը՝ 1931-1936։
Աւարտելէ ետք համալսարանական ուսումը քահանայ կը ձեռնադրուի 31 հոկտեմբեր 1948-ին ձեռամբ երջանկայիշատակ Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս Ի. Աղաճանեանի։ 1952-ին կը նշանակուի Հալէպի Յիսուսեան Հայրերու Սուրբ Վարդան վարժարանի տնօրէն եւ իր պաշտօնը կը վարէ մինչեւ 1960 թուական երբ կը փոխադրուի Պէյրութ ուր կը ստանձնէ 1923-էն ի վեր գործող Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի տնօրէնի պաշտօնը, զոր կը վարէ մինչեւ 1998 թուական, միաժամանակ հայագիտութիւն դասաւանդելով Սէն Ժոզէֆ Համալսարանի Հայագիտական Ամբիոնէն
Հալէպի եւ Պէյրութի մէջ ան եղած է նաեւ Սկաուտական շարժումի հոգեւոր հայր։
Խորհրդային վարչակարգի շրջանին Հայր Սահակ Վրդ. Քէշիշեան այն հազուագիւտ հոգեւորականներէն է, որ տասնեակ անգամներ այցելած է իր պաշտելի հայրենիքը՝ Հայաստան, եւ մանաւանդ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանը։ Ան 23 անգամներ այցելեց հայրենիք, վերջինը ըլլալով իր վախճանումէն՝ 24 օգոստոս 2005-էն օրեր առաջ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *