ԵԶԱԿԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ — «Հայաստանի պատմական ատլաս»-ը

Վ-Ա.Ա.

Հեղինակներ՝ Կլոդ Արմէն Մութաֆեան (Claude Armen Moutafian)՝ պատմագիտութեան դոկտոր, Փարիզ 1 Պանթէոն-Սորբոն համալսարանի պրոֆեսոր եւ Էրիկ Վան Լով (լric Van Lauwe)՝ քարտէզագիր, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան քարտէզագրութեան բաժնի նախկին ղեկավար. յառաջաբանի հեղինակ՝ Ալեն Դիւսելիէ (Alain Ducellier)՝ պատմաբան (այժմ հանգուցեալ). հայերէն հրատարակման նախաձեռնող եւ թարգմանիչ՝ Արմէն Բաղդասարեան՝ բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, դոցենտ. խմբագիր՝ Լիանա Յովսէփեան՝ բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, պրոֆեսոր. գիտական խորհրդատու՝ Արմէն Խաչիկեան՝ պատմական գիտութիւններու թեկնածու, դոցենտ. ձեւաւորում եւ էջադրում՝ ԹՈՒՄՈ. Տիգրան Մեծ հրատարակչություն, Երևան, 2017, 145 էջ։ Հայերէն հրատարակութեան մեկենաս՝ Abriss ընկերութիւն (Ֆրանսա)։

Վերջերս ստացանք այս կարեւոր հրատարակութիւնը, որ հայ ընթերցողին հայերէնո՛վ կը մատուցէ 2001-ին Փարիզ լոյս տեսած եւ այժմ սպառած Atlas historique de l’Armռnie (ռditions Autrement) եզակի աշխատութիւնը, որ կ՚անդրադառնայ Հայաստանի, Հարաւային Կովկասի և Մերձավոր Արեւելքի տարածաշրջանին մէջ մ.թ.ա. Է. դարէն մինչև ԻԱ. դարը տեղի ունեցած պատմական էական զարգացումներուն։ Ան կը բովանդակէ կարեւոր պատմական ժամանակաշրջաններու 40 քարտէզներ եւ 20 պատմական քարտէզներու վերարտադրութիւններ։
Իր ներածական խօսքին մէջ Բաղդասարեան կը շեշտէ կարեւորութիւնը այս հատորին թէ՛ հետազօտական, թէ՛ բովանդակային, թէ՛ կառուցուածքային եւ թէ՛ աղբիւրներու տպաւորիչ ժամանակագրութեան, աշխարհագրութեան եւ քանակի առումներով։ Ան դիտել կու տայ, թէ «հետաքրքրասէր ընթերցողին յայտնի են դառնում այնպիսի պատմական փաստեր եւ իրադարձութիւններ, որոնք հնարաւոր չէ գտնել պատմութեան դասագրքերում»։
Իսկ յառաջաբանին մէջ Դիւսելիէ կ՚ըսէ, թէ «Հայաստանի պատմական ատլաս»-ը «ունի մի մեծ արժանիք, որ դժուար է թերագնահատել՝ այն առաջին ժամանակակից ատլասն է, որը քարտէզների գրեթէ կինեմատոգրաֆիական հերթագայութեան շնորհիւ (մի բան, որով գիտութիւնը դեռ աչքի չէր ընկել) յաջողութեամբ կարողացել է ներկայացնել եւ աչքի համար գեղագիտօրեն վեր հանել մի ժողովրդի ուղեգիծը, որի ճակատագիրը նրա համար նախասահմանել է հին ու արդի աշխարհների պատմականօրեն ամենազգայուն խաչմերուկներից մեկը՝ Սեւ ծովի, Կովկասի, Իրաքի և Միջերկրական ծովի միջակայքը»։ Քիչ անդին ան կ՚աւելցնէ.– «Այս աշխատութիւնը քարտէզների միջոցով հրաշալիօրեն ցոյց է տալիս արտակարգ անկոտրում ոգին մի ժողովրդի, որը հայրենազրկուելով և բազմաթիւ անգամներ իր հարեւանների եւ իր նուաճողների զոհը դառնալով՝ միշտ ձգտել է վերամիաւորուել և երբեք չի կորցրել այն ամենը, ինչի շնորհիւ տարբերուել է միւսներից՝ լեզուից մինչեւ մշակոյթ, հասարակական կառոյցի իւրատիպութիւնից մինչեւ հոգեւոր աւանդոյթներ»։
Գալով Մութաֆեանի, ան կը հաստատէ, թէ «Հայաստանի պատմութիւնը երեքհազարամեայ հրաշալի վաւերագրութիւն ունի», որ մէկ կողմէն կը ներկայնայ որպէս ներքին ընթացք՝ ժողովուրդ-տարածք միասնութեան մէջ, միւս կողմէն որպէս հարեւաններու հետ ունեցած յարաբերութիւններու ամբողջութիւն, այդ իսկ պատճառաւ քարտէզներու աշխարհագրական շրջանակը կը ներառէ Կոստանդնուպոլիսը, Սպահանը, Գահիրէն եւ Թիֆլիսը։ «Ի տարբերութիւն լայնօրէն ընդունուած մօտեցման, որի հիմքում ընկած են ամբողջական ժամանակաշրջաններ […] պարփակող քարտէզներ», հեղինակը ընտրած է իւրաքանչիւր դարէ նշանակալի տարեթիւ մը, այնպէս, որ այդ տարեթիւերը «կարողանան արտացոլել սահմանների տեղաշարժերը կամ պետութիւնների զարգացումը պայմանաւորող կարեւոր պատմական իրադարձութիւններ՝ հաշտութեան պայմանագրի կնքում, այս կամ այն թագաւորութեան զարգացման գագաթնակէտը, այս կամ այն տիրակալի գահակալութեան կամ մահուան տարեթիւը եւ այլն», եւ քարտէզները համապատասխանեցուցեր է այդ տարեթիւերուն։
Իւրաքանչիւր քարտէզի հանդիպակաց էջին տրուած է պատմական ամփոփ բայց համապարփակ ակնարկ մը։
Ցանկալի պիտի ըլլար, որ այս թարգմանութիւնը դասական ուղղագրութեամբ հրատարակուէր, քանի որ առաւելաբար ա՛յդ ուղղագրութեամբ գրուած են վայրերու անունները մեր գրականութեան մէջ։
Թղթատելով այս ատլասը, որ դիւրութեամբ կը գործածուի, քանի որ չափերը աւելի մեծ չեն քան սովորական էջ մը՝ հորիզոնական ձեւին մէջ, ընթերցողը ոչ միայն կը տեսնէ, թէ ինչպէս, աւա՜ղ, մեր հայրենիքը դարերու ընթացքին կծկուած է, այլեւ կը տարուի մտածելու, թէ քաղաքակրթական այդքան երկար ճանապարհ կտրած այս ժողովուրդը իրապէս արժանի է անպայման վերագտնելու իր պատմական իրաւունքները աշխարհաքաղաքական այդ տարածքին մէջ։

Հայաստանի պատմական ատլաս»ը կարելի է ձեռք բերել Երևանի գրախանութներէն կամ ուղղակի Արմեն Բաղդասարեանէն, ել-հասցէ՝ arbaghdas@gmail.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *