Նիւ Եորքի փապուղիները

ԼՕԼԱ ԳՈՒՆՏԱՔՃԵԱՆ

Բոլո՛րս, ամե՛ն կենդանի էութիւն, միմիայն ոգիներ, ոչինչի ստուերներ չե՞նք:
Ոդիսեւս
(Սոփոկլես, «Այաքս»)

Երկար են Նիւ Եորքի փապուղիները,
Երկար են ու աղմկոտ,
Երբ ամեն առտու, երբեմն ամեն իրիկուն,
Կը քալեմ իր ստորերկրեայ շաւիղներէն։

Continue reading “Նիւ Եորքի փապուղիները”

ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ԱՐԱ ՄԽՍԵԱՆ

ՀՈԳԵԽՌՈՎ ՄԱՐԴՈՒՆ ԱՂՕԹՔԸ
Անդորրութիւն մը տուր, ո՛վ Տէր,
Որ ըլլայ ամեն բանէ վեր.
Անդորրութիւն մը հոգեկան՝
Անստգիւտ եւ անզուգական…
Անդորրութիւն մը տուր ո՛վ Տէր,
Բալասան՝ հոգւոյս կարեվէր.
Անդորրութիւն մը իրական՝
Ո՛չ խաբուսիկ, անրջական…

Continue reading “ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ”

ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ԿԱՐՕ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ

Կեա՛նք, քեզի հետ հաշտ եմ ես, համոզուած եմ քալելու
Ու հեռուներն միասին անվախօրէն հատելու.
Գիտեմ, որ միշտ պատրաստ ես ինձ լրբօրէն խաբելու,
Բայց տե՛ս, ձեռքս պարզած եմ, պարկեշտօէն օգնելու,
Թէկուզ տանիս ինձ մահուան գիրկին մէջ լուռ խեղդելու,
Միեւնոյն է, միշտ սիրով քեզ կը ստեղծեմ՝ ապրելու:

Continue reading “ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ”

125-ամեակ Մատթէոս Զարիֆեանի (1894-1924) ծննդեան

ՍԻՐՈՅ, ԹԱԽԻԾԻ ԵՒ ՔՆՔՇԱՆՔԻ ԱՆՄԱՀ ՔՆԱՐԵՐԳԱԿԸ

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

16 յունուարի ծնունդ է հայ գրականութեան անմահներէն Մատթէոս Զարիֆեան, որ իր գողտրիկ եւ քնքուշ քնարերգութեամբ կը յուզէ ու կը գեղեցկացնէ ներաշխարհը բոլոր ժամանակներու ընթերցողին:

Continue reading “125-ամեակ Մատթէոս Զարիֆեանի (1894-1924) ծննդեան”