ԶՈՒԼԱԼ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ
Մշուշէն անդի՞ն. — ոչի՛նչ։
Ինչ որ տեսայ՝ սրտիս մէջ էր միայն.
Ալիքներ որ ընդմիշտ ալիքներ կանչեցին,
Ձեռքեր որ միացան ձեռքերու։
Հեռաւոր ու մօտիկ քայլերու
Ոտնաձայնը միայն՝
Ես քարափն եմ — մշուշին մէջ։
Կարեւոր չէ ուրկէ՛ կու գաս, ո՛ւր կ՚երթաս։
Թէ ալիք ես՝ պիտի կանչես
Ալիքն ընդմիշտ,
Ձեռք ես՝ դարձեալ պիտ՚ միանաս
Սիրած ձեռքին
Վերջին հրաժեշտին համար։
Մշուշին մէջ
Խարշափող ու տարտամ ձայներու
Արձագանգը հեռու՝
Ես քարափն եմ միայն։
Եւ բոլոր նաւերը մեկնեցան.
Եւ ոչ ոք, ոչ-մէկ տեղ կրցաւ հասնիլ
Ոչ երկինքին մէջ
Ոչ երկրին
Ոչ սրտին։