ՍԱՂՄՈՍ ՁԱՅՆԻ ԵՒ ԼՌՈՒԹԵԱՆ

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Եւ բարձրացայ Հիրոշիմայի ցցուած ձորերէն
Ուր ակռաները կը փտին եւ աստղերը կը փետտուին.
Ուր մթութիւնը վերջալոյսի
կակուղ բուրդի պէս կը հիւսուի
արիւնի եւ ճառագայթի
պատռա՛ծ ցանցին մէջ.

Եւ Հաւայեան նետովս ուղղաձիգ
փշրեցի հատ-հատ ժայռերը աւազ
որ ձորերէն բարձրանամ,
եւ աւազները խռչափողիս մէջ
թարթիչներուս մէջ
ականջներուս մէջ
հասեր եմ այստե՛ղ
Վիհի գագաթին
Որ աւազներէն ապառաժ կոփեմ:
Երանի՜ ամեն տեսակի վիրաւորներուն
վասնզի անոնք բարձրաղաղակ
պիտի երկրպագեն մահուան,
Երանի՜ անբուժելի հիւանդներուն
վասնզի անոնք պիտի երկար ճաշակէն
բնաջնջուելու անուշութիւնը,
Երանի՜ անոնց որոնք առասպելներու մէջ կը տապլտկին
վասնզի խոզի պոչով արձաններ պիտի շինեն,
Երանի՜ անոնց որոնք խաչը կը կրեն ու կ՚երթան
վասնզի անո՛նք պիտի հասնին Գողգոթային,
Երանի՜ այն աչքերուն ուր տրտմութիւնը կը լողայ
վասնզի այդ ծալքերուն մէջ իմաստութիւն կ՚ամբարուի,
Երանի՜ անոնց որոնք հպարտ են
գարեջուրէ փրփուրներով
վասնզի անոնք մարսողական դժուարութիւն
պիտի չունենան։

Բայց վա՜յ ամբարիշտներուն եւ մարդասպաններուն
վասնզի իրենց արժանի վարձքը բնաւ
պիտի չստանան,
Վա՜յ անոնց որոնք հարուստ են հոգիով
չսնանկանալու համար տոկոս պիտի վճարեն.
Երանի՜ գիշատողներուն
վասնզի անոնք պիտի համտեսեն ոյժ մը
անասուններէն ժառանգուած,
Երանի՜ օրէնքի ծառայողներուն
վասնզի անոնք պիտի հարստացնեն
անգթութեան տեսարանները,
Երանի՜ անոնց որոնք Աստուծոյ շունչը կը փոխանցեն
վասնզի անոնց քիմքը պիտի քաղցրանայ
բոլո՜ր արգիլեալ պտուղներով,
Երանի՜ անոնց որոնք աստուած են
վասնզի անոնք պիտի յաւիտենապէս
հաշիւ պահանջեն
ու երբե՛ք չտան…
Հիմա աչքերս ո՞րտեղ զետեղեմ
Աղեղները փտած օձերու նման կ՚երերան
եւ ծնծղաներ կափկափող ակռաներու պէս
կը մսին բարձրաստիճան տխրութեամբ:
Աչքերուս մէջ կը քամուի արեան մշուշի այս հին համը
մինչ այստեղ՝ հեռուն
Պատռտած մայրամուտը կը հեւայ
դեղնածորան լռութեամբ.
Իսկ ձայնս օրօր է լացող մեռելներուն։


ՍԱՂՄՈՍՔ

Մեծ քաղաքին պզտի՜կ աղջիկը
Ան ոտքեր չունի
Ուրիշներուն պէս թեւեր չունի ան
Ան կը քնանայ ծերացած քրտնած կամուրջներու տակ
Մեծ քաղաքներու պզտիկ աղջիկը
Երկու ծակ ունի ժիր աչքերու տեղ
Որ սենեակները անլոյս կը տեսնէ
եւ բոլոր դռներն անկուղպ եւ փտուկ
Որ գրատունին գոյն-գոյն կողքերը միայն կը տեսնէ
եւ մայթին վրայ ծախու ծաղիկէն
հատ մը կը գողնայ խենթ ուրախութեամբ
Մեծ քաղաքներու պզտիկ աղջիկները
որոնք ժամ չունին
Ցերեկները ցանկապատեր կը կրծեն
Իսկ գիշերները իրենց ձիւթահամ շրթները
կ՚երթեւեկէն ծխամորճներու մէջ
Որոնք օր մը, օ՜ր մը միայն — մարդ էակին զարմանալի
թուելու չափ — ումպ մը զուտ սէր կը մուրան
Ոսկի աղջիկներ որոնց մարմինի գինին
կը փխի արիւնի՛ նման
Որոնք անլի ձուկերու պէս լուռ ու մունջ
կը խարկուին արնաթոր ափերու միջեւ
եւ դեռ կը սարսռա՜ն աղի լոյսերու ներքեւ
Մե՜ծ որովայնով պզտիկ աղջիկները
Որոնք հսկայ եւ խորունկ ձորեր կը տեսնեն
երազներու մէջ
Որոնց փակչող ափերը երկար շիշեր կը ճզմեն
երազներու մէջ
Որոնք առնական կուրծք մը կը գտնեն իրենց գլխուն
տակ՝ երազներո՛ւ մէջ
Որոնք համբուրել գիտեն ամենաանջիղ ափերը անգամ
Որոնք կը գգուեն ամենաաղքատ մարմինը անգամ
Որոնք ունկ կու տան ամենահիւանդ մտքերուն անգամ
եւ կը բարեւեն իրենցմէ խրտչող
շուներո՛ւն անգամ
Որոնց փոքրի՜կ սրտերուն վրայ
Հարիւր անկայան գիշերներ կ՚եռան
հազար ժանգոտած բուխերիկներ կան
եւ հարիւր հազար աղօթք եւ անէծք
սէր եւ հայհոյա՜նք
Որոնց երգերը շոգիի նման անգոյն եւ տաք են
Որոնց աչքերը ջթուող կուտի պէս շուտով կը լռեն
Որոնց թեւերը անթէններու չափ յոգնած բայց բա՜ց են
Որոնց գլուխները ոլորուած պարաններու մէջ
կը թափահարուին
եւ դեղնածոր արշալոյսներ կը սահին այդ թափահարումէն
եւ վիժած կայծակներ՝ այդ արշալոյսէն
եւ արծաթ ու ծուխ՝ այդ վիժումներէն
Պզտի՜կ աղջիկները մեծ քաղաքներ են

Նիւ Ճըրզի

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *