ՍԻՐՈՅ, ԹԱԽԻԾԻ ԵՒ ՔՆՔՇԱՆՔԻ ԱՆՄԱՀ ՔՆԱՐԵՐԳԱԿԸ
Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
16 յունուարի ծնունդ է հայ գրականութեան անմահներէն Մատթէոս Զարիֆեան, որ իր գողտրիկ եւ քնքուշ քնարերգութեամբ կը յուզէ ու կը գեղեցկացնէ ներաշխարհը բոլոր ժամանակներու ընթերցողին:
Թախծոտ, այլեւ խորունկ սիրոյ դիւրահաղորդ երգիչն է արեւմտահայ քնարերգութեան արժանաւոր այս ներկայացուցիչը, որ սիրտէ բխող եւ սիրտերուն գաղտնիքը վերծանող խորաթափանց անմիջականութեամբ աշխարհին առջեւ բացաւ տանջահար իր հոգին, ինչպէս որ կը վկայէ, օրինակ, «Ան չէ՜» խորագրուած իր քերթուածը.
Հոգիս կը տանջէ
Ջութակ մը հեռու.
Ի զո՜ւր շուքերու
Կը նայիմ — Ան չէ՜…
Ահ, նուագը՜ն այս խոր
Ամառ գիշերուան.
Կարծես թէ կու լան
Աստղերը բոլոր…
Ի զո՜ւր շուքերու
Կը նայիմ — Ան չէ՜,
Հոգիս կը տանջէ
Հոգի մը հեռու…
Մատթէոս Զարիֆեան միայն երեսուն տարի ապրեցաւ: Թոքախտը արագօրէն հիւծեց մարմինը մարզիկի կենսունակութեամբ օժտուած երիտասարդին, որ նաեւ յաւակնորդ էր Ողիմպիական մրցանակի: 19 տարեկան էր, երբ առաջին անգամ զգաց թոքախտին պատճառած ցաւը կրծքավանդակին տակ: 11 տարի պայքարեցաւ հիւանդութեան դէմ, դարմանումի համար առողջարաններու եւ հիւանդանոցներու մէջ մաշեցան իր երիտասարդ տարիները, բայց Զարիֆեան բնաւ չկորսնցուց գեղեցիկը սիրելու եւ կեանքին փարած մնալու իր հոգեկան կորովն ու անհուն քնքշութիւնը:
Թէեւ մահը վաղաժամ մեր կեանքէն հեռացուց տաղանդաւոր հայ քնարերգակը, բայց Մատթէոս Զարիֆեան գիտցաւ ու կրցաւ բանաստեղծականօրէն շնչաւորել իր ճակատին գրուած կեանքի կարճատեւ ժամանակը: Եւ մահամերձ բանաստեղծի իր գողտրիկ ստեղծագործութիւններով արժանաւորապէս յաւերժացաւ իբրեւ հայ հոգիի, սիրոյ ու քնքշանքի շնորհալի երգիչ:
Կեանքի ու մահուան միջեւ տառապալի ու ծանր պայքարի իր ճակատագիրը վստահաբար մեծ դեր ունեցաւ Զարիֆեանի բանաստեղծական յապաղած բոցավառումին, այլեւ արագընթաց փթթումին մէջ: Յատկապէս 27 տարեկանէն ետք սկսաւ թափով ստեղծագործել եւ իր կեանքի վերջալոյսիներեք տարիներու ընթացքին, լոյս ընծայեց իր «Տրտմութեան եւ խաղաղութեան երգեր»-ն (1921) ու «Կեանքի ու մահուան երգեր»-ը (1922), որոնք մնայուն եւ բարձրադիր պատուանդանը դարձան մեծ բանաստեղծին: Ծնած էր 1894-ին Կէտիկ-Փաշա (Պոլիս): Թաղային վարժարանի մէջ նախակրթութիւնը ստանալէ ետք յաճախած էր Պէրպէրեան վարժարան, Պարտիզակի ամերիկեան վարժարան, Պոլսոյ «Ռոպըրթ քոլեճ», ապա
վերստին Պէրպէրեան վարժարան, ուրկէ շրջանաւարտ եղաւ 1912-ինմեծ մանկավարժ, հոգեբան եւ իմաստասէր Շահան Պէրպէրեանի տնօրէնութեան օրերուն: Կենսուրախ եւ մարզիկի ընդունակութիւններով օժտուած
Զարիֆեան մասնակցած էր ողիմպիական մրցախաղերու եւ տիրացած մրցանակներու: Այդ մրցապայքարներէն մէկուն ընթացքիներեք քայլ ոստումի ժամանակ, 1913-ին, երբ արդէն կրթական ասպարէզին նուիրուած էր Ատանայի մէջ, Զարիֆեան առաջին անգամ կրծքավանդակի ուժեղ ցաւ զգաց: Թոքախտի այդ առաջին ազդանշանը ստիպեց 19-ամեայ երիտասարդը, որ ուսուցչական ասպարէզը կիսատ թողու եւ անցնի Լիբանան բուժուելու համար: 1914-ին զինուորակոչուեցաւ, եւ օսմանեան բանակի մէջ հայ զօրակոչիկներուն վերապահուած տաժանակիր աշխատանքը արագացուց արդէն քայքայման ընթացքի մէջ գտնուող անոր առողջութիւնը: Տեղափոխուեցաւ զինուորական հիւանդանոց, բայց առողջութիւնը բնաւ չվերականգնեցաւ: 1918-ի զօրացրւումէն ետք, հակառակ թոքախտին պատճառած ցաւերուն ու հիւծումին, Զարիֆեան վերադարձաւ կրթական ասպարէզ եւ նոյնինքն Պէրպէրեան վարժարանի մէջ անգլերէն լեզուի եւ մարմնակրթանքի ուսուցիչ դարձաւ: Փաստօրէն այդ շրջանին էր
1919-էն սկսեալ, որ Զարիֆեան մուտք գործեց հայ գրականութեան անդաստան:
Յառաջացող հիւանդութիւնը եւ կեանքէն վաղաժամ հեռանալու խոր զգացումը հոգեմտաւոր մեծ լարում յառաջացուցին Մ. Զարիֆեանի մէջ: Անսպառ եռանդով փարեցաւ թէ՛ ազգային ծառայութեան համար իր ընտրած ուսուցչական ասպարէզին, թէ՛ յատկապէս գրական-ստեղծագործական աշխատանքին:
Իր առաջին բանաստեղծութիւնները լոյս ընծայեց ինչպէս «Նաւասարդ» գրական հանդէսի, նոյնպէս եւ Պոլսոյ ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»-ին շարունակութիւնը եղող «Ճակատամարտ»-ի էջերուն:
Հասուն բանաստեղծի մուտք մը ունեցաւ Զարիֆեան հայ գրականութեան անդաստանը: Ահա՛ խօսուն օրինակը իր «Գիշերներ կան…» քերթուածին.
Գիշերներ կան այնպէ՜ս լոյս որկարծես թէ
Երկինքն ի վար կը կաթէ
Արծաթէ
Երգը հին
Այն անծանօթ աշխարհին,
Ուր կ՚ըսեն թէ աստուածները կը խորհին…
Գիշերներ կան այնպէ՜ս մութ որ կարծես թէ
Ծառերն ի վար կը կաթէ
Արծաթէ
Երգը հին
Այն գեղեցիկ աշխարհին,
Ուր հոգիներ հոգիներու կը փարին…:
Զարիֆեանի բանաստեղծութիւնը շատ արագ սիրուեցաւ ընթերցողին կողմէ, նոյնպէս եւ անմիջապէս արժանացաւ իր ժամանակի ամէնէն խստապահանջ քննադատներու գնահատանքին:
Պատճառը կամ բացատրութիւնը պէտք է փնտռել հաւասարապէս թէ՛ ի վերուստ իրեն շնորհուած տաղանդին, թէ՛ կեանքի անողոք հարուածին գործած ազդեցութեան մէջ:
Սէրը, քնքշանքը, կեանքին փարումը, բնութեան պաշտամունքը եւ մարդկայնութիւնը Մ. Զարիֆեանի գրիչին տակ բացին էապէս իւրայատուկ յուզաշխարհ մը, ուր Դուրեանի ցասումն ու քէնը չկայ, եւ ուրկէ կը բացակայի Մեծարենցի յուսահատութիւնը: Անշուշտ կայ եւ ուժեղ շեշտով կեանքէն զրկուելու դառնութեան ու տրտմութեան զգացումը, բայց որ բնաւ պատճառ չէ, որ Զարիֆեան կորսնցնէ իր դժբախտ ճակատագիրը ասպետականօրէն դիմագրաւելու ներքին ազնուականութիւնը, հոգեկան խաղաղութիւնը:
«Հեգնանք» խորագրուած իր երկու տուն քերթուածը այնքա՜ն հարազատօրէն եւ քնարական շունչով կը բանայ ինքնատիպ այս յուզաշխարհը Զարիֆեանի.
Քանի՜ կ՚աճի ցաւը մարմնիս,
Ժպիտն աչքիս վարդ կ՚ըլլայ.
Ցուրտ հոգիէս կ՚անցնի Մայիս,
Ու լոյս կ՚իյնայ ճակտիս վրայ…
Եւ այս վարդով, այս գարունով,
Կը հեգնեմ Ան որ կու գայ,
Ան որ կու գայ` հողին քունով
Քնացընել Ցաւն հսկայ…:
Մ. Զարիֆեանի բանաստեղծութիւնը եղաւ պարզ ու հաղորդականթէ՛ իր լեզուով ու ոճով, թէ՛ իր խոհական ու պատկերաւոր գիւտերով: Վճիտ ու զուլալ առուակի պէս հոսեցաւ եւ կը շարունակէ նոյնպիսի թարմութեամբ հոսիլ: Այդպէ՛ս, կեանքին սէր ու պաշտամունքով փարող, իսկ ցաւն ու թախիծը անհուն քնքշանքով յաղթահարող բանաստեղծը եղաւ Զարիֆեան Մատթէոս, որ մինչեւ վերջին շունչ երգեց
Ահ, հոյակապ քերթուածը իմ հոգիիս,
Իմ աւերակ, իմ քարուքանդ հոգիիս…
Իսկ հայոց սերունդները միշտ ալ իրենց շուրթներուն վրայ պահեցին Զարիֆեանի հանրածանօթ ու այնքա՜ն սիրուած «Խենթը» քերթուածին ներշնչումով, սիրոյ եւ տրտմութեան գողտրիկ երգը.
Պզտիկ աղջիկ մ՚ինծի կ՚ըսէ
Որ զիս խենթի պէս կը սիրէ.
Պզտիկ աղջիկ մը զիս սիրէ՜…
Գիշերն անհուն իմ աչքերուն
Երեւի դեռ նա չէ՜ տեսեր.
Պզտիկ աղջիկ մ’ինծի տայ սէ՜ր…
Երեւի դեռ նա չէ՜ նայեր
Հոգւոյս խաւար անդունդն ի վար.
Պզտիկ աղջիկ մ՚ինձ սիրահար…
Եթէ լսէր թէ ո՛չ մէկ սէր
Այդ անդունդին մէջ կը շնչէր
Հէք պզտիկը չէր հառաչեր…
Ուստի եղբօր մը պէս ըսի
Որ լուսնին տակ մարդ կը մսի.
Գնա՛, գնա՛ ննջէ՛ ըսի:
Յետոյ գացի հեռո՜ւն լացի…
Աթէնք
(«Ազդակ», 17 յունուար 2015)