ԳԱՌՆ
1
Որ վեր եւ անդր ես քան միտքը եւ խօսքը՝
ի՞նչ անուն վայել է քեզի,
ի՞նչ որակում արդարօրէն կը բնորոշէ քեզ։
Քու մասիդ
բոլոր միտքերը,
բոլոր խօսքերը
եւ բոլոր անուններն ու որակումները
դատարկաձեռն կանգ կ՚առնեն
սահմանաւորութեանս ծիրին վրայ։
Միայն դուն՝
անքննելիդ եւ անճառելիդ
Տէրն ես այն գիտութեան,
քանզի կ՚ըլլաս յաւիտենական Անունդ,
որ Ինքզինք ընկալելի
եւ յարաբերելի ընծայելով կը յայտնուի
ինչպէս շունչ ցօղագին,
ինչպէս զօրութիւն բիւրովկիան։
2
Տէրն ամենուն,
Տէր իմ,
որ Աստուածն ես ամբողջ գոյին,
եւ Հայրիկը անոնց,
որոնք Որդիիդ՝
մեր Յիսուս Քրիստոսի սիրով
կը ճանչնան քեզ,
եւ Ս. Հոգիիդ շնորհիւ՝
քեզ կ՚ընդունին, կը խոստովանին
եւ քեզմով կը քալեն։
Քու Աստուածութիւնդ ոչ միայն Արարիչ ըլլալն է,
այլ նաեւ ամենահովանաւորելը։
Իսկ Հայրիկութիւնդ՝
աշխարհը որպէս ընտանիք համատրոփ՝
խնամելն ու շնչաւորելն է։
Տէրն ամենուն,
Տէր իմ պարգեւատու։
3
Բոլոր պարգեւները քեզմէ են, Տէր,
եւ բոլորն ալ՝ կատարեալ,
քանի որ կու գան այն պահէն՝
երբ զիս կերպաւորեցիր
ըստ պատկերիդ եւ նմանութեանդ,
եւ՝ շունչդ փչեցիր։
Ըստ պատկերիդ՝
որպէսզի գոյութիւնս
Էիդ վայել բնակարան մը ըլլայ.
ըստ նմանութեանդ՝
որպէսզի ազատութեամբ,
իմաստութեամբ եւ սիրով
այն բնակարանին մէջ հետդ ըլլամ միշտ:
Շունչիդ պարգեւն ալ՝
որպէսզի խօսակից ունենամ քեզ,
ու չընկղմիմ ապականութեան մէջ,
ով Տէր ամենայն բանականի
եւ կենդանութեան ու ինչի բանաւորեալ։
4
Արդարեւ, ո՞վ կրնայ խորհուրդը նսեմացնել
անիմաստ խօսքերով։
Ո՞ւր էի՝
երբ դուն արարելու սկսար,
երբ թոհուբոհն էր
եւ Հոգիդ կը շրջէր ջուրերուն վրայ,
երբ դուն երկիրը
հիմերէն մինչեւ վերին յարկերը բարձրագոյն
ճարտարապետեցիր,
եւ երկնքի կամարին վրայ
հաստատեցիր լուսատուները:
Ո՞ւր էի
մինչեւ զիս արարելդ։
Որդիիդ յարութեան դէպքը,
որ թոհուբոհիս մէջ շրջող Հոգիդ
կը վերապատմէ միշտ,
նոր ստեղծագործութեան եւ նոր էակին
ոչինչէ արարման խոստո՞ւմ է միայն,
թէ նաեւ է ինծի մատուցուած միակ օրինակը
սկզբնական արարքիդ,
փառաւորեալ:
5
Ամբողջապէս Այլն ես դուն,
եւ ամբողապէս Ահան ես դուն,
փառաւորեալ։
Դուն կը խօսակցիսորպէս կատարեալ Այլը,
եւ կը խօսակցիս
որպէս Ան՝
որ կատարելապէս Ահա է,
որուն խորհուրդը խորին,
որուն սրբութիւնը,
որուն երկիւղը,
որուն շնորհքն ու ճշմարտութիւնը,
որուն սէրը
զիս ներկայ կ՚արարեն։
Օ՜, անհասանելի եւ անճառելի փառքը դուն ես,
զոր երկինքն ու երկիրը չեն կրնար պարագրել։
Օ՜, առագաստաւոր ընդունարանն ես դուն,
որ ծնկաչոք հոգիս
անքննելիիդ հաղորդակից կը դարձնես՝
վերացնելով
պակուցման յաւերժին մէջ։
6
Քեզ կը փառաւորեն
երկինքն ու երկիրը,
բոլոր ծանօթ ու անծանօթ տիեզերքները,
անանուն գոյացութիւնները,
երկնքի միգամածութիւնները,
լուսատուներն ու աստղերը,
անդնդային սեւ խոռոչները,
ցամաք տարածութիւնները,
ծովերն ու գետերը,
բոյսերը, կենդանիները,
եւ ան՝
որուն պատճառով կը հեծէ արարչութիւնդ,
որպէսզի փառքիդ խոստովանութեամբ
իրենց ոգեղինութիւնը ի սպառ չկորսուի,
եւ ընթանան
դէպի լրումը վախճանական,
որ դուն ես,
ով Սկիզբ:
7
Ո՞վ է փառքը,
ո՞վ է յաւիտենականութիւնը,
ո՞վ է սկիզբն ու վախճանը,
ո՞վ է Արարիչը,
որո՞ւն ձեռքերուն մէջն է անծայրածիր գոն,
որո՞ւն միտքը յաւերժայորդ բանականութիւնն է,
եւ կարգաւորութիւնը եւ ներդաշնակութիւնը,
որո՞ւն ամենակալ սէրն ու արդարութիւնը անսահման է,
որո՞ւն գեղագիտութիւնը անբարբառելիօրէն զարմանահրաշ է,
եւ որո՞ւն խօսքը աւետիսն է։
Երբ քեզ հասկնամ՝
պիտի ծածկուիմ հպարտութեամբս,
որ կուրութիւն է եւ խլութիւն միաժամանակ։
Իսկ եթէ ապացուցեմ գոյութիւնդ կամ մերժեմ զայն՝
քեզ պիտի փոխարինեմ անձովս,
եւ արձակուիմ խելագարութեան սպասող
ամայութիւններուն մէջ,
Անքննելի՛։
8
Արարչութեանդ
ամենէն փոքր մէկ գործն անգամ
կը բաւէ,
որ անոր խորհուրդին
ովկիանները հեղեղուին վրաս։
Էակն եմ,
որուն սքանչացումը իր աննման սիրահարին
սրբութեան, բարութեան, հզօրութեան,
ճշմարտութեան, ազատութեան, արդարութեան
եւ գեղեցկութեան,
իր իսկ մեղաւորութեան բարդոյթ՝
սոսկումէն կը գրաւուի։
Դուն ահեղ եւ ահարկու ես,
որովհետեւ ես հին արարածն եմ,
մինչդեռ դուն՝
յաւիտենապէս անայլայլ սիրահարը…
9
Աստուած իմ,
ինչպէ՞ս հասկնամ հզօրութիւնդ,
որուն բազուկին պէս
զօրաւոր ու ամենահաս բազուկ
ո’չ իշխանաւորները ունէին,
ո’չ՝ թագաւորները, ո’չ՝ փարաւոնները
եւ ո’չ ալ՝ աստուածները:
Դուն ցուցանելիօրէն կը միջամտէիր
երբ երկիրը ապականութեամբ կը լեցուէր,
երբ իրաւունքն ու արդարութիւնը կը կոխկռտուէին,
երբ չարչարանքներու եւ կոտորածներու
տառապագին աղաղակները կը բարձրանային երկինք,
երբ ողորմութեան տեղ՝
զոհը կ՚ըլլար նպատակ:
Ինչպէ՞ս հասկնամ հզօրութիւնդ, Տէր,
երբ անոր վախճանական նշանը՝
Որդիիդ Խաչն է, որուն վրայ
լքուածութեան փորձութենէն անցաւ ան,
եւ իր հոգին ձեռքերուդ մէջ աւանդեց:
Ճշմարիտ ուսուցիչը՝ Հոգիդ է,
որ զիս պիտի աճեցնէ գիտութեան մէջ,
թէ քու մասիդ պատկերացումներս՝
մանաւանդ իմ մասիս կը պատմեն:
Լեզուս միշտ կը նախընտրէ
խստասրտութիւնը, բարկութիւնը,
վրէժխնդրութիւնը եւ պատերազմը:
Իսկ Լեզուդ՝
անոնցմէ ազատագրումի գագաթը կը հրաւիրէ,
հզօ’ր Աստուած
10
Սաստիկ Սէրդ
կ՚աւետարանէ Խաչէն
անոր՝
որ փորձութեան արեւէն
թուխ է դարձած…
Եւ կը կանչէ,
որ ան ելլէ ու այգին դառնայ:
11
Յաւիտենականիդ առջեւ՝
մահկանացուն եմ,
որ տարփագնօրէն հին մարդը կ՚ըլլայ՝
աստուածներուն նմանելու
նախնագոյն եւ մշտանոյն ցանկութեամբ:
Հեղինակն եմ՝
մահուան մշակոյթին,
զոր ախտ առ ախտ բարձրացուցեր եմ:
Ապականեալս իր ցնորքներուն մէջ
կ՚արբենայ ոչնչութեամբ,
որ քեզ ուրանալն է,
ուստի՝ ինքնաժխտումը:
Տէր, Անբովանդակելիդ
իր հեզութեան շունչով՝
զիս թող ազատէ ինձմէ:
12
Որպէս խօսակից՝
մերձաւոր ես դուն:
Եւ այս մերձաւորութիւնդ՝
ներկայութիւնն է իր փառքէն խոնարհեալին:
Դուն զիս քեզի համար տաճար սահմանած ես,
եւ կը բնակիս իմ մէջ։
Ու քանի ես յաճախ չեմ բնակիր իմ մէջ,
այլ թափառումն եմ՝
յանձնուած մարմնաւորին
եւ աշխարհի մեծ շփոթութեան,
դուն՝ նոյնիսկ խոնարհեալդ
անմերձենալի կը մնաս ինծի,
յաւիտենապէս եւ անսահմանօրէն։
Ողորմութեանդ շնորհը
զիս անդադար կը հրաւիրէ
սրտի սրբարանէն ներս՝
դէմ առ դէմ խօսակից ըլլալու քեզի՝
խոնարհեալ մերձաւորիդ։
*) Այս բոլոր Խոկումները՝ Մատեանի 3.1-ին վրայ։