ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ԱՐԱ ՄԽՍԵԱՆ

ՀՈԳԵԽՌՈՎ ՄԱՐԴՈՒՆ ԱՂՕԹՔԸ
Անդորրութիւն մը տուր, ո՛վ Տէր,
Որ ըլլայ ամեն բանէ վեր.
Անդորրութիւն մը հոգեկան՝
Անստգիւտ եւ անզուգական…
Անդորրութիւն մը տուր ո՛վ Տէր,
Բալասան՝ հոգւոյս կարեվէր.
Անդորրութիւն մը իրական՝
Ո՛չ խաբուսիկ, անրջական…

Անդորրութիւն մը տուր ո՛վ Տէր,
Ցարդ տուածներէդ գերիվեր.
Անդորրութիւն մը անբասիր՝
Հանուր մարդկութեան անխտիր…

ՍԷՐ
Երազներս մերուեցան թաւ մուժին մէջ,
Հարկադրանքներ ըրին իղձերս հողմացիր,
Նոր ընկերներ եկան — անցան անընդմէջ՝
Ես ծերացայ՝ դուն երիտասարդ մնացիր…
Գիտելիքներ ամբարեցի ուղխօրէն —
Կեանքի գաղտնիքն մերթ հասկնալ ժխտեցի.
Դաւանանքներ փորձարկեցի, բայց նորէն՝
Ես ծերացայ՝ դուն երիտասարդ մնացիր…
Հիմա, որ ալ աչքիս լոյսը պղտոր է՝
Երբ կը գրեմ հուսկ տողերս տարաժամ,
Սփոփանք մը զիս մօր նման կ՚օրօրէ —
Ես կը մեկնիմ՝ դուն կը գերես՝ յարաժամ…

ԱՅՑ
Այսօր եկայ քեզ այցի,
Կը ներես՝ առանց հայցի.
Փոխուեր էիր դուն այնքա՜ն,
Որ, երբ ես դուռդ բացի,
Ափ ի բերան մնացի…
Փոխուեր էի ե՛ս այնքա՜ն,
Որ երբ աչքերդ զիս տեսան,
Ձեռքդ ուզեց ձեռքս սեղմել.
Զոյգ ձեռքեր աննիւթական,
Իրարու մէջէն անցան…
Դարձեր էինք ուս ուսի՝
Յիշատակներ մեկուսի…


Երկու արեւ
Մէկի տեղ
Մէկը մէկէն
Լուսագեղ
Ճաճանչեցին
Միատեղ
Խորն աչքերու
Լճաձեւ

Երկու լիճեր
Նշաձեւ
Մէկը մէկէն
Բարեձեւ
Եզերուած՝
Կամարաձեւ
Սեւ յօնքերով
Հարցասէր
. . . . . . . . . . . .
Երկու արեւ
Ջրամոյն
Խաւարած
եւ մահագոյն

ՊԱՏԳԱՄ ՊԱՏԿԵՐԻՍ
Երազիս մէջ տհաս անձիս այցի գացի,
Ըսի՝ բարե՛ւ, չե՞ս ճանչնար զիս, հին դրացի.
Ապագադ եմ, կէս դար յետոյ եկած այցի՝
Յորդորելու՝ վայելէ՛ կեանքը, շատ շուտ կ՚անցնի…

ԳՐԵ՞Լ
Իր ամբողջ կեանքը գրել կ՚երազէր,
Բայց բան չէր գրեր…
Մատիտի փոխան՝ երբ երիտասարդ էր,
Մտքեր կը սրէր…
Հիմա, որ շուտով վաթսունութ կ?ըլլար,
Նստած՝ կը խոկար.
Քանի դեռ ուշ չէ, բաներ մը գրել՝
Թուղթեր մրոտել…
Բայց խայթող վախ մը միշտ, օր ու գիշեր
Զինք կը չարչրկէր.
Դողդոջ ձեռքերով պիտի յաջողէ՞ր
Մատիտը սրել…

Ռէյսին, Ուիսքոնսին

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *