ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ԿԱՐՕ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ

Կեա՛նք, քեզի հետ հաշտ եմ ես, համոզուած եմ քալելու
Ու հեռուներն միասին անվախօրէն հատելու.
Գիտեմ, որ միշտ պատրաստ ես ինձ լրբօրէն խաբելու,
Բայց տե՛ս, ձեռքս պարզած եմ, պարկեշտօէն օգնելու,
Թէկուզ տանիս ինձ մահուան գիրկին մէջ լուռ խեղդելու,
Միեւնոյն է, միշտ սիրով քեզ կը ստեղծեմ՝ ապրելու:

Ճամբաներուն հարց տուէք, անոնք գիտեն մի միայն,
Անոնք կրնան լոկ չափել՝ կարօտներս իմ համայն,
Ճամբաները իմ ճեղքած իրենց հազար ելքերով,
Արդեօ՞ք կրնան սփոփել սրտիս ցաւը երգերով։
Բայց ճամբաներն յոգնած են եւ սրտիս պէս հալ ու մաշ,
Գիրկ մը կ՚ուզեն ու երդիք, սիրտ մը տաքուկ ու մատղաշ։

Իմ թեւերուս հարցուցէ՛ք կարօտին խենթ իմաստը,
Մենակութեան դառնահամ ու ձանձրոյթին զզուելի՝
Հասցէները հեռաւոր դուք իմ սրտին հարցուցէ՛ք:
Ու աչքերուս հարցուցէ՛ք աղբիւր դարձած արցունքի,
եւ համրաքայլ օրերուս, արեւներուս ծնկաչոք,
Ստրկացած յոյզերուս՝ զաւկի սէրը հարցուցէ՛ք…

Ամեն մէկս իր ցաւին հետ ճամբայ ելած ո՞ւր կ՚երթայ,
Վիշտ ու խաբկանք պայուսակին մէջ՝ ուսէն կախած կը սուրայ։
Ամեն մէկս պաղ ժպիտով, թանկ ժպիտով մետաքսեայ,
Հայեացքներով կը փայփայենք իրար յոյզերն ապակեայ։
եւ ամեն մէկ թռիչքի հետ, երազանքը մեր ոսկեայ,
Կը սաւառնի դէպի ծովը կարօտանքի ակամայ։

Ահա դարձեալ մօտեցաւ աւարտ մը խենթ չսպասուած.
Սրտիդ մէջ ծառ մը տնկէ՛ ու զարդարէ՛ լոյսերով,
Չմտածես դուն երբեք հինին մասին չքացած.
Լուսաւորէ՛ քու ծառդ հազարագոյն յոյսերով,
Հաւատալով կանաչին, գօտեպնդուած կապոյտով
Կրկին տնկէ՛ ծառ մը կիրթ՝ թակարդին մէջ աշխարին
Որ սերունդները յաջորդ պաշտպանուին միշտ քու շուքով,
Որ սերունդները յաջորդ ծաղկին քու թարմ աւիշով:

Կանաչագեղ երգերով եւ ոսկեթոյր խօսքերով
Դուք գրկեցէ՛ք միմեանց,
Մի՛ չարչրկէք ժամանակը, որ կ՚ընթանայ իր ճամբով,
Ճամբայ բացէ՛ք դուք բոլորին ու քալեցէ՛ք անվարան,
Նորը հինին հետ մի՛ չափէք անդադար,
Այլ նորարար բարիքները վայելեցէ՛ք,
Ձեր աշխարհը ստեղծեցէ՛ք՝ եթէ չունիք,
Նորոգեցէ՛ք, նորոգուեցէ՛ք միշտ սիրով,
Ու վերջապէս ընդունեցէ՛ք, որ ծովն հսկայ
Ամբողջական ալիքներով է ուժեղ,
Հաւաքական ճիգն ու միտքն են միշտ բիւրեղ:

Ու ոտքերս անվերջօրէն զրուցելով ձեզի հետ,
Պիտի յղկեն ձեր կոշտացած ապրումները կցկտուր,
Որ դուք ծնիք միայն կանաչ արահետներ ու ծաղկուն
Որոնք պիտի տանին մեզի անհուն սիրով դէպի տուն։

Ի՜նչ ալ գործես՝ պիտի մարդ գայ քեզ քարկոծէ,
Պիտի իրեն լկտի վարքով ալեկոծէ:
Չի վարանիս իմ բարեկա՛մ,
եթէ բանած գործդ թէկուզ մէկ մարդու մէջ սիրով գործէ,
եւ զինք պահէ հեռու ամեն լաց ու կոծէ,
Հաստատ գիտցիր, որ մանածդ արդար գործ է:

Մուգ երկինքներ սրտիս նման լուռ, տխուր,
Վար թափեցէ՛ք կարօտանքի սեւ մրուրն,
Թողէ՜ք խմեմ, ձեր ժպիտը աստղածոր,
Գրկեմ յոյսը, կապոյտը ձեր ջերմ անդորր:
Մուգ երկինքներ սէրերուս պէս կիսաւարտ,
Բա՜ց պահեցէ՛ք ձեր թեւերը անարատ,
Թռիչքներուս նոր թափ տուէ՛ք ու խոյա՜նք,
Նոր լոյս տուէ՛ք, նոր կեա՜նք՝ քիչ մ’ալ երազա՜նք:

Շնչէ՛ ընդմիշտ ազատութեան բոյրը տաքուկ, հայկական,
Թող աչքերդ միայն գրկեն սէրն ու ժպիտն իսկական.
Ձմրան անգամ դուն ջերմօրէն երգէ՛ գարունն իմ ազգին,
Դուն իմ բալիկ, քու պայքարով նոր հասցէ տո՛ւր իմ կեանքին:

Քուէյթ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *