ՍԱՂՄՈՍ ՀՈՎԻ, ՀՈՂԻ ԵՒ ՄԹՈՒԹԵԱՆ

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Ես կը պարեմ որ անձրեւէ:
Երկինքը կը սկսի ճչալ
որովհետեւ կը տեսնէ զիս
որ կը պարեմ ու կ՚երգեմ
այս չոր, ճեղքուած
հողին վրայ:

Ստուերի պէս ծոյլ, վիրաւոր ծառեր
ամայի դաշտերուն մէջ,
Նեղ մանուկներու տեսքեր
աղտոտ սրունքներու միջեւ,
Քով-քովի մոռցուած տապանաքարեր
լքուած եկեղեցիներու մօտ:
Գրամեքենային մէջ բանալիներ ամեն չափի
Կարմիր բանալիներ ճերմակ թեւերով:
Անոնց միջեւ փոշի.
մանր, կակուղ, անլի փոշի:

Տառապող եւ առանձին մարդ մը ինձմէ առաջ արթնցաւ:

Այսօր աղօթքս կը ծաղկի ձեռքերուս մէջ
տակաւին թաց ոստրէի պէս,
Ու գաղտնօրէն կը բարձրանամ լեռներէն
Որ արեւոտ գինիէն իմատութիւնը ըմպեմ:

Քեզի համար է որ հոն պիտի երթամ.
հո՛ն եղիր:
Աննկարագրելի ես ինչպէս սպիտակ թուղթը.
Բայց ես բոլոր անհանդարտ երազներս
անունովդ մկրտեցի:
Անոնք կ՚անհետին տխուր բլուրին ետեւ
երբոր արեւը խեղդուի,
Յետոյ երկար-երկար լռութիւններու
շոգեկառքները կ՚անցնին:

Իսկ տեսիլքներս չեն կրնար ինձմէ զատ
ուրիշ տեղեր ճամբորդել:
Ես չեմ կրնար կարօտս հրել օդին մէջ
Ինչպէս կը հրեմ ներկայութիւնդ կամ աղամանը
սեղանիս վրայէն:

Բոլորէն՝ ես հեռաւոր մտերմութիւնդ ընտրեցի
Սակայն այսօր
Որպէսզի զգաս թէ որքան կարօտ ունիմ դեռ՝
Ցախեր հաւաքեմ պիտի
եւ մեծ, բարկացած կրակ մը շինեմ
Յետոյ ցախերը թաց ընեմ պիտի եւ խոշոր թմբուկ մը
պիտի առնեմ
եւ թող ջուրին դայլայլը սողա՜յ կրակին մէջէն
Իսկ թող ձայնս արձագանգէ անապատէն
Մինչեւ ձորերը եւ գագաթները
ուր որ բնակավայրդ է:

Սէրս գումարն է հովուն, հողին, եւ մթութեան:

Նիւ Ճըրզի

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *