ԼՕԼԱ ԳՈՒՆՏԱՔՃԵԱՆ
Բոլո՛րս, ամե՛ն կենդանի էութիւն, միմիայն ոգիներ, ոչինչի ստուերներ չե՞նք:
Ոդիսեւս
(Սոփոկլես, «Այաքս»)
Երկար են Նիւ Եորքի փապուղիները,
Երկար են ու աղմկոտ,
Երբ ամեն առտու, երբեմն ամեն իրիկուն,
Կը քալեմ իր ստորերկրեայ շաւիղներէն։
Աղմկոտ են Նիւ Եորքի փապուղիները,
Աղմկոտ են ու գարշահոտ,
Բայց ամեն առտու, երբեմն ամեն իրիկուն,
Կը քալեմ ոլորուած ուղիներէն։
Ո՞ւր են գաղտնի անցքերը,
Սենեակներն ու խուցերը։
Ո՞ւր են հսկայական միջանցքները,
Անհաւանական անկիւններն ու թակարդները։
Միմիայն երեւակայութեանս մէ՞ջ։
Հոս կը տեսնեմ տասնեակ մը
անտունիներ՝
Ձմեռը աւելի։
Հոն կը բարեւեմ կայարանին աշխատաւորները,
Գնացքները ու գետինը աւլողները,
Մէզի հոտերը ու փսխունքները սրբողները
Ձմե՛ռը շա՜տ աւելի.
Հոս կը մտածեմ թէ օր մը
պիտի հանդիպի՞մ Օրփէոսին եւ Էվրիդիկէին
Ու կը փնտրեմ զիրենք
Ամեն եկող-գացողներուն մէջ,
Ամեն առտու, երբեմն ամեն իրիկուն։
Կ՚երեւակայեմ թէ այս անգամ
Էվրիդիկէ օթոյի արկածով մահացած
Օրփէոս՝ անհեթեթ
աշխարհի մէջ կը փնտռէ իր սիրելին,
ու ինծի պէս կը քալէ
Նիւ Եորքի փապուղիներուն մէջ,
կոյրի մը պէս, ճերմակ գաւազանի մը հետ
զննելով ամեն գաղտնի ուղիները,
սենեակներն ու խուցերը։
Յուսալով թէ կա՛ն հսկայական միջանցքներ,
անհաւանական անկիւններ բայց քիչ թակարդներ։
Օրփէոս միմիայն իր յոյսերուն մէջ,
կրկին կը տեսնէ Էվրիդիկէն
հարսի հագուստը հագած
հեռուէն մօտենալը
հարսանեկան փունջ մը ծաղիկը
ու ժպիտը։
Բայց այսօր՝ առանձին եմ
Նիւ Եորքի փապուղիներուն մէջ
ինչպէս ամեն առտու,
երբեմն ալ ամեն իրիկուն։
Նիւ Եորք