ՋՈՐԵՊԱՆ ԳԱԼՈՒՍՏԸ (Բ.)

Եդուարդ Պոյաճեան

Ուզեց Գալուստ բարձր տուն։
Նոր կառուցուող գիւղին տնաբաշխութեան օրէնքը կարճ ու կտրուկ յօդուածներ ունէր սակայն, շատ յստակ, պարզ ու մեկին տրամադրութիւններ։ Վճիտ էր ամեն ինչ: Որով՝ չեղաւ Գալուստին ուզած տունը, կամ գոնէ նման տուն մը։ Էրիկ կնիկ մըն էին միայն, երկու ծերեր, հետեւաբար տնաբաշխութեան օրէնքը կը տրամադրէր նմաններուն ծայրամասի ցած վայրի վրայ տուն մը: Առաջարկուեցաւ Continue reading “ՋՈՐԵՊԱՆ ԳԱԼՈՒՍՏԸ (Բ.)”

ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՏԱՏԸ

Հրաչ Բեգլարեան

— Բալա ջան, երբ քունդ չտանի, մի լաւ բան յիշիր՝ կեանքիցդ մի սիրուն պատառ, փաթաթուիր դրա մէջ ու քնիր, — խորհուրդ է տալիս մայրս: Ասում է այնպէս, ասես ես նոր տասը տարեկան եմ, կարծես կեանքից բան չեմ հասկանում, կարծես երեկ եմ ծնուել, ու անքնութիւնն անխղճաբար յարձակուել է վրաս: Continue reading “ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՏԱՏԸ”

ՊԱԽԱԼ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ԱԶՆԻՒ

Արա Մխսեան

Յիսունական եւ վաթսունական թուականներուն Նոր Գիւղի բանուկ ճամբաներու եզերքին բարձրացած կառոյցներու առաջին յարկը սովորաբար վարձու կը տրուէր հայ արհեստաւորներու, նպարավաճառներու կամ այլազան գործատէրերու։ Մեր թաղի հիւսիս Continue reading “ՊԱԽԱԼ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ԱԶՆԻՒ”

ՋՈՐԵՊԱՆ ԳԱԼՈՒՍՏԸ

Եդուարդ Պոյաճեան

— Բարձր տեղ տուն մը։
Այս եղաւ իր վերջին խօսքը։ Ալ չխօսեցաւ բնաւ։ Մինչեւ մահ: Լքեց Գալուստ մարդկային տրամաբանական կենցաղակերպը եւ ըրաւ իրը ամեն ինչ՝ որ արտասովոր կըլլայ միշտ եւ կարծես յիմարական, որ անբնական կը թուի շարունակ եւ կեանքի ընթացիկ իմաստներու հետ Continue reading “ՋՈՐԵՊԱՆ ԳԱԼՈՒՍՏԸ”

Սիման եւ մրջիւնները

Սիւզան Խարտալեան

Ամեն տարի, երբ ապրիլը կը բացուի, տանս որոշ անկիւնները կը դառնան մրջիւններու սեփականութիւնը։ Նախակարապետ հետախոյզները առաջինը կը յայտնուին խոհանոցին ու հիւրասենեակին մէջ. անոնք անշեղ նպատակասլացութեամբ կը քննեն ամեն մէկ ծալք ու անկիւն՝ սեղանը, հացի տուփը, մինչեւ իսկ Continue reading “Սիման եւ մրջիւնները”

Գուքիին հետ անմոռանալի՜ պտոյտ մը

ՆԱԶԱՆ Ա.

Ի յիշատակ Յասմիկին

Փաթիլը ոչ միայն Պօղոսեան վարժարանի դասընկերուհիս էր, այլ նաեւ Փաթիլին Մարիանէ անունով մայրը բարեկամուհին էր Նուէր զարմիկիս, զոր Հոճուր կը կոչէինք. երկուքն ալ նորաձեւութեան եւ կարի հանդէպ մեծ սէր եւ հետաքրքրութիւն ունէին։ Չեմ գիտեր ինչպէ՛ս իրարու ծանօթացած էին, եւ ինչպէ՛ս եղած էր անոնց կապը։ Պատահած էր, որ, երբ Հոճուրս Փաթիլենց այցելէր, իրեն ընկերակցէի Continue reading “Գուքիին հետ անմոռանալի՜ պտոյտ մը”

Արձանը եւ մնացեալը

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

ԳՐՈՂԸ — Հինգ հոգի են, համերգէ մը կը վերադառնան։ Վայելած են Նարեկ Հախնազարեանի եւ Կրեկորի Ջայծէի թաւ ջութակի եւ դաշնակի համերգը՝ նուիրուած Մեծ վիպապաշտներուն։ Ունկնդրած են ոչ միայն ռուս, այլեւ հայ ու վրացի յօրինողներու գործեր ալ։ Ուրախ են ու հպարտ։ Քաղաքամէջէն կը վերադառնան Փարգ պողոտայով, երբ կը հասնին Ժան-Թալոն փողոցին անկիւնը, մէկը ցոյց կու տայ այնտեղ Continue reading “Արձանը եւ մնացեալը”

ԳԵՐԴԱՍՏԱՆ

Գրիգոր Ջանիկեան

«Բնիկ որտեղացի՞ էք»։
Կ. ՍՈՒՐԷՆԵԱՆ

Ա — Անուադիրը

Անուադիրը ապուպապն է, նահապետն է, տոհմապետը, ում անունով կոչւում է գերդաստանը ու ընդմիշտ հաւատարիմ մնում անուանակոչութեանը։
Մեր գերդաստանի անուադիրը այնքան է սիրել ու գուրգուրել իր Continue reading “ԳԵՐԴԱՍՏԱՆ”

Սպասելով դռան թակոցին

Վահէ Պէրպէրեան

Վարդուհի արդէն սեղանը պատրաստած էր եւ անհամբեր կը սպասէր իր ամուսնոյն՝ Աւետիսի վերադարձին, երբ ան վերջապէս ներս մտաւ։ Դէմքը մթնած էր անսովոր խոժոռութեամբ մը, աչքերը՝ հեռուն սեւեռած, կարծես խոր մտածումի մէջ կորսուած։ Ան բանալին դրաւ գրպանը, չկատարեց իր ամենօրեայ բաճկոնը հանել ու մուտքին մօտ Continue reading “Սպասելով դռան թակոցին”

Պատկերներ անցեալէն (Զ.)

Յակոբ Չոլաքեան
ԽԻՒ>ԽԷՎ ԹՌՉՆԱՆՈՒՆԸ ՔԵՍԱՊԻ ԲԱՐԲԱՌԻՆ ՄԷՋ

Խիւն ի մորին մասխարանայր,
Ի ծառէ ծառ կու պորտքտայր,
Զէդ ուլ պառչէր, զէդ տղայ կու լայր,
Ամեն մարդու բանիւ լինայր։
Այս քառատողը առնուած է «Գովանք թռչնոց» չափածոյ ընդարձակ Continue reading “Պատկերներ անցեալէն (Զ.)”