Ի վերուստ անիծուածը՝ պատնէշի վրայ

Մովսէս Ծիրանի

Երեւան, մայիս 1975

Այդ օրերուն Օպերայի մօտ Շարա Տալեանի բնակարանը կ՚ապրէի վարձով: Այրիացած տիկ. Ժասմենան ներսէն կանչեց.
—Արի՛ Մովսէս ջան, էլի էդ «նագլի» մարդն է զանգում:
Այդ «նագլի» մարդը Հրանդ Մաթեւոսեանն էր:
—Ասա՛ Հրանդ ջան, լսում եմ: Continue reading “Ի վերուստ անիծուածը՝ պատնէշի վրայ”

ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԻ ԽՕՍՔՆ ՈՒ ԳՈՐԾԸ

Հրաչեայ Բեգլարեան

Մեր ազգային-ազատագրական պայքարի մէջ նոր փուլ նշանաւորեց ԼՂ մարզխորհրդի 1988թ. փետրուարի 20-ի պատմական նստաշրջանը` արտայայտելով մայր Հայաստանին վերամիաւորուելու արցախահայութեան կամքն ու ձգտումները: Նստաշրջանը կազմակերպուած անցկացնելու գործը` նախաձեռնող խմբի կողմից, վստահուած էր գրող, շարժման ակտիւ գործիչ Վարդան Յակոբեանին։

Ղարաբաղի գրական օջախում Վարդան Յակոբեանի երևալը մի Continue reading “ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԻ ԽՕՍՔՆ ՈՒ ԳՈՐԾԸ”

«Կատակե՞լ թէ չկատակել», ա՛յս է խնդիրը

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Փարիզ, 1977 յուլիս, «Յառաջ»-ի խմբագրատուն

Այդ տարին նոր ընդունուած էի իբրեւ արուեստաբանութեան ուսանող: Եւ որովհետեւ միջազգային կերպարուեստի մասին գիտցածս թէ՛ քիչ էր եւ թէ՛ տեսական, որոշեցի մեկնիլ Փարիզ, ուր հնարաւորութիւն կ՚ունենայի աչքովս տեսնելու եւ ուսումնասիրելու արուեստի բոլոր շերտերը: Տեղաւորուելէ ետք մօրաքրոջս տղուն՝ Քրիստափորի (Պուրսալեան) բնակարանը (Saint-Denis), յաջորդ օրը գացի եւ այցելեցի Continue reading “«Կատակե՞լ թէ չկատակել», ա՛յս է խնդիրը”

Բացօթեայ թանգարանին փողոցներուն մէջ

Վահէ Թղլեան

Հաշուուած օրեր մնացեր էին Հայաստան գտնուելուս, շուտով պիտի վերադառնայի Գանատա, երբ Գիւմրիի «Հայ Բուսակ» համալսարանի հրաւէրով, Համահայկական Գրողներու Միութիւնը կը պատրաստուէր «Դէպի Երկիր» ծրագիրով ու Գիւմրեցի Ղեւոնդի (Համլետ Աշոտի Մանուկեանի) նոր լոյս տեսած բանաստեղծական գիրքի շնորհանդէսի առիթով՝ մեկնիլ Գիւմրի։ Այս անգամ, ժամանակս շատ խիտ ըլլալով՝ Continue reading “Բացօթեայ թանգարանին փողոցներուն մէջ”

Արհաւիրք — մարդոց եւ ընդերքի հարուածներուն միջեւ

ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ(*)

Պէյրութ, 7 փետրուար 2023

Օրուան վերջը տուն գալ, դուրսի հագուստները հանել, փոխուիլ, լուացուիլ եւ անցնիլ անկողին: Հերթականօրէն բանալ բջիջային հեռաձայնի քանի մը կիրառոյթներ, ստուգել օրուան նորութիւնները, պատասխանել քանի մը հոգիի նամակներուն, ապա փակել հեռաձայնը, անջատել անոր ձայնը, դնել քիչ մը հեռուն ու քնանալ. այս դարու Continue reading “Արհաւիրք — մարդոց եւ ընդերքի հարուածներուն միջեւ”

ԲԱՅՑ ԴԱՐՁԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԿԸ ԿԱՐՕՏՆԱՅԻ…

Վահէ Թղլեան

Դէպի Հայրենիք առաջին այցելութիւնս չէր։
Յաճախ գտնուած եմ Հայաստան, բայց այս անգամուան նման զգացումներ ու յուշեր չեմ ունեցած։ Չեմ գիտեր ինչու այս անգամ տեսակ մը անբացատրելի շաղախուածութիւն կը զգամ Հայոց պատմութեան հետ:
Փորձենք հասկնալ ։ Continue reading “ԲԱՅՑ ԴԱՐՁԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԿԸ ԿԱՐՕՏՆԱՅԻ…”

ԵՐԳԻՆ ՀԵՂԻՆԱԿԸ ՉԷՐ ՍԽԱԼԱԾ…

ՎԱՀԷ ԹՂԼԵԱՆ

Մեծ սիրով կը կրկնեմ Արցախ իմ այցելութիւնս, այն մտերմիկ ու հարազատ մարդոց մօտ, որոնք միայն վստահութիւն կը ներշնչեն. ամուր կամքի տէր ու դիմացկուն հոգի, ընկրկիլ չիմացող, հայու պայքարող տեսակ մարդիկ:
Ինչքան երջանիկ եմ որ, հաց կիսած եմ իրենց հետ:

«Արցախն է մեզ կանչում…»
Պէտք էր անտեսել բոլոր արգելքներն ու դժուարութիւնները: Ու ամեն ոք Continue reading “ԵՐԳԻՆ ՀԵՂԻՆԱԿԸ ՉԷՐ ՍԽԱԼԱԾ…”

ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՊԷՅՐՈՒԹ

Յակոբ Չոլաքեան

Հայկական Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի կազմակերպած հերթական գիտաժողովն է, Արեւմտեան Պէյրութ, Մեքսիք փողոց, Հայկազեան համալսարան։ Փողոցի պատերուն կռթնած կամ մայթերուն ու բակի նստարաններուն վրայ նստած, կարծես ծանօթ ու հարազատ տղաք ու աղջիկներ են ասոնք, հայ եւ ոչ հայ համալսարանականներ, ու սիրտս բնական հպարտութեամբ մը կը լեցուի ի տես Սփիւռքի մեր միակ համալսարանին, ուրկէ անցած եմ նաեւ ես, եւ զոր աւարտած են Continue reading “ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՊԷՅՐՈՒԹ”

ԻՄ ԸՆԿԵՐ ԳԵՒՈՐԸ

ՊԵՏՐՈՍ ԱԲԱՋԵԱՆ

Մեր տան դիմաց՝ Ղուկասեան թիւ 9 շէնքի բակում մէկ յարկանի ախոռատիպ երկու կառոյց կար, որտեղ «Սանբակ» կոչուող ինստիտուտի լաբորատորիայի փորձերի համար ճագարներ և ծովային խոզուկներ էին աճեցնում: Տատիկս, որ մինչև Հայաստան ներգաղթելը իր ամբողջ կեանքում անասուններ էր պահել, ընդունուեց այնտեղ որպէս այդ կեդանիներին խնամող: Կենդանիները պահւում էին երկու յարկով շարուած վանդակների մէջ: Ինչքան յիշում եմ, այդ խեղճ կենդանիների Continue reading “ԻՄ ԸՆԿԵՐ ԳԵՒՈՐԸ”

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ ԵՒ Ս. ԾՆՈՒՆԴ

Յակոբ Չոլաքեան

Ժողովրդային ծէսերը, խաղերն ու բարքերը որքան արագ կը փոխուին. յիշողութիւնն անգամ պատրանք կը թուի ու անհաւանական։
Պատկերացուցէ՛ք, Նոր տարուան գիշերը չարաճճի տղաք կը բարձրանային թաղի տանիքները, կը հանէին բուխերիկի սալքարը ու թիթեղեայ տուփը պարանով կ՚իջեցնէին կրակին վրայ։ Տան տարեց կինը «Հա՜յ շնորհաւոր ըլլայ Ձեր Կաղանդը» կ՚ըսէր անծանօթ տղոց ու Continue reading “ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ ԵՒ Ս. ԾՆՈՒՆԴ”