«Կատակե՞լ թէ չկատակել», ա՛յս է խնդիրը

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Փարիզ, 1977 յուլիս, «Յառաջ»-ի խմբագրատուն

Այդ տարին նոր ընդունուած էի իբրեւ արուեստաբանութեան ուսանող: Եւ որովհետեւ միջազգային կերպարուեստի մասին գիտցածս թէ՛ քիչ էր եւ թէ՛ տեսական, որոշեցի մեկնիլ Փարիզ, ուր հնարաւորութիւն կ՚ունենայի աչքովս տեսնելու եւ ուսումնասիրելու արուեստի բոլոր շերտերը: Տեղաւորուելէ ետք մօրաքրոջս տղուն՝ Քրիստափորի (Պուրսալեան) բնակարանը (Saint-Denis), յաջորդ օրը գացի եւ այցելեցի «Cité universitaire»-ի հայկական մասնաշէնքը (Մեզոն արմենիէն), ուր ծանօթ դասընկեր ունէի: Շէնքի տնօրէնը՝ Զաւէն Եկաւեանը, շատ բարեացակամ գտնուելով թէ՛ ժամանակաւոր կացարան ապահովեց ինծի շէնքին մէջ եւ թէ՛ ընթացքին սկսաւ ծանօթացնել հայ կերպարուեստագէտներու եւ գրողներու, որոնց շարքին նաեւ իմ ցանկութեամբս՝ բանաստեղծ Զուզալ Գազանճեանին: Զուլալը մուսալեռցի էր եւ հեռաւոր ազգականս: Ան յաջորդ օրն իսկ տարաւ զիս «Յառաջ»-ի խմբագրատունը ու ծանօթացուց խմբագիրին՝ Արփի Միսաքեանին, որ ջերմօրէն ընդունեց մեզ: «Յառաջ»-ը մեզի՝ մուսալեռցիներուս համար յատուկ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ Արփիին հայրը՝ «Յառաջ»-ի հիմնադիրն ու նախկին խմբագիրը՝ Շաւարշ Միսաքեանը, մեծապէս նպաստած է Այնճարի առաջին նախակրթարանի հիմնադրութեան հանգանակութեան, եւ որպէս երախտագիտութիւն՝ իր թերթի «Յառաջ»-ի անունով մկրտուած է Այնճարի Յառաջ վարժարանը, ուր ստացած եմ նախակրթութիւնս:

Յանկարծ բոլովին պատահաբար Տիգրան Տատրեանը ներս մտաւ ու այս անգամ Արփին ծանօթացուց մեզ իրարու: Տիգրանը նախ տարաւ զիս իր բնակարանը, ուր տիկին Ֆրանսուազը հիւրասիրեց մեզ «սթէյք» ձիու միսով եւ ապա ֆրանսական պանիրներու տեսականիով: Առաջին հարցը.
—Կարմի՞ր թէ ճերմակ գինի:
—Ինծի պիտի ներէք, պարոն Տատրեան, ես գինի չեմ կրնար խմել:
—Լաւ, ուիսկի կ՚ըլլա՞յ, գոնիաք եւ կամ օղի՞…:
—Նայիր պարոն Տատրեան, խնդիրը խմիչքի տեսակի մէջ չէ այլ ընդհանրապէս ալքոլ չեմ կրնար խմել:
—Ի՞նչ է, ապաշխարա՞ծ ես…
—Ոչ, պարզապէս խմիչք չեմ կրնար խմել. պէտք է բացատրեմ…
—Ի՞նչ պիտի բացատրես «պապամ», գինին ի՞նչ է որ չես կրնար խմել, Ես Զահլէէն եմ, գիտեմ որ այնճարցիները խմող կ՚ըլլան: Զահլէի օղի ալ ունիմ…կ՚ուզե՞ս…
—Այո, ճիշդ ես, պարոն Տատրեան, բայց ես ոչ թէ չեմ ուզեր խմել այլ չեմ կրնա՛ր խմել… «միկրէն» ունիմ:
—Նոյնն է, առանց խմելու ի՞նչ արուեստ, ի՞նչ արուեստաբան, ի՜նչ այնճարցի. չեղա’ւ, այս մէկը չեղաւ… :
Առանց կարծիքս առնելու, լեցուց գաւաթս ու ըսաւ.
—Ասիկա խմէ եւ գլխացաւդ կ՚անցնի: Յետոյ «վազ» անցիր պարոնէն ու Տատրեանէն, ես քեզմէ աւելի երիտասարդ եմ, Տիգրանը կը բաւէ…:
Հասկցայ որ խօսք չհասկցող, տարօրինակ արուեստագէտի մը հետ է գործս, որուն հարկաւոր է յարմարիլ: Հարկադրաբար սկսայ քիչ-քիչ խմել: Թէեւ տիկ. Ֆրասուազը գլխացաւի դեղ մըն ալ տուաւ ինծի, այնուամենայնիւ «միկրէնս» սկսաւ, ես ձայն չհանեցի ու շարունակեցինք զրուցել…: Ծրագիրներուս տեղեկանալէ ետք խոստացաւ օգնել, սակայն մերժեց Լուվրի թանգարանը տանիլ, պատճառաբանելով.
—Այդ թանգարանները գերեզմաննոցներ են, զիս չեն հետաքրքրեր:
—Բայց պարոն Տատրեան…
—Տիգրան…
—Լաւ, Տիգրան ջան, բայց նկատի առ որ ես եկած եմ յատկապէս արուեստի պատմութիւնը ուսումնասիրելու… առանց Louvre-ի չ’ըլլար, «Musée d’Orsay»-ն ալ անհրաժեշտութիւն է, չե՞ս կարծեր…
—Հոս նայիր, դուն եկեր ես արուեստը ուսումնասիրելու, եւ ոչ թէ գերեզմաննոցներ այցելելու, ի՞նչ գործ ունիս ժամանակավրէպ ու մեռած արուեստի հետ: Վաղը քեզ Փոմփիտուի կեդրոնը (Centre Beaubourg), կը տանիմ, ու կը տեսնես թէ ի՞նչ կ՚անցնի-կը դառնայ Փարիզի, աւելի ճիշդը աշխարհի մէջ:
Փարիզ, 1977 յուլիս, Սանթր Պոպուր
Թէեւ ամենէն առաջ կ՚ուզէի Լուվրը այցելել ու անհամբեր էի, սակայն իր պնդումին վրայ յաջորդ օրն իսկ գացինք Սանթր Պոպուր, որուն բացումը տարի մը առաջ տեղի ունեցած էր ու բաւականին վէճ յարուցած թէ՛ իբր կառոյց եւ թէ՛ իբր բովանդակութիւն: Շէնքը որ չորս յարկանի էր, աւելի գործարանի կը նմանէր քան թանգարանի: Թէեւ շատեր կը մերժէին անոր արտակեդրոն տեսքը, սակայն հիբբիական շարժման օրեր էին ու անոր տարօրինակութիւնը ինքնին հետաքրքրութիւն կը ստեղծէր, յատկապէս երիտասարդներու մօտ, որովհետեւ հոն կարելի էր տեսնել այդ օրերու արուեստի ամենավերջին արտայայտութիւններն իսկ:
Տատրեանի հետ նախ բարձրացանք երրորդ յարկը, ուր ցուցադրուած էին տատաիզմէն ետք գոյացած գերիրապաշտ եւ վերացապաշտ արուեստի բացառիկ նմոյշներ, որոնց շարքին կային երեք հայեր. Արշիլ Կորքի, Եակուլով եւ Եր. Քոչար: Տիգրանը հպարտութեամբ մէկ մէկ ցոյց տուաւ զանոնք ու աւելցուց.
— Այս «Սանթր»ը աշխարհի ամենամեծ Contemporain արուեստի կեդրոնն է հիմա: Մենք ուրիշ արժանաւոր արուեստագէտներ ալ ունինք, սակայն հոս մտնելը այնքան ալ դիւրին չէ…:
Իմ արուետասէր ընթերցող, հետագայի ժամանակները ցոյց տուին որ Տիգրանը իրաւունք ունէր: Անկէ ետք միայն Փոլ Կիրակոսեանն է, որ արժանացած է այդ պատուին:
Իւրաքանչիւր տաղաւարի մէջ տարբեր տեսակի անանկնկալներ կը դիմաւորէի…: Կարծէք թէ Տիգրանը գոհ էր, որ ես շշմած ու շուարած էի ի տես արուեստի արտառոց գործերու: Յղացքային (conceptual) արուեստի ամենազարտուղի նմոյշներն իսկ ցուցադրուած էին հոս: Կային զետեղումներ (installations), որոնք այդ օրերուն շատերու համար կրնային նոյնիսկ այլանդակ թուիլ: Օրինակի համար, պատէն կախուած էր պարապ ու հնամաշ տոպրակ (չուալ) մը, իսկ անոր տակը դրուած էր ինքնաշարժի դատարկ ու անգործածելի մարտկոց (batterie) մը: Ձայնս չհանեցի…: Սակայն աւելի զարմանալին այն էր, որ անոր դիմաց նստած էր թափթփած ու կիսամերկ պարմանուհի մը ու սիկարեթ կը ծխէր: Յոյժ հետաքրքրութենէ մղուած կ՚ուզէի գիտնալ, թէ ի՞նչ իմաստ կամ գեղարուեստական ի՞նչ արժէք կը ներկայացնէին այդ «լքուած առարկաները» այս «լքուած ու անտէր» աղջկան համար, սակայն Տատրեանը զիս կանխած էր ու ըսած.
—Արուեստը բացատրութեան պէտք չունի, արուեստի գործը ինքը պիտի խօսի, դիտողը ոչ թէ պիտի հասկնայ ու մեկնաբանէ գեղանկարը, այլ պիտի դիտէ, ընկալէ ու վայելէ զայն, դասական երաժշտութեան նման…:
Օրեր ետք, երբ աւելի ծանօթացայ Տատրեանին եւ իր ստեղծագործութիւններուն, հասկցայ որ խօսքը կը վերաբերի վերացականութեան, որուն իւրատեսակ ներկայացուցիչներէն մէկն էր ինք: Ու պարզուեցաւ որ ան կեանքին մէջ ալ կ՚ապրի վերացական աշխարհի մը մէջ, այնպէս ինչպէս Սալվատոր Տալին կ՚ապրէր գերիրապաշտ ոլորտներու մէջ:
Ուստի, լրջօրէն մտածելով հանդերձ անոր արտակեդրոն կարծիքներու մասին, ի հեճուկս իր պնդումներուն, ես սկսայ ացելելել Լուվր, ուր յաճախեցի շաբաթէ մը աւելի: Ամեն առտու թանգարանին դուռը հազիւ բացուած հոն էի: Դուրս կու գայի անկէ երեկոյեան երբ դարպասները կը փակուէին: Լուվրէն ետք, տարբեր նպատակներով, տարբեր ընկերներու հետ քանի մը անգամ այցելեցի Փոմփիտու կեդրոնը, ուր օր մըն ալ անգամ մը եւս հանդիպեցայ նոյն աղջկան, որ նստած էր նոյն յղացքին դիմաց ու սիկարեթ կը ծխէր: Այն օրերուն հանրային վայրերու մէջ ծխելը տակաւին արգիլուած չէր: Իմ ֆրանսերէն չգիտնալուս հետեւանքով, ընկերոջս Վարդանի (Չոլաքեան) միջոցով հարց տուի աղջկան, թէ «Ի՞նչ իմաստ ունէին եւ կամ գեղարուեստական ի՞նչ արժէք կը ներկայացնէին իրեն համար այդ «պարապ ու լքուած առարկաները»: Ամենայն լրջութեամբ պատասխանեց.
—Իմ կեանքս նման է այս պարապ fardeau-ին ու դատարկ batterie-ին: Ասոնք իմ հարազատներն են… կը կարօտնամ իրենց…. քովերնին կու գամ ու ինքզինքս լաւ կը զգամ…:
(Ի դէպ, fardeau-ին իմաստը ես աւելի լաւ հասկցայ քան՝ Վարդանը, որովհետեւ Այնճարի մէջ այդ տեսակ տոպրակներուն, որոնք մէջտեղը կարմիր երիզ մը կ՚ունենային ու գետնախնձոր, կորեկ կամ սոխ կը լեցնէին մէջը, «ֆարտու»(1) կ՚ըսէինք): Այդ պատճառով ալ անմիջպէս ըսի.
— Fardeau-ին եւ batterie-ին իմաստը շատ լաւ կը հասկնամ, սակայն չեմ հասկնար թէ ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ ասոնք քու հարազատները պիտի ըլլան ու կարօտնաս իրենց:
—Հայրս մեծահարուստ է ու ես ամեն ինչ ունիմ, ուսում ալ ունիմ, բայց հեռանկար չունիմ.., շուարած եմ… ես չեմ գիտեր թէ ի՞նչ իմաստ ունի կեանքը կամ ի՞նչպէս պիտի իմաստաւորեմ զայն… կը տագնապիմ, որովհետեւ ներաշխարհս դատարկ է այս պարապ ու լքուած առարկաներուն պէս:
Իմ իմաստո՛ւն ընթերցող, այս աղջիկը մեծահարուստ հիփփիներու նման «կշտացածութեան բարդոյթէ» կը տառապէր…:

* * *

Տիգրանը անպաշտօն առաջնորդս եղաւ Փարիզի մէջ ու օր մըն ալ տարաւ զիս իր արուեստանոցը, ուր միաժամանակ աշակերտներ կ՚ընդունէր: Գեղանկարները ցուցադրելու ընթացքին, բացատրութիւններ չէր տար: Միայն ըսաւ.
— Շատեր զիս pointilliste կը համարեն, իսկ ուրիշներ՝ tachiste: Իրականութեան մէջ ես ձեւով միայն կը յիշեցնեմ զանոնք: Եթէ կ՚ուզէք անպայման տեղաւորել իմ արուեստը ինչ որ ism-ի մը մէջ, ապա ինքզինքս abstractioniste lyrique կը համարեմ:
—Բայց դուն կեանքին մէջ այնքան ալ քնարական խառնուածքի տէր զգացական մէկը չես երեւիր:
—Էութեամբ այդպէս եմ, կը կատակեմ պարզապէս հեռանալու համար դաժան ճշմարտութենէն, որ բարդ է եւ տխուր…:
— Իսկ արուեստի պարագայի՞ն…
— Արուեստը կատակ չէ: Երբ ես եւ toile-ը առանձնանանք ու վրձինը ձեռքս առնեմ, կը մտնեմ ներաշխարհիս մէջ ու կ՚անջատուիմ շրջապատէս: Ստեղծագործելու ընթացքին չեմ կրնար կատակել: Կեանքին մէջ կը կատակեմ՝ հեռանալու համար տաղտկալի առօրեայէն, որ ծանր է, բարդ ու ճնշիչ…
— Բայց դուն կենսասէր մարդ ես ու հայրենասէր…
— Սպասէ: Գիտեմ ու՞ր պիտի հասնինք: Այնպէս որ իմ գործերուս մէջ հայկականութիւն մի փնտռեր: Ամեն ինչ վերացական է քովս… ու զգացական…:
—Սակայն հաւանական է որ ենթագիտակցաբար ինչ որ գուներանգ կամ արտայայտչաձեւ դրսեւորուած ըլլայ կտաւներուդ մէջ:
—Ի՞նչ ի նկատի ունիս:
—Այս գործերուդ մէջ գորգարուեստի գոյներ ու ծաւալային բաժանումներ կր նշմարուին:
—Եթէ նման բաներ կան, ապա ես գիտակցաբար չեմ նկարած…
—Բայց բնաւ մտքովդ չէ՞ անցած, որ օր մը հայկական թեմաներով ինչ որ բան երփնագրես:
—Մէկ վայրկեան սպասէ:
Տիգրանը արուեստանոցի անկիւններէն հանեց քանի մը նկարներ, դիմացս շարեց ու ըսաւ.
— Տես ասոնք մեր դրօշակներն են Եռագոյնը եւ Երկագոյնը: Ասոնք նկարած ու lithography-ով բազմացուցած եմ, որովհետեւ լաւ նուէր կ՚ըլլան: Կը նայիմ թէ հիւրերս քաղաքական ի՞նչ ուղղութեան կը պատկանին, ատոր համապատասխան ալ այս lithography-ներէն կը նուիրեմ անոնց:
Ընթացքին ան վիմատիպ «Եռագոյն» մը զատեց, մակագրեց ու նուիրեց ինծի…
Իրականութեան մէջ Տատրեանը թէեւ իր ստեղծագործական ասպարէզը կիտապաշտութեամբ (pointllism) սկսած է, ու հպապաշտութեամբ (tachisme) շարունակած, անուամենայնիւ, դուրս գալով անոնց սահմաններէն, ան ստեղծած է իր սեփական գունաշխարհը, պարուրուած՝ իւրայատուկ գունաբծերով ու երփներանգ քնարականութեամբ: Տատրեանի ժանանակ pointllism-ը իր դարը ապրած արուեստի ուղղութիւն կը համարուէր: Իսկ tachisme-ը ծնունդ առաւ Փարիզի մէջ, 1940-50-ական թուականներուն իբրեւ ֆրանսական վերացապաշտութիւն: Այո, Տատրեանը կը տարբերի հպապաշտութեան միւս ներկայացուցիչներէն եւս՝ թէ՛ իր քնարական ուրոյն խառնուածքով եւ թէ՛ գունաբծերու հարուստ ներդաշնակութեամբ: Ան թէեւ մինչեւ հիմա գնահատուած չէ նաեւ իբրեւ այդպիսին, սակայն օրը կու գայ ու իր արուեստը եւս կը դրուի մեծերու կողքին՝ արժանաւոր պատուանդանի վրայ:
Եւ այսպէս, Տատրեանի հետ իմ կապս շարունակուեցաւ, եղանք ընկերներ ու կրնամ ըսել նոյնիսկ՝ մտերիմներ հետագային: Երբ Պէյրութ գար անպայման կը հանդիպէինք իր փարիզեան ընկերներով ( Զ. Խտշեան, Գր. Նորիկեան, Կիւվտէր, Յ. Թորոսեան եւ ուրիշներ): Նոյնիսկ պատահեցաւ ցուցահանդէս կազմակերպեցինք իրեն «Նոազ արք»էն ներս: Գործիս բերումով երբ Փարիզ այցելէի անպայման կը տեսնուէինք…:
Եւ այսպէս. ինչպէս որ արուեստի պարագային Տիգրանը չէր կրնար կատակել, այնպէս ալ կեանքին մէջ չէր կրնար չկատակել:

Փարիզ, 2011 հոկտեմբեր

Քանի մը անգամ Տիգրանին հեռաձայնելէ ետք, ի վերջոյ ընկալուչը վերցուց.
— Մովսէսն է… Տիգրան…
— Օ՜, ո՞ւր ես, ու՞րտեղեն կը խօսիս.
— Նայի՛ր Տիգրան, հոս ենք, Փարիզ, էլոյին հետն եմ, այս անգամ կ՚ուզենք տունդ գալ… եւ…
— Տո՞ւնս… ի՞նչ գործ ունիք տունս, դուն ըսէ ու՞ր էք, ես կու գամ կը գտնեմ ձեզ:
— Տիգրան օփերայի դիմացի նոյն «Օփերա» հիւրանոցը իջեւանած ենք, այս անգամ կ՚ուզենք տունդ գալ եւ պաշտօնապէս ցաւակցութիւն յայտնել քեզի… կնոջդ մահուան առիթով:
—Ի՞նչ է, դուն ալ Զաւէնին կամ Նորիկին պէս կը կարծես թէ ես տխուր եմ…: Նայիր, հոս գալու պէտք չկայ, ես ուրախ եմ որ կինս մահացաւ, հիմա կու գամ եւ կը տօնենք… ցաւակցութիւնը ո՞րն է:
— Տիգրա’ն ինչե՜ր կը խօսիս: Քիչ մը լրջացիր: Խմա՞ծ ես:
— Ի՞նչ խմած, ի՞նչ բան, ես ազատ եմ հիմա, արդէն նոր ընկերուհի ունիմ: Կատաղի էգ մըն է եւ տզրուկի պէս սիրահարուած է ինծի: Ի՞նչ ցաւակցութի՜ւն, ի՞նչ բան, հիմա կու գամ եւ միասին լա՜ւ մը կը խմենք… :
Թէեւ իմ չկարենալ խմելն ու Տիգրանի խմելու յարատեւ պահանջը խոտոր կը համեմատէին իրարու… այնուամենայնիւ լաւ կը հասկնայինք զիրար: Երբ եկաւ ձախ ձեռքը կապած ուսէն կախ վզնոցով մը, այնքան ալ գինով ըլլալու տեսք չունէր: Երբ դիտել տուի.
—Տիգրան, այդ ի՞նչ է ձեռքդ կապած, կինդ ալ չկայ որ ծեծած ըլլար քեզ:
—Հէչ մի ըսէր, երեկ գիշեր նոր ընկերուհիս անկողնէն հրեց ձգես զիս: Ահա ձեռքս ջարդուած է: Այդ կատաղի էգը կարծես թէ կ՚ուզէր սպանել զիս:
— Ինչո՞ւ:
— Կ՚ուզէ մեռցնել զիս, որպէս զի նկարներս միլիոններով ծախէ…:
Տիգրանը այնքան բնական ու առանց ժպիտի կը խօսէր, որ դժուար էր կռահել թէ կը կատակէ՞ թէ լուրջ կը խօսի: Յամենայնդէպս առաջքը առնելու համար որեւէ անախորժ կացութեան ըսի.
— Անօթի՞ ես:
— Առ այժմ ոչ, բայց խմիչք մը կ՚առնեմ:
—Լաւ, եկուր խմիչքը վերապահենք ճաշին հետ, թէյ կամ սուրճ մը չե՞ս առներ հիմա:
—Այդ պարագային սուրճ մը:
Եւ անմիջապէս մատուցողը կանչեց եւ «Irish coffee» մը պատուիրեց: Թէեւ զարդարուած հսկայ գաւաթով մը եկաւ սուրճը, այնուամենայնիւ միտքս հանգիստ էր որ եղածը սուրճ է ի վերջոյ, որ հնարաւոր է որ հանդարտեցնէ զինք: Մինչեւ որ մենք պահ մը լրջանանք ու ցաւակցութիւն յայտնենք, ինք հարցերու տարափ մը տեղացուց մեր վրայ: Հարցուց Զաւէնին (Խտըշեան), Նորիկին (Գր. Նորիկեան), Սոնիային (Նիկոլեան) մասին եւ ապա անցաւ մեզի ու սկսաւ. ինչո՞ւ եկած ենք, ի՞նչ կ՚ընենք, ու՞ր կ՚ուզենք այցելել, ո՞վ կ՚ուզենք տեսնել, ի՞նչպէս կրնայ օգտակար ըլլալ, եւ այլն, եւ այլն…: Ի վերջոյ մոռնալ տուաւ կնոջ մահը, ու մենք չգիտցանք թէ իսկապէ՞ս ուրախ էր իր կնոջը մահուան առիթով, թէ պարզապէս կը կատակէր: Տեղեկացուցինք որ հրաւիրուած ենք մասնակցելու նոյն ինքն Լուվրի մէջ կազմակերպուած,«Carrousel du Louvre» միջազգային ցուցահանդէսին, որուն բացումը տեղի պիտի ունենայ երկու օր ետք: Իսկ այսօր որոշած էինք այցելել իրեն…
— Վերջապէս Լուվրի տնօրէնութեան խելքը գլուխը եկաւ ու տարիներ առաջ ստեղծեցին «Carrousel du Louvre» ամենամեայ ցուցահանդէսը, ուր ոեւէ «աճպարար» չի կրնար մասնակցիլ: «Carrousel du Louvre»-ը վերակենդանացուց այս «գերեզմաննոցը»…:
—Բայց մենք պիտի ուզէինք նաեւ քու վերջին գործերը տեսնել:
— Վերջին գործերս կը ցուցադրուին «Centre Pompidou»-ի մօտիկ կալըրիի մը մէջ: Այսօր կրնանք երկուքն ալ այցելել:
—Շատ լաւ. բայց նայիր Տիգրան, վերջերս լսեցի որ Ժան Գազանճեանը սեփական ցուցասրահ բացեր է, ծանօ՞թ է քեզի, տեղը գիտե՞ս:
—Կալըրիներու թաղի մը մէջ է, (Place des Vosges), նոյն հրապարակին անկիւնը Վիքթոր Հիւկոյի թանգարանն ալ կայ, բայց քիչ մը հեռու է «Centre Beaubourg»էն: Եթէ կ՚ուզէք ուրիշ օր մը երթանք:
—«Centre Beaubourg»-ին համար առնուազն լրիւ օր մը պէտք է, եկուր այս օր քեզի եւ Ժանին միայն յատկացնենք:
Այդպէս ալ ըրինք: Ծանօթացանք նաեւ Ժանին կնոջ՝ Քրիստինին եւ տղուն հետ: Պարզուեցաւ որ Ժան Գազանճեանի գործը իր շուրջ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած է Փարիզի մէջ, որովհետեւ բոլորովին նոր կերպարուեստի տեսակ մը յղացած էր, որուն մասին հարկաւոր է առանձինն անդրադառնալ՝ բացատրել կարենալու համար անոր բնոյթն ու ցոյց տալու գեղարուեստական արժէքը: Հիւկոյի տուն-թանգարանը նաեւ զիս կը հետաքրքրէր, յատկապէս անոր համար որ կ՚ուզէի Ռոտէնի ծեփակերտած իր դիմաքանդակը եւս տեսնել: Տիգրանը մերժեց ներս մտնել ու ըսաւ.
— Մինչեւ որ դուք վերջացնէք Հիւկոյի «դամբարանը» դիտել, ես դուրսը այս սրճարանը կը սպասեմ ձեզի:
Երբ դուրս ելանք Հիւկոյի տուն թանգարանէն, տեսանք որ նստած դարձեալ «Irish coffee» կը խմէ նմանօրինակ մեծ գաւաթով մը: Մենք ալ նստանք եւ ես ալ «նոյն սուրճէն» պատուիրեցի: Սակայն մատուցողի հարցերը չհասկնալով Էլոն թարգմանեց.
— Կ՚ուզէ գիտնալ թէ ինչքան եւ ո՞ր մէկ տեսակ ուիսկին կ՚ուզես մէջը դրուի…
Զարմացած Տիգրանին դառնալով ըսի.
— Ուրեմն դուն մինչեւ հիմա ուիսկի՞ կը խմէիր……
— Չէ «ճանըմ» առիւծի կաթ է ասիկա, նայիր…
Պարզուեցաւ որ «Irish coffee» կոչուածը տեսակ մը «ուիսկի» է, որուն բովանդակութիւնն ու քանակը դուն կ՚որոշես:
Սիրելի ընթերցող կարիք կա՞յ պատմութիւնը շարունակելու: Այսպէս էր Տիգրանը, ինչքան ալ հետը ընկերութիւն ընէիր ու զինք ճանչնայիր, յանկարծ կրնար նոր անակնկալներու դիմաց դնել քեզ, բայց լաւը այն էր որ շատ դանդաղ կը խմէր, առողջութիւնը լաւ էր ու հարբած ըլլալու տպաւորութիւն չէր ձգեր:

* * *

Վերջին անգամ լուր առի իրմէ նախանցեալ տարի, երբ Սոնիա Նիկոլեանի յուղակաւորութեան առիթով հանդիպեցայ Նորիկին: Ափսոսանքով յիշեցինք որ վերջին տարիներուն յաջորդաբար մեզմէ հեռացան արուեստագէտ մեր լաւաագոյն ընկերներէն շատերը (Պերճ Ֆազլեան, Զաւէն Խտըշեան, Կիւտէր, Յարութիւն Թորոսեան….) որովհետեւ Տատրեանը ինիսունը անց էր արդէն, ընթացքին հարցուցի անոր մասին։ Նորիկը ըսաւ.
—Այո՜, դեռ ողջ է, յարմարաւէտ հանգստավայրի մը մէջ կ՚ապրի, երջանիկ է եւ ուրախ, որովհետեւ վերջերս նոր սիրահարուած է եղեր: Եօթանասունհինգ տարեկան երիտասարդ ընկերուհի մը ունի, որուն ձեռքը բռնած կը պտտի եղեր… ծովափին:
Իսկ հիմա, ի՞նչ կը կարծես իմ իմաստո՛ւն ընթերցող, «Կատակե՞լ թէ չկատակել», այս չէ՞ խնդիրը…

(Երեւան, փետրուար 2023)

1) Այստեղ նշենք, որ fardeau կը նշանակէ ծանր բեռ, որ պէտք է կրել՝ թէ՛ ուղղակի եւ թէ՛ փոխաբերական իմաստով – ԽՄԲ.։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *