Հայ գրողների միութեան Լոռու մարզային բաժանմունքում տեղի ունեցաւ բան. գիտ. թեկնածու Արմենուհի Դեմիրճեանի «Հայկ Նահապետ» գրքի շնորհանդէսը, որը վարում էր Վանաձորի պոեզիայի թատրոնի գեղղեկավար Ջիւան Սարգսեանը: Բացման խօսք ասաց մարզային բաժանմունքի նախագահ, բանաստեղծ Մանուէլ Միկոյեանը: Նախ, նրա խնդրանքով, ներկաները մէկ րոպէ լռութեամբ յարգեցին Արցախեան 44-օրեայ պատերազմում եւ վերջին օրերին Հայաստանի Continue reading “«ՀԱՅԿ ՆԱՀԱՊԵՏ» ԳՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ”
ԴՊՐՈՑ ԿԱ՞Յ
ԹԱՄԱՐ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ ԳՈՒԶՈՒԵԱՆ
Շաբաթէ մը ի վեր լուր չունէինք իրենցմէ. հեռաձայնային գիծերը բոլորովին անջատուած էին, «սահման»ը գոց էր։
Պէյրութը կրկին անդամալոյծ վիճակի մէջ էր։
— Թռչուն չկայ ճամբաները. — մայրս է, վարագոյրը քիչ մը անդին հրած, գլուխը թեթեւ մը պատուհանէն դուրս` աջ ու ձախ` փողոցը կը դիտէ. մինչ ռմբակոծումը կը շարունակուի։ Continue reading “ԴՊՐՈՑ ԿԱ՞Յ”
Մեր ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2022-ի թիւը
«Հորիզոն գրական»ի ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2022-ի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։
Բարի ընթերցում։
«ԿԱՐ – ՉԿԱՐ»
ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Կը նկատեմ, որ դիմացի կիսաւեր տան տանիքին վրայ, կուրծքը ցուիքի քարին սեղմած, գլուխը վեր տնկած՝ քարադոդոշ մը կը հանգչի։ Երկարօրէն, յուլօրէն։ Մենք քարթոշ կ՚ըսենք. սա սովորական ու փայլուն մորթով մողէզներէն աւելի մեծ է, սեւին տուող ծալք-ծալք մորթով ժանգոտած սողուն մը։
Կը յիշեմ, վա՜հ, մեր մանկութեան օրերու նոյն քարադոդոշն է կարծես։ Continue reading “«ԿԱՐ – ՉԿԱՐ»”
ԱՐՁԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ
ՆՈՐԱ ՊԱՐՈՒԹՃԵԱՆ
արձաններու միջեւ շրջող
կը նկրտիս բանաստեղծութեամբ
անոնց ականջները խժժոցներու թիրախ է
ճիւղաւորուած լեզուներու աղմուկին վրայ
կը ցատկռտես
անդորրի սիրոյն
տող մը միտք մը բռնելու Continue reading “ԱՐՁԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ”
ԱԶԱՏԱԲՈՒԽ ՈՒՂԵՂԸ
ՆՈՐԱ ՊԱՐՈՒԹՃԵԱՆ
ազատաբուխ ուղեղը պայթելէն ոչ ոք կրնայ կեցնել
աստուածիկ մը հոն մեծնալու կամք կը յայտնէ վճռօրէն
կը խշխշայ ներսիդին ծուռին բոցը շիփշիտակ
լենալ կ՚ուզէ լիանալ յորդեցնել
արդար պահը խոստումին
այլ կերպ ըլլալ չի կրնար
ան պիտի չվերանայ ճամբան կոտրած կուժի պէս Continue reading “ԱԶԱՏԱԲՈՒԽ ՈՒՂԵՂԸ”
ԱՆՈՐ՝ ՈՐՈՒՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ՄՈՄԵՐԸ ՔԱՐԻ ՎՐԱՅ ԿԸ ՎԱՌԻՆ
ՆՈՐԱ ՊԱՐՈՒԹՃԵԱՆ
գիտցիր
ես յոգնեցայ հաշուոյդ այսքան ստելէն
չէ մի աճապարեր
խաբուելու նորէն
ի՞նչ կը կարծես
չստելու այդքան ուժ ուրկէ՞ ուր ինծի Continue reading “ԱՆՈՐ՝ ՈՐՈՒՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ՄՈՄԵՐԸ ՔԱՐԻ ՎՐԱՅ ԿԸ ՎԱՌԻՆ”
Եգիպտականք — Բ —
ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
Առաջին վերծանումները
Ռոզեթեան քարի առաջին շերտին մէջ յստակօրէն զանազանելի են հինգ յատուկ ձուաձեւ շրջանակներ, իւրաքանչիւրը ձախ ծայրէն օժտուած ուղղահայեաց գծիկով մը:
Շամպոլիոն դիւրաւ կրցաւ ենթադրել, թէ այդ շրջանակներուն մէջ կը գտնուի Պտղոմէոս (Ptolmis) փարաւոնին անունը, քանի որ յունական հատուածին մէջ ճիշդ հինգ անգամ յիշուած է այդ անունը: Continue reading “Եգիպտականք — Բ —”
ՊԱՏԱՆԵԿՈՒԹԵԱՆ «ՀԱՄԵՄԱՏԱԲԱՐ ԵՐՋԱՆԻԿ» ՉՈՐՍ ՏԱՐԻՆԵՐԻ ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐԸ
Մ. Մ. ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ
Եթէ միայն անոնք լեռ չելլէի՜ն…
Օ՜, միամտութիւնը մեր ժողովուրդին, որ հաւատաց ամեն
բանի եւ չկրցաւ չափել ահաւորութիւնը դիւային ծրագրին…
Արամ Հայկազ, «Չորս տարի Քիւրտիստանի լեռներուն մէջ» (էջ 11)
Ծանօթ խմբագրութեան — Օրերս Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ Արամ Հայկազի «Չորս տարի Քիւրտիստանի լեռներուն մէջ» հատորը, խմբագրութեամբ Մարգարիտ Խաչատրեանի, որ Հայկազի գրքի այս երկրորդ հրատարակութեան կցած է ընդարձակ եւ ուշագրաւ վերջաբան մը։ Ստորեւ, ընթերցողին կը ներկայացնենք անոր առաջին մասը։ Continue reading “ՊԱՏԱՆԵԿՈՒԹԵԱՆ «ՀԱՄԵՄԱՏԱԲԱՐ ԵՐՋԱՆԻԿ» ՉՈՐՍ ՏԱՐԻՆԵՐԻ ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐԸ”
Զրոյց՝ դրախտային ծննդավայրիս հետ
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Զարմանալի է կեանքը: Արդէն տասը եւ աւելի տարիներ անցած են՝ քեզի հետ իմ վերջին հանդիպումէս: Անհաւատալի: Ի՜նչ արագավազ է եղեր մեր ապրած այս դարը: Ու ամենօրեայ մտահոգութիւններուս մէջ տակաւին քիչ առաջ էր, երբ կրկին անգամ յիշեցի մեր միասին անցուցած օրերը:
Հիմա, որ մօտս չես, ժամերս սկսած են երազին ալիքներուն մէջ ման գալ, Continue reading “Զրոյց՝ դրախտային ծննդավայրիս հետ”
