ՏԱՐԵԴԱՐՁ

ՎԱՀԷ ՕՇԱԿԱՆ

Տարեդարձ է այսօր, հէ՛յ Պարոն Վրէժ,
Տէր Զօր ծնար, անյիշատակ վայրերու մէջ հասակ առիր
քիչ մը դրամ, քանի մը բառ արաբերէն
երգ մը հայերէն, տարին մէկ հեղ պարահանդէս,
Հայաստանի պզտիկ կարօտ մը, որ կը մաշի
եւ օթոյի պզտիկ երազ մը, որ կը մեծնայ:
Նախ մարդիկը խաբեցիր, յետոյ դուն քեզ խաբեցիր
կին մը առիր, որ սիրեցիր լահմ աճինէն ալ աւելի
տղաքդ ծնան քեզմէ գաղտնի, հոս հոն մեծցան
շուկան մեռաւ ծնաւ նորէն մեռաւ
բայց Պոլոնիան անմահ մնաց Հայութեան հետ.
հիմա հասեր ես հոս, Ապրիլ քսանչորս։

Ի՞նչ պիտի ընես այսօր, տարեդարձիդ, Պարոն Վրէժ…։
Տիկին Ազնիւ կը քնանայ տակաւին
Մարին լաւ որ օտար դպրոց ղրկեր ես, գէթ մէկ օրուայ դրամը փրկեցիր,
տղաքդ աստուած գիտէ որտեղերը կը թափառին
բարեկամներդ բոլորն ալ խանութները գոցեր են —
Պարոն Սեդրակ ձուկի շուկան Սուլթան Իպրահիմ կը սակարկէ,
Յակոբ մակոբ նստեր տեղ մը պլօթ կը դարձնեն,
հարիւրներով Անգարայի ռատիոն բացեր մտիկ կ՚ընեն,
ուրիշները երեկուայ թերթին մահազդները կը կարդան
բիճամայով սենեակներէն աննպատակ կը սլքտան
այսօրուայ չշահուելիք դրամը կը հաշուեն ու կը հաշուեն
կը յօրանջեն, կը պրկուին, կը հայհոյեն …
տասնեակ մըն ալ եկեղեցին ժամէ ի վեր ոտք կը փոխեն
ու կ՚օրօրուին ու կը թմրին գրաբարի ու քարոզի հաշիշին մէջ,
ծնողներու պալիաներէն կտոր կտոր երիտասարդներ կարկտեր են
ու լեցուցեր ժամուն բակը, ակումբները՝
որ մանկութեան հերոսները առանց պուպրիկի չմնան։

Տարեդարձդ, Պարոն Վրէժ, ա՜լ չի գար …։
Կուզը տնկած, սրտաճմլիկ վարժապետի կարաւաններ
խման լալկան պէքեարները գրոց բրոց
անուշահոտ, գիրցող-ժպիտ, Ամերիկա երազող վարդապետ
քացխած խօսքի հում-հում աղիք վզին փաթթած ճառախօս
խամաճիկի շուկայէն աժան գնուած խմբագիր
պատանութեան կեղեւին մէջ ապաստանած բանաստեղծ—
այս մարդիկը զայն խեղդեցին կամաց կամաց,
ինչ որ մնաց ջարդերէն այս մարդիկը մաքրեցին
կաթիլ կաթիլ քու արիւնը ծծելով որ ապրին։
Կ՚արժէ՞ պատժել այս մարդիկը, Պարոն Վրէժ
որոնց ետին մինչեւ այսօր պահուըտեցար։
Բայց հիմա ես քեզ կ՚ըսեմ
փախուստ չկայ այլեւս,
ի՞նչ նստեր ես միս մինակ խանութիդ մէջ
դուռը կղպեր մութին կու լաս…
քառսուն կաշի հոգեհանգիստ տօնավաճառ ու սգատօն
քառսուն կաշի կուսակցական ակռան փտտած զոքանչ պապա բրոբականտ
քառսուն կաշի գիրուկ ճաղատ բորբոս «հայ հոգի»
քառսուն կաշի ամբոխային ատելութիւն, գիջացնող խանդավառում
քառսուն լէշը բռնաբարուած կոյս հաւատքին, հողի սէրին ու Հայ դատին…
ու քեզ տակը դրեր են մոմիայի պէս
քառսուն կաշի զմռսուած առ յաւիտեան…։
Ամօթ է ծօ՜, ալ կը բաւէ. դուրս նետուէ
դու՜րս.
սա՜նկ շպրտէ վրադ դիզուած դիակները
նա՜նկ շպրտէ ծերանոցի սովալլուկ պահակները,
բաղնիք մը առ, փողոցն ինկիր քու դարուդ,
աճապարէ՜
մարդկութիւնը հարիւր տարուայ աւանս ունի քու վրադ,
երեխայ չես, ալ մի՜ սպասեր տարեդարձիդ։
Թուրքը թուրք չէ, Հայը հայ չէ
մարդ ըսուածը օտար է,
դո՜ւն կաս միայն
պատրանքներու անհպելի հայելիին մէջ բանտուած
մարդկութեան հետ։
Ահարկու է մարդ ըլլալը ու հոյակապ նոյն ատեն
որ ռումբ մըն է որ կը պայթի անդադար
պիտի մեռնիս պիտի ծնիս նորէն մեռնիս նորէն ծնիս
ու շարունակես մինչեւ ծայրը
առանց յոյսի ու միւռոնի,
ու փորձելով փշրել հայելին, հասնիլ կեանքին…։

Փախուստ չկայ այլեւս, Պարոն Վրէժ —
կամ՝
դուրս կ՚ելլես քու անցեալի խանութէդ
ու կը փնտռես նոր անօթի չոր ու դաժան աչքերով
թաւալգլոր խուժաններու եղբայրութեան պատահական րոպէին մէջ
ի՜նչ ըսել է մարդ ըլլալը
ի՜նչ ըսել է հայ ըլլալը,
կա՜մ
եղած տեղդ կը մնա՜ս
ու կը նեխիս միս մինակդ անշշուկ
դէպի անցեալ ու ապագայ տարածուելով,
քոլոնիայի, սիկարէթի ու քէպապի բոյրին մէջ։
Տարեդարձդ, Պարոն Վրէժ, ալ պիտի չգայ։

«ԽՈՒՃԱՊ»

Նիւ Եորք, 1983

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *