ԱՆՈՅՇ ԱԿՆԵՐԵԱՆ
ՆԱԽԱԲԱՆԸ
Վահէ Օշականի «Գրական հռչակագիր»ը(1) կը ներկայացնէ իր գրական հանգանակը։ Կ՚ամփոփէ տարիներ շարունակ Օշականի արտայայտած մտքերը հայ մտածողութեան, հայերէն գրական լեզուի եւ նոր գրականութեան մը կարելիութեան, արեւմտահայերէնի գոյավիճակին, հայ սփիւռքեան իրականութեան եւ ինքնութեան մասին, որոնք իր մտաւորական վաստակի կորիզը կազմած են։ Հետեւաբար, իր իսկ գրածները եւ խօսածերը մօտէն դիտարկելու, հասկնալու եւ կամ վերյիշելու համար կարեւոր է ծանօթանալ այս հանգանակին, որ դժբախտաբար օրին լայն անդրադարձ չունեցաւ սփիւռքի գրական շրջանակներուն մէջ։
«Գրական հռչակագիր»ը պարզապէս այս հարցերուն նկատմամբ կեցուածք մը կամ մօտեցում մը ըլլալէ անդին կ՚երթայ եւ որոշ թելադրութիւններ կ՚ընէ հայ միտքն ու գրական արուեստը 21-րդ դար բերելու։
Քանի մը բառով՝ «Գրական հռչակագիր»ը կոչ մըն է գրական լեզուն թարմացնելու, հայ միտքը ազատագրելու անցեալի կապանքներէն, աշխարհին բացուելու եւ գրական արուեստը 21-րդ դար բերելու։ Իսկ բացատրելու համար թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս ներկայ ոչ բաղձալի վիճակին հասանք, Օշական նախ կարճ պատմականով մը վերլուծումներ կ՚ընէ հայ մտածողութեան զարգացման մասին, սկսած 18-րդ դարէն մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբները։
ՊԱՏՄԱԿԱՆԸ
Անդրադառնալով 19-րդ դարու արեւմտահայութեան եւ արեւալահայութեան գրական փորձառութեան, Օշական կը գրէ. «…երկուքն ալ չէին կրցած դեռ օտար ազդեցութիւններէն ազատագրուիլ — Արեւմտահայերը Ֆրանսականէն՝ իսկ Արեւելահայերը Ռուսականէն։ Յետոյ, ո՛չ ազգային իւրոյն գրականութեան յղացքը, ո՛չ գրական ընտրանիի եւ ոչ ալ ամբողջական գրագէտի կոչումին գիտակցութիւնը գոյութիւն ունէր հայոց մօտ» (գլխագիրները Օշականինն են)։ Եկեղեցին եւ ժողովուրդը «բարոյական բարձրագոյն հեղինակութեան» խորհրդանիշներն էին, հակառակ որ միաժամանակ կը զարգանային նաեւ ընկերվար եւ աշխարհական գաղափարաբութեամբ քաղաքական կուսակցութիւններ։ Իսկ քչաթիւ վանականներու մօտ կարճ կեանք մը ապրեցան գրական դասականութիւնը, վիպապաշտութիւնը եւ իրապաշտութիւնը, առանց աշխարհիկ դասակարգին մէջ գրական զարգացում ունենալու։ «Միակ բացատրութիւնը այս վիճակին՝ թրքահայ զանգուածներու տգիտութիւնը եւ ֆիզիքական ու բարոյական ահաւոր տանջանքն էր Օսմանեան բռնապետութեան տակ», կը գրէ Օշական։ Մինչ արեւելահայեր լծուած էին սերունդներու դաստիարակութեան եւ ««ժողովուրդ» միսթիքին ծառայութեան», Մխիթարեան միաբանութիւնը զարկ կու տար պատմութեան եւ լեզուագիտութեան բնագաւառներուն։
Եւ այսպէս, մինչեւ Եղեռն, հայ զարթօնքի ամենէն ցայտուն արգասիքը եղաւ աշխարհաբար եւ գրական լեզուն, որ սակայն «չկրցաւ բաւարար չափով հայ ազգին իմացականութեան ազատագրումին ծառայել»։ Եւ հակառակ որ 20-րդ դարու սկիզբին կարելի եղած էր որոշ զարգացում արձանագրել գրականութեան մէջ, այլ կալուածներու մէջ հայ միտքը ետ կը մնար, օրինակ՝ քննադատութեան, իմաստասիրութեան, պատմագրութեան, եւ գիտութեան մէջ։ Այս էր պատճառը, որ թէ՛ Սփիւռքը եւ թէ՛ Հայաստանը «ցեղակեդրոն, կիսակազմ, պահպանողական ու խորապէս զգացական մշակոյթ մը կը ժառանգէին», կը գրէ Օշական։ Իսկ հայ միտքը «կը մնար արգելափակեալ, շատ հաւանաբար Օսմանեան վարչակարգի բարոյական բռնութեանց ու սպանդներու ցաւէն կորսնցուցած իր ինքնավստահութիւնը եւ նաեւ իբր հետեւանք հայերէն լեզուին միակողմանի, այսինքն դէպի չափազանցեալ զգացականութիւն աճումին»։
Օշական կը նշէ 20-րդ դարու երկրորդ կէսէն անդին պատահած շարք մը գրական ջանքեր (Նոր էջ, Սան, Անդաստան, Ահեկան, Երիտասարդ Հայ, Կամ) «Սփիւռքի գրական երակը թարմացնելու, արդիականացնելու ու նոր աւիշ ներարկելու անոր», որոնց ազդեցութիւնը սակայն իր դատումով թեթեւ եւ կարճատեւ եղած է։ Այս կէտէն անդին Օշական կը դառնայ ժամանակակից գրական մթնոլորտին։ Կու տայ հետեւեալ բնորոշումը մերօրեայ մտաւորականութեան (հակառակ որ հռչակագիրը գրուած է 1990-ին, հաւանաբար շատ բան փոխուած պիտի չտեսնէր այսօր).
Այսօր մեր գրագէտներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կծկուած է գրական-գեղարուեստական աւանդական, ապահով ճաշակի շուքին՝ որովհետեւ կամ տեղեակ չէ արդի աշխարհի գրական մակարդակին ու կարելիութիւններուն՝ եւ կամ ալ կը նախընտրէ նուազագոյն ճիգով վստահելի զանգուած մը գոհացնել։ Առաւել, հայ մտաւորականութիւնը երկուքի բաժնուած է Սփիւռքի տարածքին—բուռ մը արդիական ու գերարդիական գրողներ եւ արուեստագէտներ մէկ կողմէն՝ ու միւս կողմէն՝ չափազանց պահպանողական մտաւորականներ։… [Մ]իջին մտաւորականութիւնը իր ժամանակէն առ նուազն կէս դար ետ մնացած է (էջ 8)։
Հետեւաբար, աշխարհին հասնելու համար՝ անհրաժեշտ է ազատագրել հայ միտքը, որուն իսկ կը միտի Օշականի «Հռչակագիրը»։
ՀՌՉԱԿԱԳԻՐԸ
Հռչակագիրը նախ կը յստակացնէ այն նպատակները որոնք պէտք է հետապնդուին, եւ ապա այն հրամայականները որոնցմով կարելի է իրականացնել այդ նպատակները։
Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ տիրող խառնակ կացութիւնը մեզ կը մղէ զօրակոչի ենթարկել մեր մտաւորական ուժերը, յայտարարել մեր սկզբունքները եւ փորձել արդիական գրականութիւն մը զարգացնել եւ նաեւ նոր թափով օգնել հայ ազգին։ Բայց մեր գլխաւոր մտադրութիւնը է եւ կը մնայ հայ իմացականութիւնը կենդանի, բարձրորակ եւ անկորնչելի վիճակի մը հասցնել։
Այս նպատակներուն իրականացման համար երկու սկզբնական հրամայականներ կան.
— Ազատագրումը հայ մտքին
— Արուեստի նոր հանգանակի մը ստեղծումը (էջ 8-9)
Հռչակագրի մնացեալ էջերը այս երկու հրամայականներու լուսաբանութեան նուիրուած են։
Հայ մտքի ազատագրումէն կախեալ են միւս բոլոր անհրաժեշտ քայլերը։ Օշականին համար ազգապահպանումի «շուկայիկ» գաղափարաբանութիւնը անցեալի հայ ինքնութիւնն ու ազգային մշակոյթը ինչպէս որ էր այդպէս պահելու եւ գոյատեւելու իր համոզումով՝ կալանաւորած է հայ միտքը։ Շուկայիկ է, որովհետեւ մտաւորական ազատ մտքի արգասիքը չէ ազգապահպանումի այդ տարբերակը, այլ՝ «խնայողութեան բնազդը մինչեւ ուղն ու ծուծը թափանցած վաճառական դասակարգի reflex է», ունեցածը չկորսնցնելու վախով անցեալին կառչած մտայնութիւնն է, եւ ոչ թէ ինքնավստահ կերպով ունեցածին վրայ նորարարութիւններ աւելցնելու մտադրութիւն։ Հայ մտքին շուրջն ալ «ապահովութեան բերդեր» բարձրացուցած են զայն ազգային նեղ շրջանակին մէջ պահելու եւ արտաքին աշխարհի «ապականութենէն եւ վտանգներէն» զերծ պահելու համար։ Մինչդեռ այսպիսով հայ միտքը հեռու կը մնայ նաեւ դուրսի աշխարհի «նորոգիչ, թարմացուցիչ ու զարգացուցիչ ազդեցութիւններ[էն]» (էջ 9)։ Ազգային ինքնութեան կորուստի վախը, ուրեմն, կը կաշկանդէ հայ մտքին ճախրանքը եւ հետեւաբար՝ հայ միտքը կը կորսնցնէ իր կենսունակութիւնը։
Հայ մտքի ազատագրման առաջին «խոչընդոտը»՝ ««Հայ Հոգիի» վարկածն է որ … այլեւս անբովանդակ յղացք մըն է», սակայն տակաւին շատերու համար իմաստալից է։ Այս վարկածը կը սահմանափակէ հայ տիպարներու՝ մանաւանդ կին տիպարին՝ ճշմարիտ դրսեւորումը գրականութեան մէջ (էջ 10)։
Այլ խոչընդոտներ են «հայկական նախախնամութիւն» յղացքը եւ «բացառիկ ցեղ» ըլլալու համոզումը։ Առաջինը մեր նախահայրերուն հանդէպ ստեղծուած զգացականութիւնն է, որ «կը պղտորէ մեր մտածողութիւնը», իսկ երկրորդը ուժի տիպար ձեւանալով հանդերձ՝ «տկարութեան աղբիւր է» (էջ 10)։ Քիչեր կը հակադրուին այս բոլորին, մինչ երկչոտ մտաւորականութիւնը կ՚ենթարկուի անոնց։
Այլ խոչընդոտ է նաեւ հայ կնոջ վերապահուած ցածրորակ տիպարը, որ կը ստորագնահատէ հայ կնոջ իմացական կարողականութիւնը, իսկ անոր սեռային կեանքը կը մնայ գոց՝ մաքուր կնոջ տիպարի վարկածը պահպանելու համար։ «Արդի պահպանողական ընկերութեան մէջ, հայ կնոջ մտային եւ սեռային կարողականութեան ազատ արտայայտութիւնը շատ դժուար կ՚իրականանայ», կը գրէ Օշական (էջ 10)։ Եւ հետաքրքրական զուգորդումով մը՝ նոյնատիպ մտայնութեան կը վերագրէ նաեւ հայերէն լեզուին առջեւ բարձրացող խոչընդոտը։ Կը գրէ՝ թէ «հեռու մնալով կեանքի առօրեայ ու կոշտ իրականութենէն՝ լեզուն կը սառի իր հանդիսաւորութեան, «առաքինի եւ մաքուր» կաղապարին մէջ ու մաս չի կազմեր հայութեան բնական ապրումներուն…» — այս նախադասութեան շարունակութիւնը քիչ ետք, սակայն հոս նշեմ հետաքրքրական կէտ մը։ Օշականի դիտարկումը թէ հայ կնոջ ճշմարիտ կերպարին եւ հայ լեզուի ազատ արտայայատութեան դիմաց ծառացող խոչընդոտները նոյն աղբիւրէն կը բխին — այսինքն՝ երկուքն ալ մաքուր եւ առաքինի պահելու մտահոգութենէն — հայ կնոջ եւ հայ լեզուին նոյն ձեւով մօտենալու հայ մարդուն հակումը կը բացայայտէ։ Եւ քիչ մը վարը, նոյն պարբերութեան վերջաւորութեան՝ Օշական աւելի ուղղակիօրէն կը նոյնացնէ հայ կնոջ եւ հայ լեզուին ճակատագիրը։ Վերի նախադասութեան շարունակութեան մէջ ըսելէ ետք, թէ «մասնաբարբառի (slang), նորաբանութիւններու, գռեհկաբանութիւններու, սղուած բառերու» դուրս մնալը գրական լեզուէն, հակառակ որ անոնք հայուն առօրեայ կեանքին մաս կը կազմեն, լեզուին եւ հայուն միջեւ պարապութիւն մը կը ստեղծեն, զոր հայ մարդը կը լեցնէ օտար լեզուով, օտար կենցաղով եւ նոյնիսկ օտար կինով, Օշական կ՚ընէ հետեւեալ համադրումը. «Այդ է պատճառներէն մէկը լեզուին կորսուելուն, որ տուն-մնաց աղջկայ մը նման՝ զոհը կը դառնայ իր առաքինութեանց»։ Պահպանողական մտածողութեան իմաստով նոյնացումը հայ կնոջ եւ հայ լեզուին այսպիսով կ՚ամբողջացուի Օշականին համար։
Անցնելով հայ մտքի ազատագրման իր թեմային, Օշական վերջ կ՚ուզէ տալ այն իրավիճակին, ուր հայ միտքն ու արուեստը կը ստորադասուին գոյապայքարի հրամայականին, ծառայելով հայ մշակոյթի գաղափարաբանութեան եւ հին արժէքներու, երազներու, կարօտներու վերարտադրման։ Օշական կը հռչակէ. հիմա որ պետականութիւն ունինք, որուն վարչակազմին «պաշտօնն է ազգ ու մշակոյթ յաւերժացնել», հիմա հայ միտքը պէտք է զբաղի նորարարութեամբ, հինին վրայ յաւելումներ արձանագրելով, այսինքն՝ իսկական ստեղծագործութեամբ, որ իր բուն առաքելութիւնն է։ Եւ ասոր համար նախ հայ միտքը պէտք է ազատագրուի հայ գրագէտին ազատագրումով։
Արուեստի հանգանակ մը անհրաժեշտ է ազատագրումը իրականացնելու համար։ Եւ հետեւեալ կերպ կը հիմնաւորէ զայն.
… թարախոտ վէրք մը կը կոտտայ Սփիւռքի գրականութեան մարմնին մէջ … ուղիղ հետեւանք՝ 1915ի եղեռնին։ … Այդ ախտին անունն է համատարած կեղծիք, կամ՝ անվաւերականութիւն։ Երեւոյթները փրկելը եւ փոխադարձ քծնանքը դարձած են ազգային ընդունուած վարմունքներ։ Դժբախտաբար մտաւորականերն ալ մեծ մասով վարակուած են այս հիւանդութեամբ ու կը գործակցին անոր յաւերժացման։ Արուեստը կը մնայ լաւագոյն դեղը, որովհետեւ հաւանաբար ան է միակ ու վստահելի հայելին ուր մարդիկ կրնան իրենց բուն ինքնութիւնը ճանչնալ, անոր շնորհիւ է որ աշխարհի իրականութեան կը մօտենան ու կը գիտակցին կեանքի ճշմարտութեան (էջ 13, ընդգծումը՝ Ա.Ա.)։
Ըստ իս, այս վերջին նախադասութիւնը կը պարփակէ Օշականի համոզումը եւ գլխաւոր դրդապատճառը իր գրական հռչակագիրը ստեղծելու։ Օշականի համար արուեստը կը ներկայանայ որպէս հայ ազատ մտածողութեան եւ ստեղծագործութեան փրկութեան լաստը։ (Յիշենք, որ Օշական շրջան մը անգլերէն լեզուով հրատարակեց RAFT (լաստ) անունով գրական-գրաքննադատական պարբերաթերթը)։
ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐԸ
Հոս Օշական կը թուէ շարք մը տարրական ընկալումներ, որպէս հիմք գրական հռչակագրին։ Պիտի բաւարարուիմ քանի մը հատը միասին տալով (էջ 14-15)։
— Առաջին հերթին՝ «Գրական նոր ոճը անողորմ ու ճաշակաւոր առարկայականութիւն մը պիտի կիրարկէ՝ ներկայացնելով հայկական եւ մարդկային իրականութիւնը իր ամբողջ ցնցիչ իրաւութեան մէջ, ալ մերկացած զգացական, հռետորական շպարներէ…»։ Ասոր պիտի յաջորդէ երկրորդ փուլը՝ ուր արուեստագէտը ազատօրէն ստեղծագործած ըլլալու ապրումը պիտի վայելէ։ Երրորդ փուլին՝ արուեստագէտին գործի որակը զգալիօրէն ազնուացած պիտի ըլլայ։ Իսկ վերջին փուլը՝ «հայ մտածողութեան […] ազատագրումը եւ արդիականացումն է», որ «ապակեդրոն ընթացք մը պիտի ունենայ, իւրաքանչիւր գաղութի մտաւորականները իրենց երկրի մշակոյթին հետ քայլ պահելով»։ Բայց պիտի ըլլայ միաժամանակ թէ՛ ազգային եւ թէ՛ արդիական։
— Այս նոր արուեստը «ոչ ոքի պիտի ծառայէ, ո՛չ ժողովուրդին ոչ ալ արուեստագէտի անձնական նախասիրութեանց՝ այլ միայն ճշմարտութեան»։
Հոս երկու հարց կը ծագի ինծի համար։ Նախ՝ հակասութիւն մը կը գտնեմ քանի մը պարբերութիւն ետք ըսուածին հետ, ուր կը կարդանք թէ «Արուեստը յանձնառութեան արարք մըն է — հանդէպ մարդկութեան ապագային, հանդէպ հայ ժողովուրդին (ընդգծումը՝ Ա.Ա.) բարօրութեան ու կենսունակ մշակոյթին, եւ հանդէպ արուեստի անկախութեան եւ որակին»։ Կարելի է պնդել, որ «ծառայութիւն» եւ «յանձնառութիւն» տարբեր բաներ են, բայց իսկութեան մէջ շատ ալ տարբեր չեն։ Եւ յետոյ՝ ճշմարտութեան ծառայելու համար պէտք է գիտնալ ճշմարտութիւնը, որ յարաբերական է եւ կախեալ՝ արուեստագէտի անձնական նախասիրութիւններէն փխած աղբիւրներէն եւ ըստ այդ ընկալուած իրականութենէն։ Իսկ Օշական կարծես անաձնական եւ գլխագիր Ճշմարտութիւն կ՚ակնկալէ արուեստագէտէն։
Շարունակելով հայ մտքի եւ արուեստի ազատագրումի հիմնական սկզբունքները՝
— Հայ մտաւորականը պէտք է «հաշտութեան եզրեր» գտնէ հայագիր արուեստին եւ օտար լեզուով մշակուած հայ արուեստին միջեւ։ Օշականի համոզումով «Հայ գրականութեան կը պատկանի ամեն երկ՝ որու հեղինակը ինքզինքը հայ կը համարէ»։
— Հայ միտքը պէտք է ունենայ քննական եւ քննադատական մօտեցում։ Ընդունակ ըլլայ թէ՛ լաւ եւ թէ՛ գէշ ազդեցութիւններու եւ արկածախնդրութիւններու։
Այս վերջին կէտը եւս կ՚ուզեմ քննարկումի ենթարկել։ Հարցը այն է, որ մինչեւ հայ գրողին կամ արուեստագէտին «ազդուիլը» աշխարհի գրական կամ արուեստի շարժումներէն՝ արդէն ուշացում կ՚արձանագրէ (եւ ունինք գրողներ, որոնք գրական շարժման մը մարելէն ետք որդեգրած են այդ շարժման սկզբունքները)։ Շարժումը ինք արդէն որոշ ժամանակ կը պահանջէ որ կազմաւորուի հիմնադիրներուն կողմէ, եւ յետոյ կը սկսի հասկցուիլ եւ գործադրուիլ ուրիշներու կողմէ, մինչեւ որ վերջին տեղ հոսանք դառնայ եւ որոշ տարածում ստանայ։ Եթէ հայ գրողը առնուազն երկրորդ փուլին (եթէ ոչ առաջինին) չմտնէ շարժման մէջ՝ անկէ ետք արդէն ուշացած հետեւորդ կը դառնայ եւ ոչ՝ մասնակից։ Այլապէս հայ գրողը կը նմանի երկու շաբաթ ուշ հասած հայերէն լուրին, որուն մասին արդէն լսած էիր օտար աղբիւրէ։ Նախընտրելի պիտի ըլլար անշուշտ որ հայ մտաւորականութիւնը օր մը համարձակէր նախայարձակ ըլլալ եւ նորարարութիւն մը կամ շարժում մը սկսէր, որ հետաքրքրէր օտար գրողներ եւ տարածուէր։
— Հայ նոր մտաւորականը բացի ճշմարտութենէն պէտք չէ պաշտամունք ունենայ որեւէ բանի նկատմամբ — ցեղ, մշակոյթ, հերոսներ, հող, հայրենիք, եւ անցեալ՝ ազատ խօսքի նիւթեր են։ Ինչպէս եւ գրական լեզուն, որուն մաս կը կազմէ «ամեն բառ եւ ասոյթ որ մաս կը կազմէ հայ ժողովուրդի լեզուական հարստութեան…»։
— Հայ գրագէտը պէտք է զբաղի «Մեծ Եղեռնի իմաստ[ի], արեւմտահայ լեզուին եւ մշակոյթին պահպանում[ի] եւ Սփիւռքեան ինքնութեան հարց»երու յաղթահարուով։
— «Սփիւռքը բնական եւ առողջ երեւոյթ է… եւ ոգեկան հայրենիքն է հայութեան մէկ կարեւոր մասին»։ Իսկ հայ մտաւորականը «երեք տեսակ հաւատարմութիւն կը զգայ իր մէջ — հայրենիքին, Սփիւռքին եւ երկրին՝ որուն հպատակն է»։
— Եւ վերջին տեղ՝ «Մէկ ժողովուրդ, մէկ հայրենիք եւ մէկ մշակոյթ՝ կը մնայ իտէալը հայ մտաւորականին» իր արուեստի ձգտումներուն կողքին։
Արդեօ՞ք կարելի է այս վերջին երկու սկզբունքները համատեղել։ Հաւանաբար, եթէ որոշենք, որ երկրի մը (Սփիւռքն ալ երկիր է ըստ Օշականի) հանդէպ հաւատարմութեան զցագումը եւ հայրենիքի զցագումը չեն տարբերին իրարմէ։
Հայ մտքի ազատագրումով ի յայտ գալիք նոր մտաւորականութիւնը հաւանաբար այս սկզբունքները իբրեւ հիմունք գործածէ եւ իր նոր գրական հռչակագիրը ստեղծէ։
Մոնթրէալ
1) Վահէ Օշական, Կայաններ,1990, էջ 5-16։