Թարմ ծաղիկներ

Ալեակ Լատոյեան

Ըստ քեզի, ի՞նչն է, որ օտար վայր մը կը դարձնէ տուն։ Ընտանի՞ք, բարեկա՞մ, գո՞րծ, ﬕջավա՞յր թէ գաղո՞ւթ։
Լիբանանը ետիս ձգելով՝ ես եւ իմ սերնդակիցներէս շատեր, անցնող տարիներուն հաստատուեցանք աշխարհի չորս կողմը, տարբեր երկիրներու մէջ՝ արաբական աշխարհէն ﬕնչեւ Եւրոպա եւ Աﬔրիկաներ։ Եթէ այսօր ուզեմ մէկտեղել դպրոցական եւ ուսանողական տարիներու շրջանակս, պէտք է զանոնք հաւաքեմ գոնէ տասնհինգ տարբեր երկիրներէ…
Ի՜նչ բախտաւորութիւն է, ի՜նչ անտեսուած առաւելութիւն է շրջապատուած ﬓալ այն մարդոցմով, որոնք քու անձդ կերտած են, ուռճացուցած են հոգիդ ու ﬕտքդ, եւ որոնց հետ բաժնած ես քաղցր յիշատակներ։
Մտածելով այս մասին՝ հասկցայ, թէ աﬔնակարեւոր բանը, զոր մարդ կը փնտռէ օտարութեան մէջ, հարազատութիւնն է, իրեն համար հարազատ ﬕջավայրը։ Ծանօթ դէմքեր, մտերիմ անձեր, բայց նաեւ հարազատ փողոցներ, շէնքեր, խանութներ եւ կառոյցներ, որոնք քեզ գրկած են տարիներ շարունակ։ Այսօր ամեն մարդ կը փորձէ ստեղծել իր նոր առօրեան, նոր հարազատութիւն, նոր մտերմութիւններ, նոր կապեր, օտար փողոցներու եւ նոր կառոյցներու մէջ։
Քսանչորս ապրիլին, իմ ամենօրեայ գործ-տուն ճամբուս վրայ յանկարծ տեսայ բազմութիւն մը՝ հաւաքուած տանս մօտակայ պարտէզին մէկ անկիւնը։ Աւելի ուշ հասկցայ, թէ այնտեղ կը գտնուի Հայոց Ցեղասպանութեան մէկուկէս ﬕլիոն զոհուած հայերուն նուիրուած յուշարձանը։ Ահա ինծի համար նոր ուղեցոյց մը՝ հայկական յուշակոթող մը, որ ինծի կը պարգեւէր պատկանելիութեան զգացում ու նոր ﬔկնակէտ մը՝ Գանատայի խառն ու հսկայ տարածքին մէջ։ Ահա սահմանաքար մը, որ ես կը տեսնեմ ամեն օր, ու զիս կը կապէ իմ անցեալիս։
Յաջորդող օրերուն, իմ նոր ուղեցոյցս, որ ամեն առաւօտ եւ երեկոյ առանց բացառութեան կը գրաւէր ե՛ւ իմ ուշադրութիւնս, ե՛ւ իմ ﬕտքս, օժտուած էր երկու հսկայ ծաղկեպսակներով։ Սակայն օրէ օր, չդիմանալով Գանատայի խիստ կլիմային ու ցուրտ օդին, այդ թարմ ծաղիկները կորսնցուցին իրենց հմայքը։ Կամաց-կամաց անոնց տերեւները ինկան գետին, ծաղիկները թառաﬔցան, խամրեցան, ու յայտնուեցաւ անոնց կլոր պատուանդանը։ Ծաղիկները թօշնեցան, բայց իմ հայեացքս ﬓաց նոյն տեղը։
Ամեն օր դիտեցի այդ ծաղկեպսակները՝ անդրադառնալով, թէ ինչպէ՛ս ոմանք զանոնք կը շտկեն, կը կոկեն, ուրիշներ կը հետաքրքրուին, թէ ինչո՛ւ այդտեղ ծաղիկներ զետեղուած են, իսկ շատեր ուշադրութիւն իսկ չեն դարձներ։
Բայց այդ յուշարձանը ինծի համար ստեղծեց հարազատ անկիւն մը, հաճելի ներկայութիւն մը` ﬔր պատմութեան մութ էջերուն նուիրուած ըլլալով հանդերձ։
Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած ըլլալով՝ այդ յուշարձանը հպարտօրէն կանգնած է ու մաս կը կազմէ իմ եւ շատ մը ուրիշ հայորդիներու առօրեային՝ իր պարտաւորեցնող ներկայութեամբ՝ յիշեցնելով, թէ Գանատայի պէս հսկայ երկրի մը մէջ, ուր ապազգայնացման դէմ պայքարը տիրական է բոլոր ազգերուն մօտ, տարեցէն ﬕնչեւ երիտասարդը, ﬔնք ունինք ﬔր ինքնութիւնը ներկայացնող յուշարձան մը։
Ճեմարանական տարիներուս, ուսուցչուհիներէս մէկը օր մը ﬔզ զգաստացուց՝ մատնանշելով, թէ ﬔնք, իբրեւ լիբանանահայ պատանիներ եւ երիտասարդներ, որքան բախտաւոր ենք։ Ան բացատրեց, թէ ինչքա՛ն դիւրին է ﬔզի համար՝ իբրեւ Լիբանանի քաղաքացի, որպէս հայ ﬔծնալ, ունենալով ազգային պատկանելիութիւն եւ կապուածութիւն, ըլլայ հայ եկեղեցւոյ, հայ դպրոցներու, հայ ակումբներու կամ հայ մշակութային կեդրոններու ﬕջոցաւ։ Ան նշեց նաեւ, թէ ﬔզի համար աւելի դիւրին եւ անﬕջական է այցելել Հայաստան եւ ֆիզիքապէս ու հոգեպէս մօտիկ զգալ հայրենիքին, պարզապէս որովհետեւ աշխարհագրական դիրքով աւելի մօտիկ ենք անոր։
Օրին ﬔնք էապէս չհասկցանք իր տուած այս բացատրութիւններն ու անոնց խոր իմաստը։ Բայց այժմ հաստատուելով հեռաւոր Գանատայի մէկ անկիւնը, մորթիս վրայ կը զգամ, թէ որքա՛ն դժուար եւ յաւիտենական պայքար է պահել ﬔր կառոյցները, ﬔր արժէքներն ու աւանդութիւնները հսկայ երկիրներու մէջ, ուր հազարաւոր այլ փոքր ազգեր եւս կը փորձեն պահել իրենց ինքնութիւնը։ Այսօր, արեւմտայնացած ﬕտքերու ու բարքերու ճնշումով, կը ստեղծուի նոր իրավիճակ մը, որ ինքզինք կը պարտադրէ, կուլ տալով ազգային արժէքները։
Այսպէս, այդ երկու ծաղկեպսակները, որոնք շաբաթներ շարունակ ﬓացին այդ յուշարձանին տակ, զիս զգաստացուցին ոչ ﬕայն իրենց յարգանքի տուրքի խորհուրդով, այլ նաեւ ինծի պարգեւելով պատկանելիութեան ոգի, հարազատ ապահով անկիւն մը, որ պիտի խաղաղեցնէր իմ խառն ու ալեկոծ մտքերս։

Լաւալ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *