Եդուարդ Պոյաճեան
Սկիզբը՝ նախորդ թիւով
Երկրորդ պատերազմը կանխող գաղթականութիւնը աւրած էր սակայն շատ բան, խորտակած, տակն ու վրայ ըրած։ Գալուստին համար փոխուած էր մարդոց հոգին, հին արեւը չկար, կրակոտ տրամադրութիւններ չկային, կար դրամի սէր, անիրաւութիւն, բամբասանք։ Իջած էին մարդիկ բարձր բաներէ, հասած էին ցած տեղեր, ու կ՚ուզէին փախչիլ, հեռանալ եւ ցած տեղերու վրայ շահիլ, փայլիլ, հաւաքել ասկէ անկէ դրամ ու յարcանք, եւ ստանալ հողէն՝ անպայման փաթաթէս, որեւէ բերք մը եւ գիրութիւն։ Սկսած էր ժողովուրդէն մաս մը՝ ընել ճարպացնող առեւտուր, ըլլալ ճարպի աղա։ Մարդիկ որ շահեցան, չուզեցին զիջիլ ուրիշներուն մատ մը իսկ առաւելութիւն, որեւէ տեսակի բարձրութիւն։ Եղան պինդ, յամառ, ստախօս. եղան փոփոխամիտ, չճանչցուեցաւ շատերուն դէմքը. առտուան Պօղոսը՝ իրիկուան Կիրակոսին նմանեցաւ, այսօրուան Կարապետը վաղը Նահապետ մը եղաւ եւ յաջորդ օր անոր դէմքը դէմքն էր Սահակի մը, քիչ վերջ Սերոբի մը, քիչ վերջ Մարտիրոսի մը։ Մտածած էր:
— «Արդեօք Հալէ՞պ ալ այսպէս է, արդեօք Պէյրո՞ւթ ալ, արդեօք Բոլշեւիկ Հայաստանի մէ՞ջ ալ։ Արդեօք այդ տեղերո՞ւն մէջ ալ հայուն դէմքը չի գիտցուիր. արդեօք այդտեղե՞րն ալ առտուն Պօղոս կ՚ըլլան եւ իրիկունը Կիրակոս. ամեն տեղ հայը փոխուեցաւ, Զաւարեանին եւ անոր քաղցր ընկերներուն հայերէն չմնա՞ց. ո՞ւր է ա՛յն արիւնը, ո՞ւր՝ հիմակուա՛նը։ Արդեօք հայը հիմա ամեն տեղ շա՞հ է, դրա՞մ է, ցած տեղերու տնուո՞ր է. արդեօք ամենքը բամբասա՞նք են, ստախօսութի՞ւն եւ իրարու դէմ ո՞խ. կը խորհին միայն փաթաթէսի՞, որեւէ բերքի եւ գիրութեա՞ն մասին։ Ճա՜րպ պիտի լեցնեն իրենց փորին մէջ, աղիքին եւ հոգիին մէջ։ Հապա hայկական զէնքի պատմութի՞ւնը, հապա բա՜րձր ժայռերու վրայ եղած այն քաջ յեղափոխութի՞ւնը, հապա գաղափարի եւ զէնքի՛ հայը, հապա ապառաժներու եւ մութ գիշերուա՛յ հայը, հապա հայրենիք եւ արդարութի՛ւն փնտռող հայ տղամարդը. — ան բոլորովի՞ն մեռաւ։ Գիշերուայ մէջ արեւի՛ պէս փայլող հայեր պիտի չգա՞ն ալ։ Աշխարհը ազատ ընող հայե՜ր, ազատ ընող հայե՜ր, Քրիստո՜ս հայեր։ Ու ամեն տեղ, ու Հայաստանի մէջ։
Խուժած էր միտքը դէպի իրենց գաղթականութեան սկիզբի օրերը։
Չհանդուրժելով թուրքի լուծին, ըսած էր Գալուստ իր կնոջ՝ Գարուն պաճիին:
— Քալէ՛, կնի՛կ, թող հայը Հինդուչին սատկի, թուրքի հրամանին տակ չմնայ, չի՛ կեցուիր։
Գարուն պաճին դրած էր արտագաղթի այդ գիշերը իրենց հագուստները պողչայի մը մէջ, ու պողչան տարած: Ինք՝ Գալուստ, զետեղած էր ապա տան բոլոր կարեւոր գոյքերը սնտուկի մը մէջ, սնտուկը լաւ մը գամած եւ յաջորդ առաւօտ կանուխ, փոխադրած գիւղամէջ։ Չէին քնացած ոչ ինք եւ ոչ ալ կինը, որ տան չորս կողմը աւլել մաքրելէ ետք, զբաղեցաւ օտարութեան առաջին օրերուն համար պաշար պատրաստելու գործով։ Լեցուց քանի մը շիշ օղի, որ մնացեր էր այդ տարուան պաշարէն, դրաւ քարիւղի թիթեղին քով, դրաւ ծրարիկներու մէջ աղ ու պղպեղ, խաշեց քառասունը հինգ հաւկիթ, երկու խոշոր սան լեցնելու չափ փաթաթէս։ Այդ բոլորէն ետք պիտի եփէր դեռ քանի մը թոնիր հաց. օտարութիւն է, մտածեր էին, ի՛նչ կ՚ըլլայ, ի՛նչ չ՚ըլլար. երկու տղայ ունին, հարսներ, թոռնիկներ, աղջկան տունը կայ, ճամբան չունեւոր կ՚ըլլայ. ամեն մարդ քիչ մը ուրիշն ալ խորհելու է։
Չէին քնացած։
Գիւղին մէջ, բոլոր հայ գիւղերուն մէջ ո՞վ քնացած էր այդ գիշեր։ Կարելի՞ էր։
Ինք՝ Գալուստ, նստած էր այդ գիշեր կաղնիին տակ. խոշոր գիշեր մըն էր, նեղացնող, հոգի՛ հանող գիշեր մը։ Կարծես բոլոր աստղերը կարմրեր, ուռեր էին, պիտի լային. առտու չեղած՝ նոյնիսկ պիտի պայթէին։ Երկնքին վրայ, ամեն աստղ խոշոր վէրքի մը պէս էր, թարախոտած ու գէշ։ Սկսած էր Գալուստ օտար զգալ ինքզինք վաղնջական միջավայրին։ Ի՜նչ սոսկալի, անհասկնալի բան էր ատիկա. չըսուելիք անախորժութիւն մը կար օդին մէջ, սեւութիւն մը, անհամութիւն մը։ Ինկած էր միսերուն մէջ խորունկ քերուըտուք մը, հոգիին մէջ քերուըտուք մը. բորոտութիւն մը կար ամեն տեղ. տունը, կաղնին, Մուսա Լերան բոլոր աստղերը բորոտած էին. ոչ ոք եւ ոչ մէկ բան կ՚ուզէր մնալ. բոլորը երթալու, հեռանալու, այլեւս օտար ըլլալու քերուըտուքի մը բռնուած՝ կը դողային, սպասելով որ լուսնայ ու ելլեն ճամբայ։ Քաղցր գիւղը հայերուն՝ եղած էր լեղի, տխրութեամբ, լռութեամբ եւ կարծես մուխով լեցուն. ու մանաւանդ գիշերը մեծ էր, մեծ, հսկայ եւ տրտում գիշեր մը։ Հողը հիւանդ էր, պիտի մեռնէր քիչ ետք այդ սուրբ հողը, պիտի թաղուէր ինքն իր մէջ, ու ծառերը այրիացած ու սգաւոր՝ պիտի չորնային վաղն իրիկուն իսկ։ Իր նստած տեղէն, Գալուստ այդ գիշեր կ՚առնէր ընդարձակ աւերակի մը հոտը, հայոց փլած օճախներուն հոտը։ Կը տեսնէր ամեն տունի տեղ քանի մը պատի մնացորդ, դիզուած փոշի, ամառուան արեւին տակ իրար հալածող մողէսներ եւ աւերակի առատ խոտ։ Ասկէ ետք՝ այս լեռը այլեւս խաւար է, լռութիւն է, գերեզմաննոց է, ասկէ կ՚ելլէ բուի ձայն, չախալի ձայն. ա՜խ, մեռելները որ հոս պիտի ձգենք։
Լացաւ։
Կը յիշէ. —
Երկա՜ր լացաւ այն գիշեր։ Վարը, գիւղին մէջ, ճրագները վառուած մնացին մինչեւ առտու։ Շուները պարտէզները փախած կը կաղկանձէին, կը մլաւէին կատուները՝ չարացած եւ դժգոհ։ Ամեն տունէ սնտուկ գամելու ձայն կ՚ելլէր, կարծես դագաղ կը գամէին, կարծես ամեն տունէ ներս մեռել կար։ Մի՞թէ մէկը կրնար քնանալ։ «Օ՜, այնքա՜ն անոյշ էիր դուն, անո՛յշ Մուսա–Լեռ. ի՞նչպէս Գալուստ ժայռերը չէ կերած շաքարի տեղ, ի՞նչպէս հողը չէ լափած՝ որպէս փիլաւներուն է՛ն համովը։
Եւ՝
— Ուրեմն Հայաստան ի՜նչ մեծ շաքար է, արդեօք հոն կը մեռնի՞ն, կը մեռնի՞ն…։
Ու դարձուցած էր աչքերը ապա դէպի Անտիոք, տարիներու ջորեպանութեան իր քաղաքը։ Հոնկէ բերաւ հայութեան մեծ մարդը։ Այն րոպէին Անտիոք տեսակ մը Հայաստան եղած էր, եւ Որոնդէս գետը Հայաստանի գետ։ Այդ գիշեր սակայն տաճիկ վայրենիներու քարայր մըն էր ան, աւազակներու ընդարձակ որջ մը, «Կեաւուրները գետը թափեցէք» գոռացողներու կարմիր բոյն մը։ Մարդասպաններ, քանդողներ եւ պատուի կողոպտիչներ կային հոն. Իսկէնտէրունէն այս կողմ անցած էին գէշ մարդիկ, հայ ժողովուրդի եւ խաչի թշնամիներ, ու հաւաքուած այդ քաղաքին մէջ, իրենց ժամուն կը սպասէին։ Անոյշ լեզու մը կը գործածէին թէեւ, բայց հայ մարդը խե՞նթ էր որ հաւատար այդ լեզուին։ Աշխարհը խաբուած էր այդ լեզուին, խաբուած էր շարունակ, բայց հայը այլեւս չէր խաբուեր։ Հա՛յը կը ճանչնայ թուրքը, ուրիշ ո՛չ մէկ մարդ, ուրիշ ո՛չ մէկ ժողովուրդ. թող աւրոպացիները հայո՛ւն հարցնեն, թող նոյնիսկ հայ ջորեպաններո՛ւն հարցնեն. որչափ ալ գիտուն, գիտնական ըլլան այդ աւրոպացի ըսուածները՝ թուրքին բուն միտքը, բուն սիրտը չեն հասկնար, կը խաբուին, անոր կողմը կը բռնեն, կ՚օգնեն անոր, եւ ան միշտ խաչին դէմ է, միշտ հայուն դէմ, միշտ աւրոպացիին դէմ։
Չի կրնար զատել աչքը Անտիոքէն։
Այդ քաղաքը, ուր այնքան հայ զինուոր, ջորեպան եւ վաճառական կար, ասկէ ետք քարերու դէզ մը պիտի մնար. սրճարան պիտի նստէին մարդկութենէ բան չհասկցող տաճիկներ եւ, ամեն իրիկուն, հայուն ըրած իրենց գէշութիւններով հպարտանային. անոնցմէ ամեն մէկը հայուն դէմ ըրած սուտ քաջութիւն մը պիտի պատմէր. պիտի ըսէր մէկը՝ օր մը այսինչին ես այսպէս ըսի, ես այնպէս ըրի. պիտի ըսէր միւսը՝ այդ բան չէ, ես աւելին ըրի այնինչին։ Ու պիտի տային աղջիկներու, կնոջ, դեռ պառաւներու անուններ։ Գետին եզերքը եղող բոլոր սրճարաններուն մէջ, բոլոր հրապարակներուն մէջ, բոլոր խաներուն եւ կարաժներուն մէջ՝ տաճիկները սուտեր պիտի խօսէին հայերուն մասին։ Ա՛խ, հայուն բա՛խտը, ա՜խ, տաճիկին սուտը այս աշխարհին մէջ։ Զինք նեղողը ուրի՞շ բան էր միթէ։ Զինք նեղողը, հոգին ու մարմինը բորոտ ընողը թուրքին հպարտութիւնն ու սուտ խօսքը չէի՞ն միթէ։ Խաչապաշտ աշխարհը ինչո՞ւ թոյլ կու տար, որ թուրքը հպարտութիւն ծախէ հայուն, ինքզինք քաջ եւ վարպետ ցոյց տայ եւ հայը ցուցնէ վախկոտ, անխելք, միամիտ. մանաւանդ՝ ամեն տեղէ ձգող–փախչող։ Թող մէյ մը մեր Զաւարեանը տեսնէին. անոր գլխուն մէջ երկու թուրք ժողովուրդի խելք կար. միայն մէկ Անդրանիկ կը բաւէր Անտիոքի բոլոր տաճիկներուն, մէ՛կ։ Թող աւրոպացիները չըսէին մեզի՝ թուրքին հետ կ՚ըլլանք ձեզի կը զարնենք, ու տեսնէին՝ ո՞ր հայը տեղէն կը շարժէր, ո՞ր ծե՛րը նոյնիսկ քանի մը թուրք զինուորներու հետ գլուխ չէր ելլեր։ Թուրքին խօսած սո՜ւտը. այդ Անտիոք քաղաքը պիտի ըլլայ ասկէ ետք պզտիկ, անշնորհք, անճոռնի, պիտի ըլլայ անհամ, մինարէով, ատելութեամբ եւ աղտոտ պատմութիւնով լեցուն. հոնկէ անցնողը քոսոտ պիտի ըլլայ, ճաղատ պիտի ըլլայ, ոջլոտի։ Թուրքին բնակած տեղը ուրիշ տեսակ չ՚ըլլար. հոն ամեն ինչ կը հիննայ, կը քանդուի, կ՚ըլլայ փոշի, հիւանդութիւն, գերեզման. մե՜ղք Անտիոքին, մե՜ղք այս ծովուն եւ գետին։
Լացաւ։
Կը յիշէ.
Հոս, այս մեծ, այս շատ հին կաղնիին տակ, որ մեծ հայրը տնկած էր, նստած էին ինք եւ այն տարօրինակ հայ սուրբ Մարդը։ Առաջին անգամ ըլլալով անդրադարձած էր լրջօրէն, որ Զաւարեանին հասակը իսկապէս պզտիկ էր. բայց ամեն անգամ երբ նայած էր վրան՝ բան մը ըրած էր զայն լերան չափ խոշոր, կարծր, պինդ, սքանչելի. ի՞նչ էր այդ բանը. ինչո՞ւ այդ պզտիկ մարմինը մեծ էր այդքան. հագուստները շատ հին էին, պատռտուելու մօտ, բայց ինչո՞ւ այդքան աղուոր, զատկական կը թուէին իրեն։ Այո, կարծես իր աչքին առջեւն է այդ մարդը, եւ ինք անոր մէջ կը տեսնէ մեծութիւն, սրբութիւն, ուժ։ Բան մը կայ անոր մէջ, որ նոր է միշտ, բարձր է, զօրաւոր է, մաքուր է։
— Է՜հ, աշխա՛րհ։
Կրկնած էր այս խօսքը տասն անգամ։
Ու լուսցած էր։ Աստղերը գացեր էին, գաղթեր էին. իրե՛նք ալ պիտի երթային, գաղթէին քիչ յետոյ։ Ալ եղածը եղած էր, ալ երթալը սուտ չէր, ալ ամեն ինչ անօգուտ էր, արդէն քամիոններ եկեր էին մաս մը, եւ ուրիշներուն ալ ձայնը կու գար։ Երազ, կատակ եւ սուտ բան չկար։ Երթալը իրական էր. այդ օր ճիփ եւ ճիշդ մուհաճիր էին իրենք։
Դադրած էր լացը երկու ժամէ ի վեր։
Անտիոքի վրայ արիւնի պէս կարմիր, մեծ, կատաղի արեւ մը ծագած էր, եւ հայոց Վարդավառի օրն էր, Կիրակին էր այդ օրը։
— Սե՛ւ եղաւ մեր մարմինը, սե՜ւ եղաւ մեր հոգին, սե՜ւ եղաւ մեր բա՛խտը։
— Քու բոլոր օրերդ մուր ըլլան եւ չկրնաս մաքրուիլ, տաճի՜կ, — ըսած էր Գարուն պաճին, իր՝ Գալուստին կէս ձգածը շարունակելով։ Հազար նեղութեամբ իջած էին ապա իրենց զառիթափէն, բարձր ժայռերու վրայ թառած իրենց պապենական օճախէն։ Գարուն պաճին գոցած, կղպած էր բոլոր դռները եւ բանալիները դրած գօտիին մէջ։
— Մենք կը դառնանք տակաւին։
Մտած էին բեռնատար կառք մը, մտած էին ուրիշներ, կազմուած էր առաջին կարաւանը։ Գիւղացիները հանած էին խաչ ու ելած ճամբայ. խաչ հանեց նաեւ իր պառաւ կինը, եւ Գալուստ լռեց.
— Տէ՛ր Աստուած, դուն հայ քրիստոնեայիս ճամբայ տուր, հանգիստ տուր, վերադարձ տուր:
Անտիոքէն անցած պահուն, ինք գոցած էր աչքերը, որպէսզի չըլլայ թէ ծանօթի մը դէմքը տեսնէ. ինչե՜ր խօսած էր իր տաճիկ ծանօթներուն, հիմա զինք այդ վիճակին մէջ տեսնէին։ Պզտիկութիւն էր. որով՝ աչքերը գոցեց, պատուիրած էր՝ որ եթէ հարցնէին, ըսուէր՝ թէ կուրցած է։
Ըսած էին քիչ ետք՝ — ելա՛նք Անտիոքէն։
Մտած էին այն ատեն հարաւի ճամբան. դեռ Հարպիէ չէին հասած, ինք եւ իրեն պէս ծերեր, Մարտօն եւ Աբրահամը, իրար նայելով, գրեթէ նոյն խօսքը ըսին.
— Դուն արդարութի՛ւն ըրէ, Տէ՛ր, դուն մեզի ազա՛տ ըրէ, պահէ՛…
Քեսապի հայրենակիցները տուին իրենց թան, հաւկիթ եւ հաց, Օրտուէն անդին, ձորակի մը մէջ. օ՜, գաղթականութեան այդ ձորակը, ուր հայ եղբայրը հայ եղբօր հանդիպեցաւ. այդ ձորակը կը մոռցուի՞, ո՞վ կը մոռնայ, ո՞վ կրնա՜յ մոռնալ. երկու տեսակ բախտով հայերու ձորակ մըն էր անիկա. մէկ հայը անկէ կ՚անցնէր իբրեւ ղարիպ, իբրեւ այլեւս մուհաճիր. եւ միւսը՝ իբրեւ իր հողին եւ տունին տէրը մնացող՝ որ դժբախտ եղբօր օգնութեան կը վազէ, կ՚ուզէ մխիթարել, բեռը թեթեւցնել։ Օ՜, Օրտուէն անդին, Լաթաքիոյ ճամբուն վրայ ինկող յետ–միջօրէի այդ ձորակը, օգնութեան տխուր եղբայրները, թոնիրի անուշ իրենց հացը, սպիտակ, մաքուր, զո՜վ թանը, բարեկա՛մ թանը։
Լեցուն էին բոլորին աչքերը։
— Քա՛ջ եղէք, եղբայրնե՛ր, կ՚անցնի, կ՚անցնի:
Այդքան տխրութիւն ինչպէ՛ս եղաւ աշխարհի վրայ։
Եւ սակայն հոգիին մէջ լեցուած էր յոյս, տխրութեան հետ նաեւ հաւատք։ Անցած էին մտքէն բաներ.
— Այս հա՛յը… Պիտի չմեռնի՛։ Տե՛ս, Գալուստ, ունենալ չունենալը խնդիր չէ, խնդիրը տա՛լն է. քանի հայը հայուն կ՚օգնէ՝ ա՛լ մեռնիլ չկայ. թո՛ղ չարչարուինք, ուրիշէն բան չենք ուզեր, մենք մեզի կը բաւենք. քանի որ մեր մէջ մուրալը ամօթ է՝ մենք չենք մեռնիր. բոլորը կ՚երթան՝ մենք կը մնանք. այս աշխարհին լրիւ տէրն ու պահակը մենք ենք. անոր բոլոր չարչարանքները մեր ուսերուն վրան են, թո՛ղ ըլլան. երբ հայը հայուն օգնեց՝ լմնցաւ, աշխարհին ոսկիները թող աշխարհին մնան, հայուն մէկ գաւաթ թանը հայը աւելի կ՚ապրեցնէ քան այդ բոլոր ոսկիները, ես այդքանը գիտեմ։ Թող խաչապաշտ տէրութիւնները ամչնան, մեր տեղը ըլլային՝ երէկուընէ մուրացեր էին, բայց մենք չենք մուրար եւ ատոր համար միշտ կանք, միշտ կ՚ապրինք, միշտ բարձր ենք։
Հասեր էին յետոյ Պասիթ։ Ծովը մտած էր այդտեղ անտառներուն մէջ։ Դիմացը, քիչ անդին, ցցուած էր Մուսա–Լեռը, մոխիրի գոյն կապոյտով մը։
Դող մը փակած էր անմիջապէս մարմնին։ Գիշերը, որ Պասիթը յիշեց, նորէն այդ դողը եկաւ վրան։
Ի՛նչ էին, Աստուա՛ծ իմ, Պասիթի օրերը, ինչ էր Պասիթը՝ եթէ ոչ ծննդավայրի հողէն դուրս տրտմութիւն եւ ժամանակաւոր ազատութիւն մը։ Քանի մը օր ետք, Լաթաքիոյ եւ Քեսապի մէջ ինկած Պասիթի ծովեզերեայ տրտմութիւնն ու ազատութիւնը վերածուեցան լեղի ջուրի մը, անթիւ անհամար ճանճերու եւ ողորմութենէ զուրկ տիզանթէրիի մը։ Ճանճ, տիզանթէրի, մահ։ Բայց այդ աւազուտ եւ յետոյ անտառային ծովափին վրայ, մեծ տխրութեան հետ խառնուած էր նաեւ ազատած ըլլալու նոյնքան մեծ ուրախութիւն մը. այդ բարեխառնեալ վիճակը կար հաւասարապէս ծերերուն ու երիտասարդներուն մէջ։ Երիտասարդները կ՚երգէին, կը պարէին, կը կատակէին, «օր մը ե՜տ կը դառնանք», կ՚ըսէին։ Ծերերը, աղօտ աչքերով կը դիտէին Մուսա–Լերան մոխրագոյն կապոյտով զանգուածը, կը հառաչէին եւ միեւնոյն ատեն, «լաւ եղաւ, լա՜ւ եղաւ այսպէս՝ Տաճիկի զուլումէն հեռու», կ՚ըսէին։ Այդ ծերերէն քանի մը հոգի մեռան, — Շահպազը, Մակարոսը, Մաղաքը, Գասպարը. որչա՜փ մանուկներ մեռան. բարեբախտութիւն մը՝ որ ոչ մէկ երիտասարդ մեռաւ Պասիթ։ Եթէ քիչ մը եւս մնային, կարգը պիտի գար հարկաւ նաեւ երիտասարդներուն։ Ի՜նչ ճանճ էր անիկա, ի՜նչ լեղի ջուր. ուրիշ տեղ ճանճ չէր մնացած կարծես. բոլորը վազեր եկեր էին Պասիթ՝ գաղթական ուտելու, հայերը վզզոցով եւ միքրոպով մեռցնելու. հեռուէն, խուլ ու խորունկ արձագանգի մը պէս կու գար այդ ճանճերուն ձայնը. մահուան տզզոց էր անիկա, ծովեզերքի դեղին աւազներուն վրայ ծաւալող մահուան սեւ թամպուրա՛ն։ Որչա՛փ պիտի խայտառակուէին, որչա՜փ աշխարհին առջեւ ծիծաղելի պիտի ըլլային՝ երբ ճանճերն ու լեղի ջուրը յաղթէին սուետիացի լեռնական ժողովուրդին, երբ ծծէին իրենց առողջութիւնը, մեռցնէին զիրենք։ Պիտի ըսէին աւրոպացիները. «Ա՞յս է հայ ժողովուրդը, մուսատաղցին այսպէս տկա՞ր կ՚ըլլայ, ճանճէն եւ լեղի ջուրէ՞ն կը մեռնի, այդ պզտի՞կ բաները զինք կը կորսնցնեն. ուրեմն սուտ է, անոնք լաւ չեն կռուած, անոնք թուրքին չեն յաղթած. ահա քանի մը վզզացող ճանճ զիրենք մեռցուց, քիչ մը լեղի ջուր խմեցին եւ արիւննին լմնցաւ։ Պիտի խայտառակուէին, բոլոր ժողովուրդները հայոց վրայ պիտի խնդային։ Պիտի չգիտնային, պիտի չհաւատային բնաւ՝ թէ այդ ճանճը անհաշի՛ւ ճանճ էր, թէ ամպի պէս կախուած էր աւազուտքին ու անտառին վրայ, թէ ծով կը մտնէին ու նորէն չէին կրնար ազատուիլ անկէ. պիտի չգիտնային, իրենց խելքին պիտի չպառկէր երբեք՝ թէ այդքան ճանճեր միասին՝ փիղ կը լմնցնէին, առիւծ կ՚ուտէին, թէ ինկիլիզին, ռուսին, չինին ազգը մէջտեղէն կը վերցնէին. թէ այդ ջուրը սիւլֆաթոյ էր, թէ ռուպի պէս թանձր էր եւ դափնիի ձէթին պէս լեղի։ Հեռուները նստած բոլոր ժողովուրդները ոչ մէկ բանի պիտի հաւատային, եւ պիտի խնդային իրենց վրայ, թէ՝ տկար է հայը։
Բայց իրաւ, լաւ արիւն, լաւ միս, լաւ ոսկոր ունին եղեր, առողջ, պինդ, տոկուն ջիղեր։ Լեռը, օրհնեալ ըլլայ միշտ, աղէկ պահեր է զաւակները։ Եղածին չափ բան կը պատահէր, պիտի պատահէր ամենէն պզտիկ գաղթականութեան իսկ. մանուկը չի դիմանար, կը մեռնի, շատ մեռան. ծերերն ալ շատ չեն դիմանար. ի՞նչ եղաւ արդէն. շատ չարչարանք կրեցին, բայց ունեցան քիչ մահ։ Մոռցաւ քիչ առաջ, մեռած էին նաեւ Պասիթի մէջ քանի մը պառաւներ, մեծ բան չէ. Սեղբոսին կինը, Մանուշակը մեռաւ միայն, որ մեղքնալիք էր, քանի որ երեսուն տարեկան կար չկար. ձգեց երկու որբ աղջիկ, ամուսինը վերջին տարին գիւղ մեռաւ։ Է՛, վերջը վերջը նորէն մեծ բան մը չէ, այդ տեսակ բաներ կը պատահին։ Խնդիրը չարչարանքն էր, եւ շատ չարչարուեցան։ Յետոյ, կարելի՞ է միթէ բոլորը յիշել, բնաւ բան մը չմոռնալ. մարդ ես, ապրանքիդ քառորդին քառորդը չես յիշեր, մանաւանդ երբ սիրտդ կոտրած, փշուր փշուր է, երբ յայտնի չէ թէ ո՞ւր պիտի երթաս, ի՞նչ պիտի ըլլաս, ի՜նչպէս պիտի ըլլաս, կարելի չէ՛…:
Կամաւոր ու մասամբ ակամայ համրութենէն առաջ, Այնճարի անհատնում գիշերը լուսցած էր, ու Գալուստը գտած յիշողութիւններէ բոլորովին թմրած, անզգայ վիճակի մը մէջ։ Անկէ ետք՝ քանի մը տափակ օրեր, քանի մը ջղային օրեր, քիչ մը հիւանդութիւն, հազ, զառանցանք, ու՝ — բարձր տեղ տուն մը…:
Ու՝
— Բարձր տեղ տո՜ւն մը…:
* * *
Լռած էր Գալուստ՝ կատաղի յամառութեամբ մը. կարծես դրած ըլլային լեզուին քառասուն հատ կղպանք։ Քարի կտոր մըն էր, աղէ շինուած արձան մը։ Գոց էր՝ ծերութեան բոլոր կղպելիներով. միայն, աչքերը տարապայմանօրէն բացած մարդոց վրայ, ըսել կ՚ուզէր կարծես.
— Չեմ հասկնար, ալ ձեզ չե՛մ հասկնար…:
Անշո՛ւշտ:
Չէին հասկցած զինք իր հարազատ գիւղացիները, ծաղրած էին զինք, ամեն անգամ վրան խնդացած. գոնէ իր մէ՜կ բառին ուշադրութիւն ըրած ըլլային, պզտիկ, պզտիկ, փոշիի չափ պզտիկ «այո՛» մը ըսած ըլլային իրեն։
— Չեմ հասկնար, ալ ձեզ չե՛մ հասկնար…։
Անշո՛ւշտ: Անշո՛ւշտ: Անշո՛ւշտ:
Աշխարհը, բուն, ճշմարի՛տ աշխարհը մաքուր խիղճ մըն է, մաքուր արժանապատուութիւն մըն է, բարձրութեան մաքուր բաղձանք մըն է։
Իր ճանչուորները տգէտ եղան, կոյր եղան, խուլ եղան։ Գաղթականութիւնը զիրենք փոխեց, չարացուց։ Նախանձոտ եւ արհամարհող դարձուց։ Ջորեպա՜ն մը, ծերո՜ւկ մը, խռֆա՜ծ մը։
Խօսեցան իրեն, պատասխանեցին իրեն. շա՛տ խօսեցան, շա՛տ պատասխանեցին, բայց իրականին մէջ համր էին՝ ինչպէս որ ինքն էր այլեւս. այսինքն՝ կը խօսէին առանց բան ըսելու, որպէսզի չգիտցուի թէ համր են, որպէսզի չգիտցուի թէ՝ չեն կրնար խօսիլ։ Իր բոլոր բոլոր ծանօթները, բացի Աշուղ Մարգարէն՝ ուզեցին համր ըլլալ եւ սակայն խօսիլ։ Թո՜ղ այդպէս եղած ըլլայ:
Ու նոյն խոշոր, բութ, ամեհի նայուածքով կը նայէր նաեւ իր զաւակներուն, կնկան ու թոռնիկներուն վրայ։ Եղած էր չար, անողորմ։ Կը թուէր թէ ըսել կ՚ուզէ.
— Ի՞նչ ընեմ կին, զաւակ, թոռնիկ. կարեւորը՝ բարձր բաներն են, բարձր տեղերը…։
Քանի մը օր համրութիւնը պահեց վրանին տակ, անկողնին մէջ. յետոյ, չէր սիրեր նստիլ բնաւ. թափառումներու մէջ էր շարունակ։ Կը սիրէր բարձր բլուրները, ամայութիւնը, կը փախչէր մարդոց ներկայութենէն։ Խենթեցած մըն էր. վարի թաղերը չտեսան զինք. հոն ոտք չկոխեց բնաւ։ Եթէ բարձունքի մը վրայ չէր, անպայման գերեզմանատուն էր. չէիր գիտեր ինչո՞ւ, երբ բարձր տեղ մը չէր՝ կը նախընտրէր մեռելներուն խոնարհ կայքը։ Կ՚այցելէր գերեզմանները, կը կենար երկար՝ ծեր մարդոց հողակոյտին վրայ. կը շարժէր գլուխը, աչքերը կը թացոտէին, ձեռքով ու գլխով կու տար գերեզմաններուն հաւանութեան անճոռնի նշան մը, ապա կարծես մեռելներէն պատասխան մը առած՝ կը ջղայնոտէր ու կու տար այս անգամ մերժումի նշան մը։ Մէյ մը մեռելի հողակոյտերուն, մէյ մըն ալ՝ հորիզոնին կը նայէր. հոն՝ ուր Լիբանանի շքեղ լեռները սրածայր գագաթներով կպած կ՚ըլլային երկնքի կապոյտին։ Գիշերը ուշ ատեն կը վերադառնար տուն, կ՚ընէր ընթրիքը եւ անմիջապէս՝ անկողին։
— Խռֆածը խենթ մը եղած է։
Կարծիքն ու արտայայտութիւնն էր ասիկա գիւղացիներուն։ Սկսած էին մեղքնալ զինք, կը մեղքնային աւելի Գարուն պաճիին։ Կը մեղքնային՝ բայց չէին տար իրաւունք. իրենց կարծիքով, որ վերջնական էր եւ վերաքննութեան չէր կարօտեր բնաւ, ոչ թէ Գալուստին մերժուիլն էր որ զինք խենթ մը ըրած էր, այլ՝ որովհետեւ խռֆած էր՝ ատոր համար կ՚ուզէր բարձր տուն, այլ որովհետեւ խռֆած էր՝ բնական էր որ օր մըն ալ այսպէս խենթ ըլլար։
— Ինչ ալ ըլլայ՝ մեղք են, մանաւա՛նդ Գարուն պաճին։
Ուրիշ էր վերաբերմունքը մանուկներուն։ Դրական էր։ Անգամ մը եղաւ ճիշդ այսպէս:
— Մեծ տուն ուզող խոշոր պապուկը խենթ եղեր է, մեղք է, մեղք չէ՞, Արշիկ։
— Բերանը չի կրնար բանալ եղեր, բլուր կ՚ելլէ եղեր, մեռելի կ՚երթայ եղեր։
Նիհարուկ Խնկոն.
— Ես ըսե՞մ. ինչո՞ւ անոր տուն չտուին. բոլորին տուին, մեծ տուն ուզող պապուկը եւ Աշուղ Մարգար չատըրին տակ մնացին. գայլերը եկեր վախցուցեր են խոշոր պապուկը, նէնէին ոտքը խածեր են եղեր, իրն ալ պիտի խածնեն եղեր, «պօ՜» պոռացեր է եղեր, գայլերը փախեր են, պապուկին լեզուն ալ վախէն կապուեր է. ինչո՞ւ անոր տուն չտուին, բոլորին տուի՛ն։
Գրիգոր.
— Ան մենծ տուն կ՚ուզէ, Խնկօ՛, մենծ տուն ուրկէ՞ գտնեն իրեն։
— Մենծ չ՚ուզեր, բարձր կ՚ուզէ։
— Ան խո՞ւմբ է միթէ, …պապաս խումբ է, այնպէս չէ՞, Վաչիկ:
Վաչիկ.
— Խումբը լաւ չէ. պզտիկ պապա մը խումբ կ՚ըլլա՞յ. եթէ ուզէ իմ պապաս ալ խումբ կ՚ըլլայ. ան մենծ է։
— Ուրեմն ինծի հետ մի խօսիր։ Ինչո՞ւ պապայիս պզտիկ ըսիր:
— Դուն ալ հապա ինչո՞ւ չես ուզեր խոշոր պապուկին բարձր տուն տան։
— Ես այլեւս կ՚ուզեմ, մե՛ղք է պապուկը։
— Մենք ալ չե՛նք քէննար, թէ ոչ բոլորիս հետ ալ չխօսիս։
— Ես պապուկին կողմէն եմ. ես երբոր պապայիս պէս խումբ ըլլամ՝ մե՜նծ, մե՜նծ տուն պիտի շինեմ պապուկին. հրացան մը պիտի առնեմ, գայլերը պիտի մեռցնեմ, որ նէնէներու ոտք չխածնեն։
Արշիկ.
— Արապ խէշը ըսեր է եղեր՝ այս պապուկին եթէ տուն տան, լաւ տուն մը տան՝ լեզուն պիտի բացուի. այդպէս չէ՞, Վաչիկ. խէշը այդպէս չէ՞ ըսեր։
— Ծօ, Արշիկ, խէ՞շ կ՚ըսեն. շիխ է շիխ:
Կարպիս.
— Շիխ ալ չէ. պապաս ըսաւ այդ արաբին շէյխ կ՚ըսեն. շատ բան կը գիտնայ. եթէ իրեն բան մը չըսես՝ նորէն կը գիտնայ։
Վաչիկ.
— Արապը ամեն բան կը գիտնայ. փայլուն փայլուն աչքեր ունի. Ապո՜ւո՜ւ…
Արշիկ.
— Անիկա ըսեր է եղեր՝ խումբը թող լաւ տուն մը տայ խոշոր պապուկին, լեզուն կը բացուի, նէնէն կ՚առնէ, չատըրէն կը փախչի, Մարգարն ալ կ՚առնեն, վերը գիւղ կու գան։
Գրիգոր.
— Թող գան. ես պապայիս կ՚ըսեմ, մեր տան քովի տունը կու գան. պապաս Նշանը կը հանէ այն տունէն, կ՚ըսէ՝ այստեղ խոշոր պապուկին պիտի ըլլայ, միւս տունէն ալ մարդիկը կը հանէ, կու տայ Աշուղ Մարգարին. այդ երկու պապուկները իրարու ընկեր են։
Եղաւ մանուկներուն մէջ ուրախութիւն։ Ըսաւ Կարպիս.
— Պապուկը անկէ վերջ լեռ չ՚ելլեր, մեռելի չ՚երթար, կ՚երթանք իր նէնէին քով, մեզի հեքիաթ կը պատմեն, շաքար կու տան, իրենց Նշանիկին, Պերճիկին կու տային, այն ատեն մեզի ալ կու տան. Նշանիկէն դեռ աւելի. Սօնիկը կը սիրեմ:
— Ե՛ս Սօնիկը կը սիրեմ, ան իմ ընկերս է, դուն չսիրես, դուն Նշանիկը սիրէ, արդէն դպրոցը քովդ կը նստի, Սօնիկը իմ քովս կը նստի, ե՛ս անիկա պիտի սիրեմ։
— Հետս մի՛ խօսիր, ես ալ պապուկը չպիտի սիրեմ, դուն ինչո՞ւ Սօնիկը ինձմէ դեռ աւելի պիտի սիրես, ան ինծի շաքար տուաւ, վաղը քովս պիտի նստի։
— Ինծի՛ շաքար տուաւ, թող Աշոտը եւ Վաչիկը ըսեն, Պերճիկն ալ կար. չպիտի նստի քովդ։
— Ես անիկա շաբաթ մը առաջ կը սիրեմ։
— Ես երկու շաբաթ։
— Ես երեք շաբաթ։
— Ես հազար շաբաթ։
— Ճիկիլիո՛ն շաբաթ:
— Քեզմէ շաբաթ մը աւելի։
— Հետս մի՛ խօսիր։
— Կարպի՛ս, չեղաւ, Արշիկը քեզմէ աւելի սիրեց Սօնիկը. եթէ դուն ըսէիր «շաբաթ մը աւելի» դուն շատ կը սիրէիր, — վճռեցին բոլորը։
— Հետս թող չխօսի։
— Վաղը Սօնիկին կը հարցնեմ։
— Եթէ Սօնիկ զիս չսիրէ, ես ալ հետը չե՛մ խօսիր. ես ալ Քնարիկը կը սիրեմ, անո՛ր հետ կը խաղամ։
Խնկօ.
— Ան ալ եթէ քեզի չսիրէ՝ Տիկինին Սալբիկը չպիտի սիրես, անոնց Հուրի՛կն ալ չպիտի սիրես. անոնց Հուրիկը իմ Վարդգէս աղբօր ընկերն է, մէկ են. գնա դուն ալ Մարօն սիրէ։
— Ես Քնարիկը պիտի սիրեմ։
— Ուրեմն Արշիկին հետ մի քէննաք։ Պապուկն ալ սիրէ։
— Երկու հոլ կու տա՞յ։
— Ըսէք իրեն չեմ տար, մեր թաղը չպիտի գայ։
— Ամեն մէկս կոճակ մը կու տանք քեզի եւ գնդիկ մը, Արշիկը թող չտայ, կ՚ընդունի՞ս. հաշտուեցէ՛ք, ով որ չի հաշտուիր, բոլորս քէն ենք հետը, ըսաւ Գրիգոր։
Բոլորը ընդունեցին։ Արշիկ եւ Կարպիս հաշտուեցան։ Ըսին՝
— Երթանք Նշանիկը եւ Պերճիկը գտնենք։ Պապուկին պէտք է լաւ տուն տան, մեծ տուն տան, բերանին մէջ ժամի բանալի դարձնեն։
* * *
Գարուն պաճին շուարած էր. չէր գիտեր ի՞նչ ըսէր, ի՞նչ ընէր, որո՞ւն քով երթար։ Կ՚ըսէր ամուսինին լաւ բառեր, յոյսեր կու տար։ Կ՚ընէր այս բոլորը որպէս իր հալեւորին դարման եւ ինքզինքին մխիթարութիւն։
–— Իրաւունք ունի՛ս, Գալո՛ւստ, դրացիներդ գէշցեր են, աշխարհը գէշցեր է. բայց դուն խօսէ, ուզես ինծի հայհոյէ, միայն խօսէ՛։
Անօգուտ։
Գարուն պաճին չէր հաւատար Գալուստին ոչ խենթութեան եւ ոչ ալ անոր ակամայ համրութեան. եղածը կը վերագրէր նմանը չունեցող յամառութեան մը, քէնի մը, տխրութեան մը։
— Ես միայն գիտեմ որչափ պինդ գլուխ է. ոչինչ բանի համար ինքզինք մեռցնելու չափ կը չարչարէ. ա՜խ, ի՞նչ գիտէք դուք, իր կամքով է որ չի խօսիր:
Ու կ՚աղաչէր որ խօսի։ Ու կ՚աղօթէր որ լեզուն բացուի։ Գոնէ անիծէ, հայհոյէ, պոռայ։ Չեղաւ։ Դիմեց քանի մը շէյխերու։ Մոմ ղրկեց եկեղեցի։ Չեղաւ։
— Կտոր մը բան ըսէ, զիս կը մեռցնես։
Որպէս պատասխան՝ կը նայէր վրան ապուշ խստութեամբ մը։
Օր մըն ալ պառաւը անխոհեմութիւնը ունեցաւ ըսելու.
— Գալուստ, ան քու մարդուդ խաթրին, բառ մը…
«Բառ»ը եղած էր ապտակ մը Գարուն պաճիին երեսին։ Ինկած էր գետին։ Գալուստ ապտակը իջեցուցած՝ ելած էր վրանէն դուրս եւ յաջորդ գիշեր միայն, ուշ ատեն, զօրաւոր տեղատարափի մը, մտած տուն։ Ըսուեցաւ՝ որ բացակայութեան գիշերը անցուցած է գերեզմաններու դաշտակին վրայ։ Կիներ, լուսաբացին, տեսեր են անոր խոշոր կերպարանքը եւ ուրուական կարծելով փախեր են։ Չգիտցուեցաւ թէ ան ո՞ւր անցուց իր ցերեկը։ Միայն, յաջորդ գիշեր վրան հասնելուն պէս ինկաւ անկողին։ Այդ իյնալն էր, ալ չելաւ ոտքի։ Գարուն պաճին կրկնապատկեց խնամքը. ջուր տաքցուց, լուաց անոր սառած անդամները. տաքուկ ապուր եփեց։ Չկերաւ։ Վարի շրթունքը խածած եւ յօնքերը վեր ընելով մերժեց ամեն կերակուր։ Քանի մը օր մնաց այդպէս։
Վերջին գիշերն էր։ Եկեր էին տղաքը, հարսները, աղջիկը, թոռնիկները. եկեր էին քանի մը ծանօթներ. Աշուղ Մարգար Յանձնախումբը առած՝ եկեր էր։ Ծանր էր Գալուստին վիճակը, բոլորովին մտահոգիչ, բոլորովին անյոյս։ Ջերմութիւնը հասած էր ծայրայեղ աստիճանի։ Ծերուկը պիտի մեռնէր։
Երկար եւ խանդաղատալից նայուածքի զօրութեամբ մը հասկցուց որ թոռնիկները կ՚ուզէ։ Շոյեց Նշանիկին, Պերճիկին, Սօնիկին գլուխները։ Ու չնայեցաւ գրեթէ մեծերուն։ Աշուղ Մարգար լացաւ։ Թրջեցան նոյնպէս աչքերը Յանձնախումբի անդամներուն. ըսաւ անոնցմէ մէկը.
— Գալո՛ւստ, փա՛ռք Տիրոջ, այսօր հանգիստ կ՚երեւիս. մի՛ վախնար, պաղ ես առած, կ՚անցնի։
Լայն շունչ մը առաւ Յանձնախումբի անդամը. նայեցան իրեն ընկերները եւ հասկցուցին որ շարունակէ։ Շարունակեց.
— Գալուստ Հայրի՛կ, դուն կ՚առողջանաս, կ՚ելլես ոտքի. վաղը կը ղրկենք քեզ Պէյրութ, կը մնաս քիչ մը հիւանդանոց, յետոյ առողջացած՝ կու գաս, ա՛լ վրանին տակ չես մնար. վերն է քու տունդ, վարժարանին քով, հրապարակի աղբիւրին դիմաց։
Դարձեալ շունչ առաւ։ Քրտնեցաւ։ Կարծես դժուար, տաժանելի արտասանութիւն մը կ՚ընէր։ Ընկերները՝ «Այո՛, անշո՛ւշտ, այդպէս է», ըսին եւ նշան ըրին, որ խօսողը դեռ շարունակէ, վերջացնէ Յանձնախումբին զեկոյցը։
— Գալուստ հայրի՛կ, կը ներես մեզի, մեր ձեռքը ի՞նչ կար. բոլորս գաղթական, բոլորս ցած տեղ ինկած, մեր ձեռքը ի՞նչ կար. դուն կը հասկնաս, մենք քու զաւակներդ կը հաշուուինք։
Աւելի եւս յուզուած՝ այլ դժուար ժպիտով մը.
— Բայց եղաւ։ Կոմիտէն ըսաւ — ըրէ՛ք, այդ բարի հայրիկին համար պիտի ընէք ուզածը. անիկա այն Հայ Մարդուն ջորեպանը եղաւ։ Կոմիտէն…
Չըսուեցաւ կախման կէտէն վերջ «բարձր տուն»ը։ Աշուղ Մարգար.
— Գալուստ սառած է — ըսաւ։ Դարձուցին դէմքը անդին, դէպի ծանօթներն ու դէպի խօսողը։ Մեռած էր։
* * *
Թաղեցին զինք Այնճարի ժանգի գոյնով լերան ստորոտը, յիսունէ աւելի մեռելներու մէջտեղ։ Փետրուարի տխուր առաւօտ մըն էր. հեռո՜ւն՝ տժգոյն բարտիներ, հեռո՜ւն՝ մժեղի ճահճային կայքեր, դէպի արեւելք եկող սեւ ամպեր ու չարացած քամի։ Հաւաքուած էր ծերուկին համար ահագին բազմութիւն։
* * *
— Դրին զինք ցա՜ծ տեղ մը։
Աշուղ Մարգարն էր։ Ըսաւ Յանձնախումբին, ըսաւ մաս մը ժողովուրդի, երբ կը դառնային Գալուստին թաղումէն.
— Այս սեւ ամպերը պիտի անցնին, այս չար հովը միշտ կատղած պիտի չմնայ. հայ ժողովուրդը այն աղտոտ ամպերուն ետին կեցող արեւին նմանցուցէք. աղտերը վար կը թափին, աղտ ըսուածը չի մնար՝ կը թափի, արեւը կը մնայ փայլուն, չ՚աղտոտիր։ Ո՞վ կրնայ աղտոտել մեր մաքուր ազգը. թող ընեն զմեզ գաղթական, գաղթականութիւնն ու գաղթական ընողը աղտ են՝ պիտի թափին. մենք փայլուն ըլլանք, փայլուն պիտի մնանք։ Այն արեւն է հայ ազգը, կատղած հովը կը քաղցրացնէ. մժեղի բոլոր դէզերը կը չորցնէ եւ շող կու տայ։
Վերջն ալ՝
— Զիս մի՛ հանէք վրանէս, չեմ երթար ոչ բարձր եւ ոչ ալ ցած տեղ։ Առաջ երկու վրան կար աւերակին մէջ, այսօրուընէ սկսեալ կը մնայ միայն իմ վրանս, թող մնայ. իմ խօսքս ձեզի այդպէս է, ես այդպէս կ՚ուզեմ։ Ես ուրիշ ծերուկ մարդ մըն եմ՝ որ կ՚ուզէ երկու ուղղութեամբ նայիլ. մէկ ուղղութիւնը, տղա՛քս, միշտ քիչ է, միշտ սխալ, միշտ ծուռ։ Այս գաղթականութիւն ըսուածը շատ ծանր բան է. ես կ՚ուզեմ նայիլ բոլոր հայերուն. անոնք որ բարձր տեղ են եւ անոնց որոնց տեղը բախտը ցած է դրած։ Անոնք իրար կը սիրեն, կը հաշտուին, բայց քանի որ իրար չեն տեսներ, ի՞նչ ընեն. ես պիտի ուզէի որ անոնք իրար տեսնեն, միայն իրար տեսնեն, մէկ կողմ չնային, խնդիրը այդ է։ Երթաք բարով, ձեր սիրտը թող ըսէ որ Գալուստ բարի, կտրիճ, ուղիղ մարդ էր, միայն ջորեպան մը չէր։ Ան այս գիշեր իր գերեզմանին մէջ, ես վրանիս մէջ, ու դուք ձեր տունին. բայց գերեզման, վրան ու տուն՝ գաղթականութեան մէջ…։
Զատուեցաւ խումբէն, ուղղուեցաւ դէպի Այնճարի Աւերակը։
— Ծեր շունին ընկերը. օր մըն ալ ասո՛ր լեզուն կը կապուի, օր մըն ալ ա՛ս կը թաղենք։
Կաղամբ Մանուկին աղջիկը՝ Սուրբիկն էր։
— Աշուղ Մարգարն է, պապուկը շատ սիրող այն պապուկը, — կ՚ըսէր նոյն պահուն Արշիկ, Սօնիկին թեւէն բռնած եւ միւս ձեռքով անոր շաքար մը երկնցնելով որպէս մխիթարութիւն։
— Ես պապուկը շատ կը սիրեմ, երթանք քաղաք, պարտէզին ծայրը բարձր տուն շինենք։
(Շար. 4 եւ վերջ)
(Եդուարդ Պոյաճեան, «Տոմար տարագրի», Պէյրութ, 1963)
