Քրիստ Խրոյեան
— Ո՞ւր ես:
— Հո՛ս, Գանատա:
— Մէջտեղ չկաս:
— Հա՛, գիտեմ:
— Չե՛ս գրեր:
— Ժամանակը…
— Չե՛ս հարցներ:
— Առաջնահերթութիւնները…
— Կարեւորը՝ լա՞ւ ես:
— Այո՛, այդ մէկը հաստատ:
— Ինչպէ՞ս տեսար…
— Դուն ալ պէտք է տեսնես, ըսելս չի բաւեր…
— Տեղաւորուելու սկսա՞ր:
— Ո՛չ, տեղաշինութեա՛ն:
Ի՞նչ պատմեմ եղածին մասին: Ո՞ր բաժինը առանձնացնեմ ու մանրամասնեմ: Ամեն մէկ դրուագը իր յետին մանրամասնութիւններով առանձին կտոր մըն է, որուն մասին ինչքան ալ խօսիմ, բան մը անպայման կը մոռնամ:
Պատմելիք շատ է, գրելիք՝ աւելի շատ, խօսելիք՝ շատ-շատ:
Բայց ո՞վ կրնայ հասկնալ, եթէ խօսիմ. տեսնեն իսկ՝ չեն ընկալեր: Աւելին՝ կրնան անտեղի մեկնաբանութիւն մը ձգել ու բերանդ բանալու հաշիւներդ ետ ընել տալ:
Դուն ալ ի՞նչ պիտի ընես:
Պիտի պատմես, թէ որքան դժուա՞ր էր: Պիտի գանգատի՞ս:
Էհ, գիտէ՞, թէ ի՛նչ ըսել է ամեն մէկ բաժինը պատմածիդ. պայմանները, ճիշդ ա՛յդ պահուն իրարու վրայ կուտակուածին ամեն մէկ ծալքը, առօրեայ չափած ճամբուդ դժուարութիւնները, ու մանաւանդ մարդիկը, որոնք բոլորն ալ կու գան ճենկայէդ(*) փայտ մը քաշելու:
Չէ՛:
Կո՛ղմ դիր ճենկադ, քեզի մօտ, բայց հեռու ուշադրութեան կեդրոնէն:
Մի՛ դներ սեղանին բոլորին ընդառաջ:
Քուկդ է: Գուրգուրա՜ անոր վրայ:
2023-ի յունիսէն ի վեր, երբ Պէյրութի մէջ գանատական դեսպանատան պաշտօնեան ինծի ըսաւ «դիմումդ ընդունած է», գիտէի, թէ դիւրին պիտի չըլլան յաջորդող քանի մը տարին:
Բայց ճիշդը խօսինք: Միտքի խաղ չէ՞ արդէն ամեն բան:
Վախը բանէ մը՝ մտահոգ, հեռու մնալ անկէ:
Հետաքրքրութիւն բանի մը հանդէպ՝ անաչառ ետեւը մնալ անոր:
Հաւատք բանի մը նկատմամբ՝ չարաչար առաջնորդուիլ անով:
Համոզուած ըլլալ բանի մը՝ ընդունիլ զայն, անկախ թէ որքանո՛վ բացասական է կամ դրական:
Վերջինը կը չեղարկէ ամեն տեսակի արգելք: Ըսելիքս այն է, որ եթէ ներքին բացասական մտքերուդ յաղթած ես՝ ընելիքիդ մէջ արդէն «Հետ սթարթ» ունիս, կամ ֆորմիւլայի լեզուով՝ «փոլ փոզիշըն»:
Գանատա ժամանելէս ամիս մը ետք, դեղարանի օգնականի լիաժամ աշխատանքիս հետ միատեղ, սկսայ դեղագիտութեան ստացած իմ սուրիական կրթութիւնը «գանատականացնելու» գործընթացը:
Երկրին մէջ ըլլալով (Սուրիա), գիտէի, որ պետական թուղթեր ապահովելու ատեն, քեզի պատէ-պատ կը զարնեն: Բայց նոր բան մը գիտցայ, որ եթէ երկրէն դուրս ես՝ այդ պատերը կը նեղնան, տարածութիւնը կը պզտիկնայ, ու այդ զարկերը կը դառնան աւելի ուժգին, յարակատար-անդադար: Սակայն անկեղծ ըլլանք ու ըսենք, որ ասոնք ալ պակասը չեն (Գանատա). մենք կ’ըսենք «նոյն դեղն է, բայց ուրիշ ընկերութիւն»:
Նէյիսէ (ինչեւէ — խմբ.):
4 ամիս ետք, սուրիական ուրբաթ-շաբաթ, եւ գանատական շաբաթ-կիրակի արձակուրդներու փոսերուն մէջ բազմիցս իյնալէ, սուրիական «վաղը եկուր» եւ գանատական «2 պիզնըս տէյ»-երը շրջանցելէ, սուրիական ելեկտրոնային հաղորդակցութիւններու չգոյութենէ եւ գանատական տէտլայն-թայմլայններու դժուարութիւնները յաղթահարելէ ետք, Գանատական Դեղագէտներու Քննութեան Պորտը սեպտեմբեր 2024-ին նամակ մը ղրկեց, յայտնելով որ «Քրիստափոր ջան, ֆայլդ մաքուր է, թուղթերդ՝ վաւերացուած»:
Լէ՞ եա՜:
Այդ նամակէն ետք, շաբթուան օրերն իրենց անունները կորսնցուցին, տօներն ու առիթները շոգիացան, եւ տարուան 365 նոյնշաբթիներուն ստորս միայն աշխատեցաւ, սորվեցաւ, գնաց ու եկաւ: Մէջերը փորձեցի բաներ մը անցընել. պտոյտներ, համերգներ, ելոյթներ, սակայն միշտ ալ մեղապարտի հոգեբանութեամբ:
Ամեն մարդ գիտէ ասիկա ու ներքուստ կը զգայ, երբ տուեալ վայրկեանին քու գտնուած տեղին ու ժամանակին չես պատկանիր, որովհետեւ անդին աւելի կարեւոր բան կայ ընելիք:
Ու եթէ մտքիդ մէջ բան մը կայ՝ հաւատա՛, միայն դո՛ւն ես, որ կրնաս հանել:
Կա՛մ կը պաշտպանես մինչեւ վերջ, կամ ալ առիթ կու տաս անցնող-գացողին ալեկոծելու կայունութիւնը անոր:
«Ի՞նչ պիտ՚նես…»
«Դուն գիտե՞ս մը… Գանատան… քննութիւնները… տարիներ կրնան տեւել… չեն տար… չեն յաջողցներ», «ես ըսի… դո՛ւն գիտես…»:
Ինչ որ է:
Հոս չեմ եկած անցնող տարիներուն պատահածներուն մասին խօսելու: Այդ մասին թող խօսին բոլոր սիրած իմ բաներէս ու սիրած մարդոցմէս երկա՜ր բացակայութիւնս:
Չեմ գանգատիր, սակայն գիտեմ անոր գինը ու բնաւ աժան ծախելու մտադիր չեմ:
Հիմա արդէն, ժամանելէս քիչ ժամանակ անց, Օնթարիօ նահանգի ամբողջ տարածքին գործելու իրաւասութեամբ՝ անկախ դեղագէտ եմ, որ «խնամք կը մատուցէ»:
Անարդար պիտի ըլլայ, եթէ ըսեմ այս յաջողութիւնը միայն ու միայն իմ անձնական ջանքերուս կը պարտիմ:
Այս տատասկոտ ճանապարհին՝ հոն էին բոլորը: Մեծ ընտանիք, հին ու նոր ընկերներ, հարազատներ, որոնց անմիջական քաջալերանքը կը վայելէի ժամանման առաջին իսկ օրէս:
Հովիւը օրին հարցուց. «Ո՞ւր է ձեր հաւատքը»:
Ես ալ կ’ըսեմ. «Ահա՛, հո՛ս է իմ հաւատքս»:
Հաւատքը ամեն ինչի հանդէպ, որ բարիին կը տանի ու կը հասցնէ խաղաղ ափ:
— Տեղաւորուելու սկսա՞ր:
— Ո՛չ, տեղաշինութեան:
Որովհետեւ տեղ ունեցողը կը տեղաւորուի, իբրեւ «հանգիստ պատառ», ու կան ոմանք, որոնք կը փորձեն տեղաւորուիլ տեղերու մէջ, զորս իրենցը չեն: Բայց կան նաեւ մարդիկ, որոնք տեղ չունենալով հանդերձ, կը մերժեն յարմարիլ շրջապատին ու իրենց ձեւաչափերով իրե՛նց տեղը կը շինեն՛ ինչպէս որ կ’ուզէին ունենալ զայն:
Այսքա՛ն:
Թորոնթօ
*) ճենկա, Jenga — հանրածանօթ սեղանի խաղ է, որու նպատակն է խորանարդաձեւ կտրուածքով փայտիկներէ կառուցուած աշտարակէ մը փոխնիփոխ հանել մասեր մինչեւ աշտարակի փլուզումը։
