բժ. Օհան Թապաքեան
Երբ մանուկ էի, մայրս շատ անգամ ինծի Չախչախ թագաւորին հէքեաթը պատմած է, ու Չախչախ թագաւորին կատարած գողերուն բնակարաններուն ջախջախումը, մեծ գոհունակութիւն ու հաճոյք կը պատճառէր ինծի, որովհետեւ ան կը խորհրդանշէր բարիին յաղթանակը չարին: Ժամանակի ընթացքին հէքեաթը ժողովրդական խոնարհ խաւերուն աւելի գրական սեռ մը դարձաւ, կազմելով կորիզը մանկական գրականութեան: Հէքեաթին մէջ իրականութենէն աւելի կը փնտռուի հրաշապատումը: հէքեաթը առասպելականը ունենալով սեւեռակէտ, կը հետապնդէ ունկնդիրներուն վրայ ազդելու նպատակ մը. հարկ է նշել, որ դարերէ ի վեր մարդը ունեցէր է բարիին ու զօրաւորին հանդէպ պաշտամունք: Հէքեաթը՝ աւանդութիւններու ու հրաշապատումներու նախատիպ, դարերով մնաց մարդկային հոգին գերազանց յափշտակութիւններու կապող ստեղծագործութիւն: Հրաշականը մարդկային երեւակայութեան ծնունդ՝ գոյութիւն ունեցեր է նախնական ժողովուրդներուն մօտ, ու քաղաքակրթութեան կնիքը մնացեր է անբաժան ստեղծագործութեան այս մարզէն. թէպէտ խորքին մէջ հէքեաթը միշտ քալած է զուգընթաց առասպելին հետ:
Իրապատումները, որոնք հետագային յաջորդեցին հրաշապատում հէքեաթներուն, ունեցան իրենց հերթին հայրենասիրութեան, սիրոյ, ազատութեան, հերոսութեան, ընկերասիրութեան ու այլ առաքինութիւններու մտահոգութիւնը. այսպիսով հէքեաթին դաստիարակչական նպատակը բոլորին սիրելի դարձուցած է գրական այս սեռը: Գրականութեան մէջ հէքեաթը ամենաբարձր արտայայտութիւնն է՝ տեղ մը նշած է Յովհաննէս Թումանեան: Պուշկինի հէքեաթները մէկ-մէկ սքանչելի պոեմներ են՝ ըսած է Լենին.
Խօսելով առանձնապէս արաբական «Հազար ու մէկ գիշերներու», համաշխարհային արժէք ներկայացնող գեղարուեստական ստեղծագործութեան մասին, 19-րդ դարուն ապրած անուանի ռուս փիլիսոփայ Nikolay Chernyshevsky (1828–1889) ըսած է. «Ասկէ աւելի գեղարուեստական արժէք ունեցող հէքեաթ չեմ ճանչնար»:
Ամբողջ դարաշրջաններ այսպէս հաւատացեր են ժողովուրդներ, ու ոգեւորուէր են չար սովորութիւններու կամ չարիքին դէմ բարիին տարած յաղթանակով: Իւրաքանչիւր դարաշրջան իր բարոյական եւ քաղաքական դաւանանքներուն դրոշմն է դրեր հէքեաթներուն վրայ. այս իրողութիւնը եթէ փոխած է հէքեաթներուն նիւթը, փոփոխութեան ենթարկած չէ սակայն անոնց խորքը եւ նպատակը:
Համայնավար Ռուսիոյ մէջ փորձուեցաւ հէքեաթը օգտագործել ընկերային նպատակներու համար, բայց այս նպատակով գրի առնուած ամեն փորձ գրական արժէքէ բացարձակապէս զուրկ է:
Հէքեաթը, հրաշավէպի տարազին տակ, ներկայ է ֆրանսական, ինչպէս նաեւ գերմանական գրականութեան մէջ. որպէս ստեղծագործ ժողովուրդ՝ մենք եւս ծնունդ տուած ենք բազմաթիւ հէքեաթներու: Հայաստանի աշխարհագրական բացառիկ դիրքը, բարձր լեռները, ինչպէս նաեւ անդնդախոր վիհերը, գեղեցիկ գարուններն ու խստաշունչ ձմեռները, իրենց ազդեցութիւնը ունեցած են ցեղին հոգիին վրայ, որ հէքեաթով փորձած է տալ իր շուրջ թաւալող եւ իրեն անծանօթ կարգ մը բնական երեւոյթներու մեկնաբաութիւնները:
Հայկական հէքեաթները առաջին անգամ կորուստէ փրկած է Գարեգին Եպիսկոպոս Սրուանձտեանց, որուն կը պարտինք շատ մը կարեւոր հէքեաթներու մեզի աւանդուիլը: Աւելի ուշ, շնորհիւ Տիգրան Նաւասարդեանի, ունեցանք հայ ժողովրդական հէքեաթներու 10 հատորներ՝ 1870–1894 տարիներուն հրատարակուած։
Հրաշապատումը խոնարհ խաւերէ սիրուած ըլլալով, բազմաթիւ հէքեաթներու հեղինակը պէտք է եղած ըլլայ ինք՝ հայ ժողովուրդը, որ կը մնայ միաժամանկ ստեղծողը մեր ասոյթներուն, առակներուն, գեղջկական երգերուն, ինչպէս նաեւ դիւցազներգութեանց: Մեր քաղաքական վերիվայրումներուն իբրեւ հետեւանք, հաւանաբար փճացուած են բազմաթիւ հէքեաթներ:
Ուրախանալի երեւոյթ է սակայն, որ ներկայիս Հայաստանի մէջ գովելի հոգածութիւն մը ցոյց կը տրուի հանդէպ ազգային մշակոյթի այս ճիւղին. հէքեաթին փնտռուած գրական սեռ մը ըլլալը մղած է շարք մը գրողներ մշակելով զայն դարձնելու մանկական գրականութեան համար անփոխարինելի սատար մը: Ժողովրդական ծանօթ հէքեաթներ կը մնան՝ Քաջն Նազարը, Տորք Անգեղը, ինչպէս նաեւ Ղազարոս Աղայեանի Արեգնազանը:
Իրենց գրական վաստակին մէջ հէքեաթներ գրած են Աւետիք Իսահակեան, Յովհաննէս Թումանեան, Վրթանէս Փափազեան, Յակոբ Օշական եւ ուրիշներ: Արեւմտահայ գրողներէ հէքեաթներ տուած են Ռուբէն Զարդարեան, Գեղամ Տէր Կարապետեան եւ ուրիշներ. քանի մը հէքեաթներու հեղինակ է նաեւ Շաւարշ Նարդունի իր «Մեղեդիներ» հատորին մէջ:
Հէքեաթը մեր գեղջկական երգերուն, դիւցազներգութիւններուն, առածներուն ու ասոյթներուն չափ թանկագին գրական սեռ մըն է: Քաղաքակիրթ ազգերու գրականութեան մէջ յատկապէս՝ բանակ մը կը կազմեն մանկական հէքեաթներ մշակողները: Այնքան ատեն որ հէքեաթին նպատակն է հերոսականով բարիին եւ արդարութեան յաղթանակով տպաւորել ընթերցողը, կը նշանակէ, որ ան գրական փնտռուած սեռ մըն է:
