Սաղաթէլ Պասիլ
Շատ կարճ պատմութիւն – 1
Ճամբաս կը քալէի, ինկայ գլխուս վրայ… ու երազս կոտրեցաւ։
Գացի ոսկրաբոյժի մը մօտ՝ բուժուելու։ Ան ըսաւ.
— Երազներու կոտրուածքները չե՛ն բուժուիր, ո՛վ քաղաքացի։
— Բայց երազս կը ցաւցնէ զիս… շատ կը ցաւցնէ…, — ըսի ու լուռ հեռացայ։
Լռեցի։ Կլլեցի բոլոր խօսքերս, գրութիւններս ու յօդուածներս, ապա նստայ հեռաւոր անկիւն մը՝ ես ու իմ կոտրուած երազս։
Ցաւով՝
Սաղաթէլ
Շատ կարճ պատմութիւն – 2
Օր մը, խոր երազիս մէջ, աչքերուս առջեւ մեծ կռիւ սկսաւ յեղափոխութեան եւ հայրենասիրութեան միջեւ։ Յեղափոխութիւնը կտրեց հայրենասիրութեան ոտքը։ Ի պատասխան՝ հայրենասիրութիւնն ալ կուրցուց յեղափոխութեան աչքը։ Պահ մը ետք տեսայ, որ մէկը կաղ, միւսը կոյր, քով-քովի շարունակեցին քալել… Արթնցայ յանկարծ, երեսս լուացի, առօրեայ գործերս դասաւորեցի ու iPad-ս բացի՝ հետեւելու համար հայ լրատուականին։
Շատ կարճ պատմութիւն – 3
Խոր երազիս մէջ դէմ դիմաց հանդիպեցայ Սամուէլին, այո՛, այո՛, Րաֆֆիի Սամուէլին։ 44 օր անցեր էր արդէն այն օրուան, երբ իր ձեռքով սպանած էր ծնողքը՝ հայրիկն ու մայրիկը։ Հակառակ տարօրինակ հայեացքին, որոշեցի իրեն հարցնել մտքիս մէջի զիս տառապեցնող հարցումը.
— Սամուէ՛լ, ինչպէ՞ս է հայրենիքը առանց հայրիկի։ Ինչպէ՞ս ես, դո՛ւն, առանց մայրիկի։
Աչքերս յանկարծ բացի, առաւօտ էր, նախաճաշեցի, ipad-ս բացի՝ լսելու համար հայկական լրատուականը:
Նաւը լեռան վրայ
Երազիս մէջ յանկարծ զգացի, թէ համաչափ ու գեղեցիկ լեռան մը գագաթին վրայ եմ։ Քիչ մը քալեցի։ Դիմացս յայտնուեցաւ հին նաւ մը։ Ներսի լոյսն ու ձայները կը մատնէին, թէ ներսը մարդիկ կային։
Դանդաղօրէն մօտեցայ։ Այո՛, հոն էին անձնակազմը, քանի մը զինուորներ եւ նաւապետը։ Բարեւեցի ու զարմացած հարցուցի հպարտ տեսք ունեցող նաւապետին.
— Ի՞նչ կ’ընէք հոս։ Ի՞նչ կ’ընէ նաւը լեռան գագաթին։
Նաւապետը նոյն զարմանքով պատասխանեց.
— Ժամանակին պէտք էր, որ մեր նաւը հոս հասցնէինք, եւ հասցուցինք։ Բայց հիմա չենք գիտեր, թէ ինչպէ՛ս կրկին ծով կրնանք իջնենք։
Յանկարծ զինուորներէն իրարու հակասող ձայներ բարձրացան.
— Չե՛նք իջներ…
— Պէ՛տք է իջնենք…
Այդ կռիւին ձայներէն աչքերս բացի։ Երեսս լուացի ու պատրաստուեցայ առօրեայ սովորական գործերուս
Ակռայի հին մածուկս
Երազիս մէջ հասած էի մեծ սիւփըրմարքէթի ակռայի մածուկներու բաժինը եւ սկսած էի փնտռել այն մածուկը, որ քանի մը օրէ ի վեր իր համր ու յամառ գովազդներով ողողած էր երեւակայութիւնս։
Վերջապէս գտայ զայն։ Հպարտօրէն պառկած էր իր նմաններուն մէջ եւ ինծի կը սպասէր՝ դէմքին յիմարիկ ժպիտ մը։
Յանկարծ սիւփըրմարքէթին մէջէն խիստ ու անհասկանալի աղմուկ մը բարձրացաւ։ Պատկառելի մէկը, որ առաջին իսկ խօսքէն ճանչցայ, ահեղ ձայնով կը պոռար.
«Լինե՞լ, թէ չլինել. ա՛յս է խնդիրը…»
Եւ ամեն անգամ, որ նոյն խօսքերը կը կրկնէր, աղմուկն ու անհանգստութիւնը աւելի կը սաստկանային… «Լինել թէ չլինել. այս է հարցումը»։ Յանկարծ յայտնուեցաւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարող ջոկատ մը, հանդարտութեամբ եւ ժպիտով շրջապատեց զինք ու շղթայեց։
Ձերբակալութեան պահուն պահակներէն մէկը մօտեցաւ անոր եւ ականջին փսփսաց. «Այդ ըսածդ փոխուեցաւ այլեւս, այո՛, փոխուեցաւ։ Յետայսու հարցը՝ լինել, թէ չլինել չէ, այլ՝ ունենալ, թէ լինել… կեդրոնացի՛ր… ունենալ, թէ լինել… ա՛յս է խնդիրը։ Ունենալ, թէ լինել…»
Հանդարտութեամբ արթնցայ։ Գացի բաղնիք, լուացի երեսս եւ խոզանակեցի ակռաներս՝ իմ ակռայի հին ու սիրելի մածուկովս։
Ակնոցս
Երազիս մէջ ազգային ակնոցս դրի ու սկսայ աշխարհը դիտել։ Ժամանակ մը ետք զգացի, որ աչքերս տկարացան եւ սկսան բռնել կուրութեան ու տգեղութեան ճամբան։
Պահ մը սթափեցայ ու որոշեցի փոխել ակնոցս։ Հագուեցայ աշխարհի ակնոցը եւ սկսայ դիտել ազգս։ Ան շատ աւելի գեղեցիկ երեւցաւ։
Աչքերս բացի, հանեցի բոլոր ակնոցներս։ Երեսս լուացի ու պատրաստուեցայ առօրեայ գործերուս։
Պատարագը
Երազիս մէջ երկիւղածութեամբ եկեղեցի մտայ։ Ճերմակ, արքայական երգեհոնին ձայնը խորհրդաւոր սրբութեան մթնոլորտ մը ստեղծած էր։ Հաստատուն քայլերով առաջացայ, մինչ ժողովուրդը սկսաւ Տէրունական աղօթքը արտասանել.
«Հայր մեր, որ յերկինս ես, սուրբ եղիցի անուն քո, եկեսցէ արքայութիւն քո…»
Հայեացքս առաջին շարքին նստողներուն ուղղեցի, որ ճիշդ խորանին դիմացն էր, եւ հոն տեսայ քաղաքի մեծահարուստներն ու խոշոր ընկերութիւններու տնօրէնները։
Աչքերս երկրորդ շարքին սահեցուցի. հոն էին դրամատուներու տէրերն ու մեծ վաճառատուներու սեփականատէրերը։
«Եղիցին կամք քո, որպէս յերկինս, եւ յերկրի…»
Հայեացքս երրորդ շարքը տեղափոխեցի. հոն նոր սերունդի վաճառականներն էին, ելեկտրոնային արժոյթներու տէրերը եւ հանրածանօթ ապրանքանիշեր ձեւաւորողները։
Երգեհոնը շարունակեց իր նուրբ ու քնքուշ նուագը, իսկ ամբողջ ժողովուրդը երկիւղածութեամբ կը մրմնջէր.
«Զհաց մեր հանապազօր, տուր մեզ այսօր»։
Յանկարծ, այս սրբազան լռութեան մէջ, որոտագին ու սաստիկ ծիծաղ մը բարձրացաւ։ Ծիծաղ մը, որ իր մէջ ամեն ինչ ունէր՝ բացի ուրախութենէն։
Այդ ծիծաղողը ես էի։
Ծիծաղեցայ ու ծիծաղեցայ՝ հիստերիկ ծիծաղով…
«Զհաց մեր հանապազօր, տուր մեզ այսօր»։
Ծիծաղեցայ ու ծիծաղեցայ, մինչեւ զգացի, որ քահանաներէն ոմանք սկսան դէպի ինծի շարժիլ, զիս բռնելու եւ լռեցնելու համար։
Արթնցայ։
Աչքերս բացի, որ ծիծաղին մէկ փոքրիկ մասնիկը դեռ դէմքիս վրայ կախուած էր։
Ելայ, հանդարտութեամբ նստայ եւ սկսայ պատրաստել իմ պարզ առօրեայ նախաճաշս։
Մարդկային պատմութիւն մը՝ պատմութեան համար
Չեմ գիտեր, թէ արդեօք ձեզի պատմա՞ծ եմ Քասանտրային մասին։
Սիրելի՛ Քասանտրան երիկամներու լուացման գործիքս է. այն տնային գործիքը, որուն հետ օրական մօտաւորապէս ինը ժամ կ’անցընեմ։ Չեմ գիտեր, թէ ի՛նք քովս կը պառկի, թէ ես՝ իր, բայց Ռաճնին (կինս) արդէն արաբերէն Տըրրա (իսլամներու երկրորդ կին) անունը տուած է անոր։ Անշուշտ, այդ անունին իմաստը հասկնալու եւ մտապահելու համար մեծ ճիգ թափելէ ետք։
Ինչեւէ։
Քանի մը օր առաջ, ընտանեկան պատճառներով, Ռաճնին մեկնեցաւ Ֆրանսա։ Բնականաբար, ինծի համար ամեն ինչ քիչ մը աւելի դժուար դարձաւ։ Բայց իր օգնութեամբ կրցայ բոլոր հարցերս կարգադրել եւ առօրեաս կազմակերպել։
Մինչեւ երէկ գիշեր։
Լուացման պահն էր։ Գիշերուան ժամը չորսի ատեն յանկարծ Քասանտրային պաստառը սեւցաւ, եւ գործիքը սկսաւ ահաւոր ձայներ արձակել։ Այնպիսի ձայներ, ինչպիսին էին Հալէպի ինքնաշարժներու ահազանգերը ինիսունականներուն. կը հնչէին ու չէին դադրեր՝ ամբողջ թաղը ոտքի հանելով, մինչեւ որ ինքնաշարժին տէրը վերջապէս բարեհաճէր անջատել զանոնք։
Բայց այս անգամ պարագան տարբեր էր։ Քասանտրան չէր լռեր, իսկ ես ոչ մէկ բան կրնայի ընել։ Փորձեցի բոլոր այն միջոցները, զորս սորված էի։ Փորձեցի մէկը, միւսը, երրորդը… Ապարդիւն։ Ոչ մէկ լուծում։
Նստայ անոր դիմաց, ձեռքս դրի կզակիս տակ եւ սկսայ լալ։ Լացի՛ ու լացի՛։ Դառնօրէն։ Այն ճարահատութեան տարօրինակ զգացումով, որ երբեմն մարդը ամբողջովին կաթուածահար կ’ընէ։
Քասանտրան՝ Տըրրան՝ երկրորդ կինը։ Քասանտրան՝ կերպընկալէ ու մետաղէ գործիք մը։ Որքան ալ խելացի ըլլայ, որքան ալ կարողութիւններ ունենայ, այդ պահուն, այդ վայրկեանին պարզապէս անշարժ, խուլ ու անհանգստացնող գործիք մը դարձած էր։ Մօտ քառասուն վայրկեան անցաւ այս մարդկային ողբերգութեանս սկսելէն։ Խելացի գործիք մը՝ որ խելագարուած էր։ Եւ անօգնական մարդ մը, որ կու լար ու կը դիտէր։
Վերջապէս որոշեցի հեռաձայնել Ռաճնիին, որպէսզի Քասանտրան լռեցնէ։ Եւ իրարու հետ, գրեթէ մեքենական շարժումներով, յաջողեցանք անոր հոսանքը անջատել։ Հինգ վայրկեան ետք՝ լռեց։ Ես ալ սրբեցի արցունքներս եւ նստայ այս տողերը գրելու։
Բայց ինչո՞ւ կը գրեմ այս տողերը։ Թերեւս որովհետեւ կը զգամ, թէ մենք արդէն խեղդուած ենք այս անիծեալ ծովուն մէջ։ Այն ծովուն, որուն անունը դրին՝ «արհեստական բանականութիւն», «թեքնոլոժի», «աւելի երջանիկ կեանք» եւ տակաւին շա՜տ ուրիշ հնչեղ արտայայտութիւններ: Ես կը հասկնամ այս բոլորը։ Աւելին՝ ես ալ կը գործածեմ զանոնք։ Բայց կայ պահ մը, երբ բան մը կը կտրուի, կը խափանի կամ պարզապէս կը դադրի գործելէ։ Եւ այդ պահուն մենք կը վերապրինք նոյն այն անօգնականութիւնն ու ճարահատութիւնը, զոր ես ապրեցայ։ Նոյն այն զգացումը, թէ վերջ ի վերջոյ այս բոլորը մետաղէ կամ կերպընկալէ խուլ գործիքներ են։ Եւ թէ մարդուն ձեռքն է, ինչպիսի՛ ձեռք ալ ըլլայ անիկա, որ պիտի պարգեւէ մեզի սէր, ապահովութիւն ու երջանկութիւն։
Լա՛ւ եղէք։ Ու մի՛ ձգէք, որ ձեր բոլոր խելացի ու ապուշ գործիքները իրենց չափէն աւելի տեղ գրաւեն ձեր կեանքին մէջ, աճին ու սկսին դերեր խաղալ, զորս իրենցը չեն։
Կա՛պ պահեցէք ձեր սիրելիներուն հետ։ Եւ մի՛ յետաձգէք այսօրուան սիրոյ արտայայտութիւնն ոււ հանդիպումը՝ վաղուան։
Շուէտ
Հեղինակին մասին
Սաղաթէլ Պասիլ ծնած է Խորուաթիոյ մայրաքաղաք Զաղրէպի մէջ, 1977-ին: Ուսումը ստացած է Հալէպի Մխիթարեան վարժարանին, ապա Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանին մէջ: Պէյրութի մէջ ուսանած է ներքին ձեւաւորում (interial design) Center International Technical College-ի մէջ, ապա աւարտած է Երեւանի Պետական համալսարանի Քաղաքագիտութեան բաժանմունքը: Փոքր տարիքէն կը տառապի շաքարախտէ, որուն պատճառաւ երիտասարդ տարիքին կորսնցուցած է իր աչքի լոյսը:
Հալէպի մէջ հիմնած է Art River գրադարան-սրճարանը, ապա հաստատուած է Ուեսթրոս, Շուէտ: Հրատարակած է 2 արաբերէն եւ 2 հայերէն գիրքեր՝ «Յօդուածարան ըստ ճերմակ ագռաւի» եւ «Կեանք մը Հալէպի ճամբաներուն վրայ», ինչպէս նաեւ պատրաստած է արեւմտահայերէն 3 խաղեր, երեխաներու համար:
