ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Sun Storm / Fine Art Magazine, Golden Jubilee 1975-2025
Գիրք մը չէ, այլ գեղարուեստի նուիրուած ամերիկեան ծանօթ պարբերաթերթ մը, որ 24 էջ տրամադրած է իր երկարամեայ աշխատակցին՝ արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Հերկելեան (Ծիրանիի), որ նաեւ «Հորիզոն»-ի աշխատակիցն է շատ աւելի երկար ժամանակէ ի վեր։ Բացի թերթին կողմէ իր հետ կատարուած հարցազրոյցէ մը, այստեղ Հերկելեան ներկայացուցած է երեք հայ արուեստագէտներ՝ Գէորգ Եղիազարեան, Պերճ Չաքըճեան եւ Արշիլ Կորքի (Ոստանիկ Ատոյեան), այս վերջինը իր քրոջ՝ Սաթենիկ Ատոյեան-Աւետիսեանի հետ քառասնամեակ մը առաջ հեղինակին ունեցած հարցազրոյցի մը թարգմանութեամբ։ Բազմաթիւ մեծադիր, գեղեցիկ գունաւոր նկարներ կ՚ընկերանան այս գրութիւններուն։
Papken Topjian, START AND PERSEVERE – Like Riding a Bike, Amazon, Bolton, Ontario, 2026, 150 pp
Բարոյախօսակա՞ն, թէ՞ հոգեբանական ուղեցոյց մը՝ կեանքի մէջ բան մը սկսելու եւ իր աւարտին հասցնելու համար։ Դիւրին՝ հեծիք քշել սորվելու պէս… Կարեւորը որոշել ու հետապնդելն է։ Կարեւորը սկսիլ ու յարատեւելն է։ Գրուած պարզ ու հասկնալի լեզուով։ Հեղինակը մեր նոյնանուն ու երկարամեայ աշխատակիցին եղբօր զաւակն է։ Հետաքրքրական է գիտնալ, թէ ինչո՞ւ հայերէնով չի գրուիր նման գիրք մը, մանաւանդ երբ մեր անձնական թէ հաւաքական կեանքին մէջ յաճախ կը տեսնենք, թէ ինչպէս շատ լաւ գաղափարներ կը յղացուին, ապա կ՚ուշանան ի գործ դրուելու եւ ի վերջոյ մէկ կողմ կը դրուին՝ անյարատեւ մօտեցման ի հետեւանք։
Դաւիթ Գասպարեան, ԵՂԻՇԷ ՉԱՐԵՆՑԻ ԳՐԱԿԱՆ-ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԱՂԵՐՍՆԵՐԸ, ՀՀ ԳԱԱ «Գիտութիւն» հրատարակչութիւն, հովանաւորութեամբ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան, խմբագիր՝ պրոֆ. Ա.Ս. Վիրաբեան, Երեւան, 2026, 692 էջ
Նախ նշեմ, որ Դաւիթ Գասպարեան ՀՀ արուեստի վաստակաւոր գործիչ է, Բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր պրոֆեսոր, հեղինակ բազմաթիւ գիրքերու եւ յօդուածներու՝ նուիրուած հայ գրականութեան պատմութեան եւ մանաւանդ Եղիշէ Չարենցի։
Ծաւալուն ու կարեւոր այս հատորը (դժբախտաբար միայն 300 տպաքանակով) կը բովանդակէ մուտքի խօսք մը, 21 գլուխներ, վերջաբան մը, յաւելուածներ (նամակներ, յուշեր եւ այլն), մատենագիտութիւն եւ ուրիշ առնչուած բաժիններ։ Կողքին՝ Արթօ Չաքմաքչանի գծանկարն է։
Հրատարակչութեան կողմէ կը նշուի, թէ «Մենագրութիւնը նուիրուած է Եղիշէ Չարենցի գրական-մշակութային, մարդկային, գաղափարական, կուսակցական յարաբերութիւններին իր ժամանակի հեղինակութիւնների հետ։ Բացայայտւում են Չարենցի քաղաքացիական դիրքորոշումն ու առանձին գործիչների հետ նրա բազմակողմանի առնչութիւնները»։ Այդ դիրքորոշման հիմքը Չարենցի հայրենասիրական կեցուածքն է, իսկ գործիչներու մեծամասնութիւնը դաշնակցական ու ազգային այլ դէմքեր են։
Մուտքի խօսքին մէջ հեղինակը կը գրէ. «Դաշնակցութեան հետ նրա առնչութիւնները բազմակողմանի են ու անընդհատական, եւ դա՝ անկախ պատմաքաղաքական իրավիճակից, որովհետեւ խորհրդային տարիներին եւս թէկուզեւ հալածական, բայց ամեն մի խօսքի ու յիշողութեան մէջ Դաշնակցութեան գաղափարական կենդանի աննկատ շունչը կար։ Սարդարապատի դաշտում հնչող եկեղեցիների ղօղանջների, ռադիոպոէմների շաչ ու շառաչի, գրական շեփորահանդէսների հետ մէկտեղ, Չարենցը նաեւ Կոմիտասի երգերի, Նարեկացու աղօթքների ու մրմունջների շունչը կրողն էր։ Ժամանակի շունչը Երեւանի բանտում իր իսկ մահ-խաչելութիւնից առաջ նրա համար պիտի դառնար մի նոր Աստուածաշունչ ու մեզ հասնէր նրա կտակարաններով, որոնք նրա գրքերն են»։
Գիրքը կը կարդացուի վէպի մը պէս։ Շատ ցանկալի է, որ ան լոյս տեսնէ նաեւ դասակա՛ն ուղղագրութեամբ։
Նայիրի Մկրտիչեան, ԲԱՐԵՒ… ԵՍ ԳԻՐՔՆ ԵՄ, հրատ. Գանատայի հայոց թեմի ազգային առաջնորդարանի Հայեցի դաստիարակութեան յանձնախումբի, մեկենաս՝ Բաստրմաճեան հիմնադրամ, խմբագիր՝ Թամար Հերկելեան, ձեւաւորում Նայիրի Մկրտիչեանի ու Արեգ Տաղլեանի, 2026
Գունաւոր, գեղատիպ, պատանիները հրապուրելու մտադրութեամբ պատրաստուած գծագրութիւններով ու հայոց պատմութեան կարեւոր դէմքերու ներկայացումով հատոր մը, խաղերով ու վարժութիւններով ալ ամբողջացած։ Անկէ կրնան օգտուիլ ոչ միայն փոքրերը, այլեւ անոնց ծնողները, եթէ զաւակները տակաւին կարդալու տարիքի չեն հասած։ Եւ ուսուցիչները։
Ցանկալի պիտի ըլլար այս գիրքը տեսնել որպէս մէկ մասնիկը հայերէն ընթերցանութեան համապարփակ ծրագրի մը՝ մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդականի աւարտը։
Կարէն Թոխաթեան, ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԺԱՅՌԱՊԱՏԿԵՐՆԵՐԸ, ՀՀ ԳԱԱ , Պատմութեան հիմնարկ, ՀՀ ԳԱԱ «Գիտութիւն» հրատարակչութիւն, խմբագիր ու անգլերէնի թարգմանիչ՝ պ.գ.թ. (դոկտ) Գոհար Վարդումեան, ձեւաւորումը՝ Կարէն Թոխաթեանի եւ Ռուբէն Թարումեանի, տպ. Գէորգ-Հրայր ՍՊՀ («Լուսակն» հրատ.), Երեւան, 2025, 520 էջ (ներառեալ 248 աղիւսակ, 7 քարտէզ)
Շատերուս համար անարդարօրէն գրեթէ անծանօթ այս հեղինակին կենսագրութիւնը ինքնին հիացմունքի արժանի է։ Երեւանի համալսարանը աստղագիտութիւն ուսանած՝ Կարէն Թոխաթեան Հայաստանի լեռներուն վրայ վարած է մօտ 150 գիտական արշաւանքներ, յայտնաբերած, քարտէզագրած ու դասակարգած է հազարաւոր ժայռապատկերներ ու տասնեակ հնաստղագիտական կառոյցներ։ 1995-էն ի վեր կը պաշտօնավարէ ՀՀ ԳԱԱ Պատմութեան հիմնարկի Հին դարերու պատմութեան բաժնին մէջ։ Մաս կը կազմէ ազգային ու միջազգային բազմաթիւ գիտական կազմակերպութիւններու՝ մասնակցելով գիտաժողովներու, դասաւանդելով ու ուսումնասիրութիւններ ստորագրելով։ Հիմնած է Ժայռապատկերներու ուսումնասիրման հայկական միութիւնը ու իր մասնակցութիւնը կը բերէ գիտական զբօսաշրջութեան կազմակերպման աշխատանքներուն։ 2020-ին պաշտպանած է «Հայաստանի ժայռապատկերներու տիպաբանութիւնը եւ պատմամշակութային նշանակութիւնը» ատենախօսութիւնը։
Մեծադիր, գեղատիպ այս հատորը, լոյս տեսած շնորհիւ Հայագիտական ուսումնասիրութիւնները ֆինանսաւորող համահայկական հիմնադրամի դրամաշնորհին (ափսոս՝ հազիւ 150 տպաքանակով, եւ ափսոս՝ միշտ աբեղեանական ուղղագրութեամբ), կը բացուի Եղիշէ Չարենցի հետեւեալ բառերով. «Ո՛վ անանուն վարպետներ / Որ կերտել էք լուռ ու անցել – / եւ ձեր շունչը թողել դարերուն»։ Այդ շունչը, ժայռապատկերներուն ընդմէջէն, վարպետօրէն մեզի կը փոխանցէ հեղինակը։
Գիրքին բնոյթն ու արժէքը լաւապէս ներկայացուած են հրատարակչութեան կողմէ տրուած բանաձեւումով, որմէ կը քաղեմ հետեւեալը.
«Հայկական լեռնաշխարհի պատկերագրական ժառանգութեան հնագոյն կոթողները՝ պատմամշակութային իրականութեան բացայայտման հաւաստի սկզբնաղբիւր են։
«Աշխատութիւնը ներկայացնում է … ժայռապատկերների եւ հայ մշակոյթի յարակից ոլորտների իմաստաբանական աղերսները, որով վկայւում է դրանց արարողների էթնոմշակութային միասնականութիւնը եւ հայ ժողովրդի՝ իր բնօրրանում յարակայութիւնը»։
Հատորը կը բովանդակէ առաջաբան մը, երեք ընդարձակ գլուխներ, վերջաբան մը, անգլերէն ամփոփում մը, յաւելուած մը երկնային ու լուսային իմաստաբանութեամբ տեղանուններու եւ երկրորդ յաւելուած մը վերահայացուած կամ անուանափոխուած տեղանուններու, ապա 249 էջ՝ հազարաւոր լուսանկարներու տրամադրուած՝ իբր աղիւսակներ, յաւելուածաբար իրենց աղբիւրներու եւ բացատրութեանց նշումով, վերջապէս տեղանուններու, անձնանուններու եւ դիցանուններու մանրամասն ցանկագրութիւն մը եւ մատենագիտութիւն մը, հայերէն եւ այլ լեզուներով՝ 39 մանրատառ էջերով։
Այստեղ կ՚ուզեմ վերջաբանէն երեք մէջբերում կատարել։
Առաջին՝ այս կատարուած աշխատութենէն կրնանք իմանալ, որ «հայոց օրացոյցը տեղածին է եւ ազդեցութիւն է գործել շրջակայ երկրների ու ժողովուրդների ժամանակաչափ համակարգերի ծագման ու զարգընթացի վրայ»։
Երկրորդ՝ «առաւել ակնառու է դառնում, որ Հայաստանում կիրառուած գրահամակարգերի տարրերի որոշ մասը կարող էր ծագել ժայռապատկերների տառանման նշաններից», որ առաւել կ՚ամբողջացնէ Մեսրոպ Մաշտոցի կերպարը «որպէս մեծագոյն հայի, իր ազգի մշակոյթի բոլոր փուլերի հարազատութիւնը, միասնականութիւնն ու շարունակականութիւնը ըմբռնած խոշորագոյն հանրային ու քաղաքական գործիչի»։
Երրորդ՝ «ուսումնասիրութիւնը նպաստում է, որ բնօրրան Հայկական լեռնաշխարհը ներկայացուի որպէս մէկ ամբողջութիւն, որի մշակութաբանական պատկերն անընդհատ է ըստ տարածքի՝ մօտ 400 հազար կմ2, եւ ժամանակի՝ տասնեակ հազարաւոր տարիներ»։
Ժայռապատկերներու մասին ասկէ առաջ գրուած են գիրքեր ու յօդուածներ, բայց նման տարողութեամբ ու արժէքով գործ առաջին անգամն է, որ կը հրատարակուի։
