ՎԱՀԷ ՕՇԱԿԱՆ – ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆԻ ՈՒ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆԻ ԽԱՉԱՁԵՒՄԱՆ ԿԷՏԻՆ ՎՐԱՅ…

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Իմ գրասէ՛ր ընթերցող,
Վերջերս Վահէ Օշականի ստեղծագործական կեանքի մասին վաւերագրական ժապաւէն մը՝ «Միջնարար»-ը (բեմադրիչ՝Հրայր Անմահունի) ղրկուեցաւ ինծի իմ լաւ ընկերներէն, յայտնի ջրանկարիչ բժ. Յարութիւն Արմէնեանի կողմէ: Յղացք մը՝ որ լուրջ փորձ մըն է վեր հանելու այս գրական քուրմի ստեղծագործական արժանիքներն ու գեղարուեստական կերպարը: Յատկապէս հետաքրքրական ու շահեկան էին Մարկ Նշանեանի ու Գրիգոր Պըլտեանի վերլուծումներն ու մեկնաբանութիւնները, որոնք առիթ տուին ինծի նոր մտորումներու… եւ յիշելու առաջին հանդիպումս ու հետագայի վերջին հեռաձայնային խօսակցութիւնը իր հետ… :

ԳԱԼՈՒՍՏ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ, 1966, ԱՅՆՃԱՐ

Կազմակերպողը թէեւ «Մուսա լեռ գրական խմբակն» էր, սակայն զինք հրաւիրողը բարձր դասարաններու հայերէնի ուսուցիչը՝ Պօղոս Սնապեանն էր: Որովհետեւ ի սկզբանէ որոշ գաղափար մը ունէինք անոր արտակեդրոն խառնուածքի մասին՝ անհամբեր էինք զինք տեսնելու ու լսելու:
Իբրեւ աննախընթաց ձեռնարկ, գիւղի գրասէր հասարակութիւնը եւս հրաւիրուած էր: Այնպէս որ «Տիգրանեան» սրահէն ներս նոյնիսկ ոտքի՛ կենալու տեղ չկար… :
Վահէ Օշական աւելի համամարդկային հարցեր շօշափեց քան ազգային եւ փոխանակ փառքը հիւսելու արեւմտահայ գրականութեան, ան արժեւորումը կատարեց որոշ վերապահութիւններով: Իսկ երբ մեր նախկին հայերէնի ուսուցիչը՝ Թովմաս Հապէշեանը, հարց տուաւ՝ «Ի՞նչ կարծիք ունիք ժամանակակից սփիւռքահայ գրողներու մասին», ան առանց բառերը ծամծմելու պատասխանեց.
—Սփիւռքահայ գրողներ չկան այսօր, այլ կան քաղաքական «փողահարներ», որոնք գրականութեամբ ալ կը զբաղին…
Գիւղի մտաւորականներէն՝ Թադէոս Պագալեանը ուզեց նեղը դնել զինք ու անմիջապէս հարցուց.
—Եթէ այդպէս է, ապա ո՞վ է Յակոբ Օշականը ձեզի համար:
Վահէ Օշական ամենայն հանդարտութեամբ շարունակեց.
—Նախ՝ ճշդեմ որ Յակոբ Օշականը արեւմտահայ գրող է եւ ոչ թէ սփիւռքահայ: Թէեւ ես սկսայ գրել ընթերցելէ ետք անոր գրականութիւնը, գրող դարձայ շնորհիւ իր գրականութեան մէջ խորացման, սակայն ան անցեալի մարդ է: Այսօր մենք կ՚ապրինք Սփիւռքի մէջ, ունինք մեր խնդիրներն ու տագնապները… մեզի համար «ժամանակավրէպ» է անոր գրականութիւնը:
Ոչ ոք կը սպասէր նման պատասխաններու… : Առաջին անգամն էր որ կը լսէինք նմանօրինակ կարծիքներ, որոնք ոչ միայն կը հակասէին մեր ընբռնումներուն, այլեւ ինչ որ տեղ «յուսախաբ» կ՚ընէին մեզ…
Ձեռնարկի աւարտին «Գրական խմբակ»-ի խնդրանքով առանձին հանդիպում մը ունեցանք իր հետ, որ տեղի ունեցաւ ուսուցչարանը, ուր բնականաբար ներկայ եղան նաեւ ոսուցիչ-ոսուցչուհիներ: Անոնց ներկայութեան ան մեզ ըմբոստութեան կը մղէր թէ՛ իրենց եւ թէ՛ բոլոր դաստիարակներուն ու ղեկավարներուն դէմ: Նոյնիսկ մէջբերում մը կատարելով՝ ըսաւ. «Վա՜յ այն ազգին, որուն երիտասարդները դժգոհ չեն», իսկ վերջաւորութեան խօսքը ուղղելով ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն ըսաւ.
—Լաւ է որ «մոլեռանդ» հայեր կը պատրաստէք հոս, Սփիւռքի գոյատեւման համար անհրաժեշտութիւն է… շարունակեցէ՛ք:
Իմ արդարամի՛տ ընթերցող,
Շատ լաւ կը յիշեմ որ ան «մոլեռանդ» բառը օգտագործեց, որ կը հակասէր իր պարզած սկզբունքներուն: Այո, անդրադարձայ որ հակասութեան մէջ է… : Թէեւ քաջութիւնը չունեցայ արտայայտուելու… սակայն խորապէս տպաւորուած էի… իր յանդուգն ու տարօրինակ կեցուածքներէն:
Բոլոր պարագաներուն սակայն անոր «զարտուղի գաղափարները» թէ՛ նորութիւն էին եւ թէ՛ հետաքրքրական ու նաեւ՝ շահեկան մեզի համար, որովհետեւ այն օրերուն մենք ըմբոստ էինք ու հակամէտ հակադրուելու մեր երէցներուն՝ ըլլայ ընկերային, կրթական թէ քաղաքական, ըլլայ կրօնական գետնի վրայ:
Ան իր հետ բերած էր իր «Քաղաք»-ը գիրքը, զոր նուիրեց դպրոցին: Իր մեկնելէն ետք խնդրեցի որ նախ ինծի տրամադրուի, սակայն մերժուեցայ, «Տակաւին կանուխ է» ըսին…
Շուրջ տարի մը ետք, Սնապեանը օրինակ մը նուէր բերաւ ինծի: Կարդացի, աւելի ճիշդը ճիգ ըրի կարդալու: Իսկ եթէ աւելի անկեղծ պիտի ըլլամ, պէտք է խոստովանիմ, որ պարզապէս ես ինծի ստիպեցի, որ ընթերցեմ…: Առանձին հատուածներ եւ կամ նախադասութիւններ ինչ-որ բան կ՚ըսէին, սակայն ընդհանուրին մէջ բան չէի հասկնար: Նկատի առէք որ մինչ այդ իբրեւ քաղաք ես տեսած էի գիւղաքաղաքի մը՝ Զահլէի փողոցները, սրճարաններն ու սինեմաները, իսկ բնաւ գաղափար չունէի թէ ինչպէս կ՚ըլլան քաղաքի եկեղեցիները եւ կամ յատկապէս գապարէներն ու պոռնկատուները: Միայն հասկցայ որ անկեղծ, խիզախ, ազատախոհ գրողի մը հետ է գործս… :

«ԲԱԳԻՆ»-Ի ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆ,1975 ԱՄԱՌ, ՊԷՅՐՈՒԹ

Հայաստանէն բերած տրցակ մը գիրքեր, թերթեր եւ որոշ «թարմ տեղեկութիւններ» յանձնեցի Սնապեանին, որ իր հերթին տուաւ ինծի «Բագին»-ի որոշ թիւեր…: Այդ տարիներուն Սնապեանի եւ հայրենի ազգայնական շարք մը մտաւորականներու միջեւ կապ կը պահէի, միշտ բարձր պահելով թէ «Բագին»-ի եւ թէ խմբագրին վարկն ու հեղինակութիւնը: Այդպէս թելադրուած էր ինծի…: Պէտք է վկայեմ, որ Սնապեանն ալ իր հերթին, իբրեւ հաւատարիմ կուսակցական, ամենայն պարկեշտութեամբ կ՚իրագործէր Վերէն եկած որոշումները…: Երբ հարց տուի թէ ի՞նչ յատկանշական նորութիւններ կան գաղութէն ներս, ան դարակէն հանեց «Երիտասարդ հայ»-ի մէկ համարը, Վ. Օշական ստորագրած ու «Նոր Հայրենիք» խորագրուած յօդուածի էջը բանալէ եւ առջեւս դնելէ ետք, հեգնանքով ըսաւ.
—Կարդա եւ վայելէ…
Կարդացի եւ վայելեցի՜… բայց ո’չ հեգնանքով, այլ ամենայն լրջութեամբ ու … մտահոգուեցայ: Հապա՞ եթէ ճիշդ էին Վահէ Օշականի քննադատութիւնները…: Խնդրայարոյց յօդուած մըն էր, որ փոթորիկ ստեղծած էր գաղութէն ներս: Հակառակ անոր որ իր արտայայտած միտքերէն շատեր կասկածելի ու ծայրայեղական կը թուէին… այդ օրերուն։ Այս անգամ ոչ միայն տպաւորուած էի իրաւութեամբ դատելու իր համարձակ ու յանդուգն կեցուածքներէն, այլեւ ուղղակի հիացած էի…։ Ու անհուն ցանկութիւն մը ունեցայ վերստին ընթերցելու «Քաղաք»-ն ու այլ գործեր եւս: «Քաղաք»-ը ձեռքիս տակն էր: Իսկ Սնապեանը, հակառակ անոր, որ լուրջ վերապահութիւններ ունէր վկայուած գրողներու եւ մասնաւորաբար Վ. Օշականի հանդէպ, տրամադրեց ինծի «Քառուղի»-ն եւ «Բագին»-ի քանի մը համարներ: «Քաղաք»ն ու քանի մը բանաստեղծութիւններ ընթերցեցի… առանց մասնաւոր տաղտուկ զգալու, իսկ «Քառուղի»-ն սկսայ, բայց չկրցայ շարունակել…: Այնուամենայնիւ, թէեւ Վ. Օշականը աւելի բարձրացաւ աչքիս, սակայն իբրեւ գրող չկրցայ գնահատել ու որոշել իր տեղը…: Այդ օրերուն Սնապեանը հեղինակութիւն էր մեզի համար, կը սպասէի որ իր կարծիքը տայ, սակայն միշտ կը խուսափէր: Իմ հարցերուն կամ չէր պատասխաներ կամ ալ երկիմաստ եւ լպրծուն բացատրութիւններ կու տար: Խնդիրը այն էր, որ ան մասնագիտական կրթութիւն ստացած չըլլալու բարդոյթէ կը տառապէր: Սակայն այդ բացը լրացնելու համար կը դիմէր ինքնաշխատութեան եւ ոչ միայն անխոնջ աշխատող մըն էր, այլեւ շատ լաւ գիտէր ինչպէս իր շուրջիններն ու գրասէր ծանօթներն եւս աշխատցնել ի նպաստ «Բագին»-ին: Բացի ինձմէ, յատկապէս եղբօրմէս՝ Պետիկէն եւ իր աշակերտներէն, գործի կը լծէր նաեւ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի (արխիւագէտ), Աւօ Թումայեանի (արխիւային լուսանկարներու շտեմարան) եւ Յակոբ Իսկէնտերեանի (գիրքերու մեծ հաւաքածոյի տէր) նման մտաւորականները, որոնք բոլորն ալ սիրայօժար կ՚օժանդակէին իրեն՝ յանուն «Բագին»-ի որակի բարելաւման…: Իմ պարագայիս, խոստովանիմ որ այդ ընթացքին խմբագրական գետնի վրայ ես որոշ բաներ կը սորվէի նաեւ: Այնուամենայնիւ, հետագային հասկցայ թէ Վ. Օշականի գրականութիւնը անհասկնալի՝ «բարդ» աշխարհ մըն էր իրեն համար: Իսկ այդ «անհասկնալիութեան բարդութիւնը» փոխանցուած էր նաեւ ինծի եւ ուրիշներու…:

* * *

Տարիներ ետք, երբ արդէն ծանօթ էի «Տատաիստական» շարժումին, ենթագիտակիցի գործօնին ու նաեւ՝ անհեթեթի ու գերիրապաշտ գրականութեան (Փիրանտելլօ, Ժան Ժընէ, Պեքեթ, Ափոլիներ, Արակոն, Պրեթոն…), առիթ ունեցայ ընթերցելու «Ահազանգ»-ը: Եթէ ատկէ առաջ կը զգայի թէ մեծութեան մը դիմաց կը գտնուիմ, հիմա արդէն մեծութիւններուն յատուկ հսկայ ու անպարագիծ աշխարհ մը կը բացուէր առջեւս, թէկուզ՝ առանց կարենալ ամբողջութեամբ թափանցելու անոր հոգեմտաւոր խորագոյն ալքերն ու մտնելու անհունութեան բարձրագոյն ոլորտները…:
Այնուամենայնիւ Վահէ Օշական ինծի համար մնաց իբրեւ ըմբոստ, արտակեդրոն, խորիմաստ ու ինքնատիպ գրող մը: եւ եթէ կարելի է անոր արտայայտած մտքերուն ու գաղափարներուն վերապահութեամբ մօտենալ, ապա կարելի չէ կասկածի տակ առնել անոր իրաւութիւնն ու խիզախութիւնը…:

1988 ԿԱՄ 1989, ՊԷՅՐՈՒԹ:

Թուականը կարելի է ճշդել, որովհետեւ Վահէ Օշականի Պէյրութ վերջին այցելութիւնն էր: Բանաստեղծուհի ու գրականագէտ Շուշիկ Տասնապետեանը հեռաձայնեց.
—Մովսէս, Վահէ Օշականի նուիրուած ձեռնարկին ներկայ չէիր, որ շատ հետաքրքրական ու յաջող անցաւ: Սակայն սեղմ շրջանակի մէջ իր հետ հանդիպում մը եւս կազմակերպուած է, վաղը «Լեւոն Շանթ»-ի կեդրոնը… դարձեալ «Համազգային»-ի նախաձեռնութեամբ: Ան կը փափաքի որ դուն ալ ներկայ ըլլաս:
—Բայց Շուշիկ, անիկա զիս չի ճանչնար. ուրկէ՞ ո’ւր…
—Նայիր… սխալ մի հասկնար, խօսքը Պետիկի մասին է, հարցումներ ունի քեզի, աւելին չեմ գիտեր։ Անպայման եկուր… չմոռնա՛ս։
Իմ պարտաճանա՛չ ընթերցող,
Խոստացայ բայց չգացի. չգացի, որովհետեւ այդ օրերուն Սնապեանի ներկայութիւնը այնքան ալ հաճելի չէր ինծի համար: Յաջորդ օրը Շուշիկը դարձեալ հեռաձայնեց.
—Մովսէս, ինչո՞ւ չեկար։ Ընկեր Վահէն լուրջ խօսելիք ունի հետդ…
—Թող ներէ ինծի, չկրցայ գալ, բայց եթէ կ՚ուզէ հանդիպինք օր մը… ես կը յարմարիմ իրեն:
—Չ՚ըլլար, շուտով պիտի մեկնի եւ ժամանակ չունի, բայց հիմա քովս է, կ՚ուզէ խօսիլ հետդ:
Վահէ Օշականը Պետիկը անձամբ կը ճանչնար: Յաւուր պատշաճի իրարու որպիսութիւնը հարցնելէ ետք, ըսաւ.
—Կը ցաւիմ որ Պետիկը չկայ: Ինծի ձօնուած իր մէկ բանաստեղծութեան պատճէնը ընկերներէս շատեր ղրկեցին ինծի (ան քանի մը անուն տուաւ, որոնցմէ միայն Մովսէս Պչաքճեանը կը յիշեմ): Իրականութեան մէջ, ատիկա երգիծանք չէ, սակայն այդ չէ խնդիրը, կ՚ուզեմ գիտնալ թէ այդ ոճով ուրիշ բանաստեղծութիւններ ալ գրած ունի՞…
— Կը կարծեմ որ ո’չ, չունի, սակայն եթէ գրած եւ պահած է չեմ գիտեր:
—Եթէ պատահի որ ձեռագիրներուն մէջ նմանօրինակ բան մը գտնէք, ղրկեցէք ինծի: Պօղոսն ալ տեղեակ չէ, սակայն լաւ պիտի ըլլար եթէ երեքով՝ Պօղոսին հետ հանդիպէինք առիթով մը, խօսելու բան կայ…:
—Շատ լաւ, դուք որոշեցէք ես կը յարմարիմ:
Դժբախտաբար հանդիպումը չկայացաւ ու ես չգիտցայ թէ ի՞նչ պիտի հարցնէր… եւ մանաւանդ հետաքրքրական էր իմանալ թէ ի՞նչ էր իր կարծիքը Պետիկի գրականութեան մասին… առհասարակ: Սակայն զիս զարմացնողը եղաւ այն, որ ինք շատ բնական ու կիրթ ձեւով զրուցեց հետս: Թէ ինչո՞ւ կը սպասէի որ իր գրականութեան պէս տարօրինակ ու անհեթեթ ձեւով պիտի արտայայտուէր… չեմ գիտեր։
Այնուամենայնիւ ես անդրադարձայ որ այս Անուղղայ Ուղղամիտը, ոչ թէ ինք «Խուճապ»ի մատնուած տագնապահար մըն է, որ «ահազանգ» կը հնչեցնէ, այլ այդպէս է իր տեսած ու ապրած կեանքը, որ իր հոգեմտաւոր պրիսմակէն անցընելէ ետք, տարերայնօրէն (գուցէ ենթագիտակցաբար) կը դրսեւորուի… :

Իմ բանիմա՛ց ընթերցող,
Թոյլ տուր խոստովանիմ, որ Վ. Օշականի խոր ու անպարագիծ գրականութեան առաւել թափանցելու գեղարուեստական ներուժն ու համապատասխան պատրաստուածութիւնը տակաւին կը պակսին ինծի: Նախ անոր համար, որ իր ստեղծագործութիւններէն փոքր տոկոս մը միայն կարդալու առիթը ունեցած եմ, եւ ապա իր արուեստը բացայայտելն ու մեկնաբանելը ոչ միայն յաւելեալ խորացում ու մտքի թռիչք, այլեւ առանձին մասնագիտութիւն կ՚ենթադրեն: Վահէ Օշականի գրականութեան լաւագոյն գիտակներն ու մեկնաբանները Գրիգոր Պըլտեանն ու Մարկ Նշանեանը ըլլալու են: Հետաքրքրուողներուն կ՚առաջարկեմ դիտել վերոյիշեալ ժապաւէնը:
Իսկ իմ հասկցածս եղաւ հետեւեալը։
Վահէ Օշական իր «որոնումներուն» ընթացքին իր մէկ բանաստեղծութեան մէջ, զգուշացնելէ ետք մարդիկ, կը կանչէ. «Հէ՜յ, մէկը կա՞յ տիեզերքի մէջ», իսկ Ուիլեըմ Սարոյեան իր մէկ թատերախաղին մէջ ձայն կու տայ «Հէ՜յ, ո՞վ կայ այնտեղ»:
Արտաքնապէս կը թուի թէ երկուքն ալ գլխագիր Մարդ կը փնտռեն, առաջինը տիեզերքի, իսկ երկրորդը գետնի վրայ: Տպաւորութիւնս այն է, սակայն, որ այս երկու հսկաները, հակառակ անոր, որ արտայայտչական գետնի վրայ իրարու ներհակ տարածքներու վրայ կը քալեն, Աստուածայինը կ՚որոնեն Մարդու մէջ, (հին եգիպտացիներուն նման) իսկ Մարդկայինը՝ Աստուծոյ մէջ (հին յոյներուն նման), առանց նժարի վրայ դնելու սակայն իրենց հաւատքն ու Աստուծոյ գոյութիւնը…:
Իսկ թէ ո՞րն է Աստուածայինի ու Մարդկայինի խաչաձեւման կամ բախման կէտը… տակաւին կը մնայ անլոյծ, անթեղուած ու խորհրդաւոր: Հոս է որ «ըլլալ-չըլլալ»-ու յաւիտենական հարցը ի յայտ կու գայ ու կը շարունակէ աշխատցնել, տագնապեցնել ու տառապեցնել մարդկային Ստեղծագործ Մտքի Հանճարը…:

Երեւան, յունուար 2022

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *