Եգիպտականք (Գ)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Այնուհետեւ օրերը նորանոր թելադրանքներ բերին Շամպոլիոնին, եւ ան յաջողեցաւ վերծանել եգիպտերէնի գրային համակարգի հնչիւնագիր մօտ 30 գրանշաններու՝ գրեթէ ամբողջութիւնը, եւ առ այս ան 1824-ին շարադրեց տեղեկագիր մը՝ ուղղուած եգիպտագէտներու:
Տպաւորութիւնը ցնցիչ էր, թէեւ քննադատներ ալ ունեցաւ անխուսափելիօրէն, որովհետեւ այնքան անակնկալ ու մեծ էր նուաճումը, որ դժուար էր հաւատալ անոր ամբողջական վաւերականութեան: Տակաւին խոր տարակուսանք կը տիրէր ամենուրեք:
* * *

Խմբագրութեան կողմէ. Գրութեան մնացեալ մասը կը պարունակէ բազմաթիւ նշանագրեր, որոնք անհնար էր առցանց տարբերակով հասկնալի ներկայացնել, ուստի ընթերցողէն պիտի խնդրենք որ գրութիւնը կարդայ թերթի տպագիր տարբերակի պատճէնին վրայ, հետեւելով այս կապին։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *