Մեր ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2024-ի թիւը

Սիրելի ընթերցող,

«Հորիզոն գրական»ի ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2024-ի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։

Բարի ընթերցում։

Զրոյց Վարպետի հետ…

Արա Նախշքարեան

Համո Սահեանն ասում է.
«Հայաստան ասելիս ծնկներս ծալւում են,
Չգիտեմ, ինչու՞ է այսպէս»։
Ասեմ, Վարպետ.
Որովհետեւ, Հայաստանը երկրագնդի վրայ միակ տարածքն է Հայրենիք կոչուած, որ Սրբազան հողակտոր է համարւում, մանաւանդ՝ Հայի համար։
Ծնկներդ ծալւում են, Վարպե՛տ, եւ որովհետեւ, Հայաստանն այն միակ քարաբեկորն է երկրի վրա, որտեղ միայն կարող է տիեզերական Continue reading “Զրոյց Վարպետի հետ…”

Գիրքին ոդիսականը

Բժ. Օհան Թապաքեան

Մարդկային արտայայտութեան երկու միջոցներ գոյութիւն ունին. մին խօսքն է ու միւսը գիրը: Խօսքն ու գիրը միատեղ կը կազմեն լեզուն: Գրաւոր լեզուն կ՚արտայայտուի գրուած էջերով՝ գիրքով. հայ գիրքը գրչագիր հայ մշակոյթին թագն ու պսակն է, ու ան պէտք է կազմէ իւրաքանչիւր հայ տան անհրաժեշտ մէկ մասը:
Գիրքը ծերունիին սիրտը ու երիտասարդին դիմագիծը կ՚արտայայտէ. գիրքը միայն կարող է իրագործելու ծրագիրները գրագէտին, Continue reading “Գիրքին ոդիսականը”

Այսօր քիչ մը անտրամադիր է

Անոյշ Ակներեան

— Հոյակապ քոնսեր է. պէտք է անպայման երթանք,— ըսաւ ընկերուհիս, Սոնան։
Խօսքը մեր երկուքին ծանօթ հայ ճազ երգչուհիի՝ Սթելլայի համերգին մասին էր, որ այդ օրերուն քաղաքը կը գտնուէր եւ միայն մէկ օր համերգ ունէր։
Ես համոզուելու կարիք չունէի արդէն։ Ճազի սիրահար՝ պատրաստ էի Continue reading “Այսօր քիչ մը անտրամադիր է”

Հօրս խանութը եւ իր յաճախորդները

ԱՐՇՕ ԶԱՔԱՐԵԱՆ

Հօրս նպարավաճառատունը կը գտնուէր Գահիրէի բանուկ փողոցներէն Ապտ Էլ-Ազիզի վրայ, որ կը ճիւղաւորուէր Աթապա հրապարակէն. Գահիրէի ամենէն կեդրոն վայրերէն մէկն էր։ Այդ հրապարակը նաեւ ունէր հրշէջներու ամենէն մեծ կայարանը, հանրակառքերու կեդրոնը, նամակատան մայր գրասենեակը, կեդրոնական ժամացոյցը եւ այլն։
Հայրս իր խանութը կը պահէր միշտ մաքուր, կոկիկ եւ հրապուրիչ։ Continue reading “Հօրս խանութը եւ իր յաճախորդները”

Կը յիշէ՞ք քորոնան

Մարուշ Երամեան

Կ՚ըսեն թէ պիտի վերադառնայ, արդէն ճամբայ ելեր է եւ արդէն կրկին սկսանք մեր բարեկամները զոհ տալ անոր…
Կը յիշէ՞ք այդ օրերը՝ ժահր, շրջափակում, քարանթին, նոյնշաբթի…
Այդ օրերուն, մանաւանդ սկիզբները, մարդիկ կը փորձէին երգիծանքով մօտենալ անոր, թերեւս կրել կարենալու համար այդ ժահրէն ծնած վախը, մտահոգութիւնն ու ցաւը: Continue reading “Կը յիշէ՞ք քորոնան”

Մեր տան ասեղնագործող ոսկի ձեռքերը

ՆԱԶԱՆ Ա.

Երեք էին անոնք՝ Քնարը, Արշալոյսը եւ Յասմիկը՝ մայրս եւ իր քոյրերը, որոնք սարդերու նման իրենց ամենօրեայ ոստայնները՝ ձեռագործերը կը հիւսէին։ Անշուշտ չմոռնամ նշել ասոնց վարպետը մայր իշխանութիւն Եղիսաբէթ մեծ մայրս էր, որուն ձեռքերն ալ բնաւ դադար չունէին։ Ան ընտանիքի մեծն էր, բոլորին փափաքները սիրով եւ արագ կատարողը։
Այո, մեծ մօրս «մէյտանի» տունը կարծես կը նմանէր գոյն-գոյն թելերու, Continue reading “Մեր տան ասեղնագործող ոսկի ձեռքերը”

Բարեկամութիւն, որ դարձաւ … յաւերժութիւն

Մարգարիտա Մամիկոնի Խաչատրեան

Մարգար ու Էլիզ Շարապխանեան ամուսինների եւ գրող Արշակի(1) մտերութեան հետաքրքիր վկայութիւններ՝ յօդուածներ, թերթեր են պահպանուել Ուշիում՝ Շարապխանեանների գրադարանի բազմակուտակ հանդէսների ու թերթերի էջերում։
Ժամանակագրական կարգով քայլ առ քայլ անցնենք մեր նորօրեայ պատմութեան մի քանի հանգրուաններով, փորձենք հասկանալ՝ որտե՛ղ սխալուեցինք եւ ինչո՛ւ, ինչպէ՛ս Յաղթանակի փառքը կամաց-կամաց վերածեցինք այսօրվայ անփառունակ ու անհեռանկար գոյապայքարի, Continue reading “Բարեկամութիւն, որ դարձաւ … յաւերժութիւն”

Արշակ Գիւմրեանի «Գնչուհին»

ԵՐԵՒԱՆ — «Գրքամոլ» ակումբի երկրորդ խմբի անդամներն իրենց` նոյեմբերի 28-ի [2015] քննարկման ընթացքում անդրադարձել էին հանրութեան լայն շրջանակներին ոչ այնքան յայտնի հայ հեղինակ Արշակ Գիւմրեանի ստեղծագործութիւններից մէկին` «Գնչուհին» վէպին (1995թ.): Աւ. Իսահակեանի անուան գրադարանի դահլիճն այդ օրը ողողուած էր «գնչուական» տրամադրութեամբ, գրքի էջերից Continue reading “Արշակ Գիւմրեանի «Գնչուհին»”