ԲՈԼՈՐ ԵՐԱԶԱՆՔՆԵՐԸ ԲԵՐՈՒՄ ԵՆ ՇՈՒՇԻ

ՀԵՐՄԻՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ

Ծիան գիւղ եկաւ գարնանը, երբ գիւղի բերքատու ծառերը ծաղկել էին: Գիւղը նրան ծաղկունքով դիմաւորեց: Ամերիկայի փոշին թափ տուեց մեր տան շեմին ու ներս մտաւ: Արդէն 20 տարի էր անցել նրա առաջին այցից, բայց նա դեռ 20 տարեկանի խանդավառութիւն ունէր: Ամեն բան նոյնն էր, ամենակարեւորը՝ ժպիտը չէր փոխուել. դա այն ժպիտն էր, որով 20 տարի առաջ նա արեւի ջերմութիւն էր պարգեւում նկուղներից նոր դուրս եկած մանուկներին եւ ստիպում հաւատալ իրեն՝ արեւին: Continue reading “ԲՈԼՈՐ ԵՐԱԶԱՆՔՆԵՐԸ ԲԵՐՈՒՄ ԵՆ ՇՈՒՇԻ”

Յակոբ Կարապենցի ստեղծագործութիւնը — 1

ՆԱՆԱՐ ՍԻՄՈՆԵԱՆ

Արցախի Գրիգոր Նարեկացի համալսարանի դասախօս

Ծանօթ. խմբ. — Այս տարի լրացաւ 20րդ դարու երկրորդ կէսի մեր գրականութեան ամենայատկանշական դէմքերէն Յակոբ Կարապենցի մահուան 25-ամեակը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Յակոբ Կարապենցի ստեղծագործութեան մասին Արցախի Գրիգոր Նարեկացի համալսարանի դասախօս Նանար Սիմոնեանի ընդարձակ աշխատասիրութեան ներածականը։ Յաջորդական թիւերով պիտի տանք աշխատասիրութեան շարունակութիւնը՝ գլուխ առ գլուխ։

ՆԵՐԱԾՈՒԹԻՒՆ

Քսաներորդ դարի երկրորդ կէսի սփիւռքահայ արձակը դժուար է պատկերացնել առանց Յակոբ Կարապենցի գրական հարուստ ժառանգութեան։ Նա պատմուածքի, վիպակի, վէպի, փորձագրութեան ժանրային սահմաններում վերակառուցել է իմացական խօսքի սրութիւնն ու նպատակասլաց ընթացքը։ Continue reading “Յակոբ Կարապենցի ստեղծագործութիւնը — 1”

ՀԱՇՈՒԵՓԱԿ

ԺԱԳ Ս. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Հիմա գիշեր: Օրավերջի ժամն է ճշգրիտ՝
Ու ես կ՚ընեմ խիղճըս կըշիռք նուրբ ու վճիտ:
Ցանգեր է օրն ահա լամբիս հսկուն աստղին,
Սեղանիս քով, ուր սրտամփոփ և անձկագին՝
Շիջած օրուան լուսանկարն աչքիս դէմ խոր
Ինձ հարց կու տամ, — Հոգի՛ս, ես ի՞նչ ըրի այսօր… Continue reading “ՀԱՇՈՒԵՓԱԿ”

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

ԺԱԳ Ս. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Դաժան դարեր անդադար կռփեր, կրծեր, խածխծեր
Են ձոյլ մարմինը անոր՝ դարերուն չափ հի՛ն ու ծե՛ր՝:
Բայց իր խաչով, որ դրօշակ կը ծածանէ յաղթօրէն,
Իր գմբէթով, որ կարծէք Արարատ է հոգեղէն,
Դեռ կա՛յ, կանգո՛ւն է Հայ Եկեղեցին: Continue reading “ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ”

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ՝ ԱՅԺՄԷԱԿԱՆԻՆ ԵՒ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆԻՆ ՄԻՋԵՒ

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Բանաստեղծը Պէյրութ գտնուած շրջանին ամեն անգամ որ գիրք մը հրատարակէր, հայրս նոյն օրը անութին տակ դրած կը մտնէր տուն։ «Սուրբ Գիրքը թող միշտ բաց մնայ սեղանիդ վրայ» վերնագիրն էր իր մէկ բանաստեղծութեան։ Սուրբ Գիրքը միշտ բաց մնաց մեր հիւրասենեակի ճիշդ մէջտեղի սեղանին վրայ։
Վարդանանցին մեր դպրոցի — Հայ Աւետարանական Գոլէճ — եկեղեցիի սրահին մէջ պիտի պատգամէր Ժագ Յակոբեան։ Իններորդ դասարան էի։ Մայրս ու ես գացինք։ Յակոբեանի մազերը Վահան Տէրեանի մէկ կողմի վրայ ինկած մազերը կը յիշեցնէին։ Continue reading “ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ՝ ԱՅԺՄԷԱԿԱՆԻՆ ԵՒ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆԻՆ ՄԻՋԵՒ”

Բանաստեղծ Ժագ Յակոբեանի անմար յիշատակին

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Այս օրերուն գրական մեր աշխարհէն ներս, սուգ է, որովհետեւ ոչ եւս է երկար տասնամեակներէ ի վեր մեր գրականութեան ածուին մէջ անխոնջ վար ու ցան ընող մեր երիցագոյն բանաստեղծը՝ սփիւռքահայ ամենէն տարեց բանաստեղծը` Ժագ Ս. Յակոբեան։ Continue reading “Բանաստեղծ Ժագ Յակոբեանի անմար յիշատակին”

Bibérian ou un Arménien de Turquie qui n’entendait «ni se dérober ni mentir»(1)

HERVÉ GEORGELIN

Ծանօթ խմբագրութեան — Մեր օգոստոսի թիւով անդրադարձած էինք ֆրանսացի պատմագէտ եւ թարգմանիչ Հերվէ Ժորժըլէնի խմբագրութեամբ լոյս տեսած Զաւէն Պիպէռեանի ինքնակենսագրական ֆրանսերէն գրքին։ Այս թիւով ընթերցողին կը ներկայացնենք գրքին ուշագրաւ ներածականը, որ խմբագիրը սիրով տրամադրեց «Հորիզոն գրական»ին։

Le texte que voici est un document exceptionnel portant sur l’histoire de la Turquie kemaliste de la fondation de la République à l’immédiat après-Seconde-Guerre mondiale. Il est écrit par un des plus stimulants écrivains arméniens de l’Istanbul républicaine dont la notoriété fut soigneusement étouffée par les notables arméniens de cette communauté qui désiraient continuer leur vie discrète dans les conditions politiques qui leur étaient faites. Continue reading “Bibérian ou un Arménien de Turquie qui n’entendait «ni se dérober ni mentir»(1)”

Լոյս տեսաւ Վրէժ-Արմէնի »ՈՍՏԱՅՆ 13 – ԹԵԼԵՐ, ԹԵՒԱԾՈՒՄՆԵՐ« հատորը

Լոյս տեսաւ Վրէժ-Արմէնի «ՈՍՏԱՅՆ 13 – Թելեր, թեւածումներ» առցանց հատորը, որ կը բաղկանայ չորս մասէ՝ «Այս անհամար թելերը», «Մենք մեզի», «Պաստառին առջեւ» եւ «Ասկէ անկէ»՝ 47 գրութիւններով, 105 էջ։ Continue reading “Լոյս տեսաւ Վրէժ-Արմէնի »ՈՍՏԱՅՆ 13 – ԹԵԼԵՐ, ԹԵՒԱԾՈՒՄՆԵՐ« հատորը”