Լոյս տեսաւ Վրէժ-Արմէնի «ՈՍՏԱՅՆ 13 – Թելեր, թեւածումներ» առցանց հատորը, որ կը բաղկանայ չորս մասէ՝ «Այս անհամար թելերը», «Մենք մեզի», «Պաստառին առջեւ» եւ «Ասկէ անկէ»՝ 47 գրութիւններով, 105 էջ։
Հատորին «Երկու խօսք» ներածական-ին մէջ կը կարդանք.
Առաջին մասը ձեւով մը շարունակութիւնը կը հանդիսանայ առաջին երկու գրքերուս՝ «Ոստայն 1» եւ «Ոստայն 2», ուր կը գրէի հարազատներուս, ընկերներուս-բարեկամներուս եւ ծանօթներուս հետ ունեցած կապերուս մասին, որոնք ատենին կը պահուէին նամակագրութեամբ, իսկ հիմա արդէն տարբեր թելերով։
Երկրորդ մասին մէջ անձնական ապրումներ են՝ ուրախութիւններ ու վիշտեր՝ ծնողքի կորուստին կամ զաւակներու եւ թոռնիկներու ծնունդին, հասակ առնելուն եւ ձեռքբերումներուն առնչուած։ Այդ ապրումները, վստահ եմ, միայն իմս չեն, այդ պատճառաւ ալ կը բաժնեմ ընթերցողներուս հետ։
Երրորդ մասը նորութիւն մըն է բաղդատաբար միւս հատորներուս։ Հոն տեղ գտած են գրելու գործընթացին, բառերու որոնումին, նիւթերո՛ւ որոնումին եւ յարակից հարցերու մասին գրած յօդուածներս։
Գալով չորրորդ մասին, այնտեղ պիտի գտնէք տարբեր բնոյթի յօդուածներ՝ զանազան պահեր ու փորձառութիւններ ի մի բերող։ Կարելի է այս մասն ալ շարունակութիւնը համարել «Ոստայն 9 — Մանրանկար» եւ «Ոստայն 12 — Հանգոյցներ» հատորներուս։
Ինչպէս այդ վերջինի պարագային, այստեղ եւս Վրէժ-Արմէն դիտել կու տայ, թէ կարծէք միշտ «Ոստայն 4 — Իմ ուղեպատումը» հատորն է, որ կը շարունակուի, որովհետեւ բոլոր գրութիւններն ալ կ՚առնչուին մեր կեանքին։
Այս հատորը բարեզարդուած է Արեգ Էլիբեկեանի կտաւներով։
Հեղինակին վերջին տասը հատորները՝ սկսեալ «Ոստայն 4»-էն, մատչելի են ընթերցողին Հայերէնblog կայքէջի «Գիրքեր» բաժնին մէջ։ (https://hayerenblog.wordpress.com/Գիրքեր)։ Այնտեղ կարելի է կարդալ նաեւ հեղինակի ոչ-անձնական բնոյթի նամականին, որ հետզհետէ պիտի ամբողջանայ։
10 նոյեմբեր 2019