Նոյեմբեր 2-ին, Գալիֆորնիոյ Փասատենա քաղաքին մէջ մահացաւ բանաստեղծ, դաստիարակ եւ մտաւորական Ժագ Ս. Յակոբեան՝ 102 տարեկանին։
Ծնած էր 1 օգոստոս 1917-ին, Երուսաղէմի մէջ, Ստեփան Յակոբեան (ատափազարցի) եւ Սրբուհի (երուսաղէմցի) ամոլէն: Երկու տարեկանին ծնողքին հետ կը տեղափոխուի Գահիրէ, Եգիպտոս: Ուսումն ու կրթութիւնը կը ստանայ յաջորդաբար Բիւզանդ-Ալիս Վարժապետեան (մանկապարտէզ, 1922-24), Գալուստեան Ազգային Վարժարան (1924-29), Պէրպէրեան Գոլէժ (1929-34), Collège des Frères (Khoronfish, Baccalauréat – série mathématiques, 1935-37) եւ Պէյրութի Faculté Française de Médecine – École de Pharmacie (1937-39) ուսումնարաններուն մէջ։
1939-ին կը ծագի Համաշխարհային Բ. պատերազմը, որուն պատճառաւ կը ստիպուի իր դեղագործական ուսումը շարունակել Գահիրէի պետական համալսարանի School of Pharmacy-ին մէջ (1939-42), ուրկէ կը վկայուի 1942-ին: Եգիպտական օրէնքին համաձայն, ան կ՚անցնէ արաբերէն Պաքալորեային համազօր երկու քննութիւններ՝ արաբերէն լեզու եւ արաբական գրականութիւն նիւթերով, զորս ինքնաշխատութեամբ պատրաստելէ ետք յաջողութեամբ կը պսակէ եւ ձեռք կը ձգէ դեղագործական վկայականը 1944-ին:
Այնուհետեւ, իր պարտադիր զինուորական ծառայութիւնը կը կատարէ Վերին Եգիպտոսի մէջ (1944-46):
1947-ին կ՚ամուսնանայ Ազատուհի Սեւյօնքեանին հետ, որ թոռնուհին էր Վռամշապուհ արք. Քիպարեանի (առաջնորդ Ֆրանսայի եւ Պելճիքայի՝ Զօրավար Անդրանիկը պսակողը եւ Արփիար Արփիարեանի «Կարմիր Ժամուց»ին «ղարիպ տէրտէր»ը):
Երկու տարի ետք, նորապսակ զոյգը կը գաղթէ Աւստրալիա (Մելպուռն): Տարի մը ետք կը վերադառնայ Գահիրէ, ուր կ’աշխատի որպէս դեղագործ զանազան դեղարաններու մէջ: 1956-ին տիկնոջ եւ երեք անչափահաս զաւակներուն հետ կը գաղթէ Պէյրութ, Լիբանան, ուր կայք կը հաստատէ, եւ ուր կը ծնի իր չորրորդ զաւակը:1957-էն 1965 կը պաշտօնավարէ Կենաց Երկրորդական Վարժարանին մէջ, որպէս ուսուցիչ հայ լեզուի, հայ գրականութեան եւ ազգային պատմութեան:
1965-ին երկրորդ անգամ կը գաղթէ Աւստրալիա (Մելպուռն):
1967-ին կը գաղթէ Ամերիկա վերջնականապէս, եւ կը հաստատուի Գալիֆորնիոյ Փասատենա քաղաքը: Ամերիկայի մէջ ան քսան տարիներ կ՚աշխատի որպէս քիմիագէտ դեղորայքի գործարանի մը մէջ, ապա որպէս ուսուցիչ կը գործէ Սահակ-Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ Վարժարանին մէջ (1988-2000): Կարճ ժամանակ մը, ան եղած է նաեւ հայ գրականութեան դասատու Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Երկրորդական Վարժարանին մէջ: Կը պաշտօնավարէ նաեւ որպէս ուսուցիչ կիրակնօրեայ դպրոցներու մէջ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հովանիին տակ՝ Գահիրէ-Հելիոպոլիս (1951-1953) եւ Էնսինօ, Գալիֆորնիա (2003-2009):
1974-ին կը սկսի Աստուածաշունչի սերտողութեան ժողովներու՝ նախ հաւատացեալներու բնակարաններու մէջ, սկսեալ Հոլիվուտէն, ապա Հոլիվուտի մէկ Baptist Church-ի սրահին մէջ, հուսկ ապա Կլենտէյլի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցիին գմբէթին տակ, հովանաւորութեամբը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյն:
1975-ին կը ձեռնարկէ նաեւ անձնական աւետարանչական գործունէութեան մը, որ կը տեւէ տասը տարի, մինչեւ 1985: Կը հաստատէ 15 վայրկեաննոց շաբաթական աւետարանչական ռատիօժամ մը՝ «Աշխարհի Լոյսը, Հայաստանեայց Աւետարանասփռումի ժամ», սուրբ գրային եւ ազգային բովանդակութեամբ:
Գիրքերու կողքին, ան հրապարակ հանած է նաեւ հոգեշունչ եւ հայաշունչ ձայներիզներ («Յիսուսաբոյր», «Հոգին հայկական» եւ այլն):
Հայերէնի կողքին, ան գրած է նաեւ ֆրանսերէն քերթուածներ, որոնցմով մասնակցած է ֆրանսական գրական մրցումներու (Jeux Floraux du Languedoc, 1936, Toulouse):
1938-ին, Ժագ Յակոբեան «Գաղտնի ճամբան» անդրանիկ իր հատորով՝ գրաքննադատ Նիկոլ Աղբալեանի գրական «գիւտ»ը կը դառնայ: Հեղինակն է շուրջ 35 գիրքերու եւ գրքոյկներու, բանաստեղծութիւն եւ արձակ: Իր գործերէն ոմանք արժանացած են մրցանակներու:
Գեղեցիկ հայերէնով մը արտայայտուած իր ազգայնաշունչ հոգին եւ վառ հաւատքը կը հիւսեն թէ՛ իր ներաշխարհը եւ թէ՛ իր գրաշխարհը: Իր գործածած գրական-գեղարուեստական լեզուն արեւմտահայերէնն է՝ շքեղ եւ ճոխ բառապաշարով:
Ժագ Յակոբեան հեղինակած է նաեւ «Կռունկը կը կանչէ» թատերախաղը, որ արժանացած է հարիւրէ աւելի ներկայացումներու Սփիւռքի զանազան քաղաքներու մէջ, նախաձեռնութեամբ առաւելաբար բեմադրիչ Ժորժ Սարգիսեանի ղեկավարած Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին:
Երկու տարբեր առիթներով, ան կը պարգեւատրուի Կաթողիկոսական շքանշաններով՝ ձեռամբ Գարեգին Բ.-ի եւ Արամ Ա.-ի:
Ան արժանացած է «Համազգային»ի մշակութային բարձրագոյն շքանշանին, հետեւեալ գնահատականով. «Այսու կը հաստատենք, թէ Ժագ Յակոբեան գրական իր վաստակով կարեւոր ներդրում ունեցած է հայ գրականութեան մէջ եւ իր տեւական ծառայութեամբ նպաստած է հայ մշակոյթի հարստացման»: