ՀԱՇՈՒԵՓԱԿ

ԺԱԳ Ս. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Հիմա գիշեր: Օրավերջի ժամն է ճշգրիտ՝
Ու ես կ՚ընեմ խիղճըս կըշիռք նուրբ ու վճիտ:
Ցանգեր է օրն ահա լամբիս հսկուն աստղին,
Սեղանիս քով, ուր սրտամփոփ և անձկագին՝
Շիջած օրուան լուսանկարն աչքիս դէմ խոր
Ինձ հարց կու տամ, — Հոգի՛ս, ես ի՞նչ ըրի այսօր…

Ես ի՞նչ ըրի մէն մի րոպէն իմ այսօրուան,
Ի՞նչ լոյսի յուշ կտակեցի իմ մութ վաղուան.
Ի՞նչպէս և ո՞ւր ես բաշխեցի իմ երկնաձիր
Հոգւոյս, մտքիս, քիրտիս գանձերը ոսկելիր.
Եւ ի՞նչ հանդերձ ես հիւսեցի խօսք ու գործի
Որուն ջերմով դողդոջ թշուառ մը ծածկէի…

Եթէ կրցայ կեանքս ընել ցանք մը պտղաբեր՝
Հոգիներու ակօսներուն մէջ ապալեր,
Սէրըս վառել անոնց համար որպէս արև
Եւ բարութեան անձրև տեղալ անոնց վերև,
Թո՛ղ վրաս ծագի Աստուծոյ աջը օրհնական,
Զի իր շնորհած ոսկի կեանքին դարձայ արժան…

Իսկ թէ հունտերն աստուածատուր ես մսխեցի
Ունայնօրէն աւազներու մէջ անջրդի,
Թէ չըկրցայ ժամերս կոփել զերդ մարգարիտ,
Մարդոց ըլլալ Յիսուսի բոյր, լոյս ու ժպիտ,
Թո՛ղ դժոխքին շանթը — վա՛յ ինձ — գլխուս տեղայ,
Զի ես չեղայ հաւատարիմ ու ժիր ծառայ:

Այսպէս, հիմա, սուրբ Մատեանի ճրագին տակ,
Սեղանիս վրայ հոգիս փռած իբրև մուրհակ,
Ես ինծի դէմ դատաւո՛ր խիստ՝ սակայն արդար,
Ես նոյն ատեն ամբաստանեա՛լ սարսափահար,
Ի սէր մաքուր ու երջանիկ հաշուեփակի,
Այժմ արցունքով ու դողով հարց կու տամ ինծի.

—Դուն ի՞նչ ըրիր կեանքըդ, Հոգի՛ս, դուն ի՞նչ տուիր…

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *