ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ՝ ԱՅԺՄԷԱԿԱՆԻՆ ԵՒ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆԻՆ ՄԻՋԵՒ

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Բանաստեղծը Պէյրութ գտնուած շրջանին ամեն անգամ որ գիրք մը հրատարակէր, հայրս նոյն օրը անութին տակ դրած կը մտնէր տուն։ «Սուրբ Գիրքը թող միշտ բաց մնայ սեղանիդ վրայ» վերնագիրն էր իր մէկ բանաստեղծութեան։ Սուրբ Գիրքը միշտ բաց մնաց մեր հիւրասենեակի ճիշդ մէջտեղի սեղանին վրայ։
Վարդանանցին մեր դպրոցի — Հայ Աւետարանական Գոլէճ — եկեղեցիի սրահին մէջ պիտի պատգամէր Ժագ Յակոբեան։ Իններորդ դասարան էի։ Մայրս ու ես գացինք։ Յակոբեանի մազերը Վահան Տէրեանի մէկ կողմի վրայ ինկած մազերը կը յիշեցնէին։ Կը խօսէր, հաւանաբար ուրիշներ ալ ինծի պէս առինքնուած մտիկ կ՚ընէին։ Բաւական խօսելէ ետք յանկարծ ձայնը կերկերաց ու փղձկեցաւ. գլուխը կախած՝ լացաւ։ Ետ բարձրացուց, վերջին նախադասութիւնները ըսաւ ու նստաւ։ Ընդամենը մէկ ժամուայ մէջ բանաստեղծը գնաց Աւարայր ու վերադարձաւ Ճերմակ Ջարդի վայրը։ Ի՜նչ մէկ ժամ։ Ամբողջ կեանք մը տագնապանք՝ կորուստի ու փրկութեան միջեւ։
Բայց ծիծաղաշարժ բան մըն ալ պատահեցաւ։ Կարծեմ Անդրանիկ Ծառուկեանն էր որ 1969-ամերիկեան Համալսարանի Ուէսթ Հոլին մէջ յիսնամեայ յոբելեանը պատրաստած էր Յակոբեանին։ Ես «Մենք»ը պիտի արտասանէի։ Քանի մը օր առաջ, կոկորդի զօրաւոր բորբոքում. լուր տուի. եւ յանկարծ տեղական օրաթերթի մը մէջ յայտարարուած էր «Վահան Թէքէեան պիտի չարտասանէ հագագային անհանգստութեան պատճառաւ»։ Այդ օր, անկիւն մը կկզած հետեւեցայ ձեռնարկին «հագագային«ը փառահեղայինի վերածելով։
Նիւ Ճըրզիի Համազգայինը կազմակերպած էր Ժագ Յակոբեանի յոբելեանը 1989-ին։ Յակոբեան գերագոյն ծնրադիր քարտուղարն էր Աստուծոյ։ Մայրս ալ ապաշխարած էր։ Հոգեւորները քոյր-եղբայր-ով կը դիմեն իրարու. «Ուրեմն դուք իմ մօրեղբայրս էք» եզրակացուցի։
Այն օրերուն մայրս հիւանդանոց հասաւ, երեք օր մինչեւ ուշ գիշեր ես ալ իր քով մնացի։ Ժագ Յակոբեան ինքնակամ յանձն առաւ երեխաներուս հոգ տանիլ, դպրոցէն անոնց դարձին՝ ան այնպիսի պատմութիւններ պատմեր է, զուարճացուցեր է զանոնք, որ տարիներ ետք դարձեալ կը կրկնէին. «թող Պարոն Յակոբեանը գայ. մեզի նորէն պատմութիւն պատմէ։»
Նոյն օրերուն, նաեւ Գրիգոր Պըլտեան հիւր էր մեզի. նկար մը կայ ուր երկու բանաստեղծները գլուխ-գլխի կը խօսին։ Ես նորէն դատարան պէտք է երթայի ամուսնալուծմանս անվերջանալի դատը աւարտելու խաբուսիկ յոյսով։ Երկուքն ալ ուզեցին ընկերակցիլ ինծի։
Ինը տարի ետք երբ մօրս հիւանդութիւնը բարդացաւ, Ժագ Յակոբեան ամեն օր կը հեռաձայնէր, կը լսէր մեր հեծկլտուքը ու կը մխիթարէր թէ Մաման իր պաշտած Աստուծոյն քով պիտի երթայ, ա՛լ պիտի հանգստանայ։ Մինչեւ իսկ ծրագրեր էր մեր քով գալ, սակայն իր տիկնոջ եղբօր ծանր անհանգստութեան պատճառով չէր կրցած։ Այս մէկը յետոյ պատմեց մեզի։
Հրճուանք էր զինք հիւրընկալել երբ այս ափերը գար։ Տանս մէջ մեծ սենեակ մը կայ, պատերը ծայրէ ծայր լայն պատուհաններ, մինչեւ իսկ առաստաղին վրայ բացուած մեծ պատուհաններ։ Արեգնազ կը կոչեմ այդ սենեակը։ Յակոբեան շատ կը սիրէր նստիլ այնտեղ ու աղօթել եւ գրել։ ։
Քիչեր գիտեն, որ երգիծական երակ մը ունէր։ Օր մը իրիկուան դէմ հարցուց թէ մէկը եկած դուռը զարկա՞ծ է այսօր։ Ոչ ըսի, Հոս այդպէս բան չպատահիր։ Ոեւէ մէկը չեկա՞ւ, հետապնդեց։ Մէկը կ՚ակնկալէի՞ք հարցուցի։ «Առտուն աս փողոցը քալած պահուս, բացատրեց, երկու դպրոցական աղջիկներ ելան դիմացս, հարցուցին եթէ ես Ճորճ Ուաշինկթընն եմ։ Ոչ, պատասխանեցի եւ ձեր տունը ցոյց տալով ըսի՝ այդ տան մէջ կ՚ապրի նշանաւոր գրող տիկին մը։ Դուռը զարկէք եւ իր ստորագրութիւնը խնդրեցէք։ Օր մը հպարտ կրնաք զգալ։ Չեկա՜ն ուրեմն»։ Ափսոսաց որ զիս չկրցաւ ապշեցնել։
Հակառակ որ դեղագործ էր, կեանքը նուիրած էր հայ լեզու եւ գրականութիւն ջամբելու հայկական վարժարաններէ ներս։ Իր աշակերտները գրեթէ երեք սերունդ՝ հմայուած են իր դասաւանդութեամբ։ Փոքրերուն հետ փոքր, մեծերուն հետ մեծ։ Օր մր պատմեց թէ չորրորդ դասարանի աշակերտ մը, Թուրքիայէն եկած, նոր սկսած էր հայերէն խօսիլ, պարտականութիւն ունէր իր դասընկերներուն նման շարադրութիւն մը գրել Այբուբենի գիւտին մասին։ Եւ տղեկը գրեր է. «Հէ՜յ, Մեսրոպ Մաշտոց, դուն եթէ ծնած չըլլայիր, սա պելան չէր գար գլուխնուս»։
Ժպիտը անպակաս էր աչքերէն, դէմքէն։ Միայն ազնիւ բաներու մասին կը խօսէր եւ շնորհակալութեան անհատնում առիթներ կը գտնէր։ Ճիշդ ճաշէն առաջ միշտ երկու գաւաթ գաղջ ջուր կր խմէր որ ստամոքսը նուազ տեղ ունենայ ուտելիքի։
Այնքան մարդկային եւ արդարադատ էր որ հակառակ եկեղեցիի մերժումին անձնասպան մը առանց եկեղեցական արարողութեան թաղելու, ի՛նք կը ստանձնէր եւ մահացեալին վշտահար հոգիին համար աղօթք կ՚ուղղէր Աստուծոյ։
Գրականութիւնը եւ նկարագրային որոշ գիծեր մեզ հարազատ դարձուցին իրարու։ Զինք հոգեւոր հայրս կը նկատեմ. Կ՚ըսեմ թէ Աստուծմէ դառնացած եմ եւ տարտերս իրեն կը պատմեմ։ Կը հասկնամ, կ՚ըսէ մեղմօրէն։ Կը հաւատամ իրեն, որովհետեւ քառորդ դար առաջ երբ մատղաշ զաւակներս իրենց հօր այցելութեան ընթացքին՝ ցերեկը հեռաձայնով աղերսեր էին որ ազատեմ զիրենք այդ տունէն. գիշերը՝ զիրենք սովորականին պէս վերադարձնելու փոխարէն իրենց մեծմայրը հեռաձայնեց ու ըսաւ. «պզտիկներդ այլեւս կեանքիդ մէջ պիտի չձգեմ որ տեսնես»։ Երբ խենթի պէս կու լայի, Ժագ Յակոբեան հեռաձայնով ըսաւ. «Հայր Աստուած իր զաւակները կը պաշտպանէ։ Միշտ յիշէ որ վաղը ուրիշ օր մըն է»։ Յաջորդ առաւօտ զաւակներուս հայրը հեռաձայնեց շատ կանուխ. «Եկուր զաւակներդ տար, հայրս գիշերը մեռաւ»։
Միշտ կը կրկնեմ՝ վաղը ուրիշ օր մըն է. Եթէ յաջորդ օրն ալ դժուար ըլլայ՝ ժապաւէնին ծայրը բռնած եմ. վաղը ուրիշ օր մըն է։
Հարիւր երկու տարեկան Ժագ Յակոբեան կը գրէր ու կը խօսէինք հեռաձայնով։ Իմաստութիւն կը բուրէր եւ Սուրբ Հոգիի նման խաղաղութիւն կու տար։
Բայց ցաւս ու զայրոյթս կը զօրանայ։ Սփիւռքը ծայրէ ծայր ներշնչող բանաստեղծը, Հայաստանի փառքն ու դրօշը եօթանասուն տարի յաղթապանծ ծածանող բանաստեղծը, երբե՛ք Հայաստան չհրաւիրուեցաւ։ Հայ հողը չհամբուրեց։ Համբուրե՜ց, ան ալ ինչպէ՜ս։ «Հայաստանը հոգիիս աչքերով կը տեսնեմ ամեն օր» կ՚ըսէր։
Հայաստանը զրկուեցաւ այս մեծ բանաստեղծը գրկաբաց ընդունելէ։

* * *

Վերջին անգամ հեռաձայնեց ամիս մը առաջ։ Մօրս մասին նոր բանաստեղծութիւն մը ղրկեր էի. «Աս ինչպէ՜ս գրեր ես, սիրելի Վեհանոյշ, ամեն անգամ տարբեր։ Մօրդ դէմքը լաւ կը յիշեմ, լա՜ւ կը յիշեմ։ Լիուլի արժանի է մայրդ այս ներբողին»։ Այդ օր առաջին անգամ ըլլալով չհարցուցի իրեն թէ ի՞նչ գրած է վերջերս։
Պէտք է յայտնեմ թէ անունս միայն Վեհանոյշ չէր, Սիրելի Վեհանոյշ էր։ Իսկ ես երբեք չկրցայ իր հետ խօսիլ եզակի դէմքով։ Յոգնակի դէմքը ոլորելով ու քակելով կը խօսէի գրական հօրս հետ։
Վերջերս ոսկորները կը ցաւէին. Չէր բողոքեր, միայն կ՚ըսէր թէ ծերութիւնը հոս-հոն ցաւեր կը ստեղծէ։ «Ծերութիւնս կը ծամեմ», կ՚ըսէր։
Ուղիղ, աննկուն էութիւն։ Ազնուական հոգի։ Անզիջող ու պայքարող նկարագիր։ Միայն ոսկորները կքեցան բայց միշտ քալեց իրեն սահմանուած ճամբէն, մինչեւ որ նոյեմբեր երկուքին Յիսուս յայտնուեցաւ, երկարեց ձեռքը. «Եկո՜ւր, զաւակս, ըսաւ, երթանք դէպի պաշտած Աստուծոյդ յաւիտենութիւնը»։
Իր եւ իմ միջեւ այլեւս «վաղը» չմնաց։

Նոյեմբեր 8, 2019
Նիւ Ճըրզի

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *