ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆՈՒՄ Է ՄԻԱՅՆ — ԿՈՄԻՏԱՍԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 150-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

ԳՐԻԳՈՐ ՋԱՆԻԿԵԱՆ
Ա

Վերջապէս ու վերջնականապէս համոզուեցի: Այս աշխարհը չափազանց նեղ է հայերիս համար: Մենք հասնում ենք ընդհուպ Կալիֆորնիա, Ճամայքա ու քանի որ աւելի հեռու գնալու տեղ չենք գտնում, մի կերպ տեղաւորւում ենք Երկիր մոլորակում:
Առայժմ: Continue reading “ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆՈՒՄ Է ՄԻԱՅՆ — ԿՈՄԻՏԱՍԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 150-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ”

Թո՛ղ սէրն աշխարհում երբեք չմարի

ԱՆԱՀԻՏ ՉՈՐՊԱՃԵԱՆ

Սէրը Աստուածային շնորհ է, նաեւ տառապանք, ճիչ, ընդվզում աշխարհի, մարդու, ինքն իր դէմ, բոլորի…
Սէրը մի զգացմունք է, երբ զգում ես, որ զգում ես, եւ երբ զգում ես, որ նման զգացում երբեք չես ունեցել: Սէրն է դէպի գեղեցիկը տանող ճանապարհը, նաեւ ճանապարհն այդ անցնում են սիրելով: Continue reading “Թո՛ղ սէրն աշխարհում երբեք չմարի”

ԽՈԿՈՒՄՆԵՐ՝ ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻԻ «ՄԱՏԵԱՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ»-Ի ՎՐԱՅ

ԳԱՌՆ
Գ.(*)
38

Որպէսզի տեսողութիւնը կարենայ վարժուիլ
փառքիդ լոյսին,
զոր հագեր ես ինչպէս օթոց,
վերհայեցող գիշերը կը մատուցես աղքատացեալին,
եւ խոնարհելով կ՚իջնես ու կ՚առաջնորդես զայն դէպի քեզ:
Դուն ուղեկիցիդ վրայ
երանութեան բաղձալի վերարկուն կը ձգես,
որ ան արքայարանիդ շքեղութիւնը ընդնշմարէ
եւ օգնութեամբդ՝ աներեր բարձրանայ հոն,
ուր քեզմով ըլլալու իր սահմանն է: Continue reading “ԽՈԿՈՒՄՆԵՐ՝ ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻԻ «ՄԱՏԵԱՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ»-Ի ՎՐԱՅ”

ԹԱՒՐԻԶԻ Գ. ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԸ ԹԱՒՐԻԶ՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻՆ ԵՒ ՋՈՒԼՖԱ՝ Ս.ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՆԱԽԱՎԿԱՅԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ի.Չ.

Երրորդ տարին ըլլալով տեղի ունեցաւ Թաւրիզի հայագիտական գիտաժողովը, ուրբաթ 27 եւ երկուշաբթի 30 սեպտեմբեր 2019-ին, Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդարանին եւ Մաղարդայ Ս. Ստեփանոս Նախավկայի վանքին մէջ, թեմակալ առաջնորդ Գերշ. Տ. Գրիգոր Ս. Եպս. Չիֆթճեանի հովանաւորութեամբ եւ թեմին կազմակերպութեամբ, մասնակցութեամբ տասնեակ մը հայագէտներու եւ յարակից բնագաւառներու մասնագէտ ուսումնասէրներու Թաւրիզէն, Գերմանիայէն, Անգլիայէն, Ֆրանսայէն, Զուիցերիայէն եւ Թուրքիայէն։ Continue reading “ԹԱՒՐԻԶԻ Գ. ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԸ ԹԱՒՐԻԶ՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻՆ ԵՒ ՋՈՒԼՖԱ՝ Ս.ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՆԱԽԱՎԿԱՅԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ”

ԱՐՄԱՏՆԵՐՈՎ ՀԱՅԸ՝ ԱՐԹՕ ՉԱՔՄԱՔՉԵԱՆ (1933 – 2019)

Արթօ Չաքմաքչեան Մոնթրէալ հաստատուած առաջին օրերէն իսկ յատուկ կապ մը ունեցաւ Հորիզոն շաբաթաթերթի ու անոր գրական յաւելուածին հետ։ Արդարեւ մենք վայելեցինք անոր տեւական ներդրումը, ըլլայ թերթին ընդհանուր գեղարուեստական ձեւաւորման մշակման ընթացքին, ըլլայ յետոյ զանազան դէմքերու նուիրուած մեր գրական բացառիկ թիւերը պատրաստելու ատեն, որոնց առաջինը՝ «Գրական հորիզոն»-ի անդրանիկ թիւին՝ 1984-ի դեկտեմբերին, Վարուժանի դիմանկարով, բանաստեղծի ծննդեան 100-ամեակին առթիւ։ Continue reading “ԱՐՄԱՏՆԵՐՈՎ ՀԱՅԸ՝ ԱՐԹՕ ՉԱՔՄԱՔՉԵԱՆ (1933 – 2019)”

Անչափ հազուագիւտ ընծայ է…

Նայիրի Պահլաւունի-Զաքմաքչեան

Ստորեւ այն սրտի խօսքը, որ Նայիրի Պահլաւունի-Զաքմաքչեան կարդաց իր ամուսնոյն՝ քանդակագործ Արթոյի եկեղեցւոյ կարգին ընթացքին, շաբաթ, 4 հոկտեմբեր 2019-ին՝ Մոնթրէալի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ, որ կ՚ամբողջացնէ կենսագրականը։ Continue reading “Անչափ հազուագիւտ ընծայ է…”

Կարօ Արսլանեանի Եթէ… ն

Ս.Ա.Յ.

Երեւանի մէջ լոյս տեսած է «Հորիզոն գրական»ի աշխատակից Կարօ Արսլանեանի «Եթէ…» բանաստեղծական հատորը, Անտարես հրատակչատան կողմէ, խմբագրութեամբ Արքեմնիկ Նիկողոսեանի։
Հատորը 96 էջերու մէջ կը մէկտեղէ բանաստեղծութիւններ խմբուած հետեւեալ բաժանումներուն մէջ. Եթէ սիրես…, Եթէ պայքարիս…, Եթէ աղօթես…, Եթէ հաւատաս…, Եթէ յուսաս… եւ Եթէ բաղձաս…։ Continue reading “Կարօ Արսլանեանի Եթէ… ն”

ԵԹԷ

Ռ. ՔԻՓԼԻՆԿ, թարգմ.՝ Մ.Իշխանի

Եթէ կրնաս պահել գլուխդ առանձին,
Երբ խուճապի մէջ է չորս դիդ ամեն մարդ,
Եթէ կրնաս վստահ ըլլալ քու անձին,
Եթէ ուրիշներ կը կասկածին վրադ, Continue reading “ԵԹԷ”