Ս.Ա.Յ.
Երեւանի մէջ լոյս տեսած է «Հորիզոն գրական»ի աշխատակից Կարօ Արսլանեանի «Եթէ…» բանաստեղծական հատորը, Անտարես հրատակչատան կողմէ, խմբագրութեամբ Արքեմնիկ Նիկողոսեանի։
Հատորը 96 էջերու մէջ կը մէկտեղէ բանաստեղծութիւններ խմբուած հետեւեալ բաժանումներուն մէջ. Եթէ սիրես…, Եթէ պայքարիս…, Եթէ աղօթես…, Եթէ հաւատաս…, Եթէ յուսաս… եւ Եթէ բաղձաս…։
Հաճելի տրամադրութիւն կը յառաջացնեն ընթերցողին մօտ Կարօ Արսլանեանի բանաստեղծութիւնները, նոյնիսկ եթէ ան կը խօսի յոգնութեան, կարօտի կիսատ մնացած երգերու մասին։ Սիրոյ երգիչ է Կարոն եւ սիրելը քաղցր է իրեն համար (էջ 26) ու հաշտ է կեանքին հետ.
Կեա՛նք, քեզի հետ հաշտ եմ ես, համոզուած եմ քալելու
Ու հեռուներն միասին անվախօրէն հատելու.
Գիտեմ, որ միշտ պատրաստ ես ինձ լրբօրէն խաբելու,
Բայց տե՛ս, ձեռքս պարզած եմ՝ պարկեշտօրէն օգնելու,
Թէկուզ տանիս ինձ մահուան գիրկին մէջ լուռ խեղդելու,
Միեւնոյն է, միշտ սիրով քեզ կը ստեղծեմ՝ ապրելու (էջ 14)։
Բանաստեղծութիւնը նաեւ երգ է Կարօ Արսլանեանի համար.
Եթէ երգս կիսատ մնաց այս գիշեր,
Ու ոչ մէկ ձայն կամ մեղեդի չես յիշեր,
Գոնէ մէ՛կ բան, մէ՛կ բան յաւերժ իմացի՛ր,
Որ նոյն երգով ի՜նչ հրաշքներ գործեցի՛ր։
Եթէ սրտիս տարափն հասաւ ականջիդ
Եւ յիշեցի՛ր գարուն մը խենթ ու վտիտ,
Այդ նոյն կիսատ հին երգն է իմ հարազատ,
Որ պիտ՚ ճախրէ Արեւին տակ մեր ազատ (էջ 17)։
Խրատական է նաեւ Կարօ Արսլանեանի բանաստեղծութիւնը ինչպէս կը ցուցնէ այս նմոյշը Եթէ հաւատաս բաժնէն.
Անցեալի գերին մի դառնար, որդի՜,
Մէկ է, անցեալը չի վերադառնար.
Կարօտի ցուպը ալ նետէ՛ մէկ դի,
Գնա՛, որոնէ՛, ապագան պայծառ։
Հաւատա՛ միայն քու բազկի ուժիդ,
Սպասումնեով դուն մի՛ արբենար,
Քու դէմքիդ վրայ պահէ վառ ժպիտ,
Որ անոր բոցով հոգիդ ջերմանայ (էջ 57)։
Չենք կրնար այստեղ հետեւութիւն մը չընել եւ չեզրակացնել, թէ Կարոյի հատորի «Եթէ…»ն իր ներշնչման աղբիւրներու շարքին ունեցած է Քիփլինկի «Եթէ»ն, որ Մ. Իշխան հմտօրէն թարգմանած էր հայերէնի (տեսնել յաջորդ նիւթը)։
Լեզուն ընդհանրապէս արեւմտահայերէն է, բայց ունի նաեւ արեւելահայերէն բանաստեղծութիւններ ինչպէս՝
Լոյսի համար, յոյս մի՛ վատներ քո կեանքում,
Լոյս մի փնտռեր ամեն կոյսի աչքերում.
Լոյսը կ՚անցնի, դուն յոյս փնտռէ՛ սրտերում,
Յոյսն է սիրող սրտի լոյսը աշխարհում (էջ 76)։
Նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք բանաստեղծ Կարօ Արսլանեանին։
Հատորը ստանալու համար դիմել՝
Անտարես հրատարակչատուն
Երեւան 0009, Մաշտոցի 50ա/1
antares@antares.am