Ի.Չ.
Երրորդ տարին ըլլալով տեղի ունեցաւ Թաւրիզի հայագիտական գիտաժողովը, ուրբաթ 27 եւ երկուշաբթի 30 սեպտեմբեր 2019-ին, Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդարանին եւ Մաղարդայ Ս. Ստեփանոս Նախավկայի վանքին մէջ, թեմակալ առաջնորդ Գերշ. Տ. Գրիգոր Ս. Եպս. Չիֆթճեանի հովանաւորութեամբ եւ թեմին կազմակերպութեամբ, մասնակցութեամբ տասնեակ մը հայագէտներու եւ յարակից բնագաւառներու մասնագէտ ուսումնասէրներու Թաւրիզէն, Գերմանիայէն, Անգլիայէն, Ֆրանսայէն, Զուիցերիայէն եւ Թուրքիայէն։Ինչպէս անցեալ տարիներուն, այս տարի եւս հայագիտութեան տարբեր բնագաւառները եղան զեկոյցներու եւ քննարկումներու առարկայ՝ տեղական պատմութիւն, դաշտային գիտաշխատանք, ճարտարապետութիւն, երաժշտութիւն, գրականութիւն, պատմութիւն եւ ընտանեկան պատմութիւն։ Գիտաժողովին ընթացքին մասնակիցները առիթ ունեցան ծանօթանալու Ատրպատականի Հայոց թեմի պատմութեան, համագործակցութեան նոր հեռանկարներով անոնք իրենց նպաստը առաջարկեցին, զրոյցի, քննարկումներու, առաջարկներու միջոցաւ թեմին պատմութիւնն ու ներկան իրարու հետ յարաբերութեան բերելով։
Յանուն կազմակերպիչ յանձնախումբին գիտաժողովին բացումը կատարեց Իշխան Չիֆթճեան, որ զեկուցաբեր մասնակիցներն ու ներկաները ողջունելէ ետք հակիրճ անդրադարձ կատարեց Ատրպատականի աշխարհագրական դիրքին ու պատմական կարեւորութեան, զայն կամուրջ համարելով անցեալի ու ներկայի միջեւ, հայկական ինքնութեան կարեւոր բաղադրիչներ մատնանշելով։ Ատրպատականի աշխարհագրական ու քաղաքական դիրքը ընդմէջ պատմական Հայաստանի ու Հայաստանի ներկայ Հանրապետութեան, Ծոր-Ծոր վանքի արեւմտամէտ ուղղութիւնը, Արարատի մերձաւորութիւնը, Հին Ջուղայի բազմասահմանամերձ նկարագիրը, անոր գերեզմանատան ճակատագիրը, երեք պատմական վանքերու եւ Հովուի մատռան գոյութիւնն ու Իրանի Իսլամական հանրապետութան եւ UNESCO-ի հոգածութեան տակ անոնց վերանորոգումը — «մանրանկար պատմութիւն ու ներկայ հայոց» բնորոշեց Չիֆթճեան, շեշտը դնելով ո՛չ թէ պատմութեան խորհրդանշական իմաստին, այլ պատմութիւնը ներկայ բերելու, անկէ դասեր քաղելու եւ ներկան անոնցմով վերաձեւաւորելու աշխատանքին վրայ, որուն մաս կը կազմէ նաեւ կազմակերպումը ամենամեայ այս գիտաժողովներուն։
Զեկոյցները ներկայացուեցան անգլերէնով։ Անոնք տեւեցին քսանական րոպէ, եւ անոնց յաջորդեց քննարկումի եւ կարծիքի փոխանակութեան բաժին մը։ Առաջին երկու նիստերը նուիրուած էին Ատրպատականի տեղական պատմութեան եւ ճարտարապետութեան։
Առաջին նիստի առաջին զեկուցաբերն էր առաջնորդ Սրբազանը՝ Տ. Գրիգոր Եպիսկոպոս Չիֆթճեան։ «Նոր ձեռքբերումներ՝ Ղարադաղ գաւառի ուսումնասիրութեան մէջ» խորագիրը կրող զեկոյցով Սրբազանը ներկայացուց վերջին ամիսներուն իր կատարած դաշտային ուսումնասիրութեանց արդիւնքը։ Լեռնային Ղարաբաղի հանդիպակաց՝ իրանական հողին վրայ գտնուող՝ պատմական Հայաստանի Փայտակարան նահանգին մաս կազմող լեռնային Ղարադաղի գիւղերուն մէջ շարք մը եկեղեցիներու, մատուռներու եւ գերեզմանատուներու յայտնաբերման ու վաւերագրման իր աշխատանքը կատարած էր Սրբազանը։ Ան նախ ներկայացուց տարբեր դարերու ընթացքին տարբեր իշխանութեանց ենթակայ նահանգին բազմաբնոյթ նկարագիրը։ Եօթներորդ դարէն սկսեալ Փայտակարանը արաբներու, բաբախաններու, խոռամիտներու, սելճուքներու, մոնկոլներու եւ այլոց տիրապետութեանց տակ գտնուած է։ Յուշարձաններու չափագրութեան ու տեղագրութեան յոյժ անհրաժեշտ աշխատանքին կողքին Սրբազան հայրը նաեւ յիշեցուց տեղացիներու հետ իր ունեցած զրոյցներուն բերած փորձառութիւնը, պատմութեան ներկայացման անոնց տարբերակը, ինչ որ կիսականգուն, կիսաւեր կամ մխիթարական վիճակի մէջ գտնուող յուշարձաններուն կու տայ յաւելեալ իմաստ։
Առաջին նիստին երկրորդ զեկուցաբերն էր Արմանտ Չուխաճեան (Փարիզ), որ ներկայացուց «ՓԵԹԱԿ գորգագործութեան ընկերութիւնը եւ Զարեհ Չուխաճեան, 1912-1920» նիւթը։ Զեկոյցը բաւական յուզիչ էր, որովհետեւ կը ներկայացուէր աւելի քան հարիւրամեակ մը առաջ Թաւրիզի մէջ յիշեալ հաստատութեան գեղարուեստական տնօրէն Զ. Չուխաճեանի որդւոյն իսկ կողմէ։ Պարսկական գորգագործութեան այս ընկերութիւնը հիմնուած է Բերլինի մէջ 1911-ին Հայրնիխ Եագոբիի կողմէ, շուտով ունենալով իր մասնաճիւղը Թաւրիզի մէջ։ 20-րդ դարասկիզբի քաղաքական պայմաններու ենթապատկերը ներկայացնելով, որդի Չուխաճեան յիշեց, թէ հայր Չուխաճեան որքան դժուար պայմաններու տակ օսմանեան բանակի կրկնակի ներթափանցումի ահուսարսափի օրերուն կրցած էր ղեկավարել գորգագործարանը, ի հարկին նաեւ գործարանին մէջ բանտարգել մնալով, ու այդպիսով շատ մը աշխատաւորներու կեանքը փրկելով։ Փեթակ Թաւրիզի, Սուլթանապատի, Քերմանի եւ Շիրազի կողքին ունէր նաեւ մասնաճիւղեր Վարշաւիոյ, Թիֆլիսի, Լոնտոնի ու Նիւ Եորքի մէջ։ Փեթակի պատրաստած բուրդին, բամպակին ու անոնց գոյներուն որակին ու տոկունութեան մասին կը վկայէ այս մասնաճիւղերուն գոյութիւնը, շեշտեց Չուխաճեան։ Իր պաշտօնին բերումով, Զարեհ Չուխաճեան սերտ յարաբերութիւններ ունեցած է Թաւրիզի քաղաքական, դիւանագիտական ու կրօնական անձնաւորութիւններուն հետ։
Երկրորդ նիստը եւս նուիրուած էր Ատրպատականի պատմութեան։ Առաջին զեկուցաբերն էր ճարտարապետ դոկտ. Վահագն Սիմոնեան (Թաւրիզ/Լոնտոն/Երեւան), որ ներկայացուց հետեւեալ զեկոյցը՝ «Ճարտարապետական ներդրումներս Թաւրիզ քաղաքին, Թաւրիզի համալսարանին ու հայ համայնքին»։ Ան նախ իր կենսագրութեան եւ ուսումնառութեան տուեալները ներկայացուց։ Թեհրանի ու Դարմշթատի (Գերմանիա) մէջ ուսումը աւարտելէ ետք ան վերադարձած է Թաւրիզ եւ 1966-1999 թուականներուն դասախօսած է Թաւրիզի համալսարանին մէջ, ուր եւ ստանձնած է նոր համալսարանի շէնքերուն բարեզարդումն ու յուշակոթողի մը կառուցումը։ Աւելի ուշ անոր առաջարկուած է պատմական կարվանսարայի մը վերանորոգումը, որ կատարած է յաջողութեամբ, փրկելով հին կառոյցը քանդումի վտանգէն։ 1978-ին Ատրպատականի Թեմական խորհուրդին անդամ դարձած է։ Նոյն տարի ան կառուցած է Թաւրիզի հայկական գերեզմանատունը պարիսպի նման եզերող 125 խանութներու շղթան եւ յաջորդ տարի՝ գերեզմանատան կողքին յատուկ սրահ մը։ Անգլիա կեցութենէն վերադարձին, 1990-ական թուականներուն, դոկտ. Սիմոնեան կառուցած է Թաւրիզի Արարատ մարզական միութեան համալիրը, առաջնորդարանին կից, Թաւրիզի Ղալա թաղամասին Ս. Աստուածածին մայր եկեղեցւոյ երկու զանգակատուները, Առաջնորդարանի բակին մէջ՝ Համազասպ Ոսկանեան սրահը։ Ան փորձած է իր անձնական կնիքը հայկական ճարտարապետական աւանդական ոճին ներդաշնակ դարձնել։
Երկրորդ նիստի երկրորդ զեկոյցը ներկայացուց դոկտ. Վարդան Սիմոնզ (Թաւրիզի համալսարան)՝ «Թումանեան ընտանիքը. պատմութիւն եւ գործունէութիւն» նիւթով։ Ատրպատականի Ղարադաղ գաւառի ծնունդ վաճառական այս համբաւաւոր ընտանիքը ունեցած է վճռորոշ ազդեցութիւն պետական ու տնտեսական շրջանակներու վրայ՝ մէկ կողմէ, ազգային ու համայնքային կեանքին վրայ՝ միւս կողմէ։ Հարիւր տարուան կեանք ունեցող այս հաստատութիւնը միայն բոլշեւիկներու օրով իր աւարտը կը գտնէ։ Թաւրիզի Հայկազեան եւ Թամարեան դպրոցներու հիմնադիր եւ հովանաւոր Թումանեաններ, 18-րդ դարու աւարտէն ի վեր, նախ իբրեւ պայտար, ապա իբրեւ մանր վաճառական սկիզբ դրած են իրենց գործին, հայրը որդիին արհեստն ու վաճառականութիւնը որդեգրելով ու զարգացնելով։ Թումանի որդի Յարութիւն Թումանեանի օրով արդէն Ղարադաղի խաները հաշուի կը նստէին Թումանեաններուն հետ, երբեմն ճնշում բանեցնելով, երբեմն օրինապէս կամ ապօրինի միջոցներով կողոպտելով անոնց ունեցուածքը։ 19-րդ դարու կիսուն Թաւրիզ փոխադրուելէ եւ այստեղ իրենց կեդրոնական վաճառատունը հիմնելէ ետք, ժամանակի ընթացքին կը հաստատեն ոչ միայն Մարաղայի, Ուրմիոյ, Ռաշտի եւ այլ մերձակայ ու հեռաւոր քաղաքներու իրենց մասնաճիւղերը, այլեւ միջազգային շուկայ կը մտնեն, մասնաճիւղեր ունենալով Թիֆլիսի, Բաքուի, Աստրախանի եւ Մոսկուայի մէջ։ Անոնք արտածած են բուրդ, բամպակ, մետաքս եւ պիստակեղէն դէպի ռուսական կայսրութիւն, Պարսկաստան ներածելով ոսկի եւ արծաթ։ Աւելի ուշ անոնք Բաքուի նաւթարդիւնաբերութեան մէջ ալ աշխատանք ծաւալած են։ Մինչեւ 1918 թուական Պարսկաստանի դրամատնային գործառքը տեղի ունեցած է ի միջի այլոց նաեւ Թումանեան վաճառատան միջոցաւ։
Ճարտարապետութեան եւ երաժշտութեան նուիրուած երրորդ նիստի առաջին զեկոյցով հանդէս եկաւ դոկտ. Կիւնէր Սաղըր (Իսթանպուլի համալսարան, Իսթանպուլ), որ ներկայացուց «Մրենի տաճարը. ճարտարապետութիւն, պատմութիւն եւ զարդանախշեր» նիւթը։ 7-րդ դարուն կառուցուած, Կարսի շրջանին մէջ այժմ մեկուսի գտնուող Մրենի տաճարը յատուկ կարեւորութիւն ունի հայկական ճարտարապետութեան համար իբրեւ նախատիպը Անիի մայր տաճարին, շեշտեց Սաղըր։ Հետաքրքրական էր հետեւեալ զուգադիպութիւնը. տաճարը կառուցուած է 7-րդ դարու կիսուն, Հերակլ կայսեր կողմէ Քրիստոսի խաչափայտին գերութենէն վերադարձուելուն յաղթական առիթով։ Ծանօթ է, որ պարսից Խոսրով Փարվիզ արքան Թաւրիզ քաղաքին մէջ գերի պահած էր խաչափայտը 14 տարի, ուրկէ է որ Հերակլի բանակները վերադարձուցին զայն Երուսաղէմ։ Խաչափայտին վերադարձին նուիրուած յատուկ հարթաքանդակ մըն ալ կայ տաճարին վրայ, Հերակլի դիմաքանդակով։ Սաղըր մանրամասնօրէն ներկայացուց պատկերներու եւ հարթաքանդակներու բովանդակութիւնն ու ներկայ վիճակը, նկատի ունենալով որ ինք առիթ ունեցած էր անձամբ չափագրելու եւ աշխատելու այդտեղ։
Նելլի Շթուռմ (Պազէլ, Զուիցերիա) ներկայացուց «Վաղ եկեղեցական երաժշտութիւնը Հայաստանի մէջ եւ Արեւմուտքը. զուգահեռներ եւ տարբերութիւններ» նիւթը։ Արմատներու վերադարձի ընդհանուր երեւոյթը տարբեր արուեստներու մէջ մատնանշելէ ետք, Շթուռմ ընդգծեց, թէ երաժշտական սկզբնական ըմբռնումներու վերադարձը կապուած է երաժշտական յղացքի սկզբնական վիճակները պահպանելու պատասխանատուութեան հետ։ Արեւմտեան Գրիգորեան երաժշտութեան ակնարկելով յիշեց, որ Գրիգոր պապի ժամանակէն ալ առաջ կային երգերը, սակայն իր միջոցաւ անոնք դասաւորուեցան, նուիրականացան, ինչպէս հաւանաբար պարագան է Մեսրոպ Մաշտոցի վերագրուած շարականներուն։ Շթուռմ խանդավառութեամբ արձանագրեց, որ եւրոպական երաժշտութեան միջնադարեան խազագրութիւնը այսօր միայն ձեռագիր մատեաններու մէջ կարելի է գտնել, մինչդեռ հայկական խազագրութիւնը ցարդ ներկայ է տպագիր շարակնոցներու մէջ եւ նոյնիսկ կ՚երգուի, օրինակ Պոլսոյ մէջ։
Պատմութեան եւ ընտանեկան պատմութեան նուիրուած չորրորդ նիստին առաջին զեկուցաբերն էր պրոֆ. դոկտ. Տորոթէա Վելթէքքէ (Կէօթէ համալսարան, Մայնի Ֆրանկֆուրտ, Գերմանիա), որ ներկայացուց «Ասորիներ եւ հայեր իսլամական տիրապետութեան տակ գտնուող քաղաքներու մէջ. նախնական նկատողութիւններ»։ Միջնադարագէտ զեկուցաբերը ծաւալուն ծրագրի մը նախագիծը միայն ներկայացուց, ուր ասորական եւ հայկական քաղաքներու շուրջ կեդրոնացած կեանքին, աշխարհագրութեան, քաղաքական կացութեան ու ճակատագրին մասին աղբիւրներ ու տուեալներ ներկայացուց, մանրամասնելով գիտական մօտեցումներու բարդութիւնները։ Տարբեր ու երբեմն հակոտնեայ աղբիւրներու ներկայացումները կը կազմեն խճանկար մը միջնադարեան համայնքներու, ըսաւ ան, յաճախ վանքերու շուրջ կեդրոնացած։ Հարկ է նշել որ Կիլիկիոյ հայ թագաւորները 12-14-րդ դարերուն ամբողջ շրջանի քրիստոնեաներու պաշտպանութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնած էին։ Մատթէոս Ուռհայեցիի, Միքայէլ Ասորիի, Գանձակեցիի եւ այլ առկայ աղբիւրներու կողքին ան ձեռագիր աղբիւրներու փնտռտուքի ձեռնարկած է, աւելի յստակ պատկեր մը տալու համար միջնադարեան տուեալ քաղաքներու բնակիչ քրիստոնեաներու կենցաղային մանրամասնութիւններուն մասին։
Պրոֆ. դոկտ. Հուբերտ Քաուֆհոլտ (Լուտֆիկ Մաքսիմիլիանս համալսարան, Միւնիխ, Գերմանիա), որ արեւելեան քրիստոնեաներու պատմութեան մասնագէտ է, ներկայացուց «Հայկական-պաւարիական յարաբերութիւնները պատմութեան ընթացքին» զեկոյցը։ Սկսելով առաջին հայ եպիսկոպոսին՝ Գրիգորիոսի յիշատակութենէն, որ 11-րդ դարուն Պաւարիոյ Պասսաու քաղաքին մէջ թաղուած է, ան նշեց բազմաթիւ ճանապարհորդ հեղինակներ, որոնք Պաւարիայէն անցած էին Հայաստան կամ արեւելեան հայաբնակ քաղաքներ, ինչպէս Թաւրիզ ու արձանագրած էին իրենց տպաւորութիւններն ու յաճախ այսօրուան համար շատ անհրաժեշտ տեղեկութիւններ տեղական քաղաքական, տնտեսական, վարչական ու կենցաղային կացութեան մասին։ Ճանապարհորդներէն անկախ նաեւ Պաւարիոյ Լուտվիկ թագաւորը 19-րդ դարու կիսուն այցելած է Մխիթարեաններու Ս.Ղազար վանք եւ նոյնիսկ քերթուած մը նուիրած է անոնց։ Հայագիտութեան զարգացման մէջ ալ ներդրում ունեցած են պաւարիացիք՝ Ֆրիտրիխ Քարլ Նոյման եւ այլք։ Պաւարիոյ համալսարաններուն մէջ ալ ուսանած են շատ մը հայեր հայաբնակ շարք մը քաղաքներէ ժամանելով։
Չորրորդ նիստի վերջին զեկուցաբերն էր դոկտ. Հայկ Տոլապճեան (Ֆելտքիրխեն-Վեսթերհամ, Գերմանիա), որ ներկայացուց «Հայ ընտանիքիս պատմութիւնը» զեկոյցը։ Հայ հօր եւ գերմանացի մօր ծնունդ Տոլապճեան վերջին տարիներուն տենդագին աշխատանքի լծուած է գտնելու համար հետքերը իր ընտանիքին ու գերդաստանին աշխարհի ամբողջ տարածքին։ Շնորհիւ համացանցային միջոցներուն ան կարողացած է ցարդ գտնել բազմաթիւ ազգականական կապեր, որոնց բոլորին ալ արմատը կապուած է Մարաշի մէջ սկիզբ առած Տոլապճեաններու ընտանեկան կեանքին։ Տոլապճեանի հայրը մանկութեան փորձած է պատմել Եղեռնի բովէն անցած իր ընտանիքին պատմութիւնը, ինչ որ մղած է որդին այսօր մանրամասնութեամբ վերականգնելու ընտանիքին պատմութիւնը, հասնելով մինչեւ Հայաստան, Ֆրանսա, Գերմանիա, Արժանթին, Ուրուկուէյ, Թուրքիա, Սուրիա, Եգիպտոս, Գանատա, Միացեալ Նահանգներ, յաճախ ճամբորդութիւններ կատարելով ու կապեր հաստատելով։ Հօր կենսագրութեան մասին գերմաներէն ու անգլերէն գրքոյկներ հրատարակելէ ետք Հայկ Տոլապճեան այժմ ձեռնարկած է գերդաստանին ուսումնասիրութեան։
Հինգերորդ եւ վերջին նիստը յատկացուած էր գրականութան, որ տեղի ունեցաւ Ս. Ստեփանոս Նախավկայի վանքին մէջ, երկուշաբթի 30 սեպտեմբերին, ուր գիտաժողովի վերջին զեկոյցով հանդէս եկաւ Իշխան Չիֆթճեան (Համպուրկի համալսարան, Գերմանիա), «Աղէտի փորձառութիւններ ու արտայայտութիւններ հայ բանաստեղծութեան մէջ» նիւթը ներկայացնելով։ Ան նախ յիշեցուց, որ պատմական երկու յիշավայրերու դրացնութեան մէջ կը գտնուինք՝ Հին Ջուղայի տեղահանութեան (17-րդ դար) ընթացքին օգտագործուած Արազի անցման վայրին ու նոյն քաղաքի գերեզմանատան մօտ, ուր 2006 թուականին անհետ բնաջնջուած էին գերեզմանատան մնացորդ վերջին խաչքարերը։ Ապա ան օրինակներով շեշտեց աղէտի փորձառութիւններ ու արտայայտութիւններ յատկապէս Եղեռնին անդրադարձող բանաստեղծական կտորներէ. Պ. Սեւակ, Նուարդ եւ Նազենի Տէր Միքայէլեաններ, Արմենուհի Տիգրանեան, Իսրայէլ Տխրունի, Արմէն Տօրեան, Նազարէթ Փիրանեան, Կարապետ Փօլատեան եւ Յ. Օշական ներկայացուցիչներ են, որոնց մատուցած պատկերներն ու խոհերը աղէտը կը փորձեն հասկնալ՝ զայն մայր բնութեան, որբերու ինքնութեան, կրթական օճախներու գոյութեան ու քանդումին հետ մտածելով։ Հուսկ կեդրոնանալով Օշականի այն գաղափարին վրայ, թէ Եղեռնի զոհերը ասդի ու անդի աշխարհին մէջ չունին իրենց համապատասխան վայրը, զանոնք համեմատութեան մէջ դրաւ խորտակուած ու Արազ նետուած խաչքարերուն անվայր ճակատագրին հետ։
Ապա տեղի ունեցաւ գիտաժողովին եզրափակիչ նիստը, որուն ընթացքին մասնակիցները իրենց տպաւորութիւնները փոխանցեցին Ատրպատականի թեմին մէջ իրենց միաշաբաթեայ կեցութեան մասին։ Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին Սրբազան հօր այցելութեան այս առիթին ու գիտաժողովին մասնակցութեան համար, խոստացան իրենց փորձառութիւնը կիսել իրենց շրջապատին մէջ, համագործակցիլ թեմի ծանօթացման ու զարգացման աշխատանքներուն։ Սրբազան հայրը իր կարգին գնահատեց բոլոր մասնակիցները եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց հետագայ աշխատանքներուն։
Աղբիւր՝ Ատրպատական, ազգային առաջնորդարան, Թաւրիզ