ԳԱՌՆ
Գ.(*)
38
Որպէսզի տեսողութիւնը կարենայ վարժուիլ
փառքիդ լոյսին,
զոր հագեր ես ինչպէս օթոց,
վերհայեցող գիշերը կը մատուցես աղքատացեալին,
եւ խոնարհելով կ՚իջնես ու կ՚առաջնորդես զայն դէպի քեզ:
Դուն ուղեկիցիդ վրայ
երանութեան բաղձալի վերարկուն կը ձգես,
որ ան արքայարանիդ շքեղութիւնը ընդնշմարէ
եւ օգնութեամբդ՝ աներեր բարձրանայ հոն,
ուր քեզմով ըլլալու իր սահմանն է:
39
Ով ապաւէն,
գովեալ ու գովելի,
որ լինելութեան
առաջին ու վերջին երկինքն ես,
օգնականութիւնդ չես նուազեցներ,
այլ կ՚առատացնես արարածներուդ վրայ:
Իմ ապաւէնս չի սակարկեր,
որովհետեւ ինծի յուսալ կու տայ,
թէ կը փրկէ:
40
Աննուազելի շնորհէդ
հեղումը շնորհներու,
որոնք Էիդ յաւերժական նորութիւնը կը բարբառին,
արթնութիւն կ՚ըլլան քեզ սիրողներուն,
նոյնիսկ երբ քունի մէջ են անոնք,
եւ վտակներ կը բխեցնեն անոնց սրտերէն։
Թող այս անապատացող երկիրը
կամենայ ըմպել Կեանքիդ լուսաւոր ջուրերէն,
եւ կանաչնայ ու ծաղկազարդուի։
41
Երկիւղը, Տէր,
անպակասելի գանձդ կը գտնէ,
եւ կը խոնարհի
անոր անսահմանութեան առջեւ։
Իմաստութիւնը զայն կը ճանչնայ,
եւ իբրեւ հեզ մոմ կը վառի
անոր գիշերուան մէջ։
Սէրը զայն կ՚ապրի,
եւ որպէս կամաւոր զոհ
կը ճենճերի
յանձնուելով անոր անվախճան հուրին։
42
Ախտաւոր մըն եմ,
եւ իմ անձրեւը
եսասիրութեանս ամպերէն կը տեղայ…
Մաքրէ եւ բժշկէ զիս,
որ մաքրուի ու բժկուի հեծող ստեղծագործութիւնը.
այն որ բարի տեսած ես՝
վերստին հաստատէ
իր հրճուողական բարութեան մէջ։
Ով անապական անձրեւ,
դուն շնորհն ես նորոգութեան։
43
Միայն ցօղ մը քեզմէ, Տէր,
եւ ծառն այս հիւանդ
ամփոփելով իր սուրբ ճշմարտութեան մէջ՝
կ՚անդրակերպէ
որպէս երկնառողջ ցնծութիւն։
Կաթիլ մը արփիացնցուղ ցօղէդ.
Տէր, կաթիլ մը՝
անարժանիս համար…
44
Տէր,
քեզմէ կը խնդրեմ
իմ դեղն ու բժշկութիւնը,
քանի որ դուն ես իմ արարիչը,
եւ դուն միայն իմ բնութիւնս ամբողջապէս գիտես,
եւ միայն դուն զիս կը ճանչնաս կատարելապէս:
Դուն դեղեր չես փորձարկեր,
այլ մարդասիրութեանդ ամենատեղ անձրեւումով կ՚առողջացնես՝
որպէս նորէն ծնեալ մը ուրախացնելով զիս:
Հոգիիդ մէջ ծնելով՝
կը մխիթարուիմ, կը հաստատուիմ,
կը քաջալերուիմ, կ՚արթննամ,
եւ կը յուսամ,
թէ տաղաւարս պիտի չզրկուի ներկայութենէդ
ու փառաւոր հովանիէդ,
թէ’ այստեղ եւ թէ՛ այնտեղ:
45
Երբ կը յուսամ՝
անով նշան մը կու տաս ինծի,
թէ վեհագոյնդ հետս է,
եւ կը խրախուսէ,
որ համբերեմ
մինչեւ պատկերանորոգ տեսութիւնը ճշմարտութեանդ,
եւ ունկնդրութիւնը
վախճանականօրէն հարազատացնող խօսքիդ:
46
Ով մեծատուն,
որ վեր քան իմաստունները իմաստնագոյնն ես,
սարքած ես խնճոյք մը տիեզերական,
եւ ի սկզբանէ
մարդկային բոլոր սերունդները
հրաւիրած ես անոր:
Ի շարս բազմաց՝
նաեւ զիս ազատէ եսիս պատրանքներու ճաշակէն,
որպէսզի անպատիր հրաւէրիդ ունկնդիր՝
պատրուակներ հնարելէ դադրիմ,
եւ քեզի փութամ ըլլալու սեղանակից,
ուր Խօսքդ կերակուր եւ ըմպելի է
համայնական արթնութեան ու երանութեան:
47
Թագաւորաց Թագաւոր, եւ իշխանաւորաց Իշխանաւոր,
դուն երբ պատկերդ եւ նմանութիւնդ տալով
արարեցիր մարդը՝
կամեցար որ ան փառքդ վայելէ,
եւ ոչ թէ ըլլայ ստրուկ, ոչ իսկ՝ քեզի։
Բայց հպարտութեան մոլորութիւնը
զայն հեռացուց ու կը հեռացնէ քեզմէ,
քեզի հետ ընկերութենէն, եւ փառքէդ,
ու հաստատեց ստրկութեան ժամանակը։
Այն օրէն էր վճիռդ, Տէր,
թէ իրենք զիրենք բարձրացնողները՝ պիտի խոնարհին,
եւ իրենք զիրենք խոնարհեցնողները՝ պիտի բարձրանան։
Այն օրէն ստրկամեծարութիւնդ յաւերժական վերյիշեցում է
անտեսուածներուն, արհամարհուածներուն,
լքուածներուն եւ իրաւազրկուածներուն համար
Արդարիդ պատրաստած ելքին,
եւ անոնց որպէս բարեկամ առաջնորդութեանդ՝
դէպի ազատագրութիւնը,
որ քեզմով միայն կ՚իրականանայ։
48
Մարմնացեալ եւ մարդացեալ
աստուածութեանդ դէմքը
յանուն Երրորդութեանդ երանի կու տայ հոգիով աղքատներուն,
եւ յանուն Երրորդութեանդ կը մերժէ
անարդարութեան աղէտ աղքատութիւնը,
եւ ցոյց կու տայ զայն վերացնելու ուղին,
որովհետեւ ամբողջական մարդ էակը
փառքիդ հարստութեամբ զարդարած էիր,
եւ որովհետեւ ամբողջականը կը տեսնես
փառքիդ հարստութեամբ զարդարուն։
Անարդարութեամբ աղքատները կը պաշտպանես դուն, Տէր,
Ինքզինքդ անոնց նոյնացնելով։
Երբ Արդարդ
Ինքզինք կը նոյնացնէ իրաւազրկուածներուն՝
անարդարութեան ոգին կը բացայայտուի
իբրեւ մոլորութիւն կորստեան։
Քու նոյնացումդ՝
կ՚ազդարարէ անարդարութեան դատապարտուածութիւնը,
եւ կոչ կ՚ուղղէ զղջումի, քեզի հաճելի գործի,
եւ ընդառաջելու՝
բարիքներու համայնական վայելմամբ
Կամքիդ մարդասէր թագաւորութեան։
49
Փառքդ Սրբութիւնն է սրբութիւններուն, Տէր։
Փառքդ Սէրն է սէրերուն, Տէր։
Փառքդ Իմաստութիւնն է իմաստութիւններուն, Տէր։
Փառքդ ստեղծագործ Զօրութիւնն է, Տէր։
Փառքդ կենարար Շունչն է, Տէր։
Փառքդ շնորհքներուն եւ ճշմարտութեան Երկինքն է, Տէր։
Փառքդ նորոգող Ներգործութիւնն է, Տէր։
Փառքդ իր կատարեալ լիութեան ձգող յաւիտենականութիւնն է, Տէր։Դուն, մշտահարուստ տուիչ,
առատաձեռնօրէն կը բաշխես
Սրբութենէդ, Սէրէդ, Իմաստութենէդ,
ստեղծագործ ըլլալու Զօրութենէդ,
վասն կեանքին ըլլալու Շունչէդ,
շնորհքներուդ եւ ճշմարտութեանդ Երկինքէն,
վասն նորոգման ըլլալու Ներգործութենէդ,
եւ կը բարձրացնես ժամանակներէն վեր վայելչութեան։
*) Գ.1-12 թիւերը՝ «Հորիզոն Գրական»ի յունուար 2019-ի մէջ: 13-25 թիւերը՝ նոյն, ապրիլ 2019-ի մէջ: 26-37 թիւերը՝ նոյն, յունիս 2019-ի մէջ: