ՍԱՐԴԸ

ԱՆՈՅՇ ԱԿՆԵՐԵԱՆ

Նուազագոյնը որքա՞ն փոքր պէտք է ըլլայ արարած մը, որ կարեւորութեան արժանի ըլլայ։ Արդեօք ես չափազանցեցի՞ երբ ուշադրութիւնս օրերով փոքր սարդի մը վրայ կեդրոնացուցի … որ ոտքերէն երկուքը կորսնցուցած՝ խոհանոցիս գետինը կը ճեմէր եւ ինծի կը հետեւէր, պահ մը կը պահուըտէր, յետոյ կը յայտնուէր եւ կրկին ինծի կը հետեւէր։ Ես ստիպուած խոհանոցին մէջ շատ զգոյշ կը քալէի, Continue reading “ՍԱՐԴԸ”

ՀԻՄԱ ԱՅԼԵՒՍ ՈՒՇ Է

Անոյշ Ակներեան

ԴԱԼԱՐ յուզուած վիճակի մէջ ընթրիքի սեղանը ձգեց եւ խոհանոց մտաւ։ Քանի մը վայրկեան ետք, մայրը իր մօտ գնաց հետաքրքրուելու թէ ի՞նչ պատահած էր։ Յասմիկ, որ խոհանոցն էր եւ իր հիւրերուն անուշեղէնի հիւրասիրութիւնը կը պատրաստէր, ինք ալ մտահոգուեցաւ թէ ինչո՞ւ Դալար նման վիճակի մը մէջ էր։ Մայրը աղջկան մօտ նստաւ եւ գրկեց զինք, իսկ Յասմիկ իր գտնուած Continue reading “ՀԻՄԱ ԱՅԼԵՒՍ ՈՒՇ Է”

Այսօր քիչ մը անտրամադիր է

Անոյշ Ակներեան

— Հոյակապ քոնսեր է. պէտք է անպայման երթանք,— ըսաւ ընկերուհիս, Սոնան։
Խօսքը մեր երկուքին ծանօթ հայ ճազ երգչուհիի՝ Սթելլայի համերգին մասին էր, որ այդ օրերուն քաղաքը կը գտնուէր եւ միայն մէկ օր համերգ ունէր։
Ես համոզուելու կարիք չունէի արդէն։ Ճազի սիրահար՝ պատրաստ էի Continue reading “Այսօր քիչ մը անտրամադիր է”

Բոլորս կը սիրէինք զինք

ԱՆՈՅՇ ԱԿՆԵՐԵԱՆ

Տարիներէ ի վեր այրի էր արդէն հօրաքոյրս, երբ ինք ալ մահացաւ։ Մասնաւոր լուրջ հիւանդութիւն մը չունէր. պարզապէս սիրտը տկարացած էր եւ սկսած էր աներեւոյթ մարդոց հետ կռուիլ եւ բարկանալ, թէ ինչո՞ւ իր սենեակը կու գան եւ զինք կը դիտեն։ Վկայ չունէր, անշուշտ, որովհետեւ ծերանոցը կ՚ապրէր առանձին եւ իր տեսածներն ու լսածները ուրիշ ոչ ոք կը տեսնէր կամ կը լսէր։ Մինչ իր միւս ազգականները Չէ, ատանկ բան չկայ. դուն կ՚երեւակայես կոր, կ՚ըսէին, ես քիչ մը աւելի կարեկցութեամբ՝ Կարեւորութիւն մի տար այդ Continue reading “Բոլորս կը սիրէինք զինք”

60-ԱՄԵԱԿ ԲԱԳԻՆԻ

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 95-ամեակին առթիւ, այս օրերուն, կը նշուի նաեւ, երկու տարուան ակամայ յապաղումով, իր Բագին պարբերաթերթի 60-ամեակը՝ օգտուելով միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկ. Զաքար Քէշիշեանի ալ ներկայութիւնէն։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Մոնթրէալի մէջ մարտ 13-ին կայացած հանդիսութեան արտասանուած խօսքերէն երեքը՝ որոշ յապաւումներով։ Թղթակցութիւնը տեսնել Հորիզոնի 25 մարտ – 1 ապրիլ 2024-ի թիւին մէջ։

ԱՆՈՅՇ ԱԿՆԵՐԵԱՆի բացման խօսքէն — Բագինը որպէս ազգային կռուան

Բագին կրնայ նշանակել կուռքի սեղան, զոհարան, հեթանոսական սեղան, հեթանոսական տաճար, խորան, մեհեան։ Continue reading “60-ԱՄԵԱԿ ԲԱԳԻՆԻ”

ԾՆՆԴԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ — ՎԱՀԷ ՕՇԱԿԱՆԻ ԶՕՐԱԿՈՉԸ ՀԱՅ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

ԱՆՈՅՇ ԱԿՆԵՐԵԱՆ
ՆԱԽԱԲԱՆԸ

Վահէ Օշականի «Գրական հռչակագիր»ը(1) կը ներկայացնէ իր գրական հանգանակը։ Կ՚ամփոփէ տարիներ շարունակ Օշականի արտայայտած մտքերը հայ մտածողութեան, հայերէն գրական լեզուի եւ նոր գրականութեան մը կարելիութեան, արեւմտահայերէնի գոյավիճակին, հայ սփիւռքեան իրականութեան եւ ինքնութեան մասին, որոնք իր մտաւորական վաստակի կորիզը կազմած են։ Հետեւաբար, իր իսկ գրածները եւ խօսածերը մօտէն դիտարկելու, հասկնալու եւ կամ Continue reading “ԾՆՆԴԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ — ՎԱՀԷ ՕՇԱԿԱՆԻ ԶՕՐԱԿՈՉԸ ՀԱՅ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ”

ՎԵՐԱԴԱՐՁ

ԱՆՈՅՇ ԱԿՆԵՐԵԱՆ

Աւելի դիւրին է անցեալը ջնջել քան վերադառնալ հոն եւ սրբագրութիւններ կատարել։ Մէկը շատ կտրուկ է եւ ճամբան կարճ, իսկ միւսը՝ կնճռոտ եւ երկար։
Բայց կան անցեալներ (այո, մէկէ աւելի անցեալ ունինք), որոնք եթէ նոյնիսկ կարելի է ջնջել՝ ձեռքդ չ՚երթար պատմութենէդ վտարելու։ Եւ պատճառը անցեալին կապուածութիւնդ չէ, կամ անցեալի կարօտդ չէ։ Կան ուրիշ հանգամանքներ, որոնց պատճառաւ մէկ կամ երկու անցեալ վիզէդ կախուած կը մնան տաժանակիր պատիժի նման։ Յանցանքի զգացում, պարտքի գիտակցութիւն, կամ վրէժխնդրութիւն։ Continue reading “ՎԵՐԱԴԱՐՁ”

ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆ — Կեանքը, գրական արուեստի յատկանիշները եւ ստեղծագործական կեանքի յատկանշական կէտերը(*)

ԱՆՈՅՇ ԱԿՆԵՐԵԱՆ

Զապէլ Եսայեան։ Հեւքոտ կեանք, արձակագիր, արուեստագէտ, մարդասէր, հրապարակագիր, հասարակական գործիչ, ֆեմինիստ, թարգմանիչ, դասախօս, հայրենասէր, կին եւ մայր։
Ա՛յս ամենն էր Եսայեան եւ վստահաբար աւելին, որ միայն զինք մօտէն ճանչցողները եւ անշուշտ ի՛նքը Զապէլը, որ այնքան խորը պեղած էր իր հոգին՝ կրնային գիտնալ։ Մենք, այս հեռաւորութենէն՝ միայն իր թողած հետքերը կ՚ուսումնասիրենք եւ արդէն իսկ մեր գտածը իր մասին՝ քանի մը կեանք լեցնելու չափ հարուստ է։ Continue reading “ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆ — Կեանքը, գրական արուեստի յատկանիշները եւ ստեղծագործական կեանքի յատկանշական կէտերը(*)”

ՀԱՅԱՑՈՒԱԾ ՕՏԱՐ ԲԱՌԵՐՈՒ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԵԱՆ ԲԱՑԱՍԱԿԱՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ

ԱՆՈՅՇ ԱԿՆԵՐԵԱՆ

Ուրախալի երեւոյթ է տեսնել բառերու աճը մեր լեզուին մէջ։ Վերջապէս՝ բառապաշարի հարստութեամբ կը զարգանայ մարդոց միջեւ հաղորդակցութեան մակարդակը, իրարհասկացողութիւնը, եւ նոյնիսկ մտքերու յստակացումը։
Անշուշտ անհրաժեշտ է օտար բառերու որդեգրումը լեզուն այժմէական պահելու համար։ Բայց ինչպէս ամէն բանի համար՝ հոս ալ չափազանցումը վտանգաւոր է։ Խօսքը ներմուծուած օտար բառերու քանակին մասին չէ, այլ անհրաժեշտ բառերու կողքին՝ աւելորդ ներմուծումներուն մասին։ Շատ մը հայացուած օտար բառեր, որոնք լայն գործածութեան մէջ են արեւելահայ մամուլին մէջ, անհրաժեշտ յաւելումներ չեն, որովհետեւ այդ բառերուն հայերէնը գոյութիւն ունի եւ կը գործածուի արդէն, գոնէ արեւմտահայերէնին մէջ։ Եւ այս կէտը մեզ կը բերէ երկու լեզուներու մերձեցման հարցին։ Continue reading “ՀԱՅԱՑՈՒԱԾ ՕՏԱՐ ԲԱՌԵՐՈՒ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԵԱՆ ԲԱՑԱՍԱԿԱՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ”