ԱՆՈՅՇ ԱԿՆԵՐԵԱՆ
Նուազագոյնը որքա՞ն փոքր պէտք է ըլլայ արարած մը, որ կարեւորութեան արժանի ըլլայ։ Արդեօք ես չափազանցեցի՞ երբ ուշադրութիւնս օրերով փոքր սարդի մը վրայ կեդրոնացուցի … որ ոտքերէն երկուքը կորսնցուցած՝ խոհանոցիս գետինը կը ճեմէր եւ ինծի կը հետեւէր, պահ մը կը պահուըտէր, յետոյ կը յայտնուէր եւ կրկին ինծի կը հետեւէր։ Ես ստիպուած խոհանոցին մէջ շատ զգոյշ կը քալէի, անդադար ստուգելով որ ինք ո՛ւր է—ա՞ջ կողմս՝ թէ ձախ—վախնալով որ անուշադրութեամբ կրնամ յանկարծ վրան կոխել։
Փոքրիկ, տնային սարդ մըն էր։ Հազիւ մէկ սանդիմ լայնքով եւ երկայնքով։ Եթէ նկատի չառնեմ իր պակսող երկու ոտքերը, կատարեալ քառակուսի մը կը լեցնէր իր փոքրիկ մարմինը։ Եւ կարծես ինք լուր անգամ չունէր որ հաշմանդամ էր, որովհետեւ որեւէ այլ սարդի առագութեամբ եւ կորովով կը սահէր գետնին վրայ։ Չեմ գիտէր ի՞նչ կը փնտռէր։ Իսկ եթէ բան մը կը փնտռէր՝ ինչո՞ւ ինծի կը հետեւէր։ Թէ՛ մտահոգ էի որ կրնամ յանկարծ ճզմել զինք, թէ ալ ուրախ՝ որ անակնկալօրէն փոքրիկ ընկեր մը գտած էի։ Չեմ ամչնար ըսելու, որ նոյնիսկ քիչ մըն ալ հպարտ էի, որ զիս ընտրած էր իբրեւ իր… ընկե՞րը, առաջնո՞րդը…։ Միայն երանի գիտնայի ի՞նչ կրնայի ընել իրեն համար։ Գետնէն վեր չէր ելլեր, սարդի ոստայն ալ չէր շիներ. պարզապէս կատուի պէս ետեւէս կու գար։ Ես իր հետ կը խօսէի, իսկ ինք լուռ զիս մտիկ կ՚ընէր։ Ամուսինս քանի մը անգամ խորհեցաւ որ իր հետ կը խօսէի եւ Ի՞նչ, հարցուց, ես ալ՝ Քեզի հետ չեմ խօսիր, սարդիս հետ եմ, ըսի։ Չեմ գիտեր դո՛ւք ինչ կը մտածէք իմ մասիս, բայց ամուսինս շատ հասկցողական մօտեցում ունեցաւ եւ ժպիտով դիմաւորեց իմ կնքած նոր բարեկամութիւնս։
Օր մըն ալ սարդս անյայտացաւ։
Երբ քիչ մը երկար տեւեց իր բացակայութիւնը, յայտնի եղաւ որ ուրիշ անգամներու նման՝ օր մը պահուըտիլ յետոյ նորէն երեւիլ չէր այս մէկը։ Սպասեցի որ նորէն գայ եւ ինծի հետեւի մինչ ես խոհանոցին մէջ կը շրջիմ ճաշ պատրաստած ատենս։ Բայց չեկաւ։ Արդեօ՞ք որովհետեւ ինձմէ կեր կը սպասէր եւ ես չհասկցայ եւ չկրցայ զինք կերակրել—բայց ի՞նչ եւ ինչպէ՞ս. չգիտցայ։ Մարդ ի՞նչ կրնայ կերակրել իր սարդին…։
Խորհելով որ իրեն կեր պատրաստելով կրնայի զինք խոհանոց վերադարձնել (հա՛, ըսեմ նաեւ, որ խոհանոցի գետնէն զատ ուրիշ որեւէ սենեակի մէջ չէր յայտնուէր սարդս),Կուկըլին հարցուցի թէ տնային սարդերը միջատէ զատ ի՞նչ կ՚ուտեն։ Կուկըլը պատասխանեց՝ միջատ. ուրիշ բան չեն ուտեր։ Ես ուրտեղէ՞ն իրեն միջատ ճարէի եւ կերցնէի…
Գրասենեակս աշխատանքով տարուած պահերուս կը մոռնայի զինք։ Բայց երբ խոհանոց մտնէի՝ քանի մը վայրկեան ետք կը սկսէի զինք փնտռել։ Ո՞ւր պահուըտած է արդեօք։ Ո՞ղջ է։ Կատու ալ չկայ տունը հիմա (քանի մը ամիս առաջ մահացաւ), որ զինք կերած ըլլայ։ Արդեօք ծակի մը մէ՞ջ կորսուած է։ Ո՞ր ծակին։ Կրնա՞նք զինք ազատել…։
Եւ ահա՝ քանի մը օր ետք վերստին յայտնուեցաւ։ Այդպէս, բան չպատահածի պէս։ Ուրախացայ զինք տեսնելուս եւ երբեք չզարմացայ ուրախանալուս։ Ընկերներ դարձած էինք արդէն եւ բնական էր, որ զինք վերագտնելով՝ իր մասին ունեցած մտահոգութիւններս փարատէին եւ ես ուրախ զգայի։ Կարծես թէ ինք ալ ուրախ էր զիս տեսնելուն, որովհետեւ շարունակեց իմ շարժումներուս հետեւիլ առաջուան պէս։ Աջ կը քալեմ, ինք աջ կ՚երթայ. ձախ կը քալեմ, ինք ձախ կ՚երթայ։ Միասին շարունակեցինք խոհանոցին մէջ իրարու ընկերակցիլ։ Յաճախ կը զգուշացնէի զինք, որ շատ չմօտենայ ոտքերուս, որ յանկարծ վտանգ մը չպատահի իրեն։ Եւ իսկապէս որ զգոյշ էր։ (Անշուշտ ես իրմէ աւելի)։ Օրերով այսպէս շարունակեցինք. ես իր հետ խօսելով, ինք զիս մտիկ ընելով եւ ոտքերուս հետեւելով։
Օր մըն ալ երբ ամուսինիս կը յայտնէի մտահոգութիւնս, որ այս ընթացքով կրնամ աճապարանքիս մէջ անուշադրութեամբ խեղճ սարդիս վրայ կոխել, մանաւանդ իրեն այսքան կապուելէ ետք, ամուսինս ըսաւ թէ պէտք էր զինք խոհանոցէն հեռացնել։ Ստիպուած, իր երկար կեանքը ապահովելու համար՝ համաձայնեցայ։ Անձնապէս ես զինք լքած չըլլալու համար՝ ամուսինս պէտք է ընէր այդ հեռացման արարքը։ Եւ իմ սարդս թուղթի կտորի մը վրայ դնելով՝ զինք կառատուն տարաւ եւ հոն գետինը ձգեց։ Պարտէզ չէր կրնար տանիլ, որովհետեւ այդ օր անձրեւ կու գար եւ վախցանք որ անձրեւին տակ կը մեռնի։
Բայց այս անգամ նոր մտահոգութիւն մը ծագեցաւ իմ մէջ. կառատան մէջ ի՞նչ կրնար գտնել ուտելու—կարծես գիտէի թէ ինչ կ՚ուտէր խոհանոցը եղած ատեն։ Բայց վստահաբար խոհանոցին մէջ բաներ մը կը գտնէր, որ այդքան օրերով կը շարունակէր մնալ։ Մտահոգութիւնս մեղմացնելու համար, ամուսինս վստահեցուց զիս, որ կառատան մէջ շատ դիւրաւ միջատ կրնար գտնել ուտելու։ Ուրեմն մեր կառատունը միջատներո՞վ լեցուն է, հարցուցի, այս անգամ բոլորովին նոր մտահոգութեամբ մը։ Խնդաց։ Ոչ, բայց ծակերէն բան մը կը գտնէ ուտելու, մի՛ մտահոգուիր, ըսաւ։ Բայց ես շարունակեցի մտահոգուիլ, եւ սպասեցի որ օր մը կառատունէն փախչի գայ խոհանոց եւ ես նորէն զինք տեսնեմ։ Նորէն միասին ուշադրութեամբ երթանք-գանք խոհանոցին մէջ եւ ես իր հետ զրուցեմ (ինչպէս կը զրուցէի կատուիս հետ), իսկ ինք հասկցողի պէս՝ կենայ քանի մը երկվայրկեան եւ յետոյ շարունակէ քալել։ Քանի մը անգամ կառատան դուռը բացի, հոս-հոն նայեցայ զինք տեսնելու յոյսով, բայց զինք չգտայ։
Հիմա կը սպասեմ իր վերադարձին։
Յաճախ կը յիշեմ զինք, ինչպէս կը յիշեմ վերջերս կորսնցուցած անուշիկ կատուս։ Սարդիս նկարը չունիմ (օրին չմտածեցի զինք նկարել), բայց բաւական նկարներ ունիմ կատուէս։
Եւ յաճախ կատուիս նկարը կը հանեմ եւ երկար իր անուշիկ դէմքը կը դիտեմ։
Մոնթրէալ