ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆ — Կեանքը, գրական արուեստի յատկանիշները եւ ստեղծագործական կեանքի յատկանշական կէտերը(*)

ԱՆՈՅՇ ԱԿՆԵՐԵԱՆ

Զապէլ Եսայեան։ Հեւքոտ կեանք, արձակագիր, արուեստագէտ, մարդասէր, հրապարակագիր, հասարակական գործիչ, ֆեմինիստ, թարգմանիչ, դասախօս, հայրենասէր, կին եւ մայր։
Ա՛յս ամենն էր Եսայեան եւ վստահաբար աւելին, որ միայն զինք մօտէն ճանչցողները եւ անշուշտ ի՛նքը Զապէլը, որ այնքան խորը պեղած էր իր հոգին՝ կրնային գիտնալ։ Մենք, այս հեռաւորութենէն՝ միայն իր թողած հետքերը կ՚ուսումնասիրենք եւ արդէն իսկ մեր գտածը իր մասին՝ քանի մը կեանք լեցնելու չափ հարուստ է։Այնքան բեղուն կեանք ունեցած է Եսայեան եւ այնքան տարբեր ճակատներու վրայ, որ եթէ իր կենսագրական գիծերը փորձեմ մանրամասնօրէն տալ՝ միայն այդ մասին խօսած պիտի ըլլամ։ Հետեւաբար շատ կարճ անդրադառնանք եւ անցնինք բուն նիւթին։

1. Կենսագրական գիծեր

Զապէլ Յովհաննէսեան ծնած է 1878-ին, Պոլիս։ Գրական ասպարէզ կ՚իջնէ 1890-ական թուականներու երկրորդ կիսուն, հրատարակուելով տեղւոյն գրական հանդէսներուն մէջ, եւ շատ արագ կ՚արժանանայ պոլսահայ գրական շրջանակի գնահատանքին։ Իր այս սկզբնական շրջանի գործերուն ամենէն նշանաւորն է «Աշուղը» պատմուածքը։ 1895-ին Փարիզ մեկնելով կը հետեւի Սորպոնի եւ Գոլեժ տը Ֆրանսի գրականութեան եւ փիլիսոփայութեան դասընթացքներուն։ կ՚ուսումնասիրէ նաեւ արուեստի եւ գրականութեան բնագաւառէն ներս ծաւալող շարժումները։ Փարիզը իր առջեւ լայն հորիզոններ կը բանայ եւ ինք որոշակիօրէն կ՚ազդուի հոգեբանական դպրոցէն։ Հոն, 1900-ին՝ կ՚ամուսնանայ նկարիչ Տիգրան Եսայեանի հետ։
Երբ 1902-ին Եսայեան Պոլիս կը վերադառնայ՝ արդէն գրական շրջանակներու մէջ ճանաչողութիւն գտած հեղինակ էր։ Կը սկսի գրական ու հասարակական գործունէութեան բեղուն շրջան մը։ Շարունակ կը հրատարակուի Պոլիսի, Փարիզի, Գահիրէի, Թիֆլիսի, Պաքուի, Զմիւռնիայի շարք մը պարբերականներուն, տարեգիրքերուն եւ նոյնիսկ դասագիրքերուն մէջ։ կ՚աշխատակցի «Տիկնանց միութիւն», «Ազգային հայուհեաց» եւ «Աշխատանքի տուն» ընկերակցութիւններուն եւ կը խմբագրէ «Ծաղիկ» պարբերականի «Կանանց բաժին»-ը։
Եսայեան Փարիզէն վերադարձած էր ազատամիտ եւ յառաջդիմական գաղափարներով, պատրաստ՝ իր ամբողջ կարողականութեամբ եւ տաղանդով իր բաժինը բերելու ազգին մշակութային եւ գրական կեանքին, սակայն Պոլիսի իրականութիւնը տարբեր էր։ Կը տիրէր բռնապետական ռեժիմ, որ կ՚ենթադրէր ազատութեան եւ հարցերու քննական մօտեցումի կաշկանդում։ 1905-ին, Եսայաններու ընտանիքը կը վերադառնայ Փարիզ եւ այնտեղէն Զապէլ կը շարունակէ մասնակցիլ պոլսահայ գրական-հասարակական կեանքին։ Ետեւ-ետեւի կը հրատարակէ «Սկիւտարի վերջալոյսներ», «Կեղծ հանճարներ», եւ «Հլուները եւ ըմբոստները» վիպակները, բոլորն ալ պարբերաթերթերու մէջ։ Իր առաջին գիրքը, «Շնորհքով մարդիկ» խորագրով, լոյս կը տեսնէ 1907-ին, որ կը պարփակէր նախապէս պարբերաթերթերու մէջ հրատարակուած հինգ պատմուածքներ։ Կ՚անդամագրուի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ մինչեւ 1920-ական թուականներու սկիզբները բեղուն գործունէութիւն կ՚ունենայ անոր շարքերէն ներս։
1908-ի Օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, Եսայեաները Պոլիս կը վերադառնան՝ անսալով մեծ բարեկարգումներու խոստումներուն։ Սակայն ըստ էութեան ոչինչ կը փոխուի։ 1909-ի Ատանայի ջարդէն ետք, որպէս անդամ Պատրիարքարանի կազմած պատուիրակութեան, Զապէլ կը մեկնի Ատանա, գրի կ՚առնէ աղէտի իր տպաւորութիւնները, եւ 1911-ին լոյս կը տեսնէ իր «Աւերակներու մէջ» գիրքը։ 1910-ին կրկին Փարիզ է, իսկ տարի մը ետք՝ կրկին Պոլիս։ Եւ այսպէս՝ Փարիզէն Պոլիս, Պոլիսէն Փարիզ կը տարուբերի մինչեւ 1920-ական թուականները, միշտ շարունակելով հրատարակել հրապարակախօսական յօդուածներ, պատմուածքներ, եւ վիպակներ։ 1910-1914-ի իր կարեւորագոյններն են՝ «Անձկութեան ժամեր» վիպակը եւ «Բաւական է…», «Վարժապետը», «Երբ այլեւս չեն սիրեր» եւ «Քօղը» պատմուածքները։
1915-ի մայիսին, իր ճարպիկութեան շնորհիւ՝ կ՚ազատի իր գրչեղբայրներու ճակատագրէն։ Ըստ տեղեկութեանց, երբ ոստիկանները շքամուտքին հարցուցած են իրեն, թե ի՞նքն է արդեօք Զապէլ Եսայեանը, ինք պատասխանած է. «Ոչ, Զապելը ներսն է»։ Անկէ ետք՝ նախ կը պահուըտի հիւանդանոցի մը մէջ, ապա թրքական տարազ հագած երկու-երեք օրը մէյ մը տուն փոխելով խոյս կու տայ ոստիկանութենէն, եւ այսպէս՝ երեք ամիս։ Վերջապէս ինքզինք յոյն ժանեկագործ ներկայացնելով կը կաշառէ ոստիկանատան աշխատողները եւ անձնագիր ապահովելով կը մեկնի Պուլկարիա։ Հոնկէ Սեւ ծովի վրայով կ՚անցնի Թիֆլիս եւ կը շարունակէ գրական եւ ազգային աշխոյժ գործունէութիւն։ Այս շրջանին կ՚աշխատակցի Ռուբէն Դարբինեանի խմբագրած «Գործ» հանդէսին եւ կը գրէ Մուրատի ճամբորդութիւնը Սվազէն Պաթում յուշավէպը:
1918-ին, կը նուիրուի ջարդի ու տարագրութեան հետեւանքով ամեն կողմ ցրուած հայ որբերը հաւաքելու եւ իր ժողովուրդին վերադարձնելու Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան նախաձեռնած աշխատանքին։ Իսկ 1919-ին, Փարիզի մէջ, Զապէլ Եսայեան կը մասնակցի Խաղաղութեան խորհրդաժողովին՝ որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան անդամ, եւ կը յանձնէ երկար զեկոյց մը՝ ներկայացնելով 1915-ին եւ անկէ ետք հայ կիներն ու աղջիկները պատուհասած դժբախտութիւնները: Եսայեանի այս զեկոյցը (որ ցարդ չէ հրատարակուած, ըստ զայն Փարիզի Նուպարեան գրադարանին մէջ յայտնաբերած քիւրտ պատմաբան Ումիթ Խուրթի եւ լրագրող Ալեւէրի, այս զեկոյցը պատուիրակության անդամ Պօղոս Նուպար Փաշան յանձնած է խորհրդաժողովի մասնակից երկիրներու ներկայացուցիչներուն (Ակօս): Այս նոյն ժամանակի հեւքոտ տարիներուն՝ Եսայեան կը գրէ «Վերջին բաժակը» եւ «Հոգիս աքսորեալ» իր լաւագոյն վիպակները։
1920-ականներու սկզբնաւորութեան, Եսայեանի կեանքը շրջադարձ մը կ՚ունենայ։ Նախ՝ ամբողջովին կը հիասթափուի եւրոպական դիւանագիտութենէն եւ կ՚ընդունի պոլշեւիկեան գաղափարաբանութիւնը։
1921-ին Եսայեան կը վերադառնայ Փարիզ, ամուսինին հիւանդութեան պատճառով, որ անկէ քիչ ետք կը մեռնի: 1922-ին կը գրէ «Արգելքը» վէպը, որ իր մահէն ետք միայն կը հրատարակուի, Պէյրութ։ 1926-ին Եսայեան երեք ամիս կ՚այցելէ Խորհրդային Միութիւն. Մոսկուա, Լենինկրատ եւ Երեւան։ Մեծ տպաւորութիւններով կը վերադառնայ եւ իր տպաւորութիւնները կ՚արձանագրէ Պրոմեթէոս ազատագրված գրքին մէջ, 1928-ին։ 1932-ի դեկտեմբերին կը հաստատուի Խորհրդային Հայաստան, հրաւիրուելով Երեւանի պետական համալսարանին մէջ եւրոպական գրականութիւն դասաւանդելու:
1933–1937 հայրենիքի մէջ կ՚ունենայ գրական-ստեղծագործական բեղուն կեանք, հրատարակելով պատմուածքներ, վիպակներ, վէպեր, յօդուածներ՝ գրականության եւ գրական արուեստի հարցերու շուրջ, եւ թարգմանություններ կը կատարէ ֆրանսերէնէ հայերէնի։
1934-ին, Եսայեան կ՚ընտրուի ՍՍՀՄ գրողներու միութեան անդամ։ Նոյն տարին, իբրեւ պատգամավոր կը մասնակցի Սովետական գրողներու միութեան առաջին համագումարին, Մոսկուա, ուր ֆրանսերենով ելույթ կ՚ունենայ։
1935-1936 տարիներուն կը հրատարակուին «Կրակէ շապիկ» վիպակը եւ «Սիլիհտարի պարտէզները» վէպ-յուշագրութեան առաջին հատորը (ծրագրած էր երկու հատոր եւս, որոնք սակայն չհասաւ գրելու), իսկ 1966-ին՝ իր մահէն ետք՝ «Բարպա Խաչիկ» մեծածաւալ վէպը։
1937-ին, ստալինեան բռնապետութեան տարիներուն՝ Եսայեան եւս Եղիշէ Չարենցի, Ակսէլ Բակունցի, Թոթովենցի եւ ուրիշներու կողքին կը ձերբակալուի այդ օրերուն սովորական դարձած լրտեսութեան մեղադրանքով եւ կը դատապարտուի նախ գնդակահարման եւ ապա տասը տարուան բանտարկութեան։ Եսայեան կը դառնայ զոհը Չարենցի եւ Բակունցի նկատմամբ իր արտասանած յանդուգն պաշտպանութիւններուն, որոնք կ՚օգտագործուին կարգ մը հայ քաղաքական մարդոց եւ գրողներու կողմէ զինք ներկայացնելու իբրեւ սովետի թշնամի:
Եսայեան Երեւանի բանտէն կը տեղափոխուի Պաքու։ Ասկէ անդին յստակ տեղեկութիւններ չկան։ Կայ վարկած՝ որ աքսորուած է Սիպիր եւ հոն մահացած է 1943-ին, բայց եւ կայ մէկ այլ վարկած, ըստ որու՝ ան 1937-ին մահացած է Պաքուի բանտին մէջ։ Դժբախտաբար չկայ ստոյգ տեղեկութիւն թէ ինչպէ՛ս, որտե՛ղ եւ ե՛րբ մահացած է։
1957-ին իր դատավարութեան ծրարը վերատեսութեան ենթարկուելով՝ ներում արձանագրուած է, հաստատելով որ Զապէլ Եսայեան անմեղ էր։ Այսօր, Երեւանի մէջ, իր թոռան զաւակը կը կոչուի իր անունով՝ Զապէլ Եսայեան։
Եսայեան իր ետին կը թողու անտիպ ձեռագրերու բազմաթիւ էջեր։

2. Եսայեանի գրական արուեստի յատկանիշները

Անկարելի պիտի ըլլայ Զապէլ Եսայանի բոլոր գործերուն հանգամանօրէն անդրադառնալ այսօր։ Ատիկա կ՚ենթադրէ սեմինար մը ամբողջ։ Հետեւաբար՝ նախաճաշակ մը տալու համար իր գործերուն մասին, նախ պիտի ներկայացնեմ իր գրական արուեստի յատկանիշները եւ ապա իր ստեղծագործական կեանքի յատկանշական կէտերը։
Դժուար է ըսել թէ Եսայեան իրապա՞շտ է, թէ՞ գեղապաշտ։ Իր գործերուն մէջ այս երկու քը յաճախ իրարու կը միախառնուին առանց յստակ սահմանագիծերու։ Երբեմն ինք նոյնիսկ շեղած է այս երկու ուղղութիւններէն եւ ընդգրկած խորհրդապաշտութեան (սեմպոլիզմի) «արուեստը արուեստի համար» տեսութիւնը։ Սակայն իր գրականութիւնը գլխաւորաբար ընթացած է իրապաշտ-հոգեբանական արձակի ուղղութեամբ։
Իր գրական գործունէութեան հիմնական սկզբունքը եղած է կեանքի իսկական պատկերումը եւ մարդկային հոգեբանութեան խորը թափանցումը։ Մշակած է ինքնուրոյն ոճ եւ յաճախ ընտրած՝ բանաստեղծական արձակի գրելաձեւը։
Եսայեան զերծ մնացած է պոլսահայ գրականութեան մէջ տարածուած սալոնային, կամ ինչպէս այդ ժամանակ կը կոչէին՝ «օշարակային» գործեր արտադրելէ։ Իր ինքնակենսագրութեան մէջ գրած է, թէ իր համոզումն է, որ «գրականութիւնը զարդ մը, պերճանք մը չէ, այլ զօրաւոր միջոց մը, զէնք մը, որուն կ՚ուզէի տիրանալ պայքարելու համար այն բոլոր բաներուն դէմ, որ կը համարէի անարդար»։
Եսայեանը եղաւ մէկը այն գրողներէն, Գրիգոր Զօհրապի եւ Երուխանի նման, որոնք իսկական կեանքը այնպէս ինչպէս որ է պատկերացնելու գեղագիտական հայեացքը որդեգրելով՝ չբաւարարուեցան արտաքին իրականութեան պարզ դրսեւորումով, կամ առօրեայ կեանքի նկարահանումով, այլ յայտնաբերեցին մարդու ներաշխարհը։ Եսայեան պեղեց իր հերոսներու հոգիին մէջ թաղուած յուզումները, որոնք կը բախէին առօրեայ կեանքի իրականութիւններուն։ Սակայն տուաւ նաեւ սոսկ ներաշխարհային ապրումներու, զգայնութիւններու գեղարուեստական դրսեւորումը, առանց մասնաւորապէս առնչելու զանոնք հասարակական կեանքին հետ։
Եսայեանի գեղարուեստական-հոգեբանական գրելաձեւը, որ կը կազմէ մեծ մասը իր պատմուածքներուն եւ վիպակներուն՝ նիւթի եւ գործողութեան զարգացում չի պահանջեր։ Կեդրոնացումը հոգեբանական զննումն է, եւ ատիկա զարգացնելու համար՝ Եսայեան ընտրած է պատմողական յարմարագոյն ձեւը՝ առաջին դէմք պատմողը։ Իր շատ մը պատմուածքներուն եւ վիպակներուն մէջ պատմողը (narrator) գլխաւոր հերոսը՝ ինքն է, եւ ուրեմն իր դիտակէտն է որ անմիջականօրէն մեզի կը փոխանցուի տպաւորութիւններու, հոգեվերլուծումի եւ վերյուշի ընդմէջէն։ Իսկ կերպարներու թիւը յարմարօրէն քանի մը հատ է միայն, նոյնիսկ իր վիպակներուն մէջ, նկատի առնուած ըլլալով (հաւանաբար) անոնց փոքր ծաւալը եւ հետեւաբար զանոնք չծանրաբեռնելու պահանջքը։
Եսայեան արեւմտահայ գրականութեան մէջ կը ճանչցուի որպէս «հոգեբանական ապրումի, խոր յոյզի եւ քնարական խառնուածքի արձակագիր» (Ս. Արզումանեան)։ Իր արձակին բանաստեղծական շունչը հաւանաբար կարելի է բացատրել այն պաշտամունքով՝ որ ինք փոքր տարիքէն ունեցած է Պետրոս Դուրեանի հանդէպ։ Չմոռնալ նաեւ, որ ինք եւս շարունակ բանաստեղծութիւններ գրած եւ հրատարակած է։ Իր հրատարակած առաջին իսկ կտորը եղած է արձակ բանաստեղծութիւն մը, «Երգ առ գիշեր» խորագրով, Արշակ Չօպանեանի Ծաղիկ հանդէսին մէջ։
Փարիզ գտնուած տարիներուն, 90-ականներու վերջաւորութեան՝ կարճ ատեն մը ընդունած եւ պաշտպանած է «արուեստը արուեստի համար» թէզը, սակայն երկար չէ տեւած իր այդ շրջանը եւ սկսած է տեսնել գրականութիւնը իբրեւ անհատին եւ հասարակական կեանքի բարւոքման միջոցներէն մին։ Եսայեան նախընտրած է հաղորդակից մնալ մարդկային ապրումներուն, տրամադրութիւններուն եւ զգացողութեան, քան ստեղծել կառոյցով գեղեցիկ բայց իրական կեանքէ կտրուած բովանդակութեամբ գործեր։ Բայց իր արուեստի նուրբ զգացողութիւնը միշտ պահպանած է։ Ան բանաստեղծական զգայնութեամբ պատկերած է մարդու հոգեկան խորունկ աշխարհը՝ ընդդէմ իր շրջապատի պայմանաւորած կապերուն եւ յարաբերութիւններուն։
Մինչ իր «արուեստը արուեստի համար» տեսութիւնը պաշտպանած շրջանին ան կը գրէր, թէ գրողը «ամբոխին համար չի գրեր», «ինքզինքը արտայայտելու պէտքն է իրեն առաջին մղիչը», Սկիւտարի վերջալոյսներուն մէջ Եսայեան կը բնութագրէ իր գեղագիտական այն սկզբունքը, որ «բանաստեղծը պէտք չէ գաղափարը զոհէ ձեւին, եթէ կ՚ուզէ բանաստեղծ մնալ»։ Այս կ՚ըսէր հերքելու համար պառնասականներու այն համոզումը, որ ձեւը գերակշիռ է բովանդակութենէն։
Իսկ ինք՝ հակելով իր իրապաշտ-հոգեբան ակունքներուն՝ պեղեց հոգւոյն մաքառումները, անհատի ձգտումներուն եւ իրականութեան հակասութիւնները՝ յուզական բովանդակութեամբ եւ գեղարուեստական շունչով։ Ինչ որ իր արձակը բանաստեղծական կը դարձնէ՝ անոր յօրինումն է երանգներու ներդաշնականութեամբ եւ երաժշտական հիւսուածքով։
Մնալով հարազատ գեղագիտական իր սկզբունքին, Եսայեան օգտագործած է տարբեր մօտեցումներ իր գործերուն մէջ։ Սկիւտարի վերջալոյսներուն մէջ իր արձակը քնարական-բանաստեղծական է, Կեղծ հանճարները երգիծական է, Հլուները եւ ըմբոստները պատմողական է, իսկ Շնորհքով մարդիկի գրական շունչը՝ վերլուծական-հոգեբանական է, որ իր գործերուն մէջ գերակշռողն է։ Յակոբ Օշական ըսած է, թէ «Տիկին Եսայեան հոգեբանական վէպի անվիճելի վարպետն է»։
Պէտք է անմիջապէս աւելցնել սակայն, որ ո՛րքան հոգեբանական շեշտ կայ իր արձակին մէջ՝ նո՛յնքան ալ իրապաշտական մղում մը կայ մանաւանդ իր կարեւորագոյն գործերուն մէջ։ Այդ յատուկ ուղղուածութեամբ է որ ան կը ձգտի պատկերելու մարդու հոգին՝ ընդդէմ արտաքին կացութիւններու եւ հասարակական անգիր օրէնքներու։ Իր գործերուն մէջ վերլուծուող կապակցութիւնները՝ անհատի ներքին տառապանքին եւ հասարակական կեանքին միջեւ` փիլիսոփայական եւ ընկերաբանական քննարկումի եղանակով կը կատարուին։ Եսայեանի համար անբաւարար է երեւոյթները միայն տալ, առանց անոնց խորքը թափանցելու։ Կը պրպտէ երեւոյթին դրդապատճառները, որոնք յաճախ կը յանգին միջավայրի հասարակական դրոյթներուն։ Մարդկային յուզումները, մտատանջութիւնները, հոգու տառապանքը այնքան հարազատօրէն կը նկարէ, այնքան խորը կը թափանցէ։
Եւ իր այդ մտասեւեռումը կու գայ իր բացարձակ բծախնդրութենէն եւ կատարելապաշտութենէն։ Դեռ պատանի հասակէն լսած էր շատ լուրջ խրատ մը եւ անոր անսացած մնաց մինչեւ վերջ. իբրեւ կին՝ «գրական ասպարէզին նուիրուելու» համար «պէտք է վեր ըլլալ միջակութենէ…» ըսած էր իրեն Սրբուհի Տիւսաբ (Սիլիհտարի պարտէզները)։
Եսայեանի գրական արուեստի գեղագիտական յղացքին մասին փոքր օրինակ մը տալու համար կարճ կերպով ներկայացնեմ Հոգիս աքսորեալ վիպակի գեղարուեստական յատկանիշներէն մէկը։
Այս վիպակին մէջ վարդի մոթիֆը ամեն տեղ է. Տիկին Դանիէլեանի վարդի բուրմունքը, Էմմայի մօրաքրոջ եփած վարդի անոյշը, պարտէզին վարդենիները, վարդագոյն ամպերը եւ այլն։ Եւ այս վարդագոյն աշխարհը կայ, այնքան ատեն որ Էմմայի ունեցած ակնկալութիւնները կեանքէն՝ բարձր են դեռ։
Բայց ժամանակ մը ետք, երբ նախապէս «գերագոյն զգացումը» ներշնչող պահերը հիմա «համարժէք են այլեւս եւ նշանակութիւն ունին միայն իրենց բովանդակած յուզումի ուժգնութեամբը», «վարդագոյն ամպի ծուէններ արագութեամբ կ՚անցնին երկնքի վրայէն». վարդի լիրիկական մոթիֆէն կ՚անցնի աւելի թանձր մոթիֆի—կեռասենիի։ Էմմա կ՚ըսէ՝ «Աւելի լաւ է մնամ մինակ եւ լսեմ իմ հոգիիս մրմունջները. երթամ պարտէզին խորքերը, ծաղկած կեռասենիներու ներքեւ որոնց ճերմակ թերթիկները այնքան գեղեցիկ ժամերու մէջ անձրեւեցին մեր վրայ»։
Հոս՝ վարդին վարդագոյն թերթիկները կը փոխուին կերասենիի ճերմակ թերթիկներով. ճերմակ, որ ընդհանրապէս կը խորհրդանշէ մաքրութիւն, անմեղութիւն, բայց նաեւ պարապութիւն, իսկ վիպակին նկարչուհի հերոսին համար կը խորհրդանշէ դատարկ պաստառ, որ կը սպասէ նոր նկարի մը նկարուելուն։

3. Եսայեանի ստեղծագործական կեանքի յատկանշական կէտերը

Ընդհանրապէս Եսայեանի մասին գրախօսութիւնները ծանրացած են իր գրական ոճին եւ հոգեբանական վէպը մշակած ըլլալու հանգամանքին վրայ։ Մինչդեռ պէտք է անդրադառնալ, թէ իր գեղարուեստական գործերը միաժամանակ հասարակական եւ ընկերային հարցեր եւս կ՚արծարծեն։ Ասոնց վրայ անշուշտ կու գան աւելնալու իր յօդուածներն ու ակնարկները մամլոյ էջերուն մէջ, ուր շատ սուր եւ դիպուկ կերպով կը յորդորէ Պոլսոյ հասարակական կեանքի յոռի եւ հնամենի բարքերը թօթափել եւ բարեկարգ ու արդիական սկզբունքներ որդեգրել։ Այս առնչութեամբ Եսայեան գրած է շարք մը յօդուածներ, օրինակ՝ «Անհատականութիւններ» եւ «Տիկին Արուսեակ» յօդուածները, ուր սուր կերպով կը բողոքէ միջավայրի անկարողութեան եւ փոքրոգութեան դէմ։
1908-ի օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, որ յուսախաբ ըրաւ հայութիւնը, Եսայեան նուիրուեցաւ հասարակական գործի եւ հրատարակեց հրապարակախօսական եւ քաղաքական յօդուածներ։
Եսայեան պոլսահայ մտաւորական շրջանակի ամենէն ճանչցուած անձերէն մէկն էր. մտերմական կապեր ունէր շատ մը գրողներու եւ մտաւորականներու հետ, որոնց կարգին՝ Զօհրապի, Օտեանի, Չօպանեանի, Թէքէեանի, Սիամանթոյի, Սիպիլի, Զարդարեանի, Կամսարականի, Բաշալեանի եւ Ռուբէն Սեւակի հետ։
Այս կենսունակ եւ բազմատաղանդ մտաւորականը կը հաւատար, որ գրողի գերագոյն նպատակը իր ժողովուրդի «դատի պաշտպանութիւնն է»։ Եռանդով ու նուիրումով աշխատանք կը տանէր ազգային դատին համար։ Յօդուածներով կը յորդորէր՝ որ մարդիկ ճառախօսութիւններէ ասդին գալով զոհաբերութեամբ եւ նուիրատուութեամբ մասնակից ըլլան անօթի հայրենակիցները փրկելու աշխատանքին։
Ինչպէս քիչ առաջ ըսի, 1909-ի Ատանայի ջարդէն ետք, հայ մտաւորականներէ, գրողներէ եւ գործիչներէ բաղկացած պատուիրակութեամբ՝ Զապէլ երեք ամիս այցելեց Ատանա, Մերսին, Սիս ու այլ վայրեր՝ իրողութեան ճշգրիտ պատկերը տեղեկագրելու համար։ Եսայեան գրի առաւ իր տեսածներն ու լսածները եւ որոշեց ամբողջ աշխարհին պատմել աղէտի արհաւիրքը։ Վերադարձին՝ նախ գրեց շարք մը յօդուածներ, նկարագրելով կոտորածը եւ մասնաւորաբար մատնանշելով որբերու յուսահատական վիճակը։ Ապա, երկու տարի ետք, հրատարակեց իր «Աւերակներուն մէջ» վաւերագրական գիրքը։
Բայց հոն չդադրեցաւ արձակագրի ազգային գործունէութիւնը։ Եսայեան Մեծ եղեռնէն ետք ալ, 1915-էն ետք, պաշտպան կանգնեցաւ գաղթական հայ զանգուածներուն եւ օգնութիւն կազմակերպեց որբերուն եւ անխնամներուն։ Ատոր համար ալ արժանացաւ «Տիկին էֆենտի» անունին։
Իսկ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի հանդէպ վաղուց պաշտամունք ունէր Եսայեան։ Արարատի մասին այսպէս արտայայտուած է. «Արարատը չենք տեսած, բայց երբ օր մը զայն մեր աչքերուն առաջք ունենանք, վստահ եմ, անծանօթ լեռան մը տպաւորութիւնը չպիտի ընէ մեր վրայ. անոր գաղափարը դրոշմուած է մեր էութեան մէջ եւ այդ գաղափարին ընտանեցած ու անով ապրած ենք»։ Իր յօդուածներով կոչ կ՚ուղղէր կանանց որ նոր սերունդը դաստիարակեն ազգային ինքնապաշտպանութեան ոգիով, որ մայրերը դիւցազիւններ ունենալու երազով «ներշնչեն ու օրօրեն զանոնք ազատութեան եւ հերոսներու երգերով»։ Իսկ իր «Բարպա Խաչիկ» վէպով՝ Եսայեան ընթերցողին կը փոխանցէր այն համոզումը, որ ինչքան ալ գեղեցիկ ու հանգստաւէտ ըլլան եւրոպական կամ այլ քաղաքներ՝ հայուն փրկության միակ հանգրուանը իր պապենական հայրենիքն է։
Իր բուռն հայրենասիրութեան կողքին, Եսայեան նաեւ մեծ մարդասէր էր։ Իր մարդասիրութիւնը ի յայտ կու գայ իր կերպարներու ընտրութեան մէջ եւ անոնց հանդէպ ունեցած իր նուրբ զգացողութեանբ։ Այս կերպարներէն շատերը տառապող հոգիներ են, իրենց ազատութիւնը կաշկանդուած հոգիներ, որոնք հակադրուած են արտաքին աշխարհի ճնշող ազդեցութեան։ Եսայեան կու տայ մարդուն պայքարը անողոք իրականութեան դէմ, առանց մոռնալու սակայն, որ այդ իրականութիւնը եւս պայմանաւորուած է մարդոցմով։ Մարդկային անիրաւութիւնները, կարեկցութեան պակասը, եսապաշտական մօտեցումը փոխյարաբերութիւններու եւ հարցերու նկատմամբ՝ ըստ Եսայեանի կը ստեղծեն այն մթնոլորտը, որ անշնչելի կը դառնայ զգայուն հոգիներուն համար։
Եւ վերջապէս՝ Եսայեան կը նկատուի մեր առաջին ֆեմինիստներէն մէկը։ Իր տեսադաշտը խորացած էր արդէն իր աշակերտական տարիներէն՝ հօր առաջնորդութեամբ եւ իր կարդացած ֆրանսական գրականութեան շնորհիւ։ Ան յաճախ իր տարեկից ընկերուհիներուն հետ կը զրուցէր կիներու նկատմամբ «շրջապատի բռնութիւնը խորտակելու», «տափակ կեանքէ դուրս գալու» մասին եւ կը մտածէր «գործնականապէս պայքարիլ արգելքներու դէմ»։ Փարիզ ուսանած շրջանին նոյնիսկ մտերմութիւններ հաստատած էր կանացի շարժման կարգ մը առաջնորդներու հետ։
Այդ տարիներուն երբ կը խմբագրէր Ծաղիկ պարբերականի «Կանանց բաժինը», գրած է բազմաթիւ յօդուածներ գլխաւորաբար «կնոջ ազատագրութեան խնդիր»ին եւ ընկերային վիճակին մասին։ Օրինակ՝ «Կնոջ հարցը», «Նոր կինը», «Մեր կիները», «Կնոջ տիպար մը» յօդուածները։ Իր մտաւոր ոյժը եւ գրողի տաղանդը ի գործ դրած է «կնոջ բարոյական եւ մտաւորական վիճակը բարեփոխելու նպատակին»։ Իր յօդուածներուն մէջ ցոյց տուած է հասարակական գործօններէ բխող «նախնական պատճառները կնոջ ստորադասման», որոնք արգելք կը հանդիսանային զանգուածի յառաջդիմութեան։ Մինչդեռ, գրեց ան, «կնոջ բնական եւ տրամաբանական դերը» ընկերային զարգացման գործին մէջ մեծ է եւ ատիկա «իր կատարելութեան մէջ կիրարկելու համար է նաեւ որ՝ պէտք է կինը անկաշկանդ իր մտաւորական կարողութիւնները զարգացնէ» («Կնոջ հարցը»)։
Մինչ այդ, ժամանակի այլ կին գրողներ՝ Սիպիլ, Հայկանոյշ Մառք եւ ուրիշներ, իրենց ֆեմինիստական յօդուածներու մէջ կնոջ անհատականութեան հարցերը կը շօշափէին։ Իսկ Եսայեան կ՚արտայայտէր յառաջդիմական կարծիքներ կնոջ հասարակական դերին եւ ընտանեկան կեանքէն զատ նոր ասպարէզներու մէջ գործելու իր կարողականութեան մասին։ Իսկ իր «Շնորհքով մարդիկ» վիպակին մէջ, իր կին հերոսուհին՝ Աննիկը կը խրտչի ամուսնութեան գաղափարէն, որովհետեւ անհանդուժելի կը գտնէ կնոջ վիրաւորական դերը ընտանիքէն ներս։ Եւ այդպէս ալ երբեք չ՚ամուսնանար։ Յայտնի է Եսայեանի նշանաւոր հետեւեալ խօսքը. «Կինը աշխարհ չէ եկած մինակ հաճելի ըլլալու համար։ Կինը եկած է իր խելքը, մտային, բարոյական եւ ֆիզիքական յատկութիւնները զարգացնելու համար։ Ինքզինքնին յարգող բոլոր կիներուն իտէալը միայն հաճելի ըլլալը պէտք չէ ըլլայ, այլ երկրիս վրայ գործօն բարերար տարր մը դառնալը»։
Իր դիրքը կնոջ հարցին նկատմամբ, սակայն, ըստ իս, աւելի կը փխէր իր բուռն մարդասիրութենէն եւ արդարութեան պաշտամունքէն, ազգային յառաջդիմութեան գործին մէջ կնոջ անառարկելի եւ կարեւոր դերին նկատմամբ իր համոզումէն եւ ինքզինք իր ամբողջ կարողականութեամբ եւ հարազատօրէն կարենալ արտայայտելու կնոջ ներքին պահանջքէն, քան՝ այր մարդոց հաւասարելու փափաքէն։ Եւ այդ պատճառաւ ալ երբեմն արտայայտած է գաղափարներ, որոնք չեն համապատասխաներ զուտ ֆեմինիստական կեցուածքներու։ Օրինակ՝ նոյն «Կնոջ հարցը» յօդուածին մէջ, Եսայեան այս կարծիքը կը յայտնէ ֆեմինիզմի մասին.
Յայտնի է թէ ամեն դարու եւ ամեն երկրի մէջ, ի՛նչ որ ալ ըլլայ ընկերական վիճակը եւ միջավայրը, կին մը՝ երբ արտասովոր մտաւորական ոյժ մը ունի, առիթը կը գտնէ ինքզինքը արտայայտելու եւ իր կարողութիւնը յարգել տալու։ Féminisme-ը ամեն ցեղի մէջ միջակ կարողութեանց համար նշանակութիւն ունի. անիկա ընդհանուր մակարդակը կը բարձրացնէ, բայց մոռնալու չէ թէ անիկա կ՚արտադրէ նաեւ երբեմն միջակ եւ թեթեւակի կրթութիւն մը, որ շատ անգամ կը պատճառէ ծիծաղելի ծայրայեղութիւններ։
Տարբեր առիթներով ալ Եսայեան ֆեմինիզմի դէմ արտայայտուած է, հաստատելով թէ ինքը ֆեմինիստ չէ: «Մեր կիներուն» յօդուածին մէջ այսպէս կ՚արտայայտուի.
Մեր նպատակը չէ բնաւ կոչ մը ընել մեր կիներուն féminisme-ի յարելու. … հոս պէտք ըլլայ թերեւս շեշտել այս կէտը որովհետեւ ինչպէս ըսինք արդէն կրնանք սխալ հասկցուիլ եւ մեր ընթերցողներուն կարծեցնել տալ թէ պիտի ուզէինք որ մեր կիներն ալ արտադրէին այդ ապասերուած եւ տգեղ արարածը որ շատ մը քաղաքակրթեալ երկիրներու մէջ fռministe անուան տակ վարժուած ենք տեսնելու, ատիկա անհրաժեշտ բայց տխուր կողմն է կիներուն զարգացման, անոնք տեսակ մը տուրքն են մարդկային քաղաքակրթութեան նուիրական գործին զոհուած։
Իսկ «Ֆէմինիզմի առթիւ» յօդուածին մէջ դարձեալ կը կրկնէ. «…եթէ ֆէմինիզմ անուամբ խօսինք կրնանք սխալ հասկցուիլ. անիկա առաձգական բառ մըն է որ իր մէջ նոյն իսկ ներհակ գաղափարներ կը պարունակէ եւ կրնայ ըլլալ որ անոնց մեծ մասին համամիտ չըլլանք»։
Սակայն ինչպէ՞ս կարելի է համերաշխել ֆեմինիզմի դէմ արտայայտուող այս Եսայեանը այն Եսայեանին հետ, որ չորս տասամեակի գրական իր վաստակով՝ անդադար հայ կնոջ մտային, ընտանեկան, հասարակական, եւ ֆիզիքական վիճակը բարձրացնելու մասին գրած է։ կ՚ենթադրեմ, որ Եսայեանի հարցը ֆեմինիզմի շարժումին հետ էր, եւ ո՛չ թէ կնոջ անկախութեան եւ անոր արդար իրաւունքներու ձեռքբերման հետ։ Ֆեմինիզմը, որ այդ ժամանակ տակաւին իր սաղմնային վիճակին մէջ էր եւ առ այդ՝ ենթակայ ներքին հակասութիւններու եւ չափազանցութիւններու, Եսայեանի զգայնութեան եւ սկզբունքներուն հետ խոտոր կը համեմատէր։ Եւ ֆեմինիզմ բառն ալ խորթ կը հնչէր իրեն, «իզմ»երու յատուկ իր բանաձեւային (formulaic) կտրուկ բնոյթով։
Սարօ Տատեան, տուեալներ քաղելով Եսայեանի «Ինքնակենսագրութիւն» գործէն, իր «Յեղափոխական մի կեանք. Զապէլ Եսայեան» յօդուածին մէջ հետեւեալը կը գրէ (թրքերէնէ թարգմանուած).
Եսայեանը, ով ի տարբերութիւն իր ժամանակակից Զապել Ասատուրի պէս գրողների, իրեն ֆեմինիստ չէր որակում եւ երկար տարիներ ձեռնպահ էր մնում ֆեմինիզմի վերաբերեալ յօդուածներ գրելուց, հաւատում էր, որ պէտք է իրատեսական ձեւով նայել հասարակութեան մէջ կնոջ դերին եւ ենթարկուող անարդարութիւններին: Վէպերում եւ յօդուածներում անարադարութիւնների ենթարկուող եւ տանջուող կանանցից շատ նախընտրում էր ներկայացնել ստորին խաւի տղամարդկանց եւ կանանց թշուառութիւնը: Կրկին հայրը մեծ ներդրում ունեցաւ կանանց ազատականացման մասին Եսայեանի տեսակէտների ձեւաւորման վրայ եւ նրան դրդեց յօդուածներ գրել կանանց իրաւունքների մասին: Զապել Եսայեանն իր ինքնակենսագրականում հօր՝ իր վրայ թողած ազդեցութեան մասին գրում է.
«Մի երեկոյ հայրս ինչ-որ թերթի առաջին համարը բերեց եւ խորհուրդ տուեց ինձ այսուհետ պարբերաբար կարդալ այդ թերթը: Թերթ, որին բաժանորդագրուել էր հայրս, Յովհաննես Շահնազարեանի հրատարակած Հայրենիք օրաթերթն էր: Հայրս ինձ կողմնորոշում էր գրել կանանց ազատութեան թեմայով: Այն կարծիքին էր, որ այս հարցը լուծուելու էր միայն կանանց եւ տղամարդկանց հաւասար կրթութիւն ապահովելու միջոցով: Ինձ իր տեսութիւններն էր թելադրում, ես էլ գրում էի»:
Զապել Եսայեանը, ով ասում է, որ սկզբնական շրջանում կանանց ազատութեան մասին գրում էր միայն հօրը գոհացնելու համար, այս հարցում հօր հետ համակարծիք չէր: Եսայեանը հօր նման չէր հաւատում, որ կանայք կ՚անկախանան այն ժամանակ, երբ ճանաչուի տղամարդկանց հետ հաւասար կրթութիւն ստանալու կանանց հնարաւորութիւնը: Զապել Եսայեանը կանանց անկախացման համար պաշտպանում էր ամբողջ համակարգի փոփոխման անհրաժեշտութիւնը եւ այս շարժումը սկսում էր նախ եւ առաջ իր կեանքում:
Պէտք է նշել հոս, որ այդ ժամանակ, երբ իր Ինքնակենսագրութեան մէջ կը գրէր «համակարգի փոփոխման անհրաժեշտութեան» մասին, Եսայեան կ՚ապրէր Սովետական Հայաստան, որու սովետական ռեժիմը համակարգի փոփոխութիւնը կը դաւանէր որպէս միակ փրկութիւնը ժողովուրդի հասարակական կեանքի։ Եւ ուրեմն հաւանաբար՝ ինք իր այս եւ այլ նման արտայայտութիւններով պարտք կը վճարէր օրուան իշխանաւորներուն, որոնց կողմէ ինք արդէն կը նկատուէր որպէս գերազանցապէս եւրոպական մտայնութենէն ազդուած կին։
Կ՚ուզեմ աւարտել իր Բարպա Խաչիկ վէպի հերոսներէն մէկուն խօսքով, որ Եսայեանի սրտին խօսքն է. «Ինչ արել եմ՝ արել եմ յօգուտ սիրելի ազգիս ու հայրենիքիս։ Լաւ է՝ վերցրէք ինչքան եւ ինչպէս կ՚ուզէք, վատի համար՝ ներեցէք»։

*) Ներկայացուած՝ ապրիլ 4-ին, Համազգայինի Սանահին մասնաճիւղի «Թէյ, սուրճ եւ կարծիքներ» խումբի կազմակերպած Զապէլ Եսայեանի ծննդեան 140-ամեակին նուիրուած երեկոյին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոն։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *