Թոռներուս Ամերիկան եւ իմս

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Երկուշաբթի է եւ կրկին դպրոցական արձակուրդ, ու այս անգամ՝ «Նախագահներու օր»-ուան առթիւ։ Բոլոր վարժարանները փակ են։ Սա կը նշանակէ, իբրեւ մեծ ծնողք, ինչպէս միշտ, դարձեալ մեզի պիտի իյնայ կամաւոր եւ պատրաստակամ մեր թոռները «նայելու», յաճախ ծանր եւ սակայն նոյնքան ալ հաճելի պարտականութիւնը։Բայց աւելցնեմ նաեւ, որ շաբթուան ընթացքին ընդհանրապէս ժամերս ինծի պատկանելու խաբեբայ երեւոյթն ալ կ՚ունենան։ Տնային պարտականութիւններ։ Հո՛ս, հո՛ն երթալ։ Շուկայ։ Բժիշկ։ Մէկ խօսքով՝ գիրքերէս եւ աշխատանքի գրասեղանէս ու համակարգիչէս հեռացում։ Իրապէս, երբեմն ինծի համար ժամավաճառութիւն։ Ահա թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս կենսունակութիւն ըսուածը մէջս յաճախ կը ցամքի։
Բայց այդ օր տարբեր էր։ Երկու թոռներս, եօթը տարեկան Վանան եւ հինգ տարիքը հազիւ բոլորած Հայկը, երկուքն ալ «օտար» վարժարան յաճախող աշակերտներ, մեզի պիտի գային։
Ըստ սովորութեան՝ հրճուած եմ։ Եթէ կ՚ուզէք, նոյնիսկ «երիտասարդացած»։ Արդէն լայն ժպիտ մը կանուխէն գծագրուած եւ հաստատուած էր դէմքիս վրայ։ Արդեօ՞ք այս մէկը լուսաբանութեան կը կարօտէր։ Այս մասին ամեն առիթով երկար խօսած, գրած եւ յաճախ ալ երազած եմ։
Է՜հ, մեծ ծնողներուն սիրտերը բիւրաւոր ակեր կ՚ունենան եղեր, որոնցմէ, իրենց թոռներուն նկատմամբ սէրն ու կարօտը կը հոսէին անհաշիւ.— ըսած էին մեր մեծերը։ Ճիշդ էին։ Չէին սխալած։ Իսկ հիմա, այսօր իսկ կրկին թոռներուս ներկայութեան՝ ինծի համար հաճելի զբօսանք։ Տաք, մտերիմ եւ նոյնքան ալ յուզական։
Շաբաթէ մը ի վեր զիրենք չէի տեսած եւ երբ մեր տունը հազիւ մտած էին, «խենթի» նման դէպի ինծի վազեցին։ Զգացի, որ իրենց մօտ ալ պահ դրուած էր այն թարմ կարօտը, զոր աշխարհը հրաշալի կը դարձնէ։
Երկուքին ճակատներուն բազմաթիւ կարօտագին համբոյրներ դրոշմելէս ետք, իբր թէ անտեղեակ՝ քիչ մը զարմանքով հարց տուի ըսելով.–
— Ծոյլեր, ինչո՞ւ նորէն դպրոց չէք գացած։
Համարձակ Վանան, արագ մը պատասխանեց, արդարացուցիչ ոճով.
— Պապիկ, մենք ծոյլ չենք, չես գիտեր, այսօր «վէքէյշըն» արձակուրդ է, «փրէզիտէնդ տէյ» «Նախագահներու օր» է։
— Այսինքն, ի՞նչ ըսել է,— փորձեցի խօսքս շարունակել, մտքիս մէջ մեր միջեւ հայերէնախօսութեան իր այս «ներկայութիւնը» տեւական եւ շարունակ պահելու ճիգով եւ միտումով։
— Այսինքն…«եու նօ», դուն գիտես, դպրոց չունինք ,«տաց իթ» վերջ,— ըսաւ թոռնուհիս արագ, անհոգ ու վճռական ու աւելցուց,— բայց պապի՛կ, քեզի բան մը պիտի ըսեմ. «լըսըն» մտիկ ըրէ, «բըլիզ» հաճիս…
Զգացի, որ մտքին խորը ուրիշ բան մը ունէր ըսելիք, դուրս տալիք։
— Ըսէ՛,— ըսի ուրախ ձայնով։
— Դո՛ւն Ամերիկայի նախագահ չես կրնար ըլլալ,— ըսաւ եւ դառնալով Հայկին, անկէ անոր այս կէտին երկրորդելը սպասող ձայնով,— Հայկօ՛, «ամ այ րա՞յթ» ես ճի՞շդ եմ, չէ՞,— աւելցնելով։
Այս բոլորը ըսաւ յաղթական զօրավարի մը նման եւ շեշտակի աչքերուս նայելով։
— Ինչո՞ւ, ի՞նչս պակաս է, որ…,— իմ կարգիս պատճառաբանեցի, ինքզինքս քիչ մը նեղուած ձեւացնելով։
—«Մայ թիչըր սէտ» ուսուցիչս ըսաւ,— այս անգամ իր թոթով ձայնով միջամտեց Հայկը, իր զարմուհիին զօրավիգ կանգնող շեշտով ու ձայնով,— «պիքօզ եու շուտ պօրն հիր» որովհետեւ դուն հոս պէտք է, որ ծնած ըլլայիր, «սօ», ուրեմն… «պիքօզ», որովհետեւ…։
Վայրկեանի մը համար շուարեցայ։ Ինչո՞ւ այս հարցը եւ մանաւանդ անոր ժխտական նման պատասխանը։ Յիշեցի։ Արձակուրդի թելադրանքէն էր անպայման։ Իրենց այսպէս դասաւանդուած էր։ Արդէն գործածած բառերը կը պարտադրէին յստակ իրականութիւն։
—Պապիկ դո՛ւն ամերիկացի չես, դուն հայ ես, միայն ե՛ս եւ Հայկը ամերիկացի ենք եւ կրնանք «բրէզիտէնդ» նախագահ ըլլալ։ Մենք հոս ծնած ենք, չե՛ս գիտեր. «անտ» եւ դուն՝ ուրիշ տեղ… քու քաղաքդ. «սօ» ուրեմն, դուն չես կրնար…«տաց իթ», «սորի» վերջացաւ…։
Հակառակ անոր, որ օրէնքին ծանօթ էի, բայց նպատակս զիրենք խօսեցնելն էր։ Մայրենիով՝ գէշ աղէկ բացայայտուիլ։ Գոնէ մեր տան մէջ։ Այսօր։ Հետս։ Մօտս։ Քիթիս տակ։ Արդէն ամբողջ շաբաթը իրենց դպրոցներէն եւ թերեւս ալ տուներէն ներս միայն անգլերէն խօսելով իրենց ժամերը վատնած էին։
Ու հիմա այս ձեւով, թէեւ խօսակցական հայերէնը աղօտ վանկերու խումբ մըն էր, որ դուրս կու գար այդ փոքր շրթներէն, իր միտքը պատկերող յանգերու տողանցքով մը, բայց զիս գոհունակ կը պահէր։
Անոր համար վայրկեանին արդէն սկսած էի «աշխատանքիս»։ Այսպէս, քիչ մը ջղային, քիչ մըն ալ դերասանական նեղուածութիւն մը դէմքիս վրայ գծագրուած՝ շարունակեցի իմ կողմէ հնարուած հաճելի վէճն ու անոր յաջորդող-ընկերացող մանկական արդարացումները։ Շինծու «վիճաբանական ասուլիս», եթէ կ՚ուզէք, որուն մէջ խառնուած էր մարդու ազատութիւնն ու քուէարկելու իրաւունքը։ Այլ խօսքով՝ խօսքի եւ արտայայտութեան եւ հաւասարութեան այս երկին մէջ, այս օրէնքին ինծի համար անարդարութիւնը։
Կարելի չեղաւ համոզել։ Ընդվզիլ ձեւացուցի, անոր համար ամեն «բան» անընդունելի որակելով մէկ կողմ քաշուեցայ։ «Թիչըր»ը այդպէս ըսած էր եւ վերջ։ Պատգամ։ Հակառակ միւս բոլոր իրաւունքներուս, տակաւին ես ամերիկացի չէի նկատուեր այս անմեղ աչքերուն եւ բերաններուն դիմաց։ Նպատակիս հասած էի։ Հայերէնով վիճած էինք։ Այս մէկն ալ «բան» մըն էր։ Ալ չերկարեցի։ Ուստի զիրենք մեր նստասենեակը առաջնորդեցի։ Լարեցի «վիտէոյ»ի իրենց խաղը, ու ձգեցի, որ զբաղուին, ազատ եւ համարձակ։ Չէ՞ որ արձակուրդ էր եւ դաս-մաս չկար։ Միայն խաղ։

Ուրեմն եթէ այս երկրին օրէնքը այսպէս էր, ես նոյնիսկ իմ հարազատ թոռներուս վկայութեամբ, ամերիկացի չէի նկատուեր։ Հապա ի՞նչ էի…։ Հա՞յ մը…։
Հիմա միտքս նոր եւ տեսակաւոր հոսանքներու տակ սկսած էր լողալ հաստատապէս։ Նախ ուրախացայ, որ իրենց այս տարիքին արդէն իսկ նոր յոյսերով եւ տենչերով կեանքին կապուած էին։ Լրջօրէն մտիկ ըրած էի երջանկութեան իրենց թօթովանքները։ Այս փոքրերը այս տարիքին իսկ կապուած էին երազին։ Մատղաշ երեւակայութիւն։
Է՜հ, ինչ լաւ բան է երազելը։ Երազ ունենալը։ Երանի իրենց։ Այս ընթացքով եւ ո՞վ գիտէ թերեւս տարիներ ետք, Սպիտակ Տան մէջ՝ հայ նախագահ։ Երանի ինծի, եթէ… եւ ինչու չէ , երանի նաեւ մեզի՝ հայերուս։
Նոր հայութիւն, որ արդէն իսկ կազմած է նոր մտայնութիւն։ Նոր ծրագրում։
Վայրկեանին զգացի, որ թոռներէս քիչ մը անդին նստած, մտովի ես ինծի հարցեր սկսած էի տալ։ Կարծես մէջս ունէի մտքերու պատկերաւոր ժխոր։ Սկսած էի տարակուսիլ ես իմ մասին։ Մօտ վեց եօթ տասնամեակներ առաջ, նոյնիսկ ծնած օրէս ի վեր, ծննդավայրէս ներս, իբրեւ հայ ճանչցուած էի տեղացի թաղեցիներուս մօտ։ Երբեք չէի լսած, որ ես հալէպցի կամ սուրիացի էի։ Պարզապէս հայ։ Եւ թէ կ՚ուզէք պետական տոմարին մէջ «էրման ղատիմ» հին հայ՛ արձանագրուած է մեր ազգանունին առջեւ, ինչպէս մեզի նման հազարաւոր հայորդիներուն։
Բայց, ինչ մեղքս պահեմ, այդ օրերուն մեր ակումբէն, մեր դպրոցէն կամ եկեղեցիէն ներս, մենք մեր գիտցած ուրիշ «հայերն» էինք միայն։ Այսինքն, կամ խարբերդցի, սասունցի, կամ քիլիսցի եւ կամ տիգրանակերտցի ու այնթէպցի եւ կամ ուրֆացի ճանչցուած։ Այսչափ պարզ եւ նոյնքան ալ բարդ։ Մեր գիտցած հայերը կամ հայը չէինք։
Ապա, երբ այս Ամերիկա կոչուած երկիրը հաստատուեցանք, չեմ գիտեր ո՞վ եւ ինչպէ՞ս մեր ճակտին դրոշմեց «ամերիկահայ» մակդիրը։ Այդ նախկին մեր ունեցած եւ կամ որակուած «ցի»-երը մոռցանք։ Նոյնիսկ, կը յիշեմ, սկզբնական տարիներուն, մեզմէ տարիներ առաջ «հաստատուած» հայերը, իրենք զիրենք մեզի կը ներկայանային իբրեւ տեղացի ամերիկացի։
Կը զարմանայի։ Սեւամորթ ամերիկացին հպարտութեամբ ինքզինք եւ ամեն առիթով եւ ամեն տեղ կրնար ճակատաբաց բացայայտել կամ ներկայանալ իբրեւ «աֆրիգըն ամերիգըն» ափրիկեցի-ամերիկացի, իսկ «ասոնք» կ՚ամչնային…։ Նախ ամերիկացի էին եւ ապա հայ։ Ինչո՞ւ նման մօտեցում։ Չէի հասկնար։ Բայց այս ուրիշ հարց է։
Հապա հիմա չեմ գիտեր, թէ ես ամերիկահայ եմ, թէ ոչ ամերիկաբնակ հայ, կամ սփիւռքահայ եմ կամ «սփիւռքիստանցի» հայ։ Աստուած իմ, այս ի՜նչ անուններ են։ Մակդիրներ։ Ինքնութիւնդ բացայայտելու տարօրինակ ձեւեր եւ որդեգրումներ։
Յաճախ կը սարսափիս։
Կարծես այս ընթացքովս կամաց կամաց ես ալ սկսած եմ նաեւ տարակուսիլ նոյնիսկ ես իմ մասիս։ Որո՞ւ կ՚ուզենք պատկանիլ կը մտածեմ։ Մտահոգիչ հարցում։ Ահա քեզի սփիւռքեան խորթութիւն։ Բայց ո՞վ պիտի կարենայ զայն հարթել։
Անգամի մը համար կ՚արժէ սփիւռքի քարտէզին վրայ աչք մը նետել, տեսնելու համար մեր ողբերգութիւնը։
Տխուր ժպիտ մը ունիմ։ Ի՞նչ ձեւով կրնանք իրագործել մեր պատմական ճակատագիրը։ Ինչպէ՞ս մեր պատրանքը տարանջատել իրականութենէն։ Յստակ է, թէ արդէն մեր մօտ Ամերիկան իր կաթսային մէջ ձուլած է մարդկային բոլոր հոսանքները։ Աւելին՝ նորութիւն մը չէ, որ Ամերիկայի մէջ կը հանդիպիս զարմանալի բաներու։ Հապա մենք։ Մեր այս գիտցած Ամերիկան, իր թեւերուն տակ առած է մեր համրանքը։ Տեսանելի է արդէն։ Նոյնիսկ կարգ մը նահագներէ ներս հայ աւանդոյթները նոր ձեւ ստացած են։ Կարծես զանազան եւ բազմազան քամիներուն անձնատուր եղած ըլլան։ Գունաթափուած։ Ամերիկահայ… հայ ամերիկացի… ամերիկաբնակ հայ…։
Հոս, այս հսկայ Գալիֆորնիոյ մեր հայահոծ պզտիկ քաղաքէն ներս, միշտ կը լսուի պաղտատցի, լիպնանցի կամ սիրիացի եւ երեւանցի…։Այս «ցի»-երը արդէն փակցուած են մեր ճակտին, իբրեւ անձնաթուղթ։ Բայց ոչ ոք կը խօսի կամ կը ներկայանայ հայ անունով։ Ի՞նչ է տարբերութիւնը… չեմ հասկցած։ Պարզապէս մտայնութիւն։
Արդեօք բազմութիւն մըն ենք, որ չեմ գիտեր ի՞նչ կը փնտռէ։
Իսկ հիմա իսկապէս, որ նստած եմ մեղաւորի դէմքով։ Ինչպէս հաշտուիլ այս իրականութեան հետ։ Արդեօ՞ք աշխարհը շրջուած է, թէ ո՛չ մենք…։

Յուսախաբ եւ յաճախ ալ տխրութեամբ կը մտածեմ։ Կարծես արդէն կեանքը մեզ հրած է իր հիասթափութեան խորշոմներով։ Երբեմն նման զգացումները կը խեղդուին կուրծքիս տակ։ ամեն տեղ ունինք նոյն տեսլականը։ Բարդ ընթացք։ Թէեւ բոլոր կարգախօսերը իրենց արմատները ունին մտքիս մէջ, սակայն «սակայն» մը կայ…։ Կարծես հայու կեանքը հոսած է իր եզերքներէն դուրս։
Կեանքը չար է։ Ուստի էական է, ականջ տալ մեր արմատներու ձայնին։ Մոռնալ բոլոր «ցի»-երը։ Մնալ մէկ էութեան մէջ։ Ազգային եւ քաղաքական պայքարի բանալին մեր մօտն է։ Հայը հայ տեսնել իր բարոյական ազգային բոլոր նախաձեռնութեամբ, առանց սակարկելու մեր համակրանքը։
Չմոռնանք, որ բոլորս ալ երգեցինք որքան հայրենիքին, նոյնքան ալ մեր նոր «հայրենիքներուն» մէջ։ Ուստի ժամանակն է փոխանցել ազգի մը պատկանելութեան հպարտութիւնը
Ծովն ու ովկիանոսը կտրեցինք ու կը փորձենք մեր հայու դիմագիծը պահել այս նոր հողին վրայ։ Այնպէս կ՚երեւի կարծես Ամերիկայի նահանգներուն մէջ հազարաւոր հայորդիներ միայն կը կը ծփան։ Ապշեցուցիչ երեւոյթ մը, որ նոյնքան կը խանգարէ ազգային մեր գիտակցութիւնը։
Վիպական ենք, յաճախ ալ անհեռատես եւ երբեմն ալ միամիտ։ Պարտուած ենք եւ կը հեւանք ու ամեն օր կը սպասենք, առանց անդրադառնալու, որ հայուն մնայուն լաստը իր հայրենիքն է։ Հոն չկան մեր գիտցած «ցի»-երը կամ «տեսակաւոր հայեր»ը։
Ամեն օր կը սպասենք, այո՛, առանց անդրադառնալու, որ մեր հոգեկան աւանդը վերջ ի վերջոյ Արարատն է։
Ու այս մէկուն իրագործումը կախուած է մեր մտածելակերպէն, մեր որոշումէն եւ մեր գործելակերպերէն։ Բայց ո՞վ է լսողը։ Հաստատ գիտցէ՛ք, որ ի՛նչ ալ ըլլան այս երկրի օրէնքները, ես միայն հայ պիտի մնամ։ Անձնապէս նախագահական աթոռին աչք չունիմ եւ ոչ ալ ունէի։ Այդ մէկը թոռներուս ձգած եմ։

Լոս Անճելըս

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *