ՄԱՌԻ ՊԷՅԼՅՐԵԱՆ, ՀԱՅ ԿՆՈՋ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՆԱՀԱՏԱԿ ՊԱՇՏՊԱՆԸ

Ս.Ա.Յ.
….«մենք պատմութենէն գիտենք որ այն ամեն գաղափարները, դաւանանքները, շարժումներն ու զգացումները որոնք կնոջ մասնակցութեամբն ու աջակցութեամբը մէկ խօսքով կնոջ շունչովն են ոգեւորուեր, անո՛նք միշտ մե՛ծ, հերոսական ու տիրական եղեր են»։ Մառի Պէյլէրեան, ԿՆՈՋ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ. ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ եւ ԿԻՆԵՐԸ, 2014

Մառի Պէյլէրեան ծնած է Պոլիս 1877-ին։ Ուսումը ստանալէ ետք Եսայեան վարժարանէն, եղած է ուսուցիչ նոյն վարժարանէն ներս։ 1895-ի ցոյցերու մասնակցութեան համար ձերբակալումէ փախուստ տուած է ու ապաստանած Եգիպտոս։ Աղեքսադրիոյ մէջ ուսուցչութեան կողքին հիմնած ու խմբագրած է 1900-1903-ին «Արտեմիս», ընտանեկան եւ գրական հանդէսը։ Հայ կին գրողներու մասին իր գրականագիտական ծաւալուն աշխատասիրութեան մէջ, Վիքթորիա Ռոու Պէյլէրեանի «Արտեմիս» պարբերաթերթը կը նկատէ հանրային ստեղծագործական վայր մը, ուր կնոջ ազատագրական հարցերը կարելի էր արծարծել (Victoria Rowe, A History of Armenian Women’s Writing: 1880-1921, Cambridge Scholars, 2003. 301 pages)։ Պէյլէրեան պաշտպան էր հայ կնոջ իրաւունքներու եւ զարգացման։
Օսմանեան կայսրութեան սահմանադրութեան 1908-ի հռչակումէն ետք վերադարձած է ու նուիրուած ուսուցչական գործին Զմիւռնիոյ Կեդրոնական վարժարանէն ներս, ինչպէս նաեւ գաւառներու մէջ, միշտ շարունակելով գրել նորավէպեր ու յօդուածներ, մինչեւ 1915 հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին իր նահատակութիւնը։
Իր գրութիւնները հրատարակուած են իր «Արտեմիս» պարբերականին մէջ. նաեւ 1914-ին Իզմիր հրատարակուած է իր գրութիւններէն ժողովածու մը՝ «Դէպի վեր» խորագրեալ։
«Դէպի վեր» կը մէկտեղէ հետեւեալ գրութիւնները. «Վեղարաւորը» (նորավէպ), «Արցունքներ՝ Իզմիրլեան Հայրիկի յիշատակին» (ոտանաւոր), «Կնոջ ազդեցութիւնը. Պատերազմը եւ կիները» (յօդուած), «Դաստիրակուհւոյ մը խօսքերը» (յօդուած), «Մանուկներուն» (ոտանաւոր), «Սելիմ աղան» (պատմուածք), «Վիրաւոր հայրենիքը կը խօսի» (արձակ բանաստեղծութիւն), «Տանջուածներուն» (ոտանաւոր), «Զիւպէյտա՜» (նորավէպ), «Էջ մը ապագայ հայ պատմութենէն» (բանաստեղծութիւն), «Քանդուած օճախներ» (ոտանաւոր), «Երկու սէր» (արձակ բանաստեղծութիւն),«Մէճէ» (պատմուածք), «Անէծք» (ոտանաւոր), «Մանկավարժական. կինը կրթական գործին մէջ» (յօդուած), «Հին օրերէն, կռուին սէրը» (ոտանաւոր), «Կեսուրը» (պատմուածք), «Պէտէւին» (ոտանաւոր), «Դարձեալ երկու սէր» (յօդուած), «Հանրային գործիչը հանրային կարծիքին առջեւ» (յօդուած), «Չարչարանքի շաբաթ» (արձակ բանաստեղծութիւն), «Երկու սէր» (ոտանաւոր), «Մի վախնար դուք չէք հատնիր» (յուշ՝ 1895-ի հայկական հալածանքներու վաղորդայնին), «Խենդի մը վէպը» (պատմուածք), «Կանանց բաժինը. կինը եւ հանրային կարծիքը» (յօդուած), «Արցունքներ» (նահատակի յիշատակին արձակ բանաստեղծութիւն), «Կարծիքներ հայ յեղափոխութեան վրայ» (յօդուած), «Զաւակը» (նորավէպ), «Խորտակուած կուռքեր» (ոտանաւոր), «Ս. Կոյսն Հռիփսիմէ» (պատմուածք), «Սիրտս ամպած է այսօր» (ոտանաւոր), «Իրապաշտ թէ իտէալիստ» (յօդուած), «Զաւակը» (յօդուած), «Արցունքներ Հայկ Մարտիկեանի յիշատակին», «Հին տարին եւ նոր տարին» (Տրամախօսութիւն), «Գութ, սէր, ողորմութիւն» (տրամախօսութիւն), «Խաղաղութեան խօսքեր» (բանաստեղծութիւն), «Վերջին գիշերը» (ոտանաւոր), «Փառք ձեզ» (բանաստեղծութիւն)։
Սոյն գրութեան կից կը ներկայացնենք երկու նմոյշ նահատակ գրագիտուհիի գրութիւններէն, որ վերցուցած ենք Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի «Հայ մատենագրութեան թուանշանային գրադարան»-ի կողմէ Պէյլէրեանի «Դէպի վեր» հատորի (Իզմիր, 1914) թուայնացուած տարբերակէն։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *