ԱՆՈՅՇ ԱԿՆԵՐԵԱՆ
Տարիներէ ի վեր այրի էր արդէն հօրաքոյրս, երբ ինք ալ մահացաւ։ Մասնաւոր լուրջ հիւանդութիւն մը չունէր. պարզապէս սիրտը տկարացած էր եւ սկսած էր աներեւոյթ մարդոց հետ կռուիլ եւ բարկանալ, թէ ինչո՞ւ իր սենեակը կու գան եւ զինք կը դիտեն։ Վկայ չունէր, անշուշտ, որովհետեւ ծերանոցը կ՚ապրէր առանձին եւ իր տեսածներն ու լսածները ուրիշ ոչ ոք կը տեսնէր կամ կը լսէր։ Մինչ իր միւս ազգականները Չէ, ատանկ բան չկայ. դուն կ՚երեւակայես կոր, կ՚ըսէին, ես քիչ մը աւելի կարեկցութեամբ՝ Կարեւորութիւն մի տար այդ (աներեւոյթ) մարդոց. երբ դադրիս իրենց հետ կռուելէ՝ կը ձգեն կ՚երթան, կ՚ըսէի։ Քիչ մը կը հանդարտէր, մինչեւ յաջորդ հանդիպում, երբ նոյնքան բարկացած՝ այդ աներեւոյթ մարդոց հետ իր կռիւները կը պատմէր դարձեալ։
Ինչո՞ւ վիճիլ իր հետ։ Վերջ ի վերջոյ ինք կը հաւատար որ այդ մարդիկը զինք կ՚այցելէին իր սենեակին մէջ։ Ինչո՞ւ զինք խենթի տեղ դնել եւ զինք աւելի ընկճել։ Կինը արդէն առանձնութենէն կը տանջուէր. զաւակ չունէր։ Բայց մենք՝ իր եղբօրորդիները ու դուստրերը՝ զինք յաճախ կ՚այցելէինք եւ իր պահանջները կը գոհացնէինք։ Մէկս իր գնումները կ՚ընէր, միւսս իր հեռատեսիլը կամ այլ սարք մը կարգի կը բերէր, եւ մէկ ուրիշը զինք բժիշկի կը տանէր։ Կը սիրէինք զինք, որովհետեւ մեր միւս հօրաքոյրներէն տարբեր էր. քաջ եւ համարձակ եղած էր միշտ. նետուած էր գործի աշխարհ իր ամուսնոյն հետ եւ զանազան երկիրներ ճամբորդած։ Քանի մը լեզու ալ կէս կատար սորված էր եւ ինքզինք կ՚ազատէր ո՛ւր ալ նետէիր զինք։
Հետաքրքրական կին էր. յաճախ իր միտքը կ՚արտայայտէր առանց նկատի առնելու թէ կրնար դիմացինը վիրաւորել։ Յաճախ անհոգ էր ընկերային անգիր օրէնքներու նկատմամբ եւ քաղաքավարութեան տափակ խաղերը չէր խաղար։ Կինս ու ես շատ կ՚ախորժէինք իրմէ. կը սիրէինք իր յանդուգն հարցումներն ու պատասխանները, որոնցմէ կը նեղանային մեր միւս ազգականները։ Մենք սակայն հաճոյք կ՚առնէինք իր անսովոր եւ համարձակ արտայայտութիւններէն, որովհետեւ միօրինակութենէ դուրս էին եւ զուարթ երանգ մը կու տային մեր խօսակցութեան։
Իր մահէն ամիսներ առաջ, զիս իր քով կանչած էր եւ խնդրած՝ որ իր դամբանականը ես կարդամ։ Ես ալ անշուշտ խոստացած էի ընել այդ եւ իրմէ կենսագրական մանրամասնութիւններ քաղած էի։ Երբ փոքր ինչ անձնական կէտի մը հասնէր, Այս մասին պէտք չկայ բան մը ըսելու, կ՚ըսէր, սակայն կը շարունակէր՝ իսկապէս զուտ անձնական փակագիծերը բանալով։ Ես, որպէս լուրջ մարդ, իմ դամբանականէս դուրս պիտի ձգէի այդ մասերը, անշուշտ, բայց կը հասկնայի այդ բոլորը մէկու մը պատմելու իր ներքին պահանջը։ Ինք լեցուն կեանք մը ունեցած էր, արկածախնդրութեանբ, ուրախութեամբ, յուսախաբութեամբ եւ զրկանքներով կետադրուած։ Ինք սոսկ այս ծերացած, լսողութիւնն ու տեսողութիւնը տկարացած, կէս-կարող կէս-անկարող կինը չէր, որ միայն կարեկցութեան արժանի ըլլար։ Ինք հպարտ կին էր, հպարտ՝ իր անցեալով ու նոյնիսկ իր ներկայով։ Չէր թողուր որ ոեւէ մէկը գթար իրեն. պարզապէս կ՚ակնկալէր որ օգնէինք իրեն, որովհետեւ ինք զաւակ չունէր եւ մենք բոլորս իր զաւակներն էինք։ Իսկ իրեն մատուցուած բոլոր ծառայութիւններուն դիմաց կը վարձատրէր՝ իր նախկին ճոխ տան արժէքաւոր իրերէն նուիրելով։ Չէր ուզեր որեւէ ձեւով տկար թուիլ շուրջիններուն։ Իր այդ յանդուգն խօսելաոճը արդէն ատկէ կը բխէր։
Սուր երգիծանք կար յաճախ իր խօսքերուն մէջ։ Մարդոց մասին կը խօսէր կէս հեգնանքով եւ ունկնդիրներուն մօտ ծիծաղ արթնցնելով։ Իր արթուն միտքն ու տարիներու փորձառութիւնը զինք օժտած էին մարդոց նկարագրին խորապէս թափանցելու կարողութեամբ։ Սրամտօրէն կը դատէր մարդիկ եւ զիրենք ներս կ՚ընդունէր կամ դուրս կը ձգէր իր անմիջական շրջանակէն։ Շատեր կը նեղուէին, անշուշտ, բայց ինք էջը դարձուցած կ՚ըլլար արդէն։
Վերջին օրերուն հիւանդանոց փոխադրուած էր։ Հոն ալ շարունակեց իր սովորութիւնը՝ իր դատողութեան համաձայն որոշ մարդիկ հաւնելու եւ որոշ մարդիկ ալ քննադատելու։ Կը վիճէր բոյժքոյրերուն եւ հոն ալ իրեն հետեւած իր այդ աներեւոյթ հիւրերուն հետ։ Եւ այդպէս ալ հոգին աւանդեց։
* * *
Ինչպէս իր անձնաւորութիւնը՝ իր թաղումը եւս արտասովոր երեւոյթ ունեցաւ։
Գրած դամբանականս պայուսակիս մէջ՝ կինս ու ես գացինք իր յուղարկաւորութեան։
Ամենքս հոն ենք, իր բոլոր եղբորորդիներն ու դուստրերը։ Ինչպէ՞ս էք։ Բաւական է չենք տեսնուած։ Զբաղած, ինչպէս միշտ։ Դո՞ւք ինչպէս էք։ Է՜հ, գիտես։
Ոչ մէկ արցունք ներկաներուն մօտ։
Յուղարկաւորութիւնը կը սկսի։ Եկեղեցւոյ հովիւը իր քարոզը կու տայ, ես դամբանականը կը կարդամ. Ինք մեր բոլորը կը սիրէր… զաւակ չունէր բայց մեզ իբրեւ իր զաւակները կը սիրէր… ամուսինը կորսնցուց տարիներ առաջ… մնաց առանձին, եւ սիրեց մեզ… մենք ալ զինք կը սիրէինք իբրեւ մեր մեծ հօրաքոյրը … կը սիրէինք զինք, որովհետեւ շատ հետաքրքրական եւ իւրայատուկ անձնաւորոթիւն մըն էր … իր յիշատակը միշտ թարմ պիտի մնայ մեր սրտերուն մէջ…
Ոչ ոք կու լայ։
Բոլորս կ՚ուղուինք դէպի գերեզմանատուն։ Հոն՝ եկեղեցւոյ հովիւը կ՚աղօթէ. հող էիր հող դառնաս… Բոլորս ափ մը հող կը թափենք իր դագաղին վրայ եւ վարդ մը կը զետեղենք վրան։ Ոչ մէկ արցունք, ոչ ոք կու լայ։ Կարծեցի կը սիրէինք զինք։ Ինք մեզմէ կը բաժնուի եւ մենք հոս իր յիշատակը կը յարգենք չոր աչքերով։
Թէ՛ յուղարկաւորութիւնը եւ թէ՛ թաղումը հոյակապ կերպով կատարուեցան. ամէն ինչ կարգին էր եւ յարգալիր։ Հիմա ամէնքս մեր տուները կ՚երթանք եւ կը վերադառնանք մեր առօրեայ կեանքին, մինչ ինք չունեցաւ մէկը, որ իր վրայ լայ։
Արդեօ՞ք իր ուզածն էր այս։ Ո՛չ ոք գթայ ու մեղքնայ իրեն։ Ո՛չ ոք կեղծ յուզմունք ցուցադրէ։ Ո՛չ ոք նոյնիսկ կարօտնայ զինք։ Ինք կը հեռանայ այս աշխարհէն եւ մեզ բոլորս իր անմիջական շրջանակէն դուրս կը ձգէ։