ԳԱՌՆԻԿ Աւ. Ք. Գ.
ՍԱՂՄՈՍ 32
Քերթող մը անցաւ բոլոր ճամբաներէն,
եւ որպէս մարդ՝ միշտ սայթաքելով, ու հասաւ պատգամին՝
թէ իր ժողովուրդի միակ փրկութիւնը հաւաքական ուժին մէջ է…
Եւ պատուհասեալ մեր օրերուն, երբ պատգամը կը հնչէ մերթ ընդ մերթ
(երանի՜ ըլլար «ձայն բարբարոյ յանապատի»),
նա՛եւ վերստին կը մատուցուի դրուագ մը հրաշալի բժշկագործութեան:
Չորս հոգիներ պատգարակի վրայ անդամալոյծ մը բերած էին Յիսուսի,
որ կարեկցաբար ըսած էր անոր.
«Որդեակ, մեղքերդ ներուած ըլլան քեզի»:
Չորս պատգարակիրներուն հաւատքը, յոյսը եւ սէրն ու սիրոյն ընկեր՝ միաբանութիւնը,
եւ Տէրունական խօսքը քակած էին հիւանդին կապանքը սեփական մեղքերը ներելու,
եւ երկնքին ողորմութեամբ՝ վերականգնած էր ան:
(Անդամալոյծը նշան մըն էր ընդհանրական հոգիի անդամալուծութեան):
Վերագտնել խորագոյն կարեկցութիւնը, որ Աստուծոյ Հոգիէն է:
Յիրաւի, կապանքներ կան՝ որ կ՚անդամալուծեն:
Ահա հաւաքականութիւն մը՝ որ տեղէն չի կրնար շարժիլ:
Որո՞նք զայն պիտի տանին փրկարարին մօտ:
Դրուագին նո՛յն պատագարակիրները:
Բայց ի՞նչ փրկութիւն հաւաքական՝ երբ առաքինութիւնները կը մերժուին,
եւ կը մերժուի յաւիտենական հոգեբոյժը,
ու խաբէութիւնները իրարու հետ ընդդիմամարտաբար կը մրցին…:
Այս ի՜նչ սոսկալի սիրահարութիւն է ոչնչութեան, Տէր իմ:
ՍԱՂՄՈՍ 33
Արարել սեփական իրականութիւնը՝
կ՚ըսէ ձայն մը տառապանքներու եւ վտանգուած երկրէն:
Ի՞նչ իրականութիւն արարել, ինչպիսի՞ն:
Եւ իրականութիւնը արարելի՞ է: Եւ ո՞վ կրնայ արարել զայն, Տէր իմ:
Դուն որ հաստատեցիր երկինքն ու երկիրը,
եւ ամեն ինչ որ կայ անոնց մէջ, իրականագոյն իրականութիւնն ես:
Ի շարս այլազան պարգեւներուդ՝ բանականութեամբ օժտեցիր մարդ էակը,
եւ կամեցար որ զայն եւս մշակէ ան,
որպէսզի լոյսդ իմանալով՝
հեզօրէն պատրաստէ ու պատրաստուի ժամանումիդ, ամենօրեայ ու վախճանաբանական:
Բոլոր իրականութիւնները մեկնաբանութիւններ են,
իսկ դուն անդր քան որեւէ մեկնաբանութիւնն ես,
Ճշմարտութիւնը կեանքի, Կեանքը ճշմարիտ:
Մարգարէն որ պիտի կամրջէր հետդ հանդիպման հին փորձառութիւն մը
երկինքը երկիր բերող նոր փորձառութեան,
ըսաւ. «Պատրաստեցէ՛ք Տիրոջ ճանապարհը եւ հարթեցէ՛ք անոր շաւիղները»:
Բանականութիւնը մշակել ինքնամաքրումով, զայն վերածել այգիին՝ որ հաճելի է Տիրոջ,
այլապէս անիկա փոխան ընտիր խաղողի՝ պիտի տայ դառն ազոխ
պիտի բերէ իրականութիւն մը՝ որ այլ թիւրիմացութիւն մըն է կամ խաբէութիւն մը,
եւ դառն ազոխը պիտի ճաշակուի իբրեւ ընտիր խաղող:
Ով մարդ, մշակ եւ ո՛չ արարող,
կը գիտակցի՞ս՝ թէ յաւակնութիւններ են
բոլոր ջանքերը սեփական իրականութիւններ արարելու,
յաւակնութիւններ աստուածներու պէս ըլլալու, կամ մտահերձումի եւ հոգեհերձումի:
Պատրաստել Տիրոջ ճանապարհը եւ հարթել անոր շաւիղները,
որպէսզի իւրաքանչիւրին շնորհուի ճշմարտութեան պտուղներով լի այգի ըլլալ,
վայելչազարդ ու սիրելի:
ՍԱՂՄՈՍ 34
Տէր, քեզ մերժելով
(որ քեզ ընդունողի հանդերձ ալ զգեցաւ երբեմն),
քեզ ուրանալով
(որ քեզ ճանչցողի պատմուճան ալ հագուեցաւ մերթ),
եւ քեզ սպանելով
(որ յաւիտենականութիւնդ խոստովանողի կերպարանք ալ առաւ պարբերաբար)
աղաւաղեալ պատկերդ անիմաստասիրաբար իմաստասիրելով
հասած է իր իսկ վախճանին,
մինչ Դուն չես հրաժարիր խնամելէ այսօր եւս՝
շնորհիւ ողորմութեանդ:
…Միայն աղէտ մը մեզ կրնայ փրկել, կ՚ըսէ գայթակղեցնող ձայնը:
Տէր, իրաւ է, որ տարփագին մոլորութիւն մը
հեղեղօրէն կը տանի մեզ դէպի այն ռոպէն՝
երբ երկիրն այս ոչնչութեան գիրկը պիտի երթայ…:
Եթէ աղէտ մը կարենար մեզ փրկել,
ապա վաղուց փրկուած պիտի ըլլայինք,
որովհետեւ անթիւ աղէտներ ստեղծեցինք փրկուելու համար,
եւ չփրկուեցանք ու չլսեցինք սաստկացող ահազանգը,
թէ օր մը չէ օր մը՝ աղէտներուն աղէտը պիտի գայ հասնի:
Դուն համբերելով կը խնամես, Տէր, եւ խնամելդ կը պահէ անառակը,
եւ կը սպասէ փրկութեան յայտնակերպուիլը անոր զղջումին ու դարձին մէջ դէպի քեզ,
անոր գիւտը ինքզինքին հոն՝ ուր ես որպէս ելքը…միակ ելքը, եւ՝ մուտքը աւետեաց երկիր:
ՍԱՂՄՈՍ 35
…Լիճին վրայ փոթորիկն էր,
եւ դուն, Տէր, նաւակի յետսակողմին կը քնանայիր:
Աշակերտներդ մեռնելէ սարսափահար,
քեզ՝ արթնօրէն քնացողդ արթնցուցին տրտնջալով:
Եւ դուն նախ դադրեցուցիր փոթորիկը,
ապա անոնց ուղղեցիր յորդորդ,
որ շատերն անոնցմէ խիստ ընկալեցին զայն՝ ըստ սոսկումի հոգեբանութեան:
Դուն գիտէիր՝ թէ զիրենք պատած էր մահուան վախը,
ինչպէս՝ անոր թակարդները,
եւ միայն հաւատքն էր, որ տեւաբար քակելով զանոնք,
զիրենք պիտի տանէր հասցնէր խաղաղութեան ափը,
որ երկնքինն է՝ երկրի վրայ, եւ երկրինն է՝ երկնքին մէջ:
…Մեր կեանքերը եւս լիճեր են, Տէր,
որոնց մէջ երբեմն կ՚արտացոլայ աստղազարդ երկինքը,
երբեմն՝ ամպամածը,
երբեմն զիփիւռներ կը շնչեն անոր վրայ,
երբեմն՝ հովեր կը փչեն եւ փոթորիկներ կը բարձրանան,
երբեմն՝ ապակեայ ջնջութիւնն մը կը տարածուի հոն,
երբեմն՝ ալեակներ, բազմահոլով ալիքներ նաեւ:
Մեր հաւատքը երջանիկ է՝ աստղազարդ երկնքին ներքեւ,
զեփիւռներուն շոյանքներով, եւ ալեակներուն հաճելի գրգիռներով,
որովհետեւ փորձութիւններով չի չափուիր:
Իսկ երբ փորձութիւնները կը չափեն ամպամած երկինքով,
հովերով, փոթորիկներով, ալիքներով՝
անոր երջանկութիւնը կ՚անհետի ինչպէս թիւրիմացութիւն մը.
եւ կը գտնէ, թէ իր լիութիւնը միայն ապագայէն կու գայ իրեն՝
եթէ ըստ իմաստութեանդ սորվի դիմել դէպի այն…
Մեր հաւատքը՝ դեռ հաւատք չունենալն է:
Յորդորդ մշտակրկնէ, Տէր, որ լիութեան տենչը չմեռնի
թակարդներուն մէջ մահուան վախին:
ՍԱՂՄՈՍ 36
Բարձրանալ քարքարոտ եւ ցեխոտ երկար ուղին մինչեւ յարկը,
ուր ճշմարտութիւնը գաղափար մը չէ, միտք մը չէ,
համոզում մը չէ, կեցուածք մը չէ,
այլ ըլլալ մը՝ յարադրոշմուող Լոյսէն, Լոյսով:
Բարձրանալ առաքինութիւններու հարսին հետ, զայն գրկած՝
որ անոր ոտքերը չսայթաքին ու չվիրաւորուին, եւ չցեխոտին:
Բարձրանալ հոն որպէս սիրոյ ընթացում մը,
որ պիտի պսակազարդուի վերին ձեռամբ:
Այսպէս՝ դուն պիտի անցնիս վհատութեան փորձութիւնները,
վերստին անդրակերպուիս պիտի բարեբեր այգիի,
սիրելիին Անոր՝ որ երբեք ալ քեզ չլքեց,
նոյնիսկ երբ դուն անդունդին մէջ վհատութեան՝
անոր սէրը հասկցար ու մեկնաբանեցիր իբր հրաժարում քեզմէ:
Եթէ Ան հրաժարէր քեզմէ՝
դուն պիտի չըլլայիր.
եթէ Ան հրաժարէր քեզմէ՝
դուն պիտի չքալէիր ուղին երկար, քարքարոտ ու ցեխոտ.
եթէ Ան հրաժարէր քեզմէ՝
դուն առաքինութիւններուն հարսը
պիտի չունենայիր գրկիդ մէջ
որպէս արբեցութիւն գալիքին՝
որ ընտիր խաղողներու առատաստանն է,
եւ պայծառակերպութիւնը այժմէութեան…
Շարունակելի