ՀԱՅԱՑՈՒԱԾ ՕՏԱՐ ԲԱՌԵՐՈՒ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԵԱՆ ԲԱՑԱՍԱԿԱՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ

ԱՆՈՅՇ ԱԿՆԵՐԵԱՆ

Ուրախալի երեւոյթ է տեսնել բառերու աճը մեր լեզուին մէջ։ Վերջապէս՝ բառապաշարի հարստութեամբ կը զարգանայ մարդոց միջեւ հաղորդակցութեան մակարդակը, իրարհասկացողութիւնը, եւ նոյնիսկ մտքերու յստակացումը։
Անշուշտ անհրաժեշտ է օտար բառերու որդեգրումը լեզուն այժմէական պահելու համար։ Բայց ինչպէս ամէն բանի համար՝ հոս ալ չափազանցումը վտանգաւոր է։ Խօսքը ներմուծուած օտար բառերու քանակին մասին չէ, այլ անհրաժեշտ բառերու կողքին՝ աւելորդ ներմուծումներուն մասին։ Շատ մը հայացուած օտար բառեր, որոնք լայն գործածութեան մէջ են արեւելահայ մամուլին մէջ, անհրաժեշտ յաւելումներ չեն, որովհետեւ այդ բառերուն հայերէնը գոյութիւն ունի եւ կը գործածուի արդէն, գոնէ արեւմտահայերէնին մէջ։ Եւ այս կէտը մեզ կը բերէ երկու լեզուներու մերձեցման հարցին։
Արեւելահայերէնն ու արեւմտահայերէնը երկու հարուստ լեզուներ են, որոնք իրարմէ որոշ չափով անջատ ըլլալով հանդերձ՝ նոյն մայր լեզուին տարբերակներն են։ Սակայն այս տարբերութիւնը պէտք չէ աւելի խորացնել լեզուներէն մէկը հեռացնելով միւսէն, մայր լեզուին մէջ գոյութիւն ունեցող շատ մը բառեր փոխանակելով օտար բառերով։ Երկու հայերէններուն միջեւ տարբերութիւնը աւելի շեշտակի կը դառնայ մանաւանդ՝ երբ նկատի ունենանք հնչիւնաբանական տարբերութիւնները։ Արեւմտահայը, երբ կարդայ այս ձեւի հայացուած օտար բառերը, առաջին հերթին բան պիտի չհասկնայ, եթէ բաւականաչափ ծանօթ չէ արելելահայ հնչիւնաբանութեան։ Յոռեգոյն պարագային՝ ան պիտի դադրի կարդալէ, իսկ լաւագոյն պարագային՝ արեւելահայերէնի քաջատեղեակ անձի մը պիտի հարցնէ իմաստը այդ բառին։ Քիչեր են որ պիտի փորձեն արեւելահայ հնչիւններով կարդալ բառը, ապա նմանցնեն զայն իրենց ծանօթ օտար բառի մը՝ որպէսզի հասկնան իմաստը։
Տամ քանի մը օրինակ՝ որոնք կու գան հայրենի առցանց մամուլի վերջերս հրատարակուած էջերէն։ Այս արեւելահայերէն խորագիրները պիտի կարդամ արեւմտահայ ընթերցողի հնչիւնաբանութեամբ, ցոյց տալու համար թէ որքան անճանաչելի կրնան ըլլալ նման բառեր արեւմտահայուն համար։

1—«Ֆերմերային կոոպերատիւները նոյնպէս կկարողանան լիզինգով գիւղտեխնիկա ձեռք բերել»:
2—«Վարչապետի մարզային այցերը «ռեգուլյար» են լինելու»։
3—«“Լոյս” վոկալ կվինտետը նոր է վերադարձել Ավստրալիայից»։

Հաւանական տարբերակները այս խորագիրներուն՝ գործածելով լրիւ հայերէն բառեր՝ կրնան ըլլալ հետեւեալները.

1—Փոխանակ գրելու «Ֆերմերային կոոպերատիւները նոյնպէս կկարողանան լիզինգով գիւղտեխնիկա ձեռք բերել», գրել՝ «Գիւղատնտեսական համագործակցականները նոյնպէս կկարողանան վարձակալութեամբ գիւղտեխնիկա ձեռք բերել»։ (Միջանկեալ ըսեմ, որ տեխնիկա բառը հաւանաբար այն օտար բառերէն է, որոնց հայերէն թարգմանութիւնը մէկէ աւելի բառ կ՚ենթադրէ եւ հետեւաբար կը դառնայ բացատրութիւն, եւ ոչ՝ թարգմանուած համարժէք բառ)։
2—Փոխանակ գրելու «Վարչապետի մարզային այցերը «ռեգուլյար» են լինելու», գրել՝ «Վարչապետի մարզային այցերը աւելի յաճախակի են լինելու»։
3—Փոխանակ գրելու «“Լոյս” վոկալ կվինտետը նոր է վերադարձել Ավստրալիայից», գրել՝ «“Լոյս” ձայնային հնգեակը նոր է վերադարձել Ավստրալիայից»։

Վերոյիշեալ հայացուած օտար բառերուն կողքին՝ նոյնպէս իմ վերջերս հանդիպած օտար բառերէս են հետեւեալները, որոնց հայերէնները գոյութիւն նոյնպէս ունին։ Օրինակ՝
կոալիցիա — միասնութիւն. բողոքի ակցիա — բողոքի ցոյց կամ բողոքի արարք, ըստ տեղին. ռեկտոր — տեսուչ. սոցիալ — հասարակական կամ ընկերային, ըստ տեղին. ինֆորմացիոն — տեղեկութիւն. ստարտափ (կազմակերպութիւն) — սկսնակ. ակտուալ — իրական կամ իսկական, ըստ տեղին. կոլապս — անկում կամ փլուզում, ըստ տեղին. էքսկլյուզիվություն — բացառիկութիւն. էքսպանսիա — ընդլայնում, ընդարձակում. դիրեկտիւ — ցուցում, ցուցմունք. օպերատիվ — գործուն. մանուալ — ձեռային։
Նշեմ միայն երկու բացասական հետեւանք հայացուած նման օտար բառերու գործածութեան պատճառաւ.
ա. Հայաստան եւ Սփիւռք երկու հատուածներու լեզուային կապը կը վտանգուի, երբ արեւմտահայերու կարեւոր թիւ մը արեւելահայերէն գրութիւններ կարդալէ կը դադրի, որովհետեւ դժուարութիւն ունի հասկնալու։ Մանաւանդ երիտասարդ սերունդը, որ մեծ մասամբ հազիւ հայերէն կը կարդայ, կասկածելի է որ ջանք թափէ վերծանելու անհասկնալի բառերը։
բ. Երբ հայերէն բառերու փոխարէն կը գործածուին հայացուած օտար բառեր, հայերէնի բառապաշարը չի հարստանար այդ օտար բառերու ներմուծումով, այլ ընդհակառակն՝ կ՚աղքատանայ կորսնցնելով անոնց հայերէնները։

Հետեւաբար՝
Հայապահպանումի մեր աշխատանքներուն մէջ նկատի պէտք է առնել Սփիւռքի երիտասարդ սերունդի ոչ միայն իմացումը արեւմտահայերէնի՝ ալ նաեւ հասկացողութիւնը արեւելահայերէնի։ Արեւելահայերէնը մատչելի դարձնելու համար սփիւռքահայ ընթերցողին, պէտք է ջանք թափուի առաւելագոյն չափով գոյութիւն ունեցող հայերէն բառեր օգտագործել, ի պահանջեալ հարկին փոխ առնելով արեւմտահայերէնէն։ Ատկէ ետք միայն՝ երբ օտար բառին համարժէք հայերէնը չգտնուի երկու հայերէններուն մէջ՝ պէտք է որդեգրել այդ օտար բառի հայացուած ձեւը։ Այս կերպով թէ՛ Հայաստան-Սփիւռք լեզուային տարբերութիւնները կը նուազին, եւ թէ՛ հայերէն լեզուի բառապաշարը իսկապէս կը հարստանայ, առանց որեւէ կորուստ արձանագրելու։

Ներկայացուած Հայաստան – Սփիւռք Համաժողովին
Սեպտեմբեր 2017, Երեւան

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *