ԱՒԵՏԻՍ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ
Տօն է այսօր, ցնծատօն, հայրենիքիս նայիրեան,
Լոյսի ովկիան շողշողուն, քաղաքամայր Երեւան.՚
Քու ծննդեան հնամեայ, տարեդարձն է կը տօնեն
Մեր գալիքին տեսիլքով, եւ հաւատքով անսասան
Որդիներդ հայրենի, եւ Սփիւռքի ցիրուցան։
Հոգիներ պապերուս այսօր կրկին կը խայտան…
Հերոսներուն մահ չկայ, անոնք չունին գերեզման.
Մեր երազին պէս կապոյտ, զուլալ լճիդ մէջ Սեւան
Անոնք կ՚իջնեն երկնքէն, աստղերուն հետ կը ցոլան
Լոյսի ճամբով քեզ կու գան, լուսաղբիւրէն Հրազդան։
Արաքս գետի միւս ափին, դաշտերուն մէջ չոր խոզան,
Չկայ ոչ միրգ, ոչ ծաղիկ, ամայութիւն անկենդան,
Հողերը մեր սրբազան ծարաւ ջուրի, արօրի,
Կարօտ են ժիր ձեռքերու, վարպետ հիւսնի, որմնադրի։
Լուռ, տխուր է մանաւանդ, մեր Մասիսը սրբազան։
Հարկ է պայքար եւ գրոհ, մեր հարազատ զէնքերով.
Կերտենք վաղը մեր գալիք, ըլլանք ուժեղ անվրդով,
Մեր յոյսին հետ նորոգենք հին փառքերը աւերակ՝
Հաղբատ, Տաթեւ, Սանահին, հազարամեայ մեր Անին.
Տիրենք գրի, գիտութեան, հասնին երկնի աստղերուն։
Չըլլանք գերին պատմութեան,
այլ մենք կերտենք պատմութիւն։
1 նոյեմբեր 1968
(«Անի» պարբերագիրք, Պէյրութ)